ՄԱՀՈՒԱՆ ԵՒ ԹԱՂՄԱՆ ՎՐԱՅ

Անշո՛ւշտ որ մահուան մասին խօսիլ անհաճոյ կը թուի շատերուն։ Մահը, սակայն, կեանքի ամենէն անվիճելի, յստա՛կ իրականութիւնն է, քանի որ ան անխուսափելի՛ է։ Մարդու մը ծնունդը մարդկայնօրէն պատահական է, բայց անգամ մը որ մարդ ծնած է, ան կերպով մը «դատապարտուած է մահուա՛ն»։ Ուստի կարելի է ըսել, թէ՝ ամէն մարդ կը ծնի մահուան դատապարտութեամբ, մահուան դատավճիռով՝ առանց դատավարութեա՛ն։ Արդարեւ, եթէ մահ է վախճանը, ապա ինչո՞ւ կը ծնի մարդ։ Այս հարցումը պատասխանելու համար նախ պէտք է հարցնել եւ պատասխան սպասել, թէ ի՞նչ է, կամ ինչո՞ւ կայ մարդը։ Կարծեմ ամենադժուար հարցումն է ասիկա, թէ մարդ ինչո՞ւ կայ։ Այս հարցումին պատասխանը փնտռուած է այն պահէն իսկ, երբ մարդ անդրադարձած է իր էութեան, բայց դարերէ ի վեր, տակաւին յստակ պատասխանը կարելի չէ՛ եղած գտնել։

Սա անուրանալի՛ է, որ մարդը միշտ «անծանօթ» մըն է եւ այդպէս կը մնայ՝ ո՛չ միայն մէկը միւսին նկատմամբ, այլ՝ նոյնինքն իրե՛ն նկատմամբ, մարդ ինքն իրեն, իր Եսին հանդէպ անծանօթ մըն է։

Եւ այս իսկ պատճառով է որ ամէն ճանաչում կը սկսի ինքնաճանաչութեամբ, ամէն ծանօթութեան սկիզբն է ինք իրեն ծանօթանալ, գիտնալ, գիտակցիլ իր էութեան։ Անդրադառնալ, թէ ինք եւս գոյութիւն մըն է ամբողջ տիեզերքին մէջ՝ որքան ալ աննշան ըլլայ, էութիւն մըն է ինք որպէս մարդ։

Մարդկութեան պատմութիւնը կը սկսի Շումէրներով։ Բայց այդ թուականէն շատ առաջ գոյութիւն ունեցած է «մարդ» էակը՝ միշտ անծանօթ եւ միշտ «օտա՛ր» ինքն իրեն նկատմամբ։

Ուրեմն, երբ «մարդ» էակը անծանօթ է, ուրեմն, եւ բնականաբար, անծանօթ է մահը, անծանօթ է կեա՛նքը։ Եւ երբ մահուան մասին կայ միայն մէ՛կ յստակ տեղեկութիւն, որ է անոր անխուսափելի եւ վճռական ըլլալը։ Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, կարելի՞ է ըսել, թէ կեանքը՝ մահուան պատրաստութեան շրջան մըն է, որ մարդ ընդհանրապէս տարբեր զբաղումներով կ՚անցընէ, եւ իրականին՝ անզգալիօրէն կը պատ-րաստուի անխուսափելիին՝ մահուան, որ չի գիտեր թէ ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի հանդիպի։

Մահը, իր ընդհանուր առումով՝ աւարտն է երկրաւոր կեանքին։ Ուստի մարդկային կեանքը սահմանուած է ժամանակի չափով, որուն ընթացքին մասամբ եւ աստիճանաբար փոփոխութիւն կը կրէ մարդ՝ հետզհետէ կը ծերանայ եւ ինչպէս երկրի բոլոր միւս կենդանի-ապրող էակներու մօտ՝ մահը կը ներկայանայ իբրեւ բնական եւ անխուսափելի վերջաւորութիւնը կեանքին։ Մահուան այս «վերջաւորութեան հասած ըլլալ»ու բնոյթը անձկութիւն եւ շտապ, հոգեկան տագնապ կը ստեղծէ մարդուս կեանքին մէջ։

Մարդուս «մահկանացո՛ւ» ըլլալու յատկութիւնը կամ իրողութիւնը կը ծառայէ նաեւ յիշեցնելու մարդ էակին, թէ միա՛յն սահմանափակ ժամանակ մը ունի վայելելու եւ իրագործելո՛ւ իր կեանքը։

