ՈՐԴԵՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Որդեսիրութիւնը, մարդկային ամենէն բնական եւ նո՛յնքան անկեղծ զգացումներէն մէկն է։ Խորհեցէք անգամ մը սիրելի՜ բարեկամներ. ո՞վ իր զաւակը ամէն կեղծիքէ ամէն արուեստական արտայայտութիւններէ զերծ, սրտանց չի սիրեր։ Զաւակի սէրը ընդոծին է, սրտաբուխ է, քանի որ ան մարդուս մէկ մասն է, իրմէ կտոր մը, իրմէ բաժին մըն է, եւ մարդ, անշուշտ որ, բնականաբար ինքզինք կը հոգայ, կը խնամէ, ընդհանուր առմամբ «կը սիրէ», ապա ուրեմն զաւակն ալ նոյն զգացումներով կը սիրէ։ Զաւկի սէրը ստացական զգացում մը չէ, այլ՝ բնածին։ Ըսենք, «զաւակ չսիրել» բոլորովին անբնական եւ տարօրինակ վարմունք մըն է, ո՛չ միայն մարդուս համար, այլ ամբողջ կենդանական աշխարհին համար՝ բանաւոր եւ անբան անասուն կեանք ապրողներուն, կենդանի էակներուն համար։
Եւ ահաւասիկ Աստուած ալ իր արարածները ա՛յսպէս կը սիրէ, կը հոգայ, կը խնամէ։
Այս պատճառով, որդեսիրութեան մասին ծնողներու երկար պատուէրներ տալ աւելորդ է, քանի որ որդեսիրութիւնը, ինչպէս ըսինք, բնական «ախորժ» մըն է, որ ամենէն անգիտակից մարդիկ անգամ կը վարուին առանց, որեւէ ուսում ստանալու եւ առանց առաջնորդի գիտեն իրենց զաւակը սիրել, անոնք կրնան զաւկի սիրոյն համար զոհողութիւն ընել, ծանր աշխատութիւններու եւ նեղութիւններու մատնուիլ ու տոկալ, վիշտ ու տառապանքներ կրել եւ այդ բոլորին յօժարութեամբ յանձնառու ըլլալ, եւ այս բոլորը անոնց օգտին համար բնազդօրէն ընել։ Ծնողներու՝ իրենց զաւակը ամէն տեսակ վտանգ եւ վնասներէ պահելու եւ անոնց ապահովութիւնը հաստատելու այս բնազդը ընդհանուր է ամէնքին համար եւ յատուկ ուսում մը չի՛ պահանջեր, քանի որ ստացական չէ, այլ բնազդակա՛ն։
Անշուշտ, աւելորդ է յիշել՝ զաւակներու, մանաւանդ մանկութեան ժամանակ, մայրերուն քաշած անտրտունջ նեղութիւնները՝ իրենց հանգստութիւնը սիրայօժար զոհելով, օր ու գիշեր վրան հսկելով, մօր կաթով խնամելով, մանաւանդ մանուկներու հիւանդութեան ատեն՝ գրեթէ իրենք ալ անոնց հետ հիւանդանալով՝ քաղցրագորով գգուան-քով խնամելով զանոնք։
Թէպէտ հարուստ ծնողներ այս նեղութիւնները կրնան քիչ մը թեթեւցնել, նուազեցնել նիւթականապէս, բայց ո՛չ թէ բարոյապէս. ստնտուներ, դայեակներ, խնամակալներ՝ տղուն մարմնական կարիքները հայթայթելու, հոգալու պաշտօնը կատարելով, ծնողներու օգնականները կ՚ըլլան, բայց որդեխնամ ծնողութեան քաղցր հոգածութիւնը դարձեալ հօր եւ մօր վրայ կը ծանրանայ բնականապէս։
Մայր մը, թէ որ կարելի ըլլայ՝ իր առողջութիւնը կրնայ հաղորդել իր զաւկին։
Նոյնպէս յայտնի է հայրերուն եւս գութը եւ անհամեմատ որդեսիրութիւնը իրենց զաւակներուն քաջողջութեանը, զարգացմանը, սննդեանը, եւ գթութեանը համար իրենց ձեռքէն եկած ամէն ջանք ու աշխատութիւնը չզլանալով, չխնայելով, եւ երբեմն մեծամեծ զոհողութիւններ ալ ընելով ի սէր որդիներուն։
