ՀԱՅՈՑ ԿՐԹԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ Զ. ԵՒ ԺԲ. ԴԱՐԵՐՈՒՆ

Ե. դարու հայոց գրականութեան կրօնական ուղղութիւնը ժամանակի պահանջի բնական արգասիքն էր. տառերու գիւտով Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը կամեցան հայ ժողովուրդը կրօնապէս կրթել, քրիստոնէական բարոյական գաղափարները անոր մէջ հաստատել եւ անոնք իրենց նպատակին հասան։ Անոնց դաստիարակած սերունդն էր, որ 451 թուականին պատերազմի մէջ իր կեանքը զոհեց իր ճշմարիտ կրօնի եւ ազգի փրկութեան համար։ Մեր գրականութեան եկեղեցական բնաւորութիւնը Ե. դարէն յետոյ եւս շարունակուեցաւ, բայց ո՛չ այնքան իբրեւ հայ ազգի կեանքի ընդհանուր պահանջներու հետեւանք, ո՛րքան հայոց եկեղեցին պաշտպանելու համար քաղկեդոնականներու, նեստորականներու ու պաւղիկեաններու դէմ, որոնք կ՚աշխատէին իրենց հետեւողներ եւ կողմնակիցներ վաստկիլ հայ երկրին մէջ։

Բայց ժողովուրդը կարելի չէր միմիայն կրօնական գրուածներով գոհացնել. պէտք էր անոր հարցասիրութեան եւ հետաքրքրութեան եւս բաւականութիւն տալ. այս իսկ պատճառով մեր գրականութեան շրջանակը հետզհետէ կ՚ընդլայնի։ Ժողովուրդի լուսաւորութեան գործը եւ գրականութիւնը դարձեալ կը շարունակուի կեդրոնացած մնալ եկեղեցականներու ձեռքը, բայց նոյն եկեղեցականները կ՚աշխատին տալ նաեւ ժողովուրդին վիպական, փիլիսոփայական եւ գիտական աշխատութիւններ՝ միշտ ի հարկէ կրօնական գոյնով՝ ժողովուրդի միտքը լուսաւորելու համար։

Մեր գրականութեան այս «կերպարանափոխութիւն»ը յայտնի է «հելլէնական շրջան» անունով՝ որ կը սկսի Զ. դարու սկիզբներէն։

Երկրորդ թարգմանիչներու կամ հելլէնաբան մատեաններու պատճառով արդարեւ մեր առաջին թարգմանիչներու ընտիր լեզուն աղաւաղուեցաւ. մեծապէս մնալով յունականի ազդեցութեան տակ, բայց անոր փոխարէն ան հարստացաւ ու այդ շրջանին թարգմանուեցան կամ գրուեցան գիրքեր, որոնք հայ ժողովուրդին ծանօթութիւն կու տային բնական երեւոյթներու, բոյսերու եւ կենդանիներու մասին, աշխարհիս այլեւայլ մասերու, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայութեան, քերականութեան, թուաբանութեան եւ այլ գիտութիւններու մասին։

Մեր միապաղաղ կրօնական գրականութիւնը պէսպիսութիւն ստացաւ, եւ հայ լեզուն ալ նոր գաղափարներ արտայայտելու համար նորահնար բառերով՝ սեղմութիւն եւ հակիրճութիւն, խտութիւն։

Հայոց դպրոցները երկու կարգի կը բաժնուէին. տարրական դպրոցները կը գտնուէին գիւղերու կամ քաղաքներու մէջ քահանաներու հսկողութեան տակ, իսկ բարձրագոյն դպրոցները՝ վանքերու մէջ։ Տարրական դպրոցներու մէջ կ՚ուսուցանուէին գրել-կարդալ. նախ՝ սաղմոս, ապա Աւետարանը եւ ապա Հին կտակարանի գիրքերը. նաեւ առոգանութեան կանոնները, նշանները՝ հռետորական եւ տրամաբանական, եւ այդ գիտութիւնը կը կոչուէր «իմաստութիւն երգողական տառից»։

Այս գիտութիւնները կ՚աւանդուէին Ե. դարուն եւ շարունակուեցան աւանդուիլ նաեւ յաջորդ դարերուն։

