ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՀՐԱՇՔԸ՝ ՄԱՀՈՒԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ
Մահը իր ընդհանուր առումով «կորուստ» եւ կամ «պարտութիւն» կ՚ենթադրէ։ Բայց կա՛ն պարագաներ, ուր «կորուստ»ը եւ կամ «պարտութիւն»ը շահ է եւ յաղթանա՛կ։ Կեանքի սովորական ընթացքին մէջ այն՝ որ ակնկալուած արդիւնքէն տարբեր արդիւնք մը կը ցուցաբերէ, ընդհանրապէս «հրա՛շք» կը կոչուի։ Ահաւասիկ, այս իմաստով, մահը երբ ոչ թէ կորուստ, այլ շահ կ՚ապահովէ, անիկա «հրա՛շք» մըն է. ինչպէս նաեւ պարտութիւն մը, որ ընդհանրապէս վնաս կը պատճառէ, եթէ շահ ապահովէ, այդ յաղթանա՛կի կը վերածուի, եւ բնականաբար «հրա՛շք» կոչուելու կ՚արժանանայ։
Կան կեանքի մէջ կորուստներ եւ պարտութիւններ, որոնք իրականութեան մէջ շա՛հ են, յաղթանա՛կ են։ Եւ այս կերպով մարդուս իրական, արդար եւ անյափշտակելի «շահ»ը եւ «յաղթանակ»ը «անձնուրացութեան» մէջ է։
Այս անձնուրացութիւնը, նախ եւ առաջ, հոգիի կորովի արիութիւն կ՚ենթադրէ՝ յաղթական հանդիսանալու փոքրոգիութեան բոլոր փորձութիւններէն։ Արդարեւ, գերազանց արժէք մը գոյութիւն ունի՝ «գաղափարական բարձրութիւն» մը՝ որուն հասնելու համար անհրաժեշտ է զոհել անձին հետ կապ ունեցող ամէն ժամանակաւոր եւ «կարծեցեալ» արժէք։ Զոհողութեան այս վսեմ ոգին, որ ամէն առերեւոյթ արժէք կը մերժէ, անհրաժեշտութի՛ւն է՝ կարենալ շահելու համար ճշմարիտ եւ անժամանակ, մշտնջենաւոր «մեծութիւն»ը, եւ անիկա բարի հիմ համարելով անոր վրայ կառուցանելու համար, ապագային «ճշմարիտ կեանք»ը՝ յաւիտենականութեամբ եւ անշուշտ անմահութեամբ օժտուած։
Ի՜նչ է, արդարեւ, դիրք մը, աստիճան մը, տիտղոս մը՝ որոնցմով մարդ կը ճոխանայ եւ կը ստանայ իւրայատուկ «դրոշմ»։ Իսկապէս, ի՜նչ է այդ «ճոխութեան» արժէքը՝ որ կեանքը կը քանդէ, անոր բարոյական հիմը խախտելով։ Ի՜նչ կ՚արժէ պերճանքներով եւ սնամիտ անուանումներով կերպարանա-փոխուած «մարդ»ը՝ որուն մէջ կը բացակայի ազատ եւ բարձր ոգին, լայնախոհ խոնարհամտութիւնը՝ «ուրիշ»ը ապրեցնելու, «ուրիշ»ին կեանք ապահովելու եւ զայն ճոխացնելու, երջանկացնելու համար։
Մարդկային ամենաբարձր եւ վեհ զգացումը՝ մահն իսկ ոչինչ համարել է՝ «ուրիշ» մը ապրեցնելու, ուրիշի մը կեանքը ապահովելու համար։
Ահաւասիկ, այս կէտին կարեւորութիւն եւ իմաստ կը ստանայ զոհողութիւնը՝ անձնուրացութիւնը, որ կորուստը շահի, պարտութիւնը յաղթանակի կը վերածէ։ Մարդուս մեծութիւնը կը չափուի իր զոհողութեան մէջ անկեղծութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ։ Մարդ կատարեալին կը հասնի երբ ոչ թէ «Ե՛ս» այլ՝ «Մե՛նք» կ՚ըսէ, եւ մանաւանդ այն ատեն երբ ապագայ սերունդները հոգալու, անոնց բարւոք կեանք մը ապահովելու գիտակցութեամբ կը մտահոգուի եւ կրնայ ներկան զոհել՝ երջանկաբեր ապագայի մը համար…։
Եւ ահաւասի՛կ, երբ մահը գիտակցութեամբ եւ իմացականութեամբ կ՚ընդունի, վեհ նպատակ մը կ՚ունենայ, բարձր գաղափարի մը կը ծառայեցնէ մարդ, այն ատեն մահը անմահութեա՛ն կը վերածուի, ինչպէս՝ շահը եւ յաղթանակը, որոնք կը ծնին կորուստէ եւ պարտութենէ։
Զոհողութեան եւ անձնուրացութեան բարձր գաղափարները, այսպէս կ՚ենթադրեն նաեւ գործօն խոր գիտակցութիւն կեանքի բարձրագոյն կոչումին՝ ձգտելու բարոյական մեծագոյն արժէքներու, իրական գեղեցկութեան, անյեղլի ճշմարտութեան եւ անկեղծ բարիին։
Բացարձակ հրաժարում կաշկանդիչ ամէն կապանքէ եւ բոլորամատոյց նուիրում. լրումն են զոհողութեան խորհուրդին։ Ուրեմն, այն որ կարելի չէ փոխանակել որեւէ նիւթական հարստութեան, բոլոր աշխարհի հետ, ա՛յդ, ահաւասիկ զոհող եւ զոհուող «Ես»ն է, անձնուրաց «Անձ»ն է, այն անձը՝ որ ներքին վսեմ ապրումներու մէջ «կորսուած» է…։ Անշուշտ նիւթապաշտ եւ եսամոլ գաղափարներու ներհակ է բոլոր այս վեհ իրականութիւնները, դժուա՛ր է երեւակայել զոհողութեան եւ անձնուրացութեան երանաւէտ եւ երջանկաբեր գոհունակութիւնը ինքնակեդրոն եւ այլամերժ անձերու համար։
Պահ մը կ՚արժէ խորհիլ՝ ի՞նչ շահ կ՚ապահովեն մարդկութեան, նիւթական հսկայ նուաճումներ։ Ի՞նչ բարոյական արժէք կը ներկայացնեն այդ բոլոր յաղթութիւնները նիւթական աշխարհի մէջ, որոնք ժամանակաւոր են, ի վերջոյ կը կորսուին եւ դատապարտուած կը մնան միշտ պարտութեան։ Մարդ պէտք է զատորոշէ շահը եւ վնասը, կորուստը, պէտք է բաղդատէ զանոնք եւ որոշէ՝ թէ շահը իրապէս «շա՛հ» է, թէ վնաս կամ կորուստ։ Կեանքի մէջ մարդ կը շահի, կամ շահած կը կարծէ, բայց չի խորհիր, թէ այդ շահը ի՜նչ վնասներու, ի՜նչ կորուստներու գնով ձեռք բերուած է։ Իսկ կորուստը՝ մարդ պէտք է նկատի ունենայ, թէ այդ «կորուստ»ը ի՜նչ շահեր ապահոված է իրեն։ Արդարեւ ամէն կորուստ, ամէն վնաս տեսնուածին չափ ո՛չ կորուստ է եւ ոչ ալ վնաս. ամէն կորուստի, ամէն վնասի մէջ կայ անպայման շա՛հ մը, անտեսանելի, որ տեսանելի պիտի ըլլայ ապագայ սերունդներուն թերեւս։ Այս իրողութիւնը պէտք չէ՛ ջնջէ մարդուս հաւատքը ներկային նկատմամբ՝ բարոյական մաքուր եւ բարձր ըմբռնումներու վերջնական եւ տիեզերական շահը եւ յաղթանակը ապահովուած է՝ մարդուս համար անչափելի եւ Աստուծոյ համար չափուած ժամանակի մը ընթացքին, այսօրուայ եւ վաղուայ, ներկայի եւ ապագայի անձնուրաց ընտրեալներու յարաճուն ջանքերուն շնորհիւ։
Եւ Վարդանանց հրա՜շքը. եթէ Վարդանանց հրաշագործութիւնը տեղի չունենար, մենք սա պահուս պիտի կարենայի՞նք գրել այս տողերը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 12, 2020, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/30/2024
- 11/30/2024