ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ
Մեծ պահոց երրորդ Կիրակիին՝ Ճաշու ժամուն կը կարդացուի Ղուկասի Աւետարանին ԺԵ. գլուխը, ուր կը պատմուի «Անառակ որդի»ին առակը։ Մեծ պահոց այս երրորդ Կիրակին, սովորաբար կը կոչուի՝ «Կորուստներու Կիրակի», քանի որ կը կարդացուի նաեւ՝ «Կորսուած ոչխար»ին եւ «Կորսուած դրամ»ին առակները, եւ երբ նկատի ունենան, թէ Անառակ որդիին առակն ալ ի վերջոյ «կորսուած որդի»ին պատմութիւնն է, ուրեմն իրաւացի է անուանել այս Կիրակին՝ «կորսուածներու Կիրակի»։ Արդարեւ ընդհանրապէս «կորուստ»ը կեանքի սովորական մէկ երեւոյթն է՝ թէ՛ անհատական, թէ՛ ընկերային կեանքի մէջ, թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական աշխարհի անխուսափելի՛ն։
Եւ երբ կ՚ըսեն «աշխարհի անխուսափելի երեւոյթ»ը կորուստի իրականութեան մասին, այդ կը նշանակէ, թէ ան կարելի է տեսնել ամէն ժամանակներու, շրջանի մէջ՝ ամէնուրեք։ Ո՛չ ոք կրնայ զերծ մնալ կորուստէ…։
Այսօր ալ չկա՞ն «անառակ որդի»ներ՝ որոնք կը հեռանան ընտանեկան յարկէն եւ կ՚երթան այլուր։
Ինչպէս մեր նախորդ գրութիւններուն յիշեցինք, կարծես Գամառ-Քաթիպա իր «Պանդխտողներուն» բանաստեղծութիւնը կո՛չ մըն է «անառակ որդի»ներուն՝ որոնք թէեւ միշտ ցաւ պատճառած են իրենց ծնողներուն, բայց միշտ ներուած եւ սիրով ընդունուած է իրենց վերադարձը՝ տո՛ւն։
Կարծես աւետարանական ներշնչումով մը գրուած այս տողերը կ՚ուզենք անգամ մը եւս յիշել՝ «Անառակ որդի»ին այս Կիրակիին՝ որուն հրաշալի՜ կերպով համապատասխան կը հանդիսանայ։
ՊԱՆԴԽՏՈՂՆԵՐԻՆ
Ի՞նչ էք անում, ա՛յ խեղճ հայեր
Որ երկրումը ցանկալի
Թողած անուշ օդն ու այեր
Դիմում էք գիրկն օտարի։
*
Օտարն երբէք չի ճանաչում
Ձեր ցաւին էլ, կոծին էլ,
Օտար հողի ո՛չ մէկ խորքում
Հային չը պէտք կեանք սիրել։
ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱ
(Ծանօթագրութիւն.- «այեր»=օդ, մթնոլորտ)։
Արդ, եթէ կ՚ուզէք, անգամ մըն ալ հարցը դիտենք Քրիստոսի աչքով՝ թէ ի՛նչ է գաղափարը եւ ուսուցումը այս կենսական խնդրին մասին։
Սա անուրանալի իրականութիւն մըն է՝ թէ ընտանիքէն հեռացող զաւակ մը «կորուստ» մըն է իր ընտանիքին համար։ Արդարեւ «Անառակ որդի»ին առակին մէջ տիրող իրականութիւնն է՝ չափազանց ինքնավստահ, ինքնահաւան եւ յաւակնոտ խելքի մը դժբախտութի՛ւնը։ Այդ յաւակնոտ որդիին՝ հայրենի տունը կարծես նեղ կու գայ, նեղացուցիչ կու գայ իր «աշխարհահայեացք»ներուն, իրենց ցեղին յատուկ աւանդական կենցաղավարութիւնը «տափա՛կ» է, տհա՛ճ է իր եռանդոտ երեւակայութեան համար, ուստի պէտք է թօթափել աւանդական կարգուսարքը, պէտք է հեռանալ հօր մը հսկող ու հակակշռող աչքերէն եւ ստեղծել ա՛յնպիսի կենցաղ մը՝ որ հարազատ պատկերը ըլլայ իր խելքին եւ իր անկաշկանդ կիրքերուն։
Եւ այս պատճառով յաւակնոտ ու իբր թէ խելացի զաւակը կը վճռէ հեռանա՜լ հայրենի տունէն եւ բնաշխարհէն՝ ուր կեանքի կոչուած էր եւ հասած։
