ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՌԱՋՆՈՐԴԵԼ ՄԱՆՈՒԿԸ

Յաճախ մեր ծնողները իրենց զաւակներուն հետ այնպէս կը վարուին, որ կարծես իրենց զաւակները որոշելու, մտածելու եւ տրամաբանելու կարողութիւն չունենան: Մարդ արարածին բնազդին մաս կը կազմէ ազատութիւնը եւ իւրաքանչիւր մանուկ երբ դէպի պատանեկութիւն կ՚անցնի, կը փնտռէ եւ առաւելաբար կը պահանջէ՛ այդ ազատութիւնը. մինչեւ որոշ ժամանակ իր օրուան հագուստը, նախաճաշելու, ճաշելու, քնանալու եւ խաղալու ժամը մայրն ու հայրը կ՚որոշեն, սակայն որոշ ժամանակ ետք իր մէջ կը կազմաւորուի ազատութեան գաղափարը, կը սկսի ըմբոստանալ մօր եւ հօր որոշումներուն դէմ եւ կ՚ուզէ պարտադրել իր որոշումները: Ծնողներու եւ զաւակներու մէջ մեծագոյն հարցը սկիզբ կ՚առնէ այս ժամանակաշրջանին, որովհետեւ զաւակը մօր եւ հօր ուզածներուն հակառակ իր կամքը առաջնակարգ կը դասէ, ինչ որ շատ մը ծնողներու կողմէ «անհնազանդութիւն» կ՚որակուի:

Ճիշդ է, որ մեր զաւակները շատ անգամ մեր որոշածէն, մեր ուզածէն տարբեր բաներ կ՚որոշեն եւ կ՚ուզեն, ինչ որ կը նեղացնէ մեզ, սակայն պէտք է առաւելագոյն զգոյշ ըլլալ մանուկներու նկատմամբ, որովհետեւ մեր կողմէ ի գործ դրուած իւրաքանչիւր արարք կամայ թէ ակամայ տեղ պիտի գտնէ իր մանուկ հոգիին մէջ: Նման իրավիճակներու մէջ  պէտք է մեր ուզածը ո՛չ թէ պարտադրել, այլ համոզել, որովհետեւ մեր պարտադրանքը շատ անգամ որպէս բռնութիւն կրնայ ակնկալուիլ: Շատեր ծեծի ճամբով, շատեր պոռալով, շատեր ալ մանուկը լացի մատնելով՝ կ՚ուզեն մանուկին իր չուզած բանը ընել տալ, որովհետեւ մեր ծնողներուն մէջ դժբախտաբար կը պակսի գիտութիւնը հասկնալու եւ վերլուծելու մանուկը:

Մանուկը, մա՛նաւանդ պատանին կ՚ուզէ, որպէսզի մարդիկ զինք լսեն. այդ տարիքին մանուկ-պատանին որոշ խնդիրներու շուրջ կ՚ունենայ իր համոզումներն ու կարծիքները եւ կը փափաքի, որ իրմէ մեծեր հետաքրքրութեամբ լսեն եւ ինչու չէ տեղ մը համաձայն գտնուին իրեն հետ: Շատ մը ծնողներ, ցաւ ի սիրտ, նոյնիսկ իրենց 16-17 տարեկան պատանի-երիտասարդին հետ կը վարուին «դուն բան մը չես գիտեր»ի տրամաբանութեամբ եւ այդ հոգեբանութեամբ ապրող մանուկներն են որ կեանքի մէջ ամօթխած ու հաւաքականութենէ կտրուած կեանք մը կը վարեն:

Ծնողքի մը կարեւորագոյն պարտաւորութիւններէն մէկն է հաւասարակշռել այս մէկը, որովհետեւ եթէ իր բոլոր ըսածին «բան մը չես գիտեր»ի համոզումով մօտենանք, իր մէջ պիտի սպաննենք ինքնավստահութիւնը, իսկ եթէ ամէ՛ն ըսածին ականջ տանք ու համաձայնինք՝ զինք առաջնորդած պիտի ըլլանք այլ ծայրայեղութեան մը՝ որ զինք պիտի առաջնորդէ գոռոզութեան:

Բացատրենք առօրեայ բնական երեւոյթ մը վերցնելով. մանուկը իր տրամաբանութեան մէջ որոշ համոզում մը կը կազմէ, թէ «տուները ինչպէս կը շինուին». իր մանուկ խելքով առիթով մը համոզումով կը յայտնէ իր համոզումը եւ կը սկսի բացատրել, թէ «տունը այսպէս կը շինուի».

