ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀՈԳ ՄԸ

Անտարբերութիւնը, ինչպէս ամէն առիթով յաճախ կ՚անդրադառնանք, թէ՛ անհատապէս, թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ հոգ պատճառող վատ վիճակ մը, բացասական հետեւանքներ ստեղծող ունակութիւն մըն է։

Անտարբերութիւնը, հետեւանք ընկերական պայմաններու, հոգ կը պատճառէ գիտակից եւ ողջամիտ մարդոց եւ մտահոգութիւն՝ ապագայի համար։ Անշուշտ մարդիկ ձեռնածալ չեն սպասեր, հապա կը գործեն, կ՚աշխատին, բայց եթէ կայ անտարբերութիւն, ի զուր կ՚աշխատին եւ կը գործեն, քանի որ իրենց աշխատութիւնը դատապարտուած է միշտ ապարդիւն մնալու անտարբերութեան պատճառով։ Ուստի ամէն աշխատութեան մէջ պէտք է ամբողջական նուիրում, հետաքրքրութիւն եւ նպատակայարմար աշխատութեան հաստատակամութիւն։ Որեւէ աշխատանքի ընթացքին նախանձախնդրութիւն՝ յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններէն պէտք է նկատուի։

Ուրեմն «աններելի յանցանք» է անտարբերութիւնը, մանաւանդ հանրային գործերու մէջ՝ ուր առաջնակարգ դեր կը խաղայ հասարակաց բարիքը։

Զոր օրինակ, անտարբերութիւն ցոյց տալ եւ դիմադրական ճիգերու յապաղման պատճառ ըլլալ հանդէպ ակներեւ որեւէ վտանգի՝ որ սպառնական կը դառնայ հետզհետէ, յանցա՛նք է, քանի որ վնասակար է հանրային կեանքին համար։ Հոս, այս կէտին, կարեւորութիւն կը ստանայ «բարեկարգութեան» անհրաժեշտութիւնը, որ հակաթոյնը, դեղթափն է անտարբերութեան։ Արդարեւ, հոն՝ ուր կարգապահութեամբ աշխատութիւն կայ, հոն անտարբերութիւն գոյութիւն չ՚ունենար, քանի որ ամէն ինչ կարգին կ՚ընթանայ առանց ընդմիջումի, առանց յապաղումի։ Այս իմաստով անհրաժեշտ է ընկերային կեանքը զօրացնելու, աւելի եւս բարելաւելու համար շարժում մը, ինչ անուն ալ տրուի անոր, որ անհատական անտարբերութենէ փրկուի հաւաքականութեան պատկանող ամէն մէկ անդամ։

Անտարբերութինը միայն ներկայի յատուկ վիճակ մը չէ, անցեալի հանդէպ անտարբերութիւնն ալ նո՛յնքան վնասակար է, ուր աղէտը կը դառնայ անխուսափելի։ Արդարեւ, ներկան լաւ հասկնալու, լաւ տեսնելու համար պէտք է ան դիտուի «անցեալի ակնոցներ»ով։ Ահաւասիկ, այս կէտին է որ վտանգ կը սպառնայ անտարբերութիւնը՝ անցեալի նկատմամբ։ Ինչպէս անցեալի, նո՛յնպէս ապագայի նկատմամբ ալ անտարբերութիւնը աններելի է, քանի որ մարդ էակն է միայն որ ունի ապագայի գիտակցութիւն եւ հետեւաբար ապագայի մտահոգութիւն, որուն հանդէպ անտարբեր գտնուիլ վնասակար արդիւնքներ կրնայ ստեղծել։ Այս իմաստով ալ անտարբերութիւնը որքան «հոգ», նո՛յնքան ալ «մտահոգութիւն» կը պատճառէ. ապագայի հանդէպ անտարբեր ըլլալ մարդուն սկզբնական կոչումին բոլորովին ներհակ է եւ կը հակասէ անոր բնութեան։

Ուրեմն պէտք է մտածել ապագայի մասին, քանի որ «ապագայ» ըսուածը շատ հեռու չէ, ներկային անմիջապէս մօտը, քիչ յետոյ, այնքան որ եթէ պահը իր տեղը փոխանցէ յաջորդ «պահ»ին, ահաւասիկ արդէն հասած կ՚ըլլայ մարդ «ապագայ»ին…։

Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել «անտարբերութեամբ», որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը։ Կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութիւնը եւ կը ժխտէ Անոր զօրութիւնը։ Ապերախտութիւնը անմիջապէս կը յաջորդէ անտարբերութեան եւ գրեթէ համընթաց են այս երկու վատ վիճակները. ապերախտութեամբ մարդ զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ աստուածային սէրը եւ տալ Անոր սէր՝ փոխանակ սիրոյն։ Անտարբերութիւնը շատ անգամ կ՚ենթադրէ նաեւ «գաղջութիւն», որ մարդ կը տարակուսի, կը վարանի կամ կ՚անտեսէ ճշմարտութիւնը եւ այսպէս կ՚անտեսէ պատասխանել աստուածային սիրոյն. ան կրնայ իր մէջ ներփակել մերժումը աստուածային սիրոյն. ան կրնայ նաեւ պարունակել ուրացումը յանձնուելու սիրոյ մղումին։

Անտարբերութիւնը, ընդհանրապէս կը ստեղծէ ատելութեան վատ զգացումը, որ կու գայ հպարտութենէն։ Ան այս իսկ պատճառով կը հակառակի նաեւ Աստուծոյ սիրոյն, կը ժխտէ Անոր Բարութիւնը եւ կը համարի անիծել զԻնք իբրեւ այն անձը՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները։

Անգիտապաշտութիւնը (=agnosticisme) կրնայ երբեմն բովանդակել որոշ որոնում մը Աստուծոյ, սակայն կրնայ հաւասարապէս ներկայացնել անտարբեր կեցուածք մը, փախուստ մը գոյութեան վերջին հարցականէն եւ հեղգութիւն մը բարոյական խղճմտանքին նկատմամբ։

Անգիտապաշտութիւնը եւ անտարբերութիւնը շատ յաճախ համազօր են գործնական անաստուածութեան։ Անտարբերութիւնը այս իմաստով ա՛խտ մըն է մարդուս կեանքը փճացնող…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 15, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2019