ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Թ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ (1715-1741)

9 Սեպ­տեմ­բեր 1715 թուա­կա­նին, 37 տա­րե­կան Յով­հան­նէս Կո­լոտ (Բա­ղի­շե­ցի) վար­դա­պե­տը Պատ­րիարք դար­ձաւ, եւ այս իշ­խա­նու­թիւ­նը վա­րեց քա­ռորդ դա­րէն ա­ւե­լի՝ մին­չեւ 13 Փետ­րուար 1741 թուա­կա­նը։ Պատ­րիար­քու­թեան ան­մի­ջա­պէս յա­ջորդ օ­րը, ան Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիարք հռչա­կեց իր դա­սա­կից Գրի­գոր Վար­դա­պե­տը՝ ո­րով այս եր­կու ա­թոռ­նե­րը բա­ժա­նուե­ցան եւ այ­նու­հե­տեւ այ­լեւս չմիա­ցան մէկ ան­ձի մէջ։

Գրի­գոր Վար­դա­պետ, որ Սուրբ Կա­րա­պե­տի վան­քին մէջ էր, չէր գի­տեր, որ Ե­րու­սա­ղէ­մի Պատ­րիարք ընտ­րուած է՝ ուս­տի երբ ի­մա­ցաւ. հրա­ժա­րե­ցա՛ւ։ Բայց տես­նե­լով ա­մէն­քի քա­ջա­լե­րու­թիւնն ու յոր­դո­րը, եւ Աս­տուա­ծա­տուր Կա­թո­ղի­կո­սի (Աս­տուա­ծա­տուր Ա Հա­մա­դան­ցի. 1715-1725) նա­մա­կը եւս ստա­նա­լով, ո­րուն այդ մա­սին ար­դէն Կո­լո­տը գրած էր 1716 թուա­կա­նին Պո­լի­սի մեծ ժո­ղո­վէն յե­տոյ, ըն­դու­նեց այդ ծանր ու պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօ­նը եւ Օ­գոս­տոս 1717 թուա­կա­նին Պո­լիս ե­կաւ։ Ա­նոր ա­ռա­ջին հո­գա­ծու­թեան ա­ռար­կան դար­ձեալ Ե­րու­սա­ղէ­մի պարտքն էր. եւ նո­րըն­տիր Գրի­գոր Պատ­րիարք՝ վի­զը եր­կա­թեայ շղթայ ձգած, ո­րուն հա­մար եւ «Շղթա­յա­կիր» կո­չուե­ցաւ, նուէր­ներ հա­ւա­քեց Սուրբ Յա­կո­բի վան­քին հա­մար ինչ­պէս եւ Պո­լի­սէն, նոյն­պէս նաեւ Նոր Ջու­ղա­յէն եւ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ 32 հա­զար ռուբ­լի ժող­վեց եւ բո­լոր պա­րտքե­րը վճա­րեց։

Ան­շուշտ մտա­ծե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի մա­սին՝ Յով­հան­նէս Թ Կո­լոտ Բա­ղի­շե­ցին հոգ տա­րաւ նաեւ Պո­լի­սի պատ­րիար­քու­թեան մա­սին։ Ար­դա­րեւ պատ­մու­թիւ­նը կը վկա­յէ, թէ ինչ­պէս երկ­պա­ռա­կու­թիւն ու խռո­վու­թիւն ին­կած էր մէջ կա­թո­լի­կու­թեան եւ «ֆռէն­կու­թեան» պատ­ճա­ռով։ Յով­հան­նէս Կո­լո­տը՝ որ ընդ­հան­րա­պէս համ­բե­րող էր եւ հան­դուր­ժող դէ­պի այլ դա­ւա­նու­թիւն­ներ, ի սկզ­­բան աշ­խա­տե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դի կրօ­նա­կան երկ­պա­ռա­կու­թիւ­նը վերց­նել։ Ան յոր­դո­րեց հայ կա­թո­լիկ­նե­րուն լա­տին­նե­րու ե­կե­ղե­ցի­նե­րը չյա­ճա­խել, կեր­պա­պէս չբաժ­նուիլ ի­րենց ա­րե­նա­կից եղ­բայր­նե­րէն։

Բայց Կո­լո­տի խա­ղա­ղա­սի­րա­կան յոր­դոր­նե­րը ա­պար­դիւն մնա­ցին, այս իսկ պատ­ճա­ռով հայ մե­ծա­մեծ­նե­րը եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րը ան­դա­դար կը դրդէին ա­նոր՝ խիստ մի­ջոց­նե­րու դի­մել՝ կա­թո­լի­կու­թեան ա­ռաջ­քը առ­նե­լու հա­մար։

Այս պայ­ման­նե­րէն ու հան­գա­մանք­նե­րէն բռնա­դա­տուած՝ Կո­լոտ եւս 1720 թուա­կա­նին «հա­լած­ման հրո­վար­տակ» հա­նեց Բարձր Դռնէն։ Հա­լա­ծան­քը տե­ւեց մին­չեւ 1723 թուա­կա­նը՝ թէ՛ Պո­լի­սի մէջ եւ թէ՛ գա­ւառ­նե­րու մէջ։ Բայց նա­խըն­թաց­նե­րու նման շատ ծանր հե­տե­ւանք­ներ չու­նե­ցաւ։ Ուս­տի գի­տակ­ցե­լով «հա­լա­ծանք»ի ա­պար­դիւ­նու­թիւ­նը՝ Կո­լոտ աշ­խա­տե­ցաւ իր ժա­մա­նա­կա­կից­նե­րուն միտ­քը լու­սա­ւո­րել բազ­մա­թիւ թարգ­մա­նա­կան գոր­ծե­րով, ո­րոնց հա­մար բնաւ «ար­ծաթ» չխնա­յեց։ Իր ժա­մա­նա­կին հա­յա­ցան ստուա­րա­հա­տոր կրօ­նա­կան-բա­րո­յա­կան գոր­ծեր, ո­րոնք ե­թէ այ­սօ­րուան հա­յե­ցա­կէ­տով «ա­նար­ժէք» են, նոյն ժա­մա­նա­կին Ա­րեւ­մուտ­քի կրօ­նա­կան գի­տու­թեան մէջ մեծ տեղ կը գրա­ւէին, զոր օ­րի­նակ՝ «Սկո­թի Աս­տուա­ծա­բա­նու­թիւն»ը։

