ՀՈԳԵՒՈՐ ԾԱՆԾԱՂՈՒԹԻՒՆ

Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, եթէ մեր զբաղումները իրապէս կարեւոր գործերու վրայ չկեդրոնացնենք, փոքր եւ անկարեւոր, անշահ գործերու մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայենք։

Երբ լուրջ եւ կարեւոր խնդիրներ չունինք, «ճակատագրական համեմատութիւն»ներ կու տանք այն մանր մունր խնդիրներուն, որոնք մեր դէմ կ՚ելլեն։ Այս կը նշանակէ, որ մարդ միշտ իրեն մտահոգութիւն մը կը ստեղծէ, աւելի լաւ է ըսել՝ մարդ միտքը զբաղեցնող հարցերու պահանջքը կը զգայ, որովհետեւ միտքը տեւական կ՚աշխատի եւ հարցեր կը ստեղծէ, յետոյ անոնց լուծումներ կը փնտռէ։ Ասիկա բնական երեւոյթ մըն է մարդուս համար։ Եւ երբեմն մէկու մը նայուածքէն իսկ կ՚ազդուինք եւ կը ջանանք այդ նայուածքը մեկնաբանել՝ զանազան հաւանականութիւններ նկատի կ՚առնենք, ատեն ատեն լաւատես կ՚ըլլանք, ատեն ատեն ալ բոլորովին յոռետես։ Եւ ասիկա մեզի լուրջ մտահոգութիւններու պատճառ կ՚ըլլայ։

Փոքր պատահար մը մեծցնել, անկարեւոր եւ աննշան երեւոյթի մը կարեւոր արարքի մը հանգամանք վերագրել յաճախ մեր հանդիպած դէպքեր եւ ապրած հոգեվիճակներ են։ Այդ դէպքը կամ պատահարը ո՛րքան կենսական է կամ ո՛չ, շատ ալ կարեւոր չէ մեզի համար, երբ աւելի կարեւոր եւ իրապէս կենսական հարցեր չունինք այդ պահուն։

Այս իմաստով, շատ յաճախ մեր հոգիին վրդովումը լճակի մը երեսին վրդովումն է. անարժան եւ աննշան, անկարեւոր մարդու մը որմէ կ՚ակնկալուի, որ խորութիւն ունենայ, թափանցէ խորքին, եւ սակայն չունի՛…։ Մարդ երբեմն լճակի մը երեսի վրդովումը «մեծ» կը նկատէ, երբ ծով մը տեսած չէ ալեկոծ, եւ ծովուն ալիքները մեծ կը տեսնէ, երբ չէ տեսած ովկիանոսի մը լեռնակուտակ մէկ ալիքը։ Մարդ երբ համեմատութիւններու եզր մը չունենայ՝ տեսածը եւ ապրածը մե՛ծ կը նկատէ։ Ուստի ծովերու փոթորիկը տեսնող մը պիտի խնդար լճակի մը «փոթորիկ»ը դիտելով։

Արդարեւ, մարդ երբ չտեսնայ աւելի ծանր հիւանդ մը, իր հիւանդութիւնը կրնայ ամենածանր հիւանդութիւնը կարծել։ Բաղդատութիւն եւ համեմատութիւն՝ ահաւասիկ մարդուս ճշմարիտ վիճակը ստուգող երկու եզր, որոնց շնորհիւ մարդ կրնայ շիտակ դա-տողութեամբ ուղիղ արդիւնքի մը հասնիլ։

Արդարեւ, առանց բաղդատելու, առանց համեմատելու որեւէ իրի մը կամ իրողութեան մը իսկական բնոյթը եւ արժէքը հասկնալ շատ դժուար է, եթէ ոչ անկարելի։

Զոր օրինակ, հոգեւոր ծանծաղութեան ապացոյց մըն է դիւրայուզութիւնը։ Մարդ մը՝ որուն հոգին խորութիւն ունի, կեանքի փորձառութեամբ հասուն է, ամէն փչող հովէ չ՚ազդուիր եւ չի փոթորկիր։ Յիմարութեան մէկ տեսակն է այս կեանքը՝ որ աստուածատուր թանկագին պարգե՛ւ մըն է, խաղալիք ընել ամէն կսմիթի, ամէն ապտակի, ամէն հարուածի, ամէն քննադատութեան, ամէն ծուռ նայուածքի, ամէն մաղձոտ խօսքի, զորս կ՚ընդունինք մեր կեանքի ճամբուն վրայ։

