ԱՆՈՐՈՇ ԴԱՏԱՐԿՈՒԹԻՒՆ

Տարան կրնայ դատարկ մնայ, ոչ երբեք հոգին:

Տակառն անգամ կրնայ դատարկ մնալ՝ մի առ ժամանակ: Սակայն հոգիի դատարկութիւնը...

Այսօր Հայաստանի հաւաքական հոգին դատարկ է, մատնուած անորոշութեան ու անկանխատեսելիութեան: Մարդոց աչքերէն անգամ յայտնի է այդ դատարկութիւնը: Ի՞նչ կ՚ուզենք... ինչի՞ կը սպասենք... Ամէնքը իրենց հայրենիքի համար կ՚ուզեն լաւագոյնը, սակայն իրենց բաղձանքին հասնելու համար կ՚ընեն ոչինչ: Հիասթափուած ու յուսալքուած է հայը: Կարծես մոռցած, որ ինքը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն է, եւ որ ինք մինակ չէ: Կը շարունակէ ունայնութեան մէջ փնտռել յոյս: Դատարկ հոգիները մատնուած են մոլորութեան:

Ցիրուցան եղած ենք՝ աշխարհով մէկ, մենք մեր մէջ, մտքերով: Ինքզինքնիս կորսնցուցած ենք: Կը սպասենք լաւին, բարիին: Անտեսելով, որ դէպի լաւը, բարին տանող ճանապարհը կ՚անցնի մեր իւրաքանչիւրի տան շեմէն: Կը սպասենք, որ ուրիշը մեզի փոխարէն լուծէ մեր բոլոր խնդիրները: Կը հրաժարինք այդ մէկուն սատարելէ. «Այլեւս ոչ մէկուն կը հաւատանք... Ընտրութիւններուն պիտի չմասնակցինք... Ոչ մէկը կը խորհի մեր երկրի մասին: Ամէնուն մտքին մէջ է սեփական շահը...»: Կամ՝ զով պիտի ընտրէք հարցին կը հնչէ. «Արժանաւորը... Ան, որ պիտի կարենայ Հայաստանը դուրս բերել այս ծանրագոյն վիճակէն...»: Իսկ ո՞վ է այդ մէկը... Մարդիկ կը դժուարանան պատասխանել:

Առանց Աստուծոյ սիրոյն ու ողորմածութեան՝ մենք դժուար թէ կարենանք յաղթական դուրս գալ այս պայքարէն: Իսկ Տիրոջ հանդէպ կուրացած ենք: Միայն զայն կը յիշենք ու անոր կը դիմենք մեր անսպառ խնդրանքներով, առանց փառաբանելու, պատուիրանները կատարելու, առանց սիրելու ու ցանկալ ճանչնալու... Այսպէս մինչեւ ո՞ւր...

Վտանգաւոր մոլորութեան մատնուած՝ մենք կ՚անտեսենք մեզի օգնութեան մեկնող բոլոր ձեռքերը, այդ կարգին նաեւ Տիրոջ ձեռքը: Նոյնիսկ այսքան շատ մեղքերու մէջ խորասուզուած՝ բարեգութ Աստուած պատրաստ է մեզի ներելու, օգնելու, նոր հնարաւորութիւն մը ընձեռելու: Սակայն մենք կը շարունակենք մնալ կոյր:

Վստահ չեմ՝ կո՞յր ենք, թէ՞ ծոյլ... թէ՞ երկուքը միասին: Յայտնի է, որ ինքնակամ կամ գիտակցաբար այս ակօսին մէջ չյայտնուեցանք: Հրեշտակի դէմքով սատանան երեք տարուայ ընթացքին դանդաղ քամեց մեր բոլոր դրական որակաւորումները եւ թողեց անյատակ դատարկութիւն:

Իմ լաւատեսութիւնը նոյնպէս մատնուած է դատարկութեան: Ամէն բան մեր ափին մէջ է, սակայն այդ ափը պինդ փակած ենք, չենք բանար: Մարդոց հետ կապուած այլեւս սին յոյսեր չեմ փայփայեր: Քազնի կը գիտակցիմ, որ այս օրհասական պահուն մեր միակ փրկութիւնը հաւատքի մէջ է: Ա՜խ, եթէ զղջայինք մեր բոլոր գործած մեղքերու համար, եթէ Տիրոջմէ խնդրէինք մեղքերու թողութիւն, եթէ սկսէինք ապրիլ հաւատքով ու փառաբանել Տէրը, պահելով Բարձրեալի բոլոր պատուիրանները, այն ատեն սիրտս կ՚ըլլար յոյսով լեցուն: Աւա՜ղ, սա տակաւին փափաք մըն է, եւ դէպի այնտեղ տանող ուղիները յստակ չեն: Ուստի, ես կը շարունակեմ ապրիլ դատարկութեան, անորոշութեան մէջ, քանզի վստահ չեմ, որ մենք՝ մարդկային արարածներս, հասարակ մահկանացուներս պիտի կարենանք յաղթել չարին, առանց մեր մէջ պահած ունենալու սէր, սէր՝ Արարիչի հանդէպ:

Յունիսի 20-ը վճռորոշ օր է. բաժանուած սեւի ու ճերմակի, խաւարի ու լոյսի: Յունիսի 21-ին կա՛մ մեր կեանքի մէջ կը բացուի յարատեւ լոյս, կամ ընդմիշտ կը մնանք խաւարի մէջ: Յունիսի 20-ը չարի ու բարիի ընտրութեան օր է: Արդեօք այդ վճռորոշ օրը մոլորեալ ժողովուրդը դարձի կու գա՞յ, թէ՞ այդպէս մոլորուած, երկու ոտքով ինքնակամ կը քայլէ դէպի անդունդ: Այդ օրը անդունդէն քայլ մը ետ դառնալու, կամ անոր մէջ գլորուելու օրն է: Մեր առջեւ յստակ դրուած է լոյսն ու խաւարը: Ընտրութիւնը կախեալ է մեզմէ: Վստահաբար հայոց նեռը ձեռքերը ծալած պիտի չնըս-տի: Ամէն գնով պիտի փորձէ պահել իր իշխանութիւնը: Իսկ մինչեւ այսօր՝ արեան ծովու մէջ լողալով հանդերձ, յաջողեցաւ: Այդ իսկ պատճառաւ վստահ չեմ, որ յունիսի 20-ին կրնայ յաջողութիւնը մեզի ժպտիլ:

Բոլոր խօսքերը ըսուած են, մտքերը արտայայտուած, փափաքները հնչած եւ մեզի մնացած է միայն անսահման դատարկութիւն մը:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Մայիս 20, 2021