Բայց որքան գիտցուի այս բնատուր արհեստը, այսու ամենայնիւ մեծամեծ եւ սրբա-զան պարտաւորութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ կը պարունակէ իր մէջ. մինչ կարելի չէ՛ ըսել թէ ծնողներ ի բնութենէ կրնան սորվիլ զանոնք, կամ թէ առանց սորվելու արդէն գիտեն. ապա թէ ոչ՝ անբան կենդանիներն ալ իրենց ծնունդները՝ միա՛յն բնական ազդեցութեամբ սիրել գիտնալով, բանականներու հաւասար «որդեսէր» պէտք էր համարուէին, ինչ որ սխալ կարծիք մըն է։
Քանի որ բանականներուս «որդեսիրութեան օրէնք»ը բնութեան ըրած ազդեցութենէն շատ, գերագոյն եւ կատարեալ ըլլալուն պատճառով, ազնիւ նպատակի մը համար է, եւ ուրեմն պէտք է որ ծնողներ ուշադրութեամբ եւ բծախնդրութեամբ սորվին զայն, եւ ըստ այնմ սիրեն իրենց զաւակները։
Որովհետեւ որդիները՝ ծնողներու ձեռքը յանձնուած աստուածային աւանդներ են, եւ այս պատճառով ծնողներ պարտաւոր են երկիւղածութեամբ պաշտպանել եւ հոգալ զանոնք եւ խնամել՝ զարգացնելով եւ պատրաստելով Աստուծոյ եւ մարդկութեան ծառայութեան։
Որդեսէր ծնողներ պարտին կատարել հետեւեալ պարտաւորութիւնները իրենց զաւակներուն հանդէպ։
ա.- Աստուածային օրէնքները եւ պատուիրանները սորվեցնել իրենց որդիներուն։
բ.- Աստուծոյ հրաշալի գործերը պատմել։
գ.- Աստուածային ուսմամբ զարգացնել զանոնք։
դ.- Աղէկ կրթութիւն տալ որդիներուն։
ե.- Գութ եւ գորով ունենալ իրենց զաւակներուն վրայ, բայց այնպիսի գութ՝ զոր Դաւիթ օրինակ կ՚առնէ Աստուծոյ գթութիւնը։
զ.- Ծնողներ պարտաւոր են մանաւանդ հոգալ իրենց զաւակներուն ներկան եւ ապագան։
է.- Ծնողներ պէտք է լա՛ւ խնամեն իրենց զաւակները. այն ծնողները՝ որ որդեխնամ չեն, անհաւատի կարգը կը դասուին, ըստ Առաքեալին.
«Իսկ մէկը՝ որ իրեններուն եւ մանաւանդ իր ընտանիքի անդամներուն հոգ չի տանիր, այնպիսին իր հաւատքը ուրացած մըն է, շատ աւելի գէշ՝ քան անհաւատ մը» (Ա ՏԻՄ. Ե 8)։
ը.- Միշտ խրատել զաւակները։
թ.- Խրատով ու խօսքով չզգաստացող անուղղայ տղան պատժել։
ժ.- Քաղցրութեամբ վարուիլ իրենց որդիներուն հետ, եւ մանաւանդ չզայրացնել զանոնք։
«Հայրե՛ր, մի՛ զայրացնէք ձեր զաւակները, որպէսզի չյուսալքուին» (ԿՈՂՈՍ. Գ 21)։
Եւ անշուշտ որդեսիրութեան փոխադարձ սէրն է՝ ծնողասիրութիւնը։ Ծնողասիրութիւնը՝ Աստուածսիրութենէ ետք անզլանալի պարտաւորութիւն է զաւակներու վրայ։ Եւ ծնողասիրութիւնն ալ բնատուր զգացում մըն է։
Աստուած, ինչպէս որ մեր գոյութեան պատճառն է արարչութեամբ, ծնողներն ալ մեր կեանքի օժանդակներն են ծնողութեամբ, մանաւանդ որ մեզի ծննդենէ սկսեալ սնուցանելով՝ իրաւունք ունին մեր սէրը գրաւելու։
Արդարեւ ծնողներ, ո՛չ միայն ծնունդ տալով՝ աշխարհի վրայ գոյութեան կոչելով. այլ մանաւանդ հոգալով, խնամելով, զարգացնելով եւ ազնուացնելով՝ անվիճելիօրէն իրաւունք ունին զաւակներուն Սէրը վայելելու։
Եւ ահա ասկէ կը ծագի այն ակնածական յարգանքը՝ զոր պարտին որդիներ ընծայել իրենց ծնողներուն, որովհետեւ ծնողասիրութեան գործնադրութիւնն է՝ պատուել ծնողքը, հնազանդ ըլլալ անոնց, որուն օրինակը իր վրայ ցոյց տուաւ «մանկացեալ» Աստուած։ Աստուած կը հրամայէ սիրել ծնողները...։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 11, 2016, Գնալը կղզի