Դիւրագրգիռ մարդիկ որոնք մեծ մասամբ կեանքի փորձառութենէ զուրկ են, ամենափոքր հարուածէ մը կը կորսնցնեն իրենց հաւասարակշռութիւնը, սրտաբեկ՝ կ՚իյնայ իրենց տրամադրութիւնը. կը յուսահատին, կը յուսալքուին, կը վշտանան եւ դժոխային կեանք մը ապրիլ կը սկսին, այլեւս մութ եւ խաւար է ամէն ինչ իրենց համար. «Վա՜յ մէկը ծուռ նայեցաւ…», «վա՜յ մէկը հայհոյեց երեսիս…», «մէկը քննադատեց զիս…», ի՞նչ պատահեցաւ … երկի՞նքը փլաւ գլխուդ, ինչո՞ւ հանդուրժես, ինչո՞ւ առնես, անցնիս անարգական եւ վիրաւորիչ խօսք մը։ Բայց նաեւ ինչո՞ւ համար դո՛ւն ինքդ չըլլաս անկախ տէրը քու խաղաղութեանդ եւ երջանկութեանդ։ Ինչո՞ւ քու երջանկութիւնդ ուրիշներէ կախում ունենայ, ինչո՞ւ դուն քո՛ւ երջանկութիւնդ չստեղծես եւ անոր տէր չկանգնիս։ Ինչո՞ւ քու «ճակատագիր»դ ուրիշներուն ձեռքը ըլլայ, ինչո՞ւ դո՛ւն միակ տէրը չըլլաս քու երջանկութեանդ, փոխանակ այդպէս քեզմէ դուրս ուրիշ մը ընելու մատակարարը քո՛ւ երջանկութեանդ եւ կամ քու ապերջանկութեանդ, քու դժբախտութեանդ…։

Մարդ ունի այդ «հոգեւոր խորունկութիւն»ը՝ ընդոծին, աստուածատուր պարգե՛ւ մըն է ան, բաւ է որ մարդ անդրադառնայ այդ պարգեւին եւ օգտագործէ զայն։

Մարդ, իրապէս, ինչո՞ւ լճակի մը «փոթորիկ»ին, ինչո՞ւ համար համեմատութիւնը կու տայ ովկիանոսի մը ճշմարիտ փոթորիկին։

Կեանքի մէջ ամէն բան ունի իր պատշաճ տեղը եւ արժէքը, եւ պէտք է համեմատաբար գործածէ արժէքը եւ անարժէքը։ Եւ ընկերային շատ մը անհամաձայնութիւններու, տարակարծութիւններու պատճառը արժէք մը լաւ չգնահատելն է. անարժէքին անիրաւ արժէք ընծայել եւ արժէքաւորին արժէքը չճանչնալ, նուաստացնել զայն…։

Ողջամիտ, կատարեալ մարդու ստուգանիշներէն եւ կարեւորագոյններէն մէկն է՝ արժէքը անարժէքէն զատորոշելու յատկութիւնը։ Աւելի պարզ խօսքով՝ «մարդ ճանչնալ»ու կարողութիւնը։

Արժէքը եւ անարժէքը զատորոշելու յատկութիւնը ունեցողներ լաւ ընտրութիւններ կ՚ընեն թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքական-ընկերային կեանքի մէջ, եւ լաւ ընտրութիւն ընելը երջանկութեան պայմաններէն մին է։ Զոր օրինակ, երջանիկ ամուսնութեան մը նախապայմանն է լաւ ընտրութիւն ընել, եւ կամ գործի կեանքի մէջ յաջողութեան պայմաններէն մէկն է՝ ասպարէզի լաւ ընտրութիւնը, եւ օրինակներ կարելի է բազմացնել անհատական, ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի մէջ։ Ճամբան լաւ ընտրել մարդս աւելի ապահով եւ աւելի արագ կը հասցնէ իր նպատակին։ Եւ հոգեւոր կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է. ընտրուած հոգեւոր ճամբան մարդս կ՚առաջնորդէ հոգեւոր հասունութեան, կատարելութեան եւ երանութեան։

Ուրեմն, ողջամիտ ըլլալ կը նշանակէ հոգեւոր խորունկութիւն ունենալ՝ դատել, կշռել երեւոյթները, դէպքերը, անձերը եւ ըստ այնմ շարժիլ։ Հոգեւոր խորունկութիւնը մարդս կ՚ազատէ հոգեւոր ծանծաղութենէ։ Եւ այս մեզի ցոյց կու տայ թէ՝ քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ունենալ այդ «հոգեւոր խորունկութիւն»ը՝ որ Ինք Քրիստոս ունեցաւ։ Այսօր քրիստոնեաներու հարցը հոգեւոր ծանծաղութիւնն է, այսինքն քիչ խորութիւն ունենալ, չթափանցել, չխորանալ ճշմարտութեան բարիքներուն, մակերեսային մօտենալ ամէն արժէքի, չիւրացնել տրուած ուսուցումները, անտարբեր գտնուիլ ամէն արժէքի, չգնահատել արժէքաւորը եւ գնահատել ձեւանալ անարժէքը։

Մարդ, ինչպէս ըսուեցաւ նախապէս, այնքան երջանիկ կ՚ըլլայ՝ ո՛րքան լաւ ընտրութիւններ ընէ, ամէն մարզի մէջ։ Ընդհանրապէս եւ սովորաբար «ճակատագիր» կ՚ըսեն մարդիկ այն ձախողանքներուն՝ ուր լաւ ընտրութիւն մը չեն կրցած ընել։ Մարդուս ձախողանքներուն եւ յաջողութիւններուն պատճառը մինչդեռ «ճակատագիր»ը չէ՛, այլ՝ իրենց սխա՛լ ընտրութիւնները։ Այս իմաստով «ճակատագիր»ը պարզապէս պատասխանատուութենէ խոյս տալու, ազատուելու միջոց մըն է. յանցանքը ուրիշի մը վերագրելու կամ բեռցնելու զուր եւ ապարդի՛ւն ջանք մը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 30, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2020