ԱՌԱՆՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ՝ Ո՛ՉԻՆՉ
Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ կարեւոր արդիւնք կամ արժէք կարելի է ձեռք բերել առանց աշխատանքի։ Ամէն ինչ որ մարդ ունի՝ աշխատութեան մը հետեւանքն է՝ արուեստ, դաստիարակութիւն, գիտութիւն, արհեստ եւ ամէն ինչ։ Թող չտարակուսին ոմանք խորհելով, թէ՝ կան ստացուածքներ՝ որոնք առանց աշխատութեան ձեռք բերուած կ՚երեւին. զոր օրինակ, ժառանգուած եւ կամ վիճակահանութենէ ստացուած գումարներ, արժէքներ։
Սա իրողութիւն է որ իր ուժերուն վստահող, ինքզինք յարգող ողջախոհ ամէն անձ աւելի ընդունելի եւ յարգի պիտի գտնէ այն վաստակը, այն ստացուած արժէքը՝ որուն խառնած է քրտինքէն քանի մը կաթիլ եւ իր հաճոյքներէն քանի մը զոհ։ Եւ այս իմաստով ամէն արժէք, անպայմա՛ն, յայտնի կամ անյայտ, աշխատանքի մը, հոգածութեան մը, զոհողութեան մը արդիւնքն է. ուստի չկա՛յ որեւէ արժէք, որ աշխատութեան չկարօտի։
Անկեղծութեամբ պէտք է խոստովանիլ թէ՝ աշխատութեան պակասը, չըսելու համար ծուլութիւն, մարդուս մորթին փակած «հիւանդութիւն» մըն է։
Սակայն կը տեսնուի, որ ամէն ասպարէզի մէջ «քիչ աշխատելով շատ բան ձեռք բերել»ու փափաք մը կայ։
Պատճառը ինչ որ ալ ըլլայ՝ աւանդութի՞ւն, ժառանգութի՞ւն, կլիմա՞յ, դիպուա՞ծ, միջավա՞յր եւ կամ ուրիշ որեւէ պատճառ մարդս կը մղէ կարելի եղածին չափ քիչ աշխատանքով, կարելի եղածին չափ մեծ վարձք, շատ արժէք ձեռք բերելու։
Ընդհանրապէս ամսականաւոր պաշտօնեաներու վերագրուած նշանաբան մը, անոնց յատուկ մտայնութիւն մը կ՚ընդունուի «կարելի եղածին չափ քիչ աշխատելով գործ արտադրել»ու ըմբռնումը, բայց միայն յատուկ չէ անոնց։ Աշխատութիւնը սիրելի չէ ընդհանրապէս, եւ կը նախընտրուի, կ՚ակնկալու միշտ անաշխատ կամ քիչ աշխատանքով ձեռք բերել վարձք, շահ կամ որեւէ արժէք։ Եւ այս մտայնութեան կամ փափաքին պատճառով, մարդիկ, բնականաբար թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս չեն վարձատրուիր ըստ արժանւոյն։ Եւ եթէ վարձքի, շահու պակաս մը գոյութիւն ունի, ասիկա բնական հետեւանքն է՝ աշխատանքի պակասի, աշխատանքի անիմաստ խնայողութեան։ Կեանքի մէջ կը յաջողին այն մարդիկ, որոնց համար աշխատանքը իրենց կեա՛նքն է, ապրելակերպը։
Այս իմաստով, կեանքի մէջ յաջողած, յաջողութիւն ձեռք բերած մարդոց համար աշխատութիւնը սիրելի է՝ հաճոյք մը, զբօսանք մը, մեծ եւ արդիւնաւոր «խաղ» մը, գրեթէ կի՛րք մը՝ որմէ կը տարուին իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Եւ ի՜նչ մեծ հաճոյք է՝ աշխատիլ եւ աշխատութեան արդիւնքը ստանալ…։
Ուստի Ժ. Ժ. Ռուսօ, ընկերային ախտ մը, տկարութիւն մը կը նկատէ ծուլութիւնը։ Ծոյլը մակաբոյծ մըն է՝ որ կ՚ապրի առանց աշխատանքի, ծուլութեամբ՝ ուրիշ մէկու մը վրայով, զայն շահագործելով եւ անոր աշխատանքը գողնալով։ Այս տեսակի մարդիկ ձրիակեր պնակալէզներ են՝ որոնց կեանքը միշտ կախում ունի ուրիշէ, ուրիշ մարդէ մը, որ միայն անոր միջոցով կը սնանի, կեանքը կը գոյապահպանէ ու կը գոյատեւէ, եթէ «կեանք» կարելի է անուանել անոնց ապրած կեանքը։ Եւ ո՜րքան զզուելի են այս տեսակի ծոյլ, դատարկապորտ եւ հեղգ ու թոյլ, անտարբեր մարդիկ՝ որոնց գործը միշտ շահագործել է ուրիշներ, եւ գողնա՛լ ուրիշներու աշխատանքը։