Բարձրագոյն դպրոցները, ինչպէս նախապէս ըսուեցաւ, վանքերու մէջ էր կեդրոնացած, որոնց թիւը ժամանակի ընթացքին հետզհետէ շատ բազմացաւ, եւ որոնցմէ դուրս եկան բոլոր հայ մատենագիրները։

Վերոյիշեալ վանքերէն մանաւանդ նշանաւոր եղան. Տաթեւի վանքը՝ Սիւնեաց վարդապետարանը՝ որու մասին Ստեփանոս Օրբելեան (1250-1303) պատմաբանը, մետրոպոլիտ, կը գրէ, թէ՝ «ան հայոց բոլոր գիտուններու գլուխն էր. ինչպէս Աթէնքը՝ Յունաց եւ Հռովմայեցիներու մէջ». եւ ըստ աւանդութեան՝ Սահակ Պարթեւ եւ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետն ալ այս դպրոցին յատկացուցած էին Սուրբ Գիրքը մեկնելու իրաւունքը։

Այս դպրոցը առաւել նշանաւոր դարձաւ Թ. դարուն եւ այդ ժամանակի համար (895 թուականի) նոյն Օրբելեանը կ՚ըսէ, թէ՝ մենաստանը լի էր երաժշտական երգերու փիլիսոփաներով. ճոխ էր վարժարանը վարդապետական կրթութեամբ, նաեւ նկարիչ եւ գրող արուեստաւորներով։

Նշանաւոր վանքեր էին նաեւ՝ Արշարունեաց վարդապետարանը՝ Վարդիկ Հայր կոչուած, Սեւանայ վանքը՝ ուր էր «բազմութիւն գրոց սրբոց», Ժ դարուն՝ Կամրջաձորոյ, Հռոմոսի եւ Նարեկայ վանքը, իսկ ԺԱ. դարուն Սանահին եւ Հաղբատ վանքերը՝ որոնց մատենադարանը ամենափարթամ գանձերէն էր եւ ուրտեղէն դուրս եկան շատ նշանաւոր գրողներ։

Վանական դպրոցներու մէջ նախնաբար կը շարունակուէր Սուրբ Գիրքի ուսումը մեկնութեամբ հանդերձ եւ սուրբ հայրերու գրուածներու ընթերցմունքը, թերեւս նաեւ յունարէն լեզուի ուսմունք։ Այսպէս էր նաեւ ուսման ուղղութիւնը Զ. դարուն Յունաց եւ Ասորւոց մէջ, որոնց մտաւորական շարժումը միշտ կը նկատուէր հայոց մէջ։ Է. դարու սկիզբներէն հայ դպրոցներու մէջ, ինչպէս եւ միաբնակ Ասորւոց մօտ, բայց քիչ առաջ, կը սկսի Արիստոտէլի փիլիսոփայութեան, ինչպէս նաեւ անոր կից՝ հռետորութեան եւ քերթողութեան, այսինքն՝ բանաստեղծութեան ուսուցումը։ Այս ժամանակներուն հայոց մէջ կը բազմանային հռետոր, քերթող վարդապետներ։ Հռետորութեան եւ քերթողութեան ուսուցման հետ՝ յունաց հետեւողութեամբ հայ լեզուի մէջ եւս կերպարանափոխութիւն կը մտնէ եւ սէր դէպի բառակոյտ, պատկերաւոր դարձուածներու խտացումը, երկար եւ բարդ բառերու գործածութիւն եւ այլն։

Արիստոտէլի փիլիսոփայութեան ուսումնասիրութիւնը կը կատարուէր հայ թարգմանութեամբ՝ որ հաւանաբար կատարուեցաւ Է. դարու առաջին մասին. բառացի եւ ստրկական թարգմանութիւնը ցոյց կու տայ, որ Դաւիթ փիլիսոփայ թարգմանիչին եւս Արիստոտէլի մտածողութիւնը տակաւին պարզ եւ ընտել չէր, որով եւ թարգմանութիւնը հայեցի չեղաւ։

Հռետորութեան դասագիրք դարձաւ Մովսէս Քերթողի «Պիտոյից գիրք»ը՝ որ յունաց դպրոցներու մէջ գործածուող Հերմոգէնի աշխատութեան փոխադրութի՛ւնն է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 19, 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2023