ՍԱՀՄԱՆԱՓԱԿ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մարդ օժտուած է ազատ կամքով, ինչ որ կը նշանակէ՝ կրնայ գործել ազատօրէն եւ ընել կամ չընել որեւէ բան, օգտուիլ բարիքներէ կամ հետեւիլ չարիքի, որոնցմէ պատասխանատու է անձնապէս եւ ըստ այնմ պարտաւոր է ընդունիլ իր արարքներուն ամէն տեսակ հետեւանքները։ Պատասխանատու եւ պարտաւոր է նաեւ հատուցանել եւ փոխարինել ամէն վնաս, ինչպէս՝ վարձատրութեան արժանանալ ամէն բարի գործի համար։
Ուրեմն այս կը նշանակէ՝ որ ազատութիւնը սահմանափակ իրաւունք մըն է՝ աւելի ճիշդ է ըսել՝ ազատութիւնը, մարդուս ամէն ուզածը ընել չէ՛, այլ գործել իրեն տրուած եւ որոշուած սահմաններուն մէջ։ Ազատութիւնը իրաւունք մըն է, եւ ամէն իրաւունքի վայելում կը համապատասխանէ պարտաւորութեան մը եւ պատասխանատուութեան։ «Իրաւունք» եւ «պարտք» կշիռի մը երկու նժարներն են՝ որոնք պէտք է միշտ հաւասարակշռուին։
Անձնական պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ նկատի ունենալ, ճանչնալ եւ յարգել ուրիշին ազատութիւնը եւ ազատութեան իրաւունքը։ Այս պատասխանատուութիւնը կը յայտնուի, անձին կարգ ու կանոնի, որոշ կարգապահութեան, եւ մանաւանդ ինքնահակակշռութեան համակերպման, հաւանումի մէջ։
Կամքի յարմարեցումը կ՚ենթադրէ հաւասարակշռութիւնը ազատութեան եւ անոր սահմանափակումներուն։
Ուստի «Գերագոյն բարի»ն պէտք է հետապնդեն մարդիկ եւ մասնակցին այն բոլոր բարիքներուն եւ շնորհներուն՝ որոնք տրուած են իրենց ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրով։ Մարդ, իր ստեղծագործութիւնը կը պարտի Աստուծոյ՝ որ չի բաւականանար ստեղծելով, այլ նաեւ կը խնամէ, կը հոգայ։
Մարդ կոչուած է այս աշխարհի վրայ ապրելու շնորհքով եւ շարունակելու կեանքը փառքով՝ հանդերձեալին մէջ։ Եւ մարդ «շնորհք»ով ապրելու համար պարտի համակերպիլ աստուածային օրէնքներու՝ որոնք կը ձեւաւորեն իր ազատութիւնը եւ կը սահմանեն իր ազատութեան բնական իրաւունքը։
Եւ ահաւասիկ, այս «բարձրագոյն եւ բացարձակ օգտակարութեան սկզբունք»ը կ՚որոշէ բարոյական եւ հոգեւոր հարցերու լուծումը, որոնք կը պատահին կեանքի մէջ։ Արդարեւ եթէ մարդ իր նմանին օգտակար ըլլալու կամքն ու կարողութիւնը պիտի չունենայ այս կեանքին մէջ, ապա ուրեմն ի՜նչ կ՚արժէ ապրիլը՝ ազատութիւն վայելելու։ Եւ եթէ ազատութեան իրաւունքը պիտի չծառայէ մարդուն ամենանուիրական ու սրբազան կոչումին՝ իրերօգնութեան, ի՜նչ իմաստ պիտի ունենայ ազատութիւնը, իրաւունքը եւ ասոնց նման շնորհներ՝ որոնք մարդս «մա՛րդ» կ՚ընեն։
