ԸՍՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ՝ ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ - Ա -

«Նշա­նադ­րու­թիւն» ը­սե­լով կը հասկ­ցուի պսա­կուե­լէ ա­ռաջ եր­կու կող­մի հա­մա­ձայ­նու­թեամբ կա­յա­ցած վճի­ռը՝ ո­րուն մի­ջո­ցով կը յայ­տա­րա­րուի ոե­ւէ մէկ աղջ­կան նշա­նուած ըլ­լա­լը՝ տղա­յի մը։

Նշա­նադ­րու­թեան սո­վո­րու­թիւ­նը շատ հին սո­վո­րու­թիւն մըն է՝ նոյ­նիսկ նա­խաք­րիս­տո­նէա­կան ժա­մա­նակ­նե­րէ ե­կած։

Ժո­ղովր­դա­կան սո­վո­րու­թեամբ տա­կա­ւին օ­րօ­րո­ցի մէջ ե­ղած մի­ջո­ցին, ծնող­նե­րը «խօսք» կու տա­յին խնա­մի դառ­նա­լու, մին­չեւ իսկ «օ­րօ­րոց կը նշա­նա­կէին» ի նշան այդ խօս­քին, փոք­րե­րը մեծ­նա­լէն յե­տոյ՝ հար­սա­նի­քէն ա­ռաջ նշա­նը կ՚օրհ­նէին, եւ երկ­րորդ ան­գամ, ե­կե­ղե­ցիի մի­ջամ­տու­թեամբ հարսն­ցուի եւ փե­սա­ցուի ա­պա­գա­յի ա­մուս­նա­կան շաղ­կա­պը կը հաս­տա­տէին, կ՚ամ­րապն­դէին։ Եւ կամ պսա­կէն քիչ մը ա­ռաջ, պատ­շաճ ժա­մա­նա­կի մը ըն­թաց­քին, երբ տղայ ու աղ­ջիկ հարս­նա­խօս­նե­րու մի­ջո­ցով կամ ուղ­ղա­կի խնա­մի­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թեամբ նշանդ­րէ­քի օր կը նշա­նա­կէին, կը բե­րէին մա­տա­նի կամ օ­ղակ տղա­յի տու­նը, քա­հա­նայ հայ­րը կը կար­դար սահ­մա­նուած օրհ­նու­թիւ­նը, եւ նշա­նադ­րու­թիւ­նը կա­յա­ցած կը հա­մա­րուէր։

Քա­հա­նայ հօր մի­ջո­ցով՝ օրհ­նու­թեամբ կա­տա­րուած նշա­նադ­րու­թե­նէն յե­տոյ կը պա­տա­հէին դէպ­քեր կամ կը կա­տա­րուէին ձե­ւա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներ նշա­նը ետ տա­լու, երբ ո­րե­ւէ թիւ­րի­մա­ցու­թիւն տե­ղի ու­նե­նար եր­կու կող­մի մէջ, այդ պա­րա­գա­յին դժուա­րու­թիւն­ներ կը ստեղ­ծուէր թէ՛ նշա­նադ­րու­թեան զա­նա­զան ծախ­քե­րու վե­րա­բեր­մամբ, թէ՛ քա­հա­նա­յի կող­մէ նշա­նի օրհ­նու­թիւ­նը դժուա­րու­թեամբ քան­դե­լու՝ ո­չինչ նկա­տե­լու տե­սա­կէ­տով։

Ան­կիւ­րա­յի Ժո­ղո­վի (313-315) 11-րդ կա­նո­նը կը սահ­մա­նէ, որ ե­թէ նշա­նուած աշ­ջի­կը ա­ռե­ւան­գուած է նա­խա­պէս, եւ մին­չեւ իսկ լլկուած, այդ պատ­ճա­ռով պի­տի դառ­նայ նախ­կին նշա­նա­ծին։ Կը տես­նուի, թէ կա­նո­նը շատ խի՛ստ է եւ դժուար գոր­ծադ­րե­լի՛։

Այս մա­սին Բար­սեղ Մե­ծի Կա­նո­նը (370-378)՝ որ է 22-րդ կա­նո­նը ա­ւե­լի ա­զատ է, ա­ւե­լի լայ­նա­խոհ մտա­ծու­մով սահ­ման կ՚ո­րո­շէ, ի­րա­ւուն­քը յանձ­նե­լով փախ­ցուած (ա­ռե­ւան­գուած) աղջ­կեան եւ ծնող­նե­րուն Լե­ւոն Ի­մաս­տա­սէ­րի Օ­րէն­քով, ե­կե­ղե­ցա­կան նշա­նադ­րու­թիւ­նը կա­րե­լի էր կա­տա­րել ո՛չ ա­ւե­լի ա­ռաջ, քան ե­կե­ղե­ցա­կան օ­րէնք­նե­րու հա­մա­ձայն չա­փա­հա­սու­թեան հաս­նի­լը՝ այն է. տղա­յի հա­մար 13 եւ 15 տա­րի, աղջ­կան հա­մար՝ 9 տա­րի։

Հոս ալ բա­ցա­յայտ կեր­պով կ՚ե­րե­ւի, թէ օ­րէնք­ներ պէ՛տք է հա­մա­պա­տաս­խա­նեն ու յար­մա­րու­թիւն ցոյց տան ներ­կայ թէ՛ ան­հա­տա­կան եւ թէ ըն­կե­րա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րուն նկատ­մամբ։ Տար­բեր բա­ցատ­րու­թեամբ օ­րէնք­ներ պէտք է ժա­մա­նա­կա­կից ըլ­լան եւ գո­հա­ցում կա­րե­նան տալ ներ­կայ պա­հանջ­նե­րուն՝ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու եւ պա­րա­գա­նե­րու մէջ։ Երբ հետզ­հե­տէ կը փո­խուին ըն­կե­րա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րը եւ ըմբռ­նում­նե­րը՝ պէտք է հա­մըն­թաց փո­խուին օ­րէնք­նե­րը։

Ու­րեմն երբ կը խօ­սինք օ­րէնք եւ կա­նոն­նե