ԳՈՒՆԱՒՈՐ ԵՒ ԱՆԳՈՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԸ
Պէտք է լաւապէս հասկնալ, որ քաղաքական գործիչները ամենակարող մարդիկ չեն. երեւոյթը այնպէս մը չէ, որ քաղաքական գործիչ կը դառնայ ան, որ իրապէս կարող ու գիտուն է. մարդկային տրամաբանութեամբ կը կարծենք, թէ կարող են անոնք, որոնք պաշտօններու վրայ կը գտնուին, սակայն իրականութիւնը այդպէս չէ։ Այսօր մեր հայ իրականութեան մէջ ունինք հրաշալի մտաւորականներ, որոնք պաշտօններէ հեռու կը մնան. անոնք կազմակերպութիւններու, կուսակցութիւններու գլուխը չեն գտնուիր։ Ունինք անմրցելի միտքեր ու մտաւորականներ, որոնք դպրոցներու մէջ ղեկավարի պաշտօն չեն վարեր եւ այս բոլորին պատճառը այն է, որ ո՛չ թէ արժանիները, այլ ընտրեալները պաշտօններու գլուխ կ՚անցնին:
Վերոյիշեալ դժբախտ իրողութիւնը ի զօրու է թէ՛ քաղաքական, թէ՛ կուսակցական եւ թէ՛ հասարակական գետնի վրայ. յանկարծ առողջապահութեան նախարար կ՚ընտրուի անձ մը, որ ընդհանրապէս բժշկութեան մասին տեղեկութիւն չունենալով պաշտօնի վրայ նոր բան մը սորվիլ կը փորձէ։ Հայկական վարժարանի տնօրէն կը նշանակուի անձ մը, որ ո՛չ մանկավարժութենէն եւ ո՛չ ալ աշակերտական հոգեբանութենէն բան կը հասկնայ եւ այսպէս գործէն չհասկցողներու շնորհիւ ամէն հաստատութիւն ու կառոյց յառաջդիմութեան փոխարէն ետքայլի կը դիմէ, որովհետեւ մենք կը ձախողինք ճիշդ անձը ճի՛շդ տեղը դնել, ինչ որ զգանք թէ ոչ, կը վնասէ մեր արժէքներն ու ապագան:
Օրինակի համար՝ այսօր Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի գրողներու միութիւն մը, որու անդամներուն մեծամասնութիւնը անծանօթ է բոլորիս. կ՚ունենանք այն կարծիքը, թէ անոնք որոնք գրողներու միութեան անդամ են, մեծ ու անմրցելի գրողներ են, սակայն իրականութեան մէջ այսօրուան մեր սփիւռքին մէջ ունինք բազմաթի՜ւ գրողներ, որոնք շատ աւելի մեծ գործ ու աշխատանք ունին՝ քան անոնք, որոնք գրողներու միութեան անդամ ըլլալու «շնորհ»ը կը կրեն: Այսօր սփիւռքը ունի բազմաթիւ մտաւորականներ, որոնք արժանի՛ են այլ «գրող»ներու նման մեծարուելու, պանթէոններու մէջ հանգչելու, սակայն սփիւռքի տարածքին աննշմար վայրերու մէջ մոռացութեան կը տրուին:
Յաճախ հաճելի կը թուի հայրենիքի փողոցները գրողներու անունով մկրտուած տեսնելը, սակայն միւս կողմէ, կամայ թէ ակամայ կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ համար այդտեղ չկայ Մուշեղ Իշխանի, Աբրահամ Ալիքեանի, Գանտահարեանի, Լեւոն Շանթի եւ կամ Աղբալեանի անունները. ինչո՞ւ համար չկայ Վահէ Վահեան, Օշական, Շուշանեան, Զարեհ Որբունի եւ ուրիշներ:
Առիթով մը մեր յօդուածներէն մէկուն մէջ յիշեցինք, թէ մեր ազգը քանդողը կուսակցութիւններն են, որովհետեւ մենք արժէքէն ու կարողութենէն առաջ մարդուն գոյնին կարեւորութիւն կու տանք. մեր դպրոցները կը նահանջեն, որովհետեւ կարմիր գոյնի հետեւող անգրագէտը աւելի առաջնահերթ կը նկատենք, քան անգոյն մտաւորական նուիրեալները, որովհետեւ կ՚անգիտանանք, թէ հիմնականը ո՛չ թէ գոյն ապահովելն է, այլ լաւ սերունդ դաստիարակելը։ Գացէ՛ք եւ տեսէք սփիւռքի վիճակը. դաշնակցականներ ունին իրենց դպրոցը, հնչակեանները՝ իրենցը, սակայն ո՞րն է տարբերութիւնը դաշնակցական կամ հնչակեան դպրոցին, երբ երկու տեղերն ալ հասակ առնողները մեր ապագայ սերունդի երիտասարդներն են. մենք այդ գոյնի ախտը մեր դպրոցներէն բացի մտցուցած ենք մեր մշակոյթին եւ մինչե՛ւ իսկ մեր եկեղեցիներէն ներս:
Լիբանան անձ մը իր զաւակը Թէքէեան վարժարան եթէ ղրկէ, անմիջապէս «ռամկավա՞ր էք» կ՚ըսուի, որովհետեւ կայ այն տկար համոզումը, որ Թէքէեանը ռամկավարները կը յաճախեն, իսկ Ճեմարան՝ դաշնակցականները։ Սակայն չէ՞ք կարծեր, թէ այդ բոլորէն վեր ու կարեւորը միջուկն է, հայեցի դաստիարակութիւնն ու կրթուած երիտասարդութիւն ունենալը:
Նման յօդուածներ յաճախ մամուլի կողմէ նուրբ նիւթեր կը նկատուին, սակայն կ՚ուզենք բարձրաձայնել, որովհետեւ թշնամին իր յարձակման ժամանակ գոյները չէ՛ որ կ՚ընտրէ, այլ ընդհանուր վտանգ մը կը սպառնայ: Այսօր մեր տարբերութիւնները մատնանշելէ աւելի մեր հասարակաց կէտերը շատցնելու պէտք է ջանանք, որովհետեւ մեզ իրարմէ տարբերողը չէ՛ մեզ որպէս ազգ արժեւորողը, այլ մեզ միացնողն է անհրաժեշտը:
Պէտք է ջարդել քարացած համոզումները. մեր այսօրուան պայքարը ոտնագնդակի պայքարի նմանութիւնը սկսած է ստանալ. բոլորը կ՚ուզեն իրենք հարուածեն եւ նի՛շ ապահովեն՝ մոռնալով, որ խաղին հիմնական նպատակը որո՛ւ նշանակելը չէ, այլ ինչքա՛ն նշանակելն է. «Իմ Քայլական» կուսակցութեան յաղթել, թէ ոչ «Դաշնակացականներ»ը յաղթեցին հարց մը գոյութիւն չունի, որովհետեւ կայ ընդհանուր հայութիւն մը եւ մեզի անոր յաղթանակն է պէտք՝ առանց գոյներու խտրութեան եւ տարբերութեան:
Այսօր ամէն կուսակցութիւն ունի իր թերթն ու մամուլը եւ ամէն ջանք կը թափէ զանոնք կանգուն պահելու համար, սակայն իր գոյնով չօծուող մամուլը մոռացութեան կու տայ եւ այդ գոյնի պաշտամունքն է որ կը նեղացնէ մեզ։ Պէտք է միանգամ ընդմիշտ յստակ ըլլայ, որ հայրենիքը, հայութիւնը եւ մեր ապագայ սերունդը աւելի առաջնահերթ են բոլոր կուսակցութիւններէն, կառոյցներէն, անձերէն եւ գոյներէն:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -273-
Լիբանանի մէջ մեր բարեկամներէն մին քահանայ դառնալու փափաքը ունէր, սակայն դիմումին դրական պատասխան չէր ստացած. քահանայական կրթութիւնը ստացած էր, պսակուած եւ միայն օծումի համար հրամանի կը սպասէր, սակայն մեծաւորներու կողմէ կը մերժուէր։ Ժամանակ մը ետք ի յայտ եկաւ մերժումի հիմնական պատճառը. անձը մանուկ եղած ժամանակ յաճախած էր Հնչակեան կուսակցութեան դպրոց եւ գուցէ հայրն ալ կուսակցութեան անդամ եղած էր որոշ ժամանակ:
Առիթով մը այլ կուսակցութեան ներկայացուցիչ մը այցելութեան կու գայ քահանայ դառնալ ուզող երիտասարդին տունը եւ կ՚առաջարկէ. «Կուսակցութենէդ հրաժարէ եւ մեր կուսակցութեան անդամ եղիր եւ տես մենք ինչպէս քեզ քահանայ կ՚ընենք»:
Ահաւասիկ, հայկական իրականութիւն մը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան