ԹՈՒԹԱԿԷ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸ
Մինչեւ մօտիկ անցեալ, բանաստեղծին ու մտաւորական գրողին չափ արժէք ունէր նաեւ ուսուցիչը, որովհետեւ այնպէս ինչպէս մտաւորականը հասարակութեան, նոյնպէս ալ ուսուցիչը ապագայ սերունդի միտքը կը լուսաւորէ, ուսուցիչն ու մտաւորականը զիրար կ՚ամբողջացնեն, որովհետեւ մին կրնայ գրել, սակայն չուսուցանել, իսկ երկրորդը ուսուցանել՝ սակայն չգրել. իսկ եթէ երկուքը միատեղ ընելու Աստուածային շնորհը ունենային (ինչպէս ունէին մեր անցեալի բազմաթիւ գրող-ուսուցիչներ՝ ինչպէս օրինակ Ղազարոս Աղայեան, Տիրան Չրաքեան, Սիպիլ եւ ուրիշներ) ծնունդ կու տային նախանձելի սերունդի մը:
Այս բոլորը կը գրենք, որովհետեւ նորը հինին հետ համեմատելով յստակօրէն կը տեսնենք խեղճութիւնը նորերուն. խեղճութիւն՝ որուն պատճառը ո՛չ միայն ուսուցիչը ինք, այլ հասարակութիւնը մեղաւոր է, որ մտաւորականութեան կողքին կ՚անգիտանայ կարեւորութիւնը նաեւ ուսուցիչներուն, որոնք շինարարներն են ապագայ սերունդի բարոյական եւ մտաւոր գոյութեան:
Պէտք է յստակ ըլլայ, որ ուսուցիչ եւ դասագիրք ամբողջութեամբ տարբեր բաներ են. այս մէկը կը գրենք, որովհետեւ շատեր կը հաւատան, որ աշակերտը կրթողը դասագիրքն է եւ ուսուցիչի գոյութիւնը պարզապէս այդ դասագիրքի առաջարկած քայլերը հետապնդելն է. այլ խօսքով շատեր կը կարծեն, որ լաւ դասագիրք մը ինքնաբերաբար կը ստեղծէ լաւ ուսուցիչ մը եւ այսպիսով կ՚ուրանան ուսուցիչի ունեցած կարեւոր դերը. աւելին՝ կը հաւատանք, որ ճշմարիտ ուսուցիչ մը առանց դասագիրքի կրնայ կրթել ու զարգացնել աշակերտը, սակայն դասագիրք մը առանց ուսուցիչի՝ գրեթէ անհնար է: Այս է պատճառը, որ ուսուցիչի պակասի հետեւանքով կը նուազի նաեւ ապագայ նոր սերունդի մտաւոր, ինչու չէ նաեւ տեղ մը բարոյական զարգացումը, մանաւանդ երբ ի յայտ կու գան ուսուցիչներ, որոնք գիրքին մէջ գրուածը մի քանի տասնեակ անգամ թութակի պէս կրկնել տալով ապագայ փայլուն սերունդ մը ստեղծել կը փորձեն. արեւմտահայ մանկավարժ ու գրականագէտ Գրիգոր Շահինեան «Հայերէնի եւ հայ գրականութեան դասաւանդումի կերպ» աշխատութեան մէջ հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ ճշմարիտ ուսուցիչի մը դերը. «Առաջնորդի, ոգեւորողի, հետաքրքրութիւն արթնցնողի դեր մը ունի ուսուցիչը: Ուսուցիչը կը դառնայ հրահրող, քաջալերող, աշխատանքը հունաւորող ներկայութիւն մը։ Միշտ գործօն անշուշտ, բայց ոչ տիրապետող։ Եւ ոչ ճնշող մանաւանդ»:
Նման մտածում մը կը կարդանք գրուած Գրիգոր Շահինեանի աշխատութենէն տասնամեակներ առաջ՝ Ինտրայի «Նախակրթութեան սխալները…» աշխատութեան ԺԹ. գլխուն մէջ, ուր մտաւորականը կ՚ըսէ. «Եռանդուն, զուարթ եւ լրջօրէն հմուտ ու սրատես ուսուցիչ մը ի՜նչ բարիք է իրենց, - երբ իր ներկայութեանը աշխատցնէ զանոնք, երբ հսկէ անոնց գործին, վարէ, ոգեւորէ զանոնք յաճախ նոյն իսկ ակամայ։ Որչա՛փ ճշմարիտ ու անմիջական է օգուտը որ ատկէ կը ծնի, - ուսուցչին ներկայութենէն». այս նրբութիւններն են, որ կը զանազանեն ուսուցիչը դասատուէն, մանկավարժը՝ դաստիարակէն:
Ուսուցիչին ունեցած դերը աւելիով հասկնալու համար ուսումնասիրեցէք մեր անցեալի գրողներուն կեանքը. պիտի տեսնէք, որ անոնց մտաւորական դառնալու մէջ բնականաբար մեծ դեր ունին նաեւ անոնց ուսուցիչները. օրինակի համար՝ կը տեսնենք, թէ Մխիթարեան վարժարանէն որոշ ժամանակ ծնունդ առած են բազմաթիւ գրող-ուսուցիչներ. բնականաբար անոնց ստացած դաստիարակութիւնն ու ուսուցիչի հմտութիւնն է, որ նոյն սերունդին մէջ ստեղծած է բազմաթիւ գրողներ, թարգմանիչներ ու ազգային գործիչներ. այդ է պատճառը, որ հիները կարդալու ժամանակ յաճախ կը հանդիպինք «աշակերտած է» արտայայտութեան եւ այս մէկը գոյութիւն ունեցած է դարեր շարունակ. օրինակի համար՝ Առաքել Սիւնեցիի մասին կարդացած ժամանակ կը տեսնենք, թէ ինչպէս պատմիչը կը շեշտէ, որ ան աշակերտած է Յովհան Որոտնեցիին եւ Գրիգոր Տաթեւացիին:
Այս բոլորը նկատի ունենալով պէտք է համոզուած ըլլալ անցեալի մարդոց նման, որ ուսուցչութիւնը ո՛չ պաշտօն է եւ ոչ ալ «աշխատանք»։ Իրաւացիօրէն Ինտրա կ՚ըսէ. «Մենք գիտենք որ ուսուցիչ մը հա՛յր մը պիտի ըլլայ, որ ո՛ եւ է գործիով կամ մարդամեքենայով չի կրնար փոխանակուիլ»:
Այսօր կը տեսնենք, որ այսինչ դպրոցին մէջ հայերէն կը դասաւանդէ ուսուցիչ մը. միւս տարի կը փոխուի այդ ուսուցիչը եւ այսպէս ամէն տարի աշակերտը տարբեր ուսուցիչի մը կողմէ կրթութիւն կը ստանայ. շատ մը դպրոցի ղեկավարներ սովորական կը գտնեն այս մէկը, որովհետեւ իրենց համար դպրոցն ու ուսուցչութիւնը առեւտուրի պէս բան մըն է, մինչ աշակերտին համար ամբողջութեամբ տարբեր հասկացողութիւն մըն է ուսուցիչը. մեր նախնիները այդ կողմէ շատ աւելի իմաստուն էին եւ մէկ աշակերտին համար մի քանի տասնեակ ուսուցիչ ունենալու փոխարէն կը նախընտրէին ունենալ մէկը՝ որ իր ներկայութեամբ կը յաջողէր անոնց մէջ արթնցնել ուսումնատենչ հայը՝ բարոյական ու մտաւորական բոլոր արժէքներուն գիտակից եւ օրինակելի: Ահաւասի՛կ, 1902 թուականին գրուած հայ մտաւորականի մը կարծիքը. «Ուսուցիչներու այս բազմութիւնը բնականօրէն կը հրաւիրէ տղան ոչ թէ լաւ սովրելու անոնց աւանդած զանազան ճիւղերը, այլ, ընդհակառակը, անոնցմէ շատը չսովրելու»:
Այս բոլորը պէտք է նկատի ունենալ, որպէսզի չունենաք այնպիսի ուսուցիչներ, որոնցմէ մէկուն յիշատակումը կ՚ընէ Գրիգոր Զօհրապ իր «Կեանքը ինչպէս որ է» աշխատութեան մէջ. «Խեղճ տղոց բոլոր ժամանակը զուր տեղը վատնել տուեր է ձեր Պոլսեցի ուսուցիչը. երեխաներու հոգիին պէտք էր խօսիլ, փոխանակ չոր ու ցամաք կերպով կարգ մը անուններ բերնուց սորվեցնելու անոնց»։ Եթէ չենք ուզեր թութականման ապագայ սերունդ մը ունենալ, պէտք է լաւապէս խորհինք ուսուցիչներու ունեցած կարեւոր դերին մասին, որ պէտք է վեր ըլլայ սեփական ամէն տեսակ շահերէ եւ պազարի մանրուքներէ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ո՞ր մէկը աւելի կարեւոր է. դասագի՞րքը թէ ուսուցիչը:
Պատասխան. Թէ՛ ուսուցիչը եւ թէ դասագիրքը մեծ ազդեցութիւն ունին ուսուցման վրայ: Դասագիրքը կը ներկայացնէ կառուցուած տեղեկութիւններ եւ որպէս ուղեցոյց կը հանդիսանայ, իսկ ուսուցիչը իր կարգին կեանքի կը կոչէ անոր բովանդակութիւնը, տալով այնպիսի բացատրութիւններ, որոնք համապատասխան են աշակերտներուն, խրախուսելով որպէսզի աւելի խոր ըմբռնում ունենան խօսուած նիւթերու շուրջ: Ուսուցիչը դժուար գաղափարները մատչելի կը դարձնէ աշակերտներուն համար. ուսուցիչին առաջնորդութիւնը, ոգեշնչումը կրթութիւնը կը դարձնեն աւելի արդիւնաւէտ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան