ԲԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ Է

Բոլորիս ալ բերանները ստախօսութեան որջ մըն է եւ մեծագոյն ստախօսները մեր հասարակութեան մէջ անո՛նք են, որոնք «ես սուտը կ՚ատեմ» յերիւրածոյ լոզունգով հրապարակ դուրս կու գան, նմանելով այն կիներուն, որոնց մեծագոյն բամբասանքը մի՛շտ սկիզբ կ՚առնէ «ես բամբասել չեմ սիրեր» զաւեշտալի յառաջաբանով:

Ձեր աշխարհիկ կեանքի ընթացքին մեծագոյն ստախօսութիւնները պիտի լսէք այն ժամանակ՝ երբ դժուարութեան կամ դժբախտութեան հանդիպիք. բոլոր անոնք՝ որոնք ձեր ուրախութեան եւ յաջողութեան օրերուն ներկայութիւն են, յանկարծ անհասկնալի սուտերով պիտի աներեւութանան. սրտակից կարծուածները պիտի շոգիանան, իսկ աւելի սոսկալին պիտի ըլլան անոնք՝ որոնք շինծու ու արհեստական կարեկցութեամբ ձախող մխիթարիչի դեր խաղալ պիտի փորձեն:

Սուտը սակայն միայն խօսքի ճամբով չ՚արտայայտուիր. այդ ստախօսութիւնը կարելի է գտնել նաեւ խօսքի սահմաններէն դուրս. այդ ստախօսութիւնը խօսքի սահմաններէն անդին պիտի տեսնէք մարդոց հանդէպ ձեր ունեցած վստահութեան մէջ, որովհետեւ աշխարհի վրայ մարդ արարածը ուրիշներու վստահութիւնը կը գրաւէ՝ յարմար ժամանակին չարաչար գործածելու եւ շահագործելու համար. ա՛յդ է պատճառը, որ մարդ արարածը իր աշխարհիկ կեանքի ընթացքին իր մօտիկ շրջապատէն շա՜տ աւելի վնաս ու վէրք կը ստանայ՝ քան օտարներէ:

Թուրք յայտնի բանաստեղծ Ահմէտ Նեճիփ Քըսաքիւրէք իր «Դարբիններու շուկայի սպանութիւնը» աշխատութեան մէջ կը գրէր իր ամենէն յայտնի տողերէն մին. «Այդ լաւ մարդիկը գեղեցիկ ձիերու հեծնելով հեռացան». այդ լաւերը ովքե՞ր էին, այնպէս ալ չգիտցանք, սակայն ըստ երեւոյթին վերադառնալու միտք ալ չունին:

Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Շանթ» շաբաթաթերթի շաբաթ, 24 մայիս 1919-ի թիւի չորրորդ էջին մէջ (էջ 344) Ատրուշան գրչանունով հեղինակ մը կեանքի մէջ յաջողելու համար հետեւեալ ուղին ցոյց կու տայ. «Յաջողութեան ամենէն կարճ ճամբան կ՚ուզէ՞ք որ բացատրեմ ձեզի. գործունէութեան ոլորապտոյտ արահետը կը բռնէք շիտակ կ՚երթաք, յետոյ կը հասնիք հրապարակի մը. աջ կողմերնիդ կը ձգէք երազները, ցնորքները, ձախ կողմերնիդ՝ ուրիշներէ ակնկալութիւնները, տրտունջները, գանգատները, կռնակնիդ կը դարձնէք դէպի խիղճն ու ամօթը ու կը քալէք շիտակ. ծայրը յաջողութիւնն է». այլ խօսքով հեղինակը յաջողութեան որպէս գաղտնիք հետեւեալ յորդորները կու տայ.-

Ա.- Հրաժարեցէք ձեր երազներէն ու ցնորքներէն:

Բ.- Ուրիշներէ երբեւէ բան մի՛ ակնկալէք:

Գ.- Մի՛ տրտրնջաք ու մի՛ գանգատիք:

Դ.- Մոռցէ՛ք խիղճի գոյութիւնը:

Ե.- Ձեր միտքերէն հանեցէ՛ք ամօթի հասկացողութիւնը:

Ամօթի հասկացողութիւնը մեծագոյն չարիքն է մարդկութեան, որովհետեւ մարդ կը դատապարտէ եւ ամօթ կը զգայ ո՛չ թէ իր՝ այլ ուրիշներու արարքներէն. համերաշխութեան ոգին մարդոց մէջ գոյութիւն չունի: Յաճախ մտածած եմ, որ Հին եւ Նոր կտակարաններուն տեղ եթէ Աստուած միայն մէկ տող պահէր՝ բաւարար պիտի ըլլար աշխարհի վրայ հիմնելու համար խաղաղութիւնը. «ինչ որ կ՚ուզէք մարդիկ ընեն ձեզի՝ նոյնը ըրէք անոնց»: Այս արարքի պակասն է, որ կը չարչարէ մարդկութիւնը: Բոլորը կ՚ուզեն, որ որուշներ երախտապարտ ըլլան իրենց հանդէպ, սակայն իրենք կը զլնան այդ երախտագիտութիւնը ցոյց տալ ուրիշին. բոլորը կ՚ուզեն չբամբասուիլ, սակայն ուրիշը բամբասելէ ետ չեն մնար: Ամէ՛ն մարդ կ՚ուզէ յարգուիլ, սակայն ուրիշներու հանդէպ կը շարունակեն մնալ անյարգալից. կ՚ուզեն լսուիլ՝ սակայն չեն լսեր, կ՚ուզեն ուրիշներու կողմէ օգնութիւն ստանալ՝ սակայն չեն օգներ, մոռնալով որ առեւտուրը ո՛չ միայն շուկայի, այլեւ կեանքի մէջ եւս գոյութիւն ունի:

Կեանքի մէջ ամէ՛ն ինչ՝ նոյնիսկ չարանալը փորձառութեան մը հետեւանքն ու արդիւնքն է, որովհետեւ մարդ վստահութեան հանդէպ իր ունեցած համոզումն ու հաւատքը կը կորսնցնէ՝ երբ տեսնէ ուրիշներու կողմէ անոր խորտակումը եւ այսպէս փոխանցիկ հիւանդութեան մը նման անձէ անձ կը փոխանցուի։

Անցեալները երկու հոգի անձի մը բարութեան մասին կը խօսէին՝ սակայն ո՛չ գովասանքով, այլ ընդհակառակը՝ հեգնանքով, որովհետեւ աշխարհի ներկայ չափանիշիերով բարի ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ տկար ու անզօր, վախկոտ ու նեղմիտ: Վերջերս լրատուական կազմակերպութիւն մը հարցազրոյցի մը ընթացքին իգական սեռի ներկայացուցիչներուն հետեւեալ հարցը կու տար. «բարի՞ թէ «չար» տղայ». մեծամասնութիւնը կը պատասխանէին «չար» (վստահաոար «չար» ըսելով նկատի չունին ոճրագործ կամ աւազակ անձեր), որովհետեւ բարիի մը գոյութիւնը աշխարհի մէջ պարզապէս չարչարանք ու հեգնանքի առարկայ կրնայ ըլլալ, որովհետեւ մերօրեայ պայքարին մէջ կենդանի մնալու համար պէտք է ունենալ ակռայ եւ քիչ մըն ալ ճանկեր: Կայ այն համոզումը, որ բարի մարդը իր իրաւունքները պաշտպանել չգիտցող եւ հանրութեան դիմաց «տկար» երեւացող մարդն է: Այս համոզումներու պատճառով է, որ երբեմնի փնտռուած բարութիւնը այսօրուան մեծագոյն թշնամին կը հանդիսանայ եւ ամէն մարդ «չար» ու զօրաւոր երեւելու փափաքը կ՚ունենան:

Չեմ գիտեր ինչքանո՞վ իմաստութիւն է ներկայի ծնողներուն համար իրենց զաւակները բարութեան առաջնորդել եւ վարժեցնել, որովհետեւ նոյնիսկ պատանիներու մէջ՝ դպրոցական կեանքէն սկսեալ բարութիւնը խեղճութիւն, իսկ չարութիւնը որպէս համարձակութիւն ու քաջութիւն կ՚որակուի:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -147-

Դասընկերներէս մին գրող դառնալու բուռն փափաքը ունէր՝ սակայն զուրկ էր գրելու շնորհքէ: Օր մը այդ պակասը ուզեց հետեւեալով լեցնել. սկսաւ փնտռել 1850-ական յօդուածներ՝ կարծելով որ ո՛չ ոք կրնայ գիտնալ անոնց հեղինակին ո՛վ ըլլալը եւ արտագրելով սկսաւ իր անունով թերթերու ղրկել եւ հրատարակել: Պատասխանը շատ չուշատցաւ. բանիմաց ընթերցող մը էջով, տողով եւ հեղինակով գտած եւ հանրութեան ներկայացուցած էր բանագողութիւնը: Այս իրողութենէն ետք Դպրեվանքին մէջ երկա՜ր ատեն բանագողութեան մասին դասախօսութիւններ լսեցինք: Հաւանականութեան սահմաններու մէջ է, որ մինչեւ օրս ունենանք նման գրողներ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Յունուար 20, 2023