Նման երեւոյթի մը դիմաց կրնայ ըլլալ երեք տարբեր արտայայտութիւն.-

Ա.- Այո՛, ճիշդ ես:

Բ.- Պարապ-սարապ մի՛ խօսիր:

Գ.- Ո՛չ, այդպէս չէ:

Առաջին «Այո՛»ն, զինք պիտի առաջնորդէ անճշդութեան եւ մանուկը պիտի սկսի ո՛չ թէ միայն տունին, այլ իր ունեցած բոլոր համոզումներուն հանդէպ ինքնավստահութիւն մը զգալ եւ յաջորդող ժամանակաշրջանին հակառակ ըսուած ճիշդերուն, իր համոզումը պարտադրել եւ ուրիշները «անտեսել»ու ախտ մը սերմանել մանուկ-պատանիին մէջ:

Երկրորդը անմիջապէս մանուկին մէջ կը սպաննէ ինքնավստահութիւն ո՛չ միայն տունի շինութեան գծով, այլ ընդհանրապէս իր համոզումներուն. կը սկսի նոյնիսկ կասկածով նայիլ այն ամենուն, որ ճիշդ են ու պարզ կարծուող «չես գիտեր»ը կը մնայ հոգիին խորերը եւ ժամանակ մը ետք կը սկսի զգուշանալ կարծիք յայտնելէ՝ մանաւանդ հո՛ն ուր ինքնավստահ ու համարձակ տարեկիցներ կը տեսնէ:

Երրորդ «ո՛չ»ը երկրորդէն բանով մը կրնայ չտարբերիլ, եթէ այդ ոչին չյաջորդէ անհրաժեշտ բացատրութիւնը. մանուկը իր համոզումին սխալ ըլլալէն չի՛ նեղուիր ու չի՛ վիրաւորուիր, եթէ տրուած ոչին յաջորդէ տրամաբանական ու մանաւանդ մանկավարժական ոճով բացատրութիւնը, որովհետեւ մանուկը կ՚ուզէ գիտնալ, կ՚ուզէ ուսումնասիրել եւ այդ բոլորը կը հետաքրքրեն զինք:

Այս բոլորը մեզի կը սորվեցնեն կարեւորել մանուկ-պատանիին գաղափարները, լսել անոնց կարծիքները. յաճախ մեր ծնողները ամօթ կը նկատեն իրենց զաւակներէն կարծիք լսելը, տրուելիք որոշումներուն դիմաց իրենց պատանի-երիտասարդներուն տեսակէտները նկատի ունենալը եւ այսպէս մինչեւ քսան տարեկան հասակը անտեսուելով կեանք մը կրնան ապրիլ անոնք:

Զարմանալին հո՛ն է սակայն, որ ժամանակ մը ետք ծնողներ կը սկսին դժգոհիլ իրենց զաւակներէն. կը բողոքեն, թէ անոնք չեն կրնար ինքնակամ որոշումներ առնել, կը բողոքեն, որ միշտ «իրենցմէ կախեալ» վիճակ մը ունին: Կը բողոքեն, որ հանրութեան մէջ՝ մանաւանդ ազգականներու դիմաց անոնք սակաւախօս են, սակայն երբեք չե՛ն մտածեր այդ բոլորին ետին գտնուող պատճառը, որ կրնայ մանկութենէն եկած ըլլալ:

•շարունակելի

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -85-

Ծնողներ յաճախ իրենց զաւակին մէջ «առողջ մրցակցութիւն» մը զարթնեցնելու նպատակով հրապարակաւ կը գովաբանեն այս կամ այն մանուկին կատարած մէկ իրագործումը:

Օր մը Պուրճ Համմուտէն ընտանիք մը լողաւազան կ՚երթայ՝ շաբաթավերջը այդտեղ անցընելու: Ճիշդ քովի նստարանին վրայ կը նստին լիբանանցի «շփացած» ընտանիքի մանուկներ եւ կը սկսին իրարու հետ մաքուր ֆրանսերէն մը խօսիլ: Մեր հայ մայրը զաւակին ուշադրութիւնը այդտեղ դարձնելու համար կ՚ըսէ. «Տե՛ս, լսէ՛, ինչպէս պիւլպիւլի պէս ֆրանսերէն կը խօսին...»:

Այս համեմատութենէն նեղացած իննամեայ մանուկը ինքնավստահութեամբ կ՚ըսէ. «Է մենք ալ թրքերէն կը խօսինք...»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 2, 2022