«ԼԱՒ Է ՈՐ ՀՈ՛Ս ՄՆԱՆՔ…»
Կեանքի մէջ, յաճախ ճշմարտութիւններ կը յայտնուին այնպիսի պահուն՝ որ կը լուսաւորեն միտքը եւ հոգին, եւ մարդ կ՚անդրադառնայ, թէ ո՞ւր կը գտնուի, ո՞ւր կ՚երթայ, եւ կամ իր այժմ գտնուած տեղը իրապէս հոն է՝ ո՛ւր պէտք է գտնուի։ Արդարեւ, խօսք մը, նայուածք մը կամ երեւոյթ մը կրնայ շող մը, ճառագայթ մը ըլլալ լուսաւորելու միտքը եւ հոգին։ Այսպէս նաեւ Աստուած մարդս ճշմարտութեան գիտակ կը դարձնէ եւ կ՚առաջնորդէ իմաստութեան եւ գեղեցկութեան՝ որոնք կատարելագործուելու կերպեր են։
«Բարւոք է մեզ աստ լինիլ»։
Ո՜րքան տպաւորիչ է եւ գրաւիչ այս խօսքը՝ որ Յիսուսի Պայծառակերպութեան Պետրոս առաքեալ՝ կ՚արտասանէ հմայուած հրաշալի տեսարանէն։ Եւ Առաքեալը իր երկրորդ ընդհանրական թուղթին՝ նամակին մէջ սապէս կը գրէ. «Մենք անձամբ լսեցինք երկինքէն եկող այդ ձայնը, որովհետեւ Յիսուսի հետ միասին էինք սուրբ լերան վրայ». (Բ ՊԵՏ. Ա 18)։ Եւ մենք մեր կեանքին մէջ կ՚ապրինք այդպիսի պահեր, կը հնչէ աստուածային ձայնը, բայց շատ անգամ եւ դժբախտաբար չենք անդրադառնար, չենք լսեր, եւ շա՜տ բան կը կորսնցնենք հոգեւոր արժէքներէն…
Մենք յաճախ կը շփոթենք մեր իրական եւ պատշաճ տեղը. չենք հարցներ մենք զմեզ, թէ՝ կը գտնուի՞նք հոն ո՛ւր պէտք է գտնուինք։ Կեանքի զանազան սուտ եւ վնասակար հոսանքներէ տարուելով, երբ կը գտնուինք մութ եւ խաւար վայրերու մէջ, ահաւասի՛կ Լոյսը մեզի ցոյց կու տայ ճշմարիտ ճամբան, հետեւինք Լոյսին՝ որ անկ է Յոյսին։ Իմաստութիւնը մեզի պիտի ուղեցոյց ըլլայ ամէն մութ եւ խաւար ճամբաներու մէջ։
Սիրելի՜ բարեկամներ, մենք կոչուած ենք Լոյսի, մեր տեղը պէտք չէ ըլլայ մութը եւ խաւարը։ Ասիկա, որքան նիւթական, նո՛յնքան եւ աւելի հոգեւոր վայրերու համար է։ Եւ ինչպէս կը գոչէ. «Բարւոք է մեզ աստ լինիլ», հոն՝ ուր Յիսուս կը գտնուի, եւ մեր տեղն ալ պէտք է ըլլայ հոն՝ ուր Յիսուս ներկայ է։
Յիսուս կ՚ըսէ, որ Ինք հո՛ն է ուր՝ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած է աղօթելու Հայր Աստուծոյ Իր անունով։ Հոն է Եկեղեցին, հոն ուր Քրիստոս Բարձրեալն, եւ մեր տե՛ղն է Հայ Եկեղեցին, ապա, մեր իրական եւ պատշաճ տեղը լքել եւ տարուիլ զանազան անպատշաճ եւ սուտ հոսանքներով՝ մերժում է մեր ինքնութիւնը, եւ ինքզինք մերժել եւ իր իսկ ինքնութիւնը ուրանալ՝ օտարանալ՝ եթէ ո՛չ մարմնական, բայց հոգեւոր մա՛հ է։
Վստահ ենք, որ ամէն մէկս մեր հոգիին մէջ, մէկ անկիւնը պահած ունինք վսեմ եւ փառաւոր պահերու յիշատակներ. յիշենք անոնք, եւ հարցնենք մենք զմեզ. «Կը գտնուիմ հոն՝ ուր պէտք է գտնուիմ»։ Այս հարցումին մէջ կը յայտնուի ճշմարտութիւնը. այս հարցումին պատասխանը կ՚անդրադարձնէ մեզ մեր ինքնութեան։ Ուստի, ամէն ոք պէտք է գտնուի հոն՝ որուն կը պատկանի, քանի որ պատկանելիութիւնը կենսական տարրն է մարդուն էութեան։
Ուստի, չի՛ բաւեր «Քրիստոնեայ» կոչուիլ, այլ պէտք է նաեւ «Քրիստոնեայ ըլլալ», ի՛նչ որ պատկանելիութեան գիտակցութիւն կ՚ենթադրէ։
Եւ մենք կը պատկանինք Քրիստոսի, եւ ուրեմն մեր տեղը ըլլալու է Անոր քովը, Անոր միանալով…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 19, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 01/18/2025
- 01/18/2025