Բայց այդ «խելացի» յաւակնոտ երիտասարդը երբեք չի խորհիր, որ իր իսկութիւնը, իր ինքնութիւնը ուրանալ՝ ուրացումներուն ամենէն վտանգաւորը եւ վնասակա՛րն է։ Եւ այնպիսի՜ վտանգ մը, որ մի գուցէ կործանումի, կորուստի կը տանի անխոհեմ մարդը։ Եւ կորուստ մը՝ որ անդառնալի է շատ անգամ։
Եւ մանաւանդ որ այդ «խելացի» եւ յաւակնոտ երիտասարդը ինք դրամ չունի, քանի որ չէ՛ աշխատած, չէ՛ վաստկած, կեանքը չէ՛ տեսած իր իսկութեան մէջ, բայց հա՛յր ունի եւ այդ չափը բա՛ւ է իրեն։
Ահաւասիկ, ա՛յս է «Անառակ որդի»ին նկարագիրը, ա՛յս է պատկերը անոր՝ նկարագրուած Աւետարանին մէջ։ Եւ այս «խելացի» եւ յաւակնոտ որդիին համար իր հայրը «հին գլուխ» մարդ մըն է, ժամանակավրէպ՝ ժամանակը անցած գաղափարներու տէր է ան, անոր գիտցածները անգործադրելի են եւ փորձառութիւնները՝ անարժէ՛ք, անոնք հին ու մին բաներ են, եւ ուրեմն խօսք ու խրատ մտիկ չ՚ըներ, կարեւորութիւն չ՚ընծայեր, քանի որ ինք «խելացի՛» է եւ ժամանակակից, իր գաղափարները միայն արժէք ունին, իր գիտութիւնը բաւական է իրեն, ի՜նչ փոյթ որ չունենայ կեանքի փորձառութիւն…։ Ինքնաբա՛ւ է ինք։
Եւ այս «անառակ որդի»ին համար, որուն հայրը անարժէք է, ո՛չինչ կ՚արժէ, բայց ան հարստութիւն ունի՝ որ միակն է որ բան մը կ՚արժէ եւ շա՜տ բան. հարստութի՜ւն, դրամ, նի՛ւթ…։
Այդ է ահաւասիկ կարեւորը «խելացի» եւ յաւակնոտ որդիին համար։ Իրականութեան մէջ՝ անոր վստահածը ո՛չ իր խելքն է եւ ոչ ալ հօրը հայրական անհուն, անսահման սէրն ու գութը, բայց միա՛յն անոր հարստութիւնը։ Միայն ա՛յդ է կարեւորը։
Եւ իր որոշումին համեմատ, ըստ այդ ժամանակի հրէական օրէնքին, կ՚առնէ իրեն յատուկ ժառանգութեան բաժինը եւ կը հեռանա՜յ…։
Այլեւս երջանի՜կ է «խելացի» եւ յաւակնոտ երիտասարդը՝ խելք ունի, կորովի առողջութիւն ունի եւ դրա՛մ ունի, որոնք կ՚աւելցնեն իր հրապոյրը։ Այլեւս տիրացած է իր երազած վիճակին, հասած է իր նպատակին։ Բայց այս աշխարհի վրայ ո՞վ տիրացած է իր իսկական երազին, ո՞վ հասած է իր վերջնական նպատակին, ո՞վ անթերի ու կատարեալ երջանկութիւն ունեցած է։ Եւ խե՜ղճ երիտասարդը անտեղեակ է այս անխուսափելի իրականութենէն։ Իրա՛ւ է որ «անգիտութիւնը երջանկութի՜ւն է», բայց խաբէական իրականութիւն, եւ իր անգիտութեան մէջ երջանի՜կ է այլեւս «խելացի» եւ յաւակնոտ, խե՜ղճ երիտասարդը։
Բայց «խելացի» յաւակնոտ տղուն արկածալից ուղեւորութիւնը ի վերջոյ կը հասնի իր վախճանին՝ հարստութիւնը կը փճանայ, առողջութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ, այլեւս այնքան կորովի չ՚երեւիր… եւ «երազ» մը այսպէս կը վերջանայ՝ ինչպէս իր ընտանիքը ուրացող ամէն անխոհեմ ու անհեռատես որդի…։ Եւ կը վերադառնա՛յ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ բանականութիւնը ցոյց կու տայ, թէ՝ կարեւորը եւ գնահատելին ո՛չ թէ օտա՜ր երկիրներու մէջ «դրախտ» փնտռելն է, այլ՝ «դրախտ»ը ստեղծելն իր երկրին, իր ընտանիքին մէջ։ Եւ իրակա՛ն իմաստունները եւ քաջերը անոնք են՝ որ «դրախտ»ը, այսինքն՝ երջանկութիւնը իրե՛նց ընտանիքին մէջ կը փնտռեն ու կը գտնե՛ն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 12, 2016, Իսթանպուլ