Շնորհիւ Քրիստոսի, քրիստոնեայ մահը դրական իմաստ մը ստացած է։ Պօղոս Առաքեալ կ՚ըսէ, թէ՝ իրեն համար կեանքը Քրիստո՛ս է եւ մեռնիլը՝ շա՛հ. (ՓԻԼ. Ա 21)։ Եւ դարձեալ կ՚աւելցնէ. «Ճշմարիտ է այս խօսքը. եթէ մեռանք Անոր հետ, Անոր հետ ալ պիտի ապրինք» (Բ. ՏԻՄ. Բ 11)։ Ահաւասի՛կ, այս է քրիստոնեայ մահուան էական էութիւնը եւ նորութիւնը նախորդ դրութիւններու եւ հասկացողութեան նկատմամբ։

Արդարեւ, մկրտութեան խորհուրդով՝ քրիստոնեայ մարդը «մեռա՛ծ» է Քրիստոսի հետ՝ թաղուա՛ծ ջուրին մէջ՝ ապրելո՛ւ համար նոր կեանքով։ Ուստի իր քրիստոնեան Քրիստոսի շնորհքին մէջ կը մեռնի, ֆիզիքական-մարմնական այս մահը՝ Քրիստոսի հետ մեռնիլը իր լրումին կը հասցնէ եւ ա՛յսպէս կը լրացնէ իր «միաւորում»ը Անոր մարմինին հետ, Իր փրկչական արարքով։ Ուստի, Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կ՚ըսէ. «Թողուցէ՛ք որ երթամ վճիտ լոյսը ընդունիմ, որուն երբ հասնիմ, մա՛րդ պիտի դառնամ»։ Եւ ուրեմն «մահ»ը մարդս կը միացնէ Յիսուսի եւ անմահութեան՝ Յիսուսո՛վ։

Թաղումը ննջեցեալի յուղարկաւորութեան հանդիսակատարումն է, իբր «հող»էն առնուածը՝ «հող»ին վերադարձնել։ Քրիստոնէական թաղումը ծիսական հանդիսակատարում մըն է, որուն միջոցով Եկեղեցին կ՚արտայայտէ իր գործօն հաղորդութիւնը ննջեցեալին հետ, նաեւ՝ թաղումին համար համախմբուած հասարակութիւնը անոր մասնակի՛ց ընելու եւ աւետելու անոր յաւիտենական կեանքը՝ որ խոստացուած է Աստուծմէ։

Արդարեւ յուղարկաւորութեան, այսինքն թաղման բազմազան ծիսակատարումները արտայայտութիւնն են «քրիստոնեայ մահուան Զատկական դիմագիծ»ին եւ կը համապատասխանեն իւրաքանչիւր երկրամասի իրականութիւններուն եւ աւանդութիւններուն, նկատի առնելով նոյնիսկ ծիսական զգեստներու գոյնը։

Այս մասին Սիմէոն Թեսաղոնիկեցի կ՚ըսէ. «Երբ կը մեռնինք, երբեք չենք բաժնուիր իրարմէ, քանի որ ամէնքս նո՛յն ճանապարհով ընթանալով՝ նոյն վայրին մէջ զիրար կը գտնենք։ Մենք իրարմէ երբեք պիտի չբաժնուինք, քանի որ կ՚ապրինք Քրիստոսի համար եւ հիմա միացած ենք Քրիստոսի։ Անոր երթալով մենք ամէնքս Քրիստոսի մէջ պիտի ըլլանք միասին յաւիտենապէս»։

Ննջեցեալներու մարմիններուն հանդէպ հա՛րկ է յարգանքով եւ սիրով վերաբերիլ՝ հաւատքի եւ յարութեան լոյսին եւ յոյսին մէջ։ Ուստի ննջեցեալներու թաղումը մարմնական ողորմածութեան գործ մըն է, որ կը պատուէ Աստուծոյ որդիները՝ որոնք տաճարներ են Սուրբ Հոգիին։

Նախնական ժամանակներէն իսկ Եկեղեցին յարգած է ննջեցեալներու յիշատակը եւ ի նպաստ անոնց աղօթքներ մատուցած՝ որպէսզի մաքրազտուելով՝ անոնք կարենան հասնիլ Աստուծոյ երանաւէ՜տ տեսութեան։ Ուստի՛ Եկեղեցին կը յանձնարարէ նաեւ ողորմութիւնները, ներողութիւնները եւ ապաշխարութեան գործերը ի նպաստ ննջեցեալներուն։

«Անոնց օգնութեան հասնինք եւ անոնց յիշատակը կատարենք, անվարան օգնութեան փութանք անոնց եւ մեր աղօթքները նուիրենք…», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 10, 2017, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 20, 2017