Զ. ԴԱ­ՐՈՒ ՄԱ­ՏԵ­ՆԱ­ԳԻՐ­ՆԵՐ

Ե. դարու թարգմանական գործունէութիւնը շարունակուեցաւ նաեւ Զ. դարուն։ Այս ժամանակներուն թարգմանուեցան Գրիգոր Նազիանզացիի, Գրիգոր Նիւսացիի, Գրիգոր Սքանչելագործի, Աթանասի, Փիլոնի, Նոնոսի, Փիլոքսէնի, Տիմոթէոսի եւ ուրիշներու գործերը՝ որոնք առհասարակ, մանաւանդ Փիլոնը, հայ մատենագիրներու վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցան։

Նոյն Զ. դարու վերջին մասերուն (590) Սամուէլ Անեցին կը կատարէ նաեւ բազմաթիւ անվաւերական գիրքերու թարգմանութիւն։

Իսկ բուն ինքնագիր՝ իւրագիր, այսինքն իր ձեռքով գրուած հեղինակութիւն արտադրող մատենագիրներէն կարելի է ներկայացնել հետեւեալները՝ Զ. դարու մատենագրութեան մէջ։

Ա) Պետրոս Սիւնեաց Եպիսկոպոս (556). որ մասնակցութիւնը բերած է իր ժամանակի բոլոր եկեղեցական գործերուն։

Անոր գրական գործերէն, որոնք մասամբ կորսուած են, կարելի է նշել «Գովեստ ի Ս. Աստուածածինն» գեղեցիկ ճառը՝ ուր Սուրբ Գիրքի օրինակներով կը դրուաստէ Ս. Կոյսի վեհութիւնը եւ բարձրութիւնը։ Այս ճառը բաւական մեծ ազդեցութիւն թողած է հայ գրականութեան մէջ. ուստի, «Մեծացուսցէ» շարականները հետեւողութիւնն են այս գեղեցիկ ճառին՝ ուր հեղինակի բուռն ոգեւորութիւնը կ՚երեւի։

Նոյն հեղինակի երկրորդ ճառն է Քրիստոսի ծննդեան վրայ՝ «Ծնանի Էմմանուէլ Աստուած մարդացեալ». բայց այս ճառէն միայն 6 հատուած մնացած է (1902)։

Պետրոսի անունով յիշուած են նաեւ ուրիշ գրուածներ. «Բուն Հաւատոյ», «Հարցմունք Վաչագանայ», բայց քննադատութիւնը ցոյց տուած է, թէ այդ գործերը աւելի վերջի ժամանակներու (Է.-Թ. դարերու) գործ են։

Բ) Զ. դարու միւս յայտնի մատենագիրն է Աբրահամ Մամիկոնէից Եպիսկոպոսը։

Աբրահամ Մամիկոնէից Եպիսկոպոս՝ ապա կաթողիկոս, որ Աղունից Վաչագան թագաւորի խնդրանքով գրած է սուրբերու նշխարները պատուելու եւ հանգուցեալներու հոգիներու համար աղօթք ընելու մասին։

Ան թարգմանած է նաեւ ասորերէնէ Փիլոքսէնի Եփեսոսի ժողովի պատմութիւնը։

Իր գրական գործունէութեամբ, անշուշտ, Աբրահամ Եպիսկոպոս Զ. դարու թարգմանութիւններու եւ մատենագրութեան մէջ մեծ եւ կարեւոր բաժին ունեցած է։

Գ) Եղիշէ Վարդապետ. Զ. դարու վերջին մասերուն կը հանդիսանայ «Վարդանանց պատմութեան» հեղինակ Եղիշէ Վարդապետ, որուն՝ բացի պատմական գործէն կը վերագրուի նաեւ՝

ա) «Միանձանց» ճառը, գրուած Փիլոնի «Հեսեանց» ճառի հետեւողութեամբ,

բ) Մեկնութիւն Արարածոց եւ Դատաւորաց,

գ) Մեկնութիւն «Հայր մեր»ի՝ Տէրունական աղօթքի,

դ) «Ի Չարչարանս Տեառն»,

ե) «Յայլակերպութիւն Տեառն», եւ այլն։

Այս ճառերը հռետորական ճոխութիւններ չեն ներկայացներ, այլ Աւետարանի մասերու հատուած-հատուած պարզ ընդլայնումներ, յարասութիւններ՝ ընդարձակ մեկնութիւններ են։

Այլակերպութեան ճառէն կ՚երեւի, որ հեղինակը իր ընկերներուն հետ գտնուած է նաեւ Պաղեստին. ան կը նկարագրէ Թաբոր լեռը եւ այստեղի ճգնաւորներու կեանքը։

Բացի այս գործերէն եւ թարգմանութիւններէն՝ Զ. դարուն գրուեցան բազմաթիւ նամակներ դաւանական այլ եւ այլ խնդիրներու մասին. Բաբգէն, Ներսէս, Յովհան, Մովսէս եւ այլն, որոնք ամփոփուած են «Գիրք Թղթոց»ի մէջ, որը՝ հայ ազգային պատմութեան համար կարեւոր յիշատակարան մըն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յուլիս 19, 2024, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 20, 2024