Այս աշխարհի վրայ առանձին մնալո՞ւ համար պիտի ապրի մարդ, ինք իրեն հպարտանալո՞ւ համար պիտի ապրի, կամ անաշխատ, ծոյլ եւ անօգուտ՝ ուրիշին բե՞ռ ըլլալու համար պիտի ապրի։ Ո՛չ, մարդ կոչուած է իր նմաններուն հետ միասին ապրելու՝ բաժնելու ամէն շնորհք եւ ամէն բարիք, օգնելու եւ փոխադարձաբար օգնութիւն ընդունելու՝ օգտուելու համար ստեղծուած է մարդ եւ պէտք է հաւատարիմ մնայ իր կոչումին, պէտք է իր ազատութիւնը գործածէ եւ իրաւունքը վայելէ իր նմաններուն հետ միասին՝ անոնց օգնելով, անոնց պակասները լրացնելով, տկարութիւնները զօրացնելով եւ մէկ խօսքով իրերօգնութեամբ։
Ազատութեան իրաւունքը վայելել՝ երբեք չի՛ նշանակեր մեկուսանալ՝ մէկ կողմ քաշուիլ, առանձնանալ եւ կղզիանալ։ Քանի որ ազատութիւնը հաւաքաբար գործածելի արժէք մըն է՝ մինակ ազատութիւնը իմաստ չի ներկայացներ, ընդհակառակը՝ ազատութիւնը միասնաբար, ընկերութեան մէջ գործածելի շնորհք մըն է, ուրիշի մը ազատութեան համեմատութեամբ, բաղդատութեամբ եւ ուրիշի մը ազատութենէն կախում ունենալով օգտագործելի առաւելութիւն մըն է։ Մարդ «ազատ» է միշտ ուրիշի մը նկատմամբ, եթէ չըլլար «ուրիշ»ը, ազատութիւնը որեւէ իմաստ պիտի չներկայացնէր։
Ազատութեան իրաւունքը հասարակութեան մէջ, ընկերութեան մէջ արժէք ստացող իրողութիւն մըն է. առանց ուրիշի մը ազատութեան՝ ազատութենէ խօսիլ կարելի չէ։ Ուրիշի մը համեմատութեամբ «ազատութիւն» կը գոյանայ։ Ուրեմն մարդ պէտք է բարի կամք դրսեւորէ՝ ուրիշին օգտակա՛ր ըլլալու համար։
Արդարեւ մարդ եթէ օգտակար չէ իր նմաններուն, գոնէ վնասակար չըլլայ։ Այսպէս կարելի է խորհիլ, բայց այդ միջակութիւն է, չէզոքութիւն, որ ամլութիւն, անշարժութիւն կ՚ենթադրէ եւ կը մեկուսացնէ մարդը՝ կը հեռացնէ իր միջավայրէն, անգործութեան ու անզօրութեան կը դատապարտէ։ Ի՞նչ է ձեր կարծիքը սիրելի՜ներ. չէզոք մարդը եթէ վնասակար չէ, օգտակար ալ չէ, իսկ ան որ օգտակար չէ՝ վնասակա՛ր է։ Անգործութիւնը, ամլութիւնը ինքնին արդէն վնասակար է եւ որեւէ օգուտ չ՚ապահովեր թէ՛ ենթակային եւ թէ շուրջիններուն։
Ուրեմն այս դրութեան մէջ ո՞ւր կարելի է զետեղել սէրը։ Սէրը ներքին վիճակ մըն է, ուր անձին ստորադասումը եղած է հրամայական բնազդ մը։ Արդարեւ սէրը կեանքին շարժառի՛թն է եւ սիրով միա՛յն կրնայ թէ՛ ինքնիրեն եւ թէ ամբողջ աշխարհին յաղթել, այսինքն ապրիլ գերազանցապէս հոգեւոր-բարոյական կեանքը՝ սրբազան ու նուիրական ապրումներով։ Հաւաքական, ընկերային կեանքին մէջ կան առիթներ, որոնց ընթացքին մարդիկ անպայմա՛ն կ՚ուզեն իրենք զիրենք արտայայտել, ցոյց տալ՝ փաստել իրենց գոյութիւնը աշխարհի վրայ՝ հասարակութեան մէջ։ Եւ ազատութիւնները գործածել, իրաւունքը վայելել յարմար միջոցներ են իրենք զիրենք արտայայտելու։
Ուստի ազատութիւնը գործածելու, իրաւունքը վայելելու ամենէն նպաստաւոր ու պատշաճ ճամբան՝ ազատութեան եւ իրաւունքի չափն ու սահմանը լաւ գիտնալն է։ Ազատութիւն եւ իրաւունք, արժէք կը ստանան երբ պատշաճ կերպով գործածուին։
Չափազանցութիւն եւ անհամեմատ գործածութիւն ու վայելում, արժէքը կորսնցնելու պատճառ կ՚ըլլայ ամէն շնորհքի եւ ընծայի։ Չափաւորութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ մարդկային բոլոր արարքներուն եւ փոխյարաբերութիւններուն նպատակայարմար կատարման մէջ։ Կարծեմ ճիշդ այս նկատի ունենալով է, որ ժողովրդական իմաստութեամբ ըսուած է, թէ՝ «չափաւորութիւնը կէս աստուած է…»։ Եւ կեանքի մէջ չափաւորութիւնը, պարզութիւնը միշտ կը նպաստեն անոր ընթացքին։
Մարդիկ, ընդհանրապէս իրենք զիրենք իրաւասո՛ւ կը նկատեն գործածելու ամէն ազատութիւն՝ առանց նկատի առնելու ուրիշին ազատութիւնը։ Մինչդեռ մէկու մը ազատութեան սահմանը՝ մէկ ուրիշին ազատութեան սահմանն է։ Նոյնպէս իրաւունքի մը վայելումն ալ կը վերջանայ ուրիշի մը իրաւունքը վայելելու սահմանին վրայ։ Ահաւասիկ, մարդիկ եթէ գիտակցութիւնը եւ ճանաչողութիւնը ունենային իրենց ազատութեան եւ իրաւունքի սահմանին, աշխարհի վրայ շատ մը հարցեր լուծուած պիտի ըլլային եւ շուտով պիտի գար եւ խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ պիտի տիրէր ամէնուրեք։
Բայց մարդիկ տարուած իրենց «Ես»էն, կ՚ուզեն որ միշտ իրենց ազատութիւնը գերազանցէ ամէն ազատութիւն եւ ամէն իրաւունք։ Եւ քանի որ ամէն մարդ նոյն ձեւով կ՚ըմբռնէ ազատութիւնը, ապա ուրեմն կարելի չ՚ըլլար խաղաղութեան մէջ ապրիլ, ամէնուրեք, ամէն ժամանակ «իմս» եւ «քուկդ» մտայնութիւնը՝ առանց ճանաչողութեան, թէ ո՞ւր կը վերջանայ «իրեն պատկանած»ը եւ ո՞ւր կը սկսի «ուրիշին պատկանած»ը, կը ստեղծուի վիհ մը՝ ուր հետզհետէ կը կորսուի մարդկային ամէն արժէք, ամէն գաղափար եւ վեհանձնութիւն, եւ կը տիրէ անորոշութիւն՝ մութ ու խաւար աշխարհի մը մէջ, ուր կը ստիպուին ապրիլ անմեղ մարդիկ։ Ազատութեան ու իրաւունքի ճանաչողութիւնը, իրեն եւ ուրիշին պատկանածը որոշելու գիտակցութիւնը, մինչդեռ շատ հարցեր պիտի լուծէր, մարդիկ խաղաղութեան մէջ պիտի ապրէին…։ Ազատութիւնը եթէ գործածուի իր արժէքին համեմատ, իրապէ՛ս շնորհ մըն է՝ որ կ՚երջանկացնէ մարդս եւ կը կանոնաւորէ կեանքը։
Ազատութեան ըմբռնումը կը տարբերի շատ անգամ եւ այդ պատճառով է, որ կարելի չ՚ըլլար օգտուիլ անկէ, մանաւանդ երբ շահագործուի անոր բարիքները։
Ազատութիւնը իմացականութեան եւ կամքին մէջ արմատացած կարողութիւնն է՝ գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր։ Ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։ Մարդուն մէջ ազատութիւնը զօրութիւն մըն է աճումի եւ հասունութեան՝ ճշմարտութեան եւ բարութեան մէջ։ Ազատութիւնը կը հասնի իր կատարելութեան, երբ կը կարգաւորուի դէպի Աստուած՝ մարդուս երանութիւնը։ Այնքան ատեն որ ազատութիւնը վերջնականապէս չէ՛ հաստատուած իր «վերջնական բարիք»ին մէջ, որ Աստուա՛ծ է, իր մէջ կը կրէ կարելիութիւնը ընտրելու բարիին եւ չարին միջեւ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 18, 2015, Իսթանպուլ