ՎԱԽՆ ՈՒ ՀԱՒԱՏՔԸ ՏԱՐԲԵՐ ԵՆ

Աշխարհի մէջ մարդիկը խաբելու ամենէն ազդու միջոցը հաւատքն է, որովհետեւ վերացականին հանդէպ անգիտութիւնը որոշ վախ կը յառաջացնէ անոնց մէջ եւ այդ վախին անձնատուր անոնք պատրաստ կ՚ըլլան հաւատալ այն բոլորին՝ որուն մասին նուազագոյն գիտութիւնն անգամ չունին։ Այդ է պատճառը, որ ժողովուրդը ունի այն կարծիքը, որ սերտողը աւելի նուազ կը հաւատայ՝ քան չսերտողը եւ հաւանաբար այս պատճառով է, որ որոշ կրօններ կ՚արգիլեն իրենց հաւատալիքի խոր զննութիւնն ու ուսումնասիրութիւնը, ստիպելով որ այդ բոլորը ընդունին որպէս անառարկելի ճշմարտութիւն։ Մեր հայկական իրականութեան մէջ Րաֆֆիի «Խաչագողի յիշատակարանը» գիրքը մեծագոյն ապացոյցն է վերոյիշեալ իրողութեան։

Անցեալին շատ-շատ աւելի դիւրին էր հաւատքի ճամբով խաբելը, որովհետեւ չգիտութենէն առաջնորդուելով մարդիկ Աստուծոյ հանդէպ հաւատք ունենալու փոխարէն կ՚ունենային վախ, որ յաճախ կը շփոթուէր հաւատքի հետ։ Հաւատալն ու վախնալը իրարու ամբողջութեամբ հակառակ երեւոյթներ են եւ վախը ատելի է նոյնիսկ Տիրոջ համար. Քրիստոս բազմիցս զինք դիմողներուն յորդորեց «մի՛ վախնար, այլ հաւատայ»։

Հաւանաբար նոյն համոզումով եւ գիտակցութեամբ էր, որ Քրիստոս սուտ մարգարէներու մասին կը խօսէր եւ կ՚ըսէր, թէ շատեր պիտի հետեւին անոնց ու մոլորին։

Մինչեւ որոշ ժամանակ գիտութիւն եւ հաւատք իրարու հակառակ ու թշնամի ճիւղեր կը նկատուէին եւ շատ անգամ կուրօրէն այս կամ այն տեսութիւն առանց քննարկման առարկայ դարձնելու մարդոց հաւատալ կը պարտադրէին, սակայն որոշ ժամանակ ետք ծնունդ առին այնպիսիներ, որոնք փորձեցին փաստել, թէ հաւատքն ու գիտութիւնը ո՛չ թէ իրարու հակառակ, այլեւ զիրար լրացնող երկու ճիւղեր են։

Սակայն տակաւին գոյութիւն ունի մեծ զանգուած մը, որ վախն ու հաւատքը շփոթած պատրաստ են հաւատալ այն բոլորին՝ որ կապ ունի հաւատքի եւ Աստուծոյ հետ։

Մարդկային պատմութեան մէջ այդ վախի ու չգիտութեան մեծագոյն պատկերը Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ դարեր առաջ ի գործ դրուած ամօթն է։ Կաթոլիկ եկեղեցին տեսնելով եկեղեցւոյ ստուերացող ծախքերը՝ կ՚որոշէ մեղքի թողութեան դիմաց հաւատացեալներէն նուիրատուութիւն ընդունիլ, անոր դիմաց խոստանալով դրախտին մէջ հողատարածք մը նուիրել անոնց։ Հարցականի տակ չդնէք, թէ ո՞վ կը հաւատայ նման երեւոյթի մը, որովհետեւ մինչեւ մի քանի տարիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ եւս կը գտնուէին խաբեբաներ, որոնք դրախտի մէջ հողատարածքի վաճառքով կը զբաղէին, կարենալ դիզելով աւելի քան վեց միլիոնի հասնող գումար։ Տարիներ առաջ Թուրքիոյ մէջ ընտանիք մը մինչեւ իսկ իր հարազատ զաւակը անօթութեան ճամբով դատապարտած էր մահուան, հաւատալով որ աղջկան մէջ չար ոգի կայ։

Երբեւէ մի՛ փորձէք հարցականի տակ առնել, թէ մարդիկ նման սուտերու ինչպէ՞ս կրնան հաւատալ։ Այդ մէկը հաւատքի մէջ անտրամաբանական ծայրայեղութիւնն է, որ իրականութեան մէջ կրթութեան մաս կը կազմէ. ամէն ծնողք կ՚ուզէ իր զաւակներուն մէջ Աստուածավախութիւն մը սերմանել, սակայն գիտութիւն ու տրամաբանական ենթահող չունեցող հաւատալիքը կրնայ ամէն տեսակ կեղծիքի ու խաբէութեան տուն դառնալ։

Այսօր ձեր բնական տնային հագուստներով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փողոցները դուրս եկէք եւ յայտարարեցէք, թէ Քրիստոսը դուք էք... եւ տեսէ՛ք, թէ քանի՜ քանի՜ հոգիներ կը հաւատան ձեզի։

Եթէ հաւատքի գիտութիւնը լաւապէս չփոխանցուի նոր սերունդին կրթական ծրագիրի ճամբով՝ մե՛նք ալ պիտի շարունակենք ունենալ նոյն հաւատացեալ տգէտներէն, որոնք Աստուծոյ ապաւինելով մարդոց պիտի շարունակեն ապաւինիլ՝ թուղթ ու գիրին ու սատանայական տեսակ տեսակ խաբէութիւններուն հաւատալով։

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -148-

Օր մը մեծահասակ կին մը Անթիլիաս գալով օգնութիւն խնդրեց։ Ան պատմեց, թէ տան մէջ առանձին եղած ժամանակ յանկարծ տունը ծուխով կը լեցուի, տարօրինակ հոտեր դուրս կու գան եւ անհասկնալի ձայներ կը լսէ։ Տան մէջ ապրող միւս անդամները երբեւէ նմամ հոտ կամ ծուխ չէին նկատած։

Մեծահասակ կինը կը մեղադրէր դրացիներէն մին եւ կը պնդէր, թէ զինք սպաննելու մտադիր է։ Աւելի քան ժամ մը խօսակցելէ ետք հասկցանք, որ այդ բոլորը ծնունդն էին երեւակայութեան։ Բազմաթիւ են մեր մէջ նման սուտերով ապրողները, ինչ որ ծնունդ է հաւատքի տկար ըմբռնումի։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 21, 2023