Կո­լոտ աշ­խա­տե­ցաւ նաեւ «ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թիւն» արթնց­նել հայ ժո­ղո­վուր­դին մէջ՝ հայ պատ­մա­գիր­նե­րը տպագ­րու­թեամբ ընդ­հան­րաց­նե­լով։

Այս ուղ­ղու­թեամբ, ան Սկիւ­տա­րի մէջ դպրոց մը եւս հիմ­նեց եւ իր հոգ­ւով ու ուղ­ղու­թեամբ բազ­մա­թիւ ա­շա­կերտ­ներ կրթեց եւ հաս­ցուց, որ յե­տոյ հայ գոր­ծիչ­ներ դար­ձան, մարդ­կու­թեան օգ­տա­կար տար­րեր։

Հայ հո­գե­ւոր ե­րեք իշ­խա­նա­կան ա­թոռ­նե­րու մէջ հա­մե­րաշ­խու­թիւն եւ ներ­դաշ­նա­կու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու ե՛ւ պահ­պա­նե­լու կան­խա­հո­գու­թեամբ Կո­լոտ Պատ­րիարք, նախ Զէյ­թուն­ցի Կա­րա­պետ Ե­պիս­կո­պո­սը Կա­թո­ղի­կոս ընտ­րել տուաւ (Կա­րա­պետ Բ Ուլ­նե­ցի. 1726-1729) եւ ա­պա «Շղթա­յա­կիր»ի ազ­գա­կան Աբ­րա­համ Կրե­տա­ցին՝ որ յայտ­նի էր իբ­րեւ ըն­տիր եւ հմուտ կրօ­նա­ւոր ու մա­նա­ւանդ խա­ղա­ղա­սէր անձ­նա­ւո­րու­թիւն. (Աբ­րա­համ Գ Կ­րե­տա­ցի. 1734-1737)։

­Կո­լոտ Պատ­րիարք, 1726-1733 տա­րի­նե­րուն շի­նեց ու նոո­րո­գեց բազ­մա­թիւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, որ ժա­մա­նա­կի պայ­ման­նե­րուն նա­յե­լով շատ ծանր գործ էր. պէտք էր թէ՛ նիւ­թա­կան մի­ջոց­ներ գտնել եւ թէ՛ Պե­տու­թեան թոյլ­տուու­թիւ­նը ստա­նալ։

Իսկ հրդեհ­ներ Պոլ­սոյ մէջ այդ ժա­մա­նակ­նե­րուն ան­պա­կաս էին՝ ո­րոնք ա­մէն աշ­խա­տանք կ՚ոչն­չաց­նէին։

Այս գոր­ծե­րէն զատ՝ Կո­լոտ կրկին զբա­ղուե­ցաւ «Շղթա­յա­կիր»ի հետ Ե­րու­սա­ղէ­մի հայ սեպ­հա­կա­նու­թիւն­նե­րու խնդրով։ Այս սեպ­հա­կա­նու­թիւն­նե­րը յոյ­նե­րու ոտնձ­գու­թիւն­նե­րէն ա­զա­տե­լու եւ ա­նոնց կա­լուա­ծագ­րե­րը Սուլ­թա­նին հաս­տա­տել տա­լու հա­մար՝ «Շղթա­յա­կիր»ը Յու­լիս 1736 թուա­կա­նին Պո­լիս ե­կաւ եւ մեծ ըն­դու­նե­լու­թիւն գտաւ։ Յով­հան­նէս Կո­լոտ Պատ­րիարք այս խնդրին մէջ եւս աշ­խա­տե­ցաւ իր ըն­կե­րո­ջը ա­ջակ­ցիլ, բայց խնդի­րը շու­տով չի­րա­կա­նա­ցաւ։

Հա­յոց Սուրբ Յա­կո­բի վան­քի խնդի­րը ա­նոր միջ­նոր­դու­թեամբ լու­ծուե­ցաւ եւ 23 Դեկ­տեմ­բեր 1739 թուա­կա­նին Սուլ­թա­նի ձեռ­քով հաս­տա­տուե­ցաւ հա­յոց ի­րա­ւուն­քը Սուրբ Յա­կո­բի եւ այլ վան­քե­րու կա­լուած­նե­րու վրայ։

Այս թուա­կա­նէն յե­տոյ Կո­լոտ կի­սով չափ հրա­ժա­րե­ցաւ պատ­րիար­քու­թե­նէ՝ յանձ­նե­լով նոյ­նը իր կա­րող ա­շա­կերտ Յա­կոբ Նա­լեան Վար­դա­պե­տին. (Յա­կոբ Բ Զի­մա­ռա­ցի Նա­լեան. 1741-1749 եւ 1752-1764)։

­Կո­լոտ վախ­ճա­նե­ցաւ 13 Փետ­րուար 1741-ին եւ թա­ղուե­ցաւ իր նո­րո­գած Սուրբ Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղե­ցիին մէջ։

​ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 13, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 20, 2016