ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԿԱՐԴԱԼ - Բ -

Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի «Համապատում»ին նախաբանը՝ ուր պիտի գտնենք եւ վերյիշենք ճշմարտութիւններ՝ որոնք յաճախ կ՚անտեսուին…

«Համապատում»ի նախաբանը կը ներկայացնենք, բոլորովին հաւատարիմ մնալով իր նախատիպին, որը քաղած ենք «Համապատում»ի 1911 թուականի հրատարակութենէն։ Գիրքը աւելի վերջ վերահրատարակուած է նաեւ վերջերս 1983 թուականին Անթիլիաս-Լիբանան։

ՆԱԽԱԲԱՆ…

Աւետարանի հաւասարապէս հակառակորդներ եղած են, թէ անոնք, որ զայն իրենց իմաստասիրական, չըսենք իմաստակական, ձեւակերպութեանց ենթարկելով, բծախնդիրներ քննադատութեան կէտեր կարծած են գտնել, եւ թէ անոնք որ զայն արուեստակեալ եզրակացութեան ենթարկելով, ուզած են անոր ըսել տալ, ինչ որ Աւետարանը ըսել ուզած չէ։

Աւետարանը իւր պարզ ինքնութեան մէջ առնուած ատեն, եւ առանց հակառակաշունչ կամ նախապաշարեալ ըմբռնումներու կարդացուած ատեն, անսխալ ուղեցոյց մըն է հաւատացեալին՝ իւր գերբնական խորհուրդներով. բարոյախօսին իւր անստերիւր պատուէրներով, կենցաղագէտին՝ իւր ուղիղ սկզբունքներով, յաջողութեան մէջ՝ իւր խոհական խրատներով, ձախորդութեան մէջ՝ իւր սրտապնդիչ մխիթարութիւններով։

Այդ խորիմաստ սկզբունքն է, որ մեր ամէնուն սիրելի ըրած է Աւետարանի ընթերցումն եւ ուսումնասիրութիւնը, գործնականապէս ալ գիտնալով անոր բարեյաջող արգասիքը, եւ փորձառապէս ալ զգալով միեւնոյն արդիւնքը։ Ազգերու ընդհանուր բարոյականին տեսակէտէն ալ չի տեսնուիր միթէ՞, որ լաւագոյն բարոյականի տէր ճանչցուած են այն ազգերը, որոնց մէջ աւելի ընտելացած է Աւետարանի ընթերցումը։ Մեր ազգային պատմութիւնն ալ չի վկայեր միթէ՞, որ մեր քաջարի նահատակներ եւ քաջասիրտ կիներ, ժիրաժիր երիտասարդներ եւ աստուածավախ ժողովրդականներ, Աւետարան ձեռուընին կը զօրանային ճակատամարտներու մէջ, կ՚ոգեւորուէին հալածանքներու հանդէպ, եւ գործունէութեան կը յորդորուէին զրկանքներու ներքեւ։

Այդ համոզմամբ առաջնորդուած եմ ես ալ, թէ՛ իբրեւ քարոզիչ վարդապետ եւ թէ՛ իբրեւ կրօնուսոյց դասատու։ Սիրած եմ Աւետարանով քալել թէ՛ խրատախօսութեանց եւ թէ՛ դասաւանդութեանց մէջ, ինչպէս լաւ պիտի յիշեն մայրաքաղաքի ու գաւառի ունկնդիրներս, եւ Ճեմարանի եւ Դպրեվանքի ու Կեդրոնականի աշակերտներս։ Այդ ուղղութեան հետեւանքը պիտի ըլլար, գրութեամբ ալ տեւողական ընել նոյն մեծ փափաքը, որ է ընտելացնել եւ սիրցնել մեր ազգայիններուն՝ Աւետարանն ու իր պարունակութիւնը։ Արդէն բազմազբաղ օրերուս մէջ ձեռնարկած էի այդ աշխատութեան «Լոյս» կրօնաթերթի պրակներուն մէջ, որուն շարունակութիւնը պահ մը «Արեւելք» օրաթերթի մէջ ալ տեսնուեցաւ, բայց անոնք անցողակի ձեւ ունէին, եւ պէտք էր մնայուն հատորով մը առձեռն պատրաստ ընծայել ձեռնարկեալ գործը։ Առ այս ուզեցի օգտակար ընել պաշտօնական զբաղումներէ ստացած ազատութիւնս, վերաքննելով ինչ որ պարբերականներու մէջ հրատարակած էի, եւ լրացնելով ինչ որ տակաւին կը պակսէր գործին ամբողջութեան, որ եւ ոչ իսկ կէս էր եղած։

Այս է Համապատումիս նպատակը, եւ այսպէս սկսան անոր պատրաստութեան պարագաները։

Աւետարանի ուսումնասիրութեամբ զբաղողներ, զանազան եւ բազմազան ուղղութիւններ եւ նպատակներ ունեցած են։

Որովհետեւ եղած են այնպիսիներ, որ արուեստակեալ ձեւերով ջանացած են Աւետարաններուն դէմ մաքառիլ, եւ անոնց մէջ գիտական կամ հմտական թերութիւններ, եւ նոյն իսկ ուղիղ մտաց հակառակ տեսութիւններ որոնել, պէտք եղած է որ ուրիշներ ալ ջատագովական դեր ստանձնեն, եւ Աւետարաններու պաշտպանութեան համար գրեն։

Նոյնպէս եղած են քննադատներ, որոնք Աւետարաններուն ծագումը, յօրինուածը, խմբագրութիւնը, ժամանակը, հեղինակները, եւ ուրիշ նմանօրինակ կէտերը հետազօտութեանց առարկայ ընելով, մինչեւ իսկ անոնց վաւերականութեան վրայ կասկածներ յարուցած են, այս պատճառով պէտք եղած է, որ այդ առարկութիւնները ցրելու համար քննաբանական ուսումնասիրութիւններ կատարուին եւ յատուկ աշխատութիւններ հրատարակուին…

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 27 2022, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023