ԴԱՐԵՐ ԵՏՔ ԶԱՒԱԿ ՈՒՆԵՆԱ՞ՆՔ…
Կրօնքի եւ գիտութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող ընդհարումը միշտ ալ գոյութիւն ունեցած է՝ անցեալէն հասնելով մինչեւ մեր օրերը եւ մեծ հաւանականութեամբ պիտի երկարի մինչե՛ւ անորոշ ապագան, որովհետեւ առաջինը աներեւելին պիտի ընդունի որպէս տէր ու արարիչ, իսկ երկրորդը պիտի փորձէ անբացատրելին բացատրել: Մարդիկ միշտ ալ այդ երկուքը իրար ներհակ ու հակոտնեայ երեւոյթ որպէս պիտի ընկալեն եւ այդ բախումները մի՛շտ ալ տեղի պիտի ունենան այնքան ատեն՝ ինչքան ճշմարտութիւնը մարդ արարածին համար կը շարունակէ մնալ աղօտ ու անըմբռնելի:
Թէ՛ գիտութիւնը եւ թէ՛ կրօնը ամէն բան յստակ ու հասկնալի ըլլալ կը կարծէ եւ ամէն մէկը իր հասկցած ձեւով կը փորձէ վերլուծել բնութեան եւ մարդկութեան եւ վերացականին կապուած խնդիրներ ու երեւոյթներ: Գիտութիւնը կ՚ընդունի կեանքի բնական օրէնքները եւ այնպէս կը տեսնէ աշխարհը՝ ուր կարելի է բացատրել ամէն երեւոյթ եւ զանոնք քննութեան ենթարկել եւ այդ բոլորը պայմանաւորել որոշ տուեալներով. գիտութեան համար ամէ՛ն երեւոյթ իր բացատրուող պատճառները կ՚ուզէ ունենալ: Այս ըմբռնումին հակառակ՝ կրօնը կու գայ ընդունիլ անբացատրելին ու անիմանալին:
Հաւատացեալի մը համար բուժուելու միջոցներէն մին Աստուծոյ միջամտութիւնն ու ողորմութիւնը կ՚ըլլայ, մինչ գիտութեան սկզբունքներուն հետեւողի մը համար այդ մէկը կախեալ է միա՛յն բջիջներու եւ մանրէներու առողջութենէն:
Կրօնի մէջ լսուած խօսք է, թէ «Աստուած մարդացաւ՝ որպէսզի մարդ Աստուածանայ», սակայն մարդ արարածը այդ խօսքը բառացի ընդունելով փորձեց իրապէս ալ Աստուածանալ, գտնել փորձելով անմահանալու, յաւիտեան ապրելու գաղտնիքները, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին, սակայն միշտ ալ կը մնան ապարդիւն:
Ներկայ դարուս այդ փնտռտուքն ու որոնումը սաստկացած է, որովհետեւ արուեստագիտութեան յառաջդիմութեան հետ միասին մարդ կատարելութիւն կը սպասէ: Սակայն դարեր առաջ եւս մարդ արարածը մի՛շտ ունեցած է այդ փնտռտուքը եւ այդ մէկն է, որ ծնունդ տուած է փիլիսոփայութեան սկզբնաւորութեան. առաջին փիլիսոփաները իրենց եւս երեւոյթներ պարզելու եւ բացատրելու համար սկսան իրենց փնտռտուքը եւ այդպէս ալ անբացատրելի շատ մը հարցեր ձգելով իրենց ետին հեռացան:
Անցեալները հին պարբերականներ թերթած ժամանակ 70 տարիներ առաջ հրատարակուած թերթի մը մէջ հետեւեալ խորագրով հաղորդագրութեան մը հանդիպեցայ. «Մեռած մարդիկ պիտի կարենան զաւակ ունենալ հարիւրաւոր տարիներ վերջ»: Բժշկական հետազօտութեան Բրիտանական կաճառէն բժիշկ Փարքս այդ օրերուն կը յայտնէ, թէ սերնդագործելու բջիջները սառեցնելու ճամբով կարելի պիտի ըլլայ 1951 թուականին ապրող մարդ մը զաւակ ունենայ 2050 թուականէն ետք ապրող կնոջմէ: Բժիշկին համաձայն՝ այսպիսով լոյս աշխարհ պիտի գայ մանուկ մը՝ որուն հայրը մահացած է աւելի քան դար մը առաջ: Բժիշկի բացատրութեամբ՝ սառը մինչ այդ կը վնասէր սերմը եւ կը սպաննէր զայն, մինչ նոր գիւտով մը -70 աստիճան վիճակին նոյնիսկ սերմի բջիջները պիտի անշարժանան, սակայն հալելէ ետք դարձեալ իրենց բնական ընթացքը ստանան. նոյն այդ երեւոյթը արեան բջիջներու պարագային եւս ուսումնասիրուած է եւ այդ իսկ պատճառով ներկայիս աշխարհիս վրայ կան անհատներ, որոնք մեծ գումարներու դիմաց իրենց մարմինները ողջութեան սառեցնել տալ որոշած են... այն յոյսով, որ դար մը ետք երբ սառը հալի, իրենք դարձեալ կեանքի գան: Եթէ դար մը ետք ապրելու գաղափարը ձեզ ալ հրապուրեց, կրնաք 200 հազար ամերիկեան տոլար վճարելով արժանանալ այդ «մենաշնորհին»:
Վիճակագրական տեղեկութիւններու համաձայն՝ այսօր աշխարհի մէջ սառած վիճակի մէջ կը պահուի 142 մարդու ուղեղ, իսկ այդ փափաքը յայտնած ու գրանցուած են աւելի քան 1500 մարդ... մաղթենք անուղեղներ չըլլան անոնց մէջ՝ իրենց տգիտութիւնը ապագային չշարունակելու համար:
Պահ մը կրնա՞ք երեւակայել, որ տասնեակ տարիներ ետք յայտնուին անհատներ եւ ըսեն, թէ անոնք հարազատ զաւակներն են Օտեանի, Պարոնեանի, Թումանեանի եւ գուցէ Գրիգոր Զօհրապի եւ կամ յայտնուի անձ մը, որուն մէջ Օշականի եւ կամ Կոմիտասի ուղեղը դրուած ըլլայ:
Վերադառնալով սերնդագործութեան. ո՞վ պիտի որոշէ, թէ որո՞ւ սերմը պէտք է սառեցնել. ի՞նչ է չափանիշը եւ ակնկալութիւնը: Իսկ եթէ անոնցմէ Հիթլերներ եւ կամ Ճենկիզ խաներ ծնի՞ն...