Արդարեւ կան ազնիւ մարդիկ՝ որոնք յառաջացեալ տարիքին չնայելով կ՚աշխատին, մինչեւ իսկ օրական 10-12 ժամ եւ միշտ աշխոյժ ու եռանդուն կ՚արտադրեն երիտասարդի մը պէս ժիր ու զուա՛րթ։
Ոմանք ալ կ՚աշխատին, բայց տեւական կը գանգատին, կը դժգոհին՝ կարծես «անէ՛ծք» մը կը նկատեն աշխատանքը։ Անոնց համար երբեք արդիւնաւոր չ՚ըլլար իրենց աշխատանքը, քանի որ ակամայ աշխատութիւնը բեռ մը, նեղութիւն մըն է միայն իրենց համար։ Անէծքով ու ատելութեամբ կարելի չէ՛ օգտակար ու բարի արդիւնք ձեռք բերել, բայց միա՛յն՝ վնաս, չարիք եւ նզո՛վք։
Աշխատութեան նուիրուած ազնիւ մարդիկ չունին աշխատանքի ժամանակամիջոց՝ անոնք միշտ կ՚աշխատին՝ մինչեւ իսկ կէս գիշերին, լծուած ու նուիրուած աշխատութեան՝ արտադրելու եւ օգտակարութիւն մը ապահովելու մարդկութեան՝ խօսքով, գիրով եւ կամ գործով, բայց մի՛շտ աշխատելով, արտադրելով, արդիւնաւորելով։
Յառաջացեալ տարիքին տակաւին աշխատութենէ չդադրած մարդիկ, իրապէ՛ս հերոսներ են, որոնք վե՛ր կը բարձրացնեն մարդկային արժանապատուութիւնը, մարդկային արժանաւորութի՛ւնը։
Ամենէն օգտակար կիրքը՝ աշխատութեան կի՛րքն է, որ տեւապէս կ՚արտադրէ, տեւապէս օգտակար կը հանդիսանայ մարդկութեան։ Արդարեւ աշխատանքը աշխոյժ կը պահէ մարդս, ուրիշներու օգտակար հանդիսանալու հաճոյքը ամենամեծ վարձատրութիւնն է աշխատողին՝ ինչ ալ ըլլայ անոր նիւթական փոխարժէքը, կարեւորը անոր բարոյական գոհունակութիւնն է։ Անկեղծօրէն աշխատող ազնիւ մարդու վարձքը ա՛յս է…։
Այո՛, աշխատանքը, արտադրելու փափաքը օգտակար կի՛րք մըն է՝ որ նորանոր փորձարկութիւններու, վերլուծումներու, ուսումնասիրութիւններու առիթ կ՚ընծայէ. այն որ կ՚ապրի, ապա ուրեմն աշխատելու եւ կարելին ընելու է կենդանի մնալու համար։ Ուրիշին կարօտ, ուրիշէն կախում ունենալով ապրիլը, եթէ անշուշտ մարմնական եւ կամ մտային արգելք մը գոյութիւն չունի, իրապէս տանջա՛նք է եւ ներհակ մարդկային արժանապատուութեան։ Անտանելի կացութիւն մըն է ծոյլ ապրիլ, անընդունելի է անաշխատ, թոյլ ապրիլ, ուրիշին աշխատութիւնը շահագործել եւ հանգիստ խիղճով, հանդարտութեամբ եւ ներքին խաղաղութեամբ շարունակել վայելել կեանքը։
Աշխատանքի կիրքը եւ եռանդն է որ մարդս կանգուն կը պահէ՝ արժանի՝ իր կոչումին։
Ահաւասիկ, այսպէս, յարատեւ աշխատանք մը ի՜նչ հրաշքներ կրնայ գործել մեր ամէն մէկուս անհատական եւ ընկերային կեանքին մէջ. աշխատութիւնը յաճախ ընդհատուած հաճոյքի համար՝ բամբասանքով, անիմաստ եւ չարամիտ քննադատութիւններով, երեւակայութիւններով ու երազանքներով, շաղակրատութեամբ եւ ամէն տեսակ պարապ եւ աննպատակ գործերով՝ աղքատ արդիւնք կ՚ունենայ, ապարդիւն կը մնայ։
Ուստի լուրջ, սիրուած եւ ամո՛ւր աշխատանքը կը գոյապահպանէ ու գոյատեւման պատճառ կ՚ըլլայ մարդկութեան եւ մանաւանդ միշտ վե՛ր կը պահէ մարդկային արժանապատուութիւնը, որուն կը պարտի մարդ՝ իր մարդկութի՛ւնը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 17, 2017, Իսթանպուլ