ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇ

Ազնուականութիւնը միայն դասակարգի, հարստութեան տիտղոսի, եւ դիրքի մէջ փնտռել եւ գտնել կարծել՝ նախապաշարո՛ւմ մըն է լոկ. ախտաժէտ մտայնութիւն մը՝ որ ամբողջ պատմութեան ընթացքին ընկերային դասակարգերը ըմբոստացուցած է թէ՛ խորհուրդով, թէ՛ գործերով։

Այս իմաստով, «ժողովրդապետութիւն»ը այդ հին եւ ժամանակավրէպ մտայնութեան հասունցուցած պտո՛ւղն է։

Ազնուականութիւն, ազնուութիւն կամ ազնուապետականութիւն, ամէնքն ալ կարեւոր արմատի մը ճիւղերը, ո՛չ արիւն եւ ոչ ալ ծինային է, որ ոմանք կ՚ուզեն հաւատացնել, կը հոսի կամ կը տարածուի եւ կը փոխանցուի որոշ դասակարգի մը երակներուն եւ ծնային կազմութեան մէջ, ոչ ալ մեծաշնորհ մըն է, որուն մարդիկ կ՚երազեն տիրանալ զանազան միջոցներով։

Ազնուականութիւնը, մասնաւոր գործողութիւններէ անցնելէ վերջ զտուած եւ ստացուած յատկութի՛ւն մըն է։ Ազնուութիւն կամ ազնուականութիւն նկարագրով, միտքով եւ ընդհանուր վարմունքով շարունակ ընտիր, վեհանձն, պատուաւոր եւ բա՛րձր ըլլալու հանգամանքն է, որ կը խորշի ամէն ստորին, գձուձ եւ կոպիտ ընթացքէ, վարուելակերպերէ, այտայայտութիւններէ։

Արդարեւ, ազնուութիւն կամ ազնուականութիւն, կայուն, անփոփոխ եւ յարաբերական վիճակ չունեցող, պարագաներու, ժամանակի կամ տեղի համաձայն փոփոխութիւն ցոյց չտուող, արտաքին ազդեցութիւններէ չտպարուող՝ տեւական, անայլայլելի, այս կամ այն հոսանքներէն չտարուող յատկութիւն մը՝ վիճակ մը, հանգամանք մըն է։ Ուրիշ խօսքով՝ ազնիւ մարդը, ազնուականը մի՛շտ, ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ ազնիւ է, ազնուակա՛ն է։ Այս իմաստով ազնուութիւնը կամ ազնուականութիւնը արտաքին ձեւակերպութիւն մը չէ, այլ՝ ներքին բնաւորութիւն մը։

Դարձեալ ազնուութեան եւ ազնուականութեան նիւթով անդրադարձած էինք, ինչպէս մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամները պիտի յիշեն, անգլիացիները ճշմարիտ ազնուութեան կամ ազնուականութեան որպէս ստուգանիշ կ՚ըսեն.- Իսկական ազնուականը ա՛յն է, որ երբ նոյնիսկ սենեակին մէջ առանձին է, իր թէյի գաւաթին մէջ, շաքարի կտորը յատուկ ունելիով կ՚առնէ եւ կը դնէ։

Ուստի այս չափանիշն ալ ցոյց կու տայ, թէ ազնուականութիւնը պարագաներու համեմատ փոփոխութիւն ցոյց տուող, փոփոխութեան ենթարկուող յատկութիւն մը չէ, այլ կայուն, հաստատ նկարագի՛ր մը։

Ազնուականութիւնը յատկութիւն մըն է, որ ենթակային նայուածքէն, խօսուածքէն եւ վարմունքէն կը ճառագայթէ, եւ գեղեցիկ ծաղիկի մը նման իր անո՜ւշ բոյրովը կը լեցնէ իր միջավայրը, եւ ամէնքը կը գրաւէ, կը հրապուրէ։

Թէ ո՞րոնք են ազնուականութեան գլխաւոր ազդակներէն ոմանք։ Տարակոյս չկայ, թէ ոմանք ի բնէ աւելի՛ ազնուական հակամէտ են ծնած, ինչպէս՝ ուրիշներ կո՛շտ։ Այսուհանդերձ, ընդոծին յատկութիւն մը ըլլալէ աւելի ստացական է ազնուականութիւնը, եւ կրնայ աճիլ եւ ուռճանալ ծաղիկի մը նման՝ որ իր ստացած անհրաժեշտ սնունդին եւ ջերմութեան չափովը կը սփռէ իր գեղեցկութիւնը եւ անո՜ւշ բուրումը։

Արդարեւ, լաւ ստանալու համար ո՛րքան կարեւոր է լաւ հունտը, նո՛յնքան պէտք է բերրի հողը…։

Ուստի ազնուականութեան առաջին պայմանն է ունենալ լաւ խորք մը՝ որ կը նշանակէ մարդու մը անմիջական միջավայրը, եւ այդ միջավայրէն ստացած իմացական եւ բարոյական սնունդը։ Ոմանք շատ բան կը պարտին այս «խորք»ին եւ իրապէ՛ս բախտաւոր  են. իսկ ուրիշներ շատ դժբախտ են այս մասին։ Բարեկիրթ, ուսեալ, զարգացած եւ ազնիւ հայր մը եւ մայր մը ճոխ «դրամագլուխ» մըն են իրենց զաւկին, որ բնականաբար անոնց միջոցով կը հարստանայ սիրտով եւ միտքով։ Այս տեսակ դեռահասներու համար կարելի է ըսել, թէ «սքանչելի՜ խորք» մը ունեցած են, հետեւաբար մեծ առաւելութիւն ունին անուս, տգէտ եւ կոշտ ծնողքի մը նկատմամբ։

Այս խորքին, արժէքը չի կրնար չափազանցուիլ, եւ հազուադէպ է պարագան, որ այս տեսակ պատուական եւ ընտիր խորք մը ունեցող մանուկը չազդուի իր անմիջական միջավայրէն, եւ աստիճանաբար չիւրացնէ ճո՛խ սնունդը իր անմիջական միջավայրին՝ ո՛ւր կը շնչէ եւ կ՚ապրի։ Մեծ թիւով ընկերաբաններ եւ մանկավարժներ կը հաստատեն այս իրողութիւնը։

Իսկ այն դեռահասները՝ որոնք այս տեսակ խորք մը ունենալու պատեհութիւն չեն ունեցած, իրենց այս կորուստին իսկ գիտակցութեան հետեւանքով հոգածու եւ յօժար պիտի ըլլան իրենց յաջորդող սերունդին հանդիսանալ այն անհրաժեշտ եւ ճոխ խորքը՝ որմէ իրենք զրկուեր էին «բախտ»ին բերումով։ Ընկերաբանական փորձեր եւ վիճակագրութիւններ եւս կը հաստատեն այս եղելութիւնը։

Եւ երբ «խորք»ի մասին կը խօսուի, այս խորքին անմիջապէս պէտք է յաջորդէ ընտիր դաստիարակութիւնը։ Արդարեւ, «խորք»ին անմիջական լրացուցիչն է ընտիր դաստիարակութիւնը՝ որ ընտանիքին այդ ուղղութեամբ դրած հիմը հաստատէ եւ զօրացնէ, եւ անոր վրայ բարձրանայ ազնուութեան եւ բարեկրթութեան շէնքը։

Հոս պէ՛տք է յիշել Ժ. Ժ. Ռուսոյի տեսակէտը այս մասին՝ որ կ՚ըսէ. «Կրթութիւնը կը սկսի մօր գրկին մէջ եւ դաստիարակութեամբ կը շարունակէ դաստիարակին ձեռքերուն մէջ»։

Արդարեւ, ազնուականութիւնը իր սնունդը նախ կը ստանայ ընտանիքին մէջ։ եւ այդ սնունդին կարեւոր մասը պէտք է ստանայ սրտի կրթութենէն, զոր ջամբել դպրոցներու առաջնակարգ պաշտօնն է։ Հոս չենք ուզեր խօսիլ, կամ կը տարակուսինք բացայայտելու այն տխո՜ւր երեւոյթներու մասին, որոնք թէեւ հազուադէպ, երբեմն կ՚երեւին կրթական միջավայրերու մէջ՝ ուր «անարժան» եւ «հեղինակութենէ զուրկ» դաստիարակներու մատակարարա՛ծ «վնասակար սնունդ»ին հետեւանքով տղուն նկարագրին մէջ կը բուսնի ամէն բան՝ բացի ազ-նըւականութենէ եւ բարեկրթութենէ, եւ այսպէս անոր մէջ կ՚ուռճանան սոփեստութեան եւ յաւակնութեան, մեծամտութեան նման «տատասկներ»՝ որոնք կը խեղդեն պատուական խորքի մը մէջ գուրգուրոտ խնամքի մը առարկայ եղած չքնաղ բոյսեր։ Հարցը, ուրեմն «լաւ հունտ»ի եւ «բերրի հող»ի խնդիր մըն է։

Բայց այս կարգի տխո՜ւր երեւոյթներ միշտ բացառութիւն են եղած։ Ճշմարիտ դաստիարակութեան մատուցած ամենէն էական արդիւնքներէն մին է սրտի ազնուութիւնը՝ զոր ողջամիտ ծնողքը յաճախ ուսումէն գերադաս կը համարի։

Եւ տունէն վերջ ո՞ւրկէ կարելի է սպասել այս գեղեցիկ արդիւնքը, եթէ ո՛չ մեր դպրոցներէն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 29, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2018