Քաոսի կը վերածեն ամէ՛ն բան. գիտնական մը կ՚առաջարկէ վերոյիշեալ գիւտի շնորհիւ բոլոր ազգերու սերմերէն սառեցուցած վիճակի մէջ պահել եւ ունենալ ազգերու «թանգարան» մը. գուցէ դար մը ետք որոշեն խանութ ալ բանալ, ուր յաճախորդը երթալով իր անկենդան ու անյայտ ամուսնոյն ինքնութիւնը կ՚ընտրէ եւ իր քմահաճոյքին համեմատ զաւակ մը կ՚ունենայ: Զաւակներու տգիտութեան վրայ ալ նեղուելու կարիքը չըլլար, կ՚երթանք պատրաստ բժիշկի մը ուղեղը դնել կու տանք... համալսարանական ուսումը աւարտած ու գիտակից անհատներ ունենալու համար: Արդէն համակարգիչի սարքաւորումներու պէս, մեր օրկաններն ալ փոխելու պիտի սկսին:
Այնպէս ինչպէս ծառը կը պատուաստեն, մարդը մարդուն վրայ պատուաստելով Աստուածանալ կը փորձեն: Եթէ պահուած հին ուղեղներ գոյութիւն ունին, թող կեանքի կոչեն զանոնք, որովհետեւ ներկայ «ուղեղ»ներով ամբողջ աշխարհով դէպի անդունդ, դէպի խորխորատ կ՚առաջնորդուինք. թէեւ սառած՝ գուցէ ներկայ մարդկութեան իմացականութենէն աւելի իմացականութիւն գտնուի անոնց մէջ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ
(1888-1958)
Մեր թուականէն 63 տարիներ առաջ՝ 20 ժեկտեմբեր 1958-ին, Լիբանանի մէջ մահացած է ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեան:
Ալթունեան ծնած է 1888 թուականին, Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքին մէջ: Ան իր կրթութիւնը ստացած է Փարիզի Գեղարուեստի ազգային բարձրագոյն դպրոցին մէջ, միաժամանակ հետեւելով նկարչութեան դասընթացքներու: Ուսումը աւարտելէ ետք՝ 1919 թուականին տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր աշխատած է որպէս ճարտարապետ եւ նկարիչ:
Ալթունեան հրաշալի ժառանգ մը ձգած է ետին, որոնցմէ են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարը (1940), Երուսաղէմի Պատրիարքութեան Ս. Հռիփսիմէի մատուռը (1946), Իրաքի Պաղտատի շրջանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին (1957) եւ այլ բազմաթիւ եկեղեցիներ, շէնքեր ու առանձնատուներ:
Ալթունեան ճարտարապետութեան կողքին եղած է նաեւ նկարիչ. Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ նկարած է Ս. Տրդատի թագադրումը, Երուսաղեմի Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարին մէջ Տրդատ թագաւորի մկրտութիւնը եւ այլ պատկերներ, որոնք հարազատ են հայկական աւանդութեանց:
Հայկական եկեղեցիներու կողքին Ալթունեան նկարազարդումներ կատարած է արաբական մահմետական մզկիթներու մէջ, որոնցմէ է Լիբանանի Ապու Պաքր մզկիթը, Պէյրութի պալատական համալիրը, մատենադարանը: Նկարազարդումներ կատարած է նաեւ Ամմանի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ: Ալթունեան նկարած է Թադէոս եւ Բարթողոմէոս առաքեալներու, Վարդանի, Ս. Յակոբի եւ Ս. Հեղինէի սրբապատկերները, Անթիլիասի աւագ խորանի Մայր Աստուածածնի սրբանկարը եւ այլ սրբանկարներ ու որմանկարներ: Անհատական ցուցահանդէսներ ունեցած է Լիբանանի, Երեւանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Շնորհիւ իր ծառայութիւններուն, Ալթունեան Լիբանանի պետութեան կողմէ արժանացած է Լիբանանի նախագահի պատուոյ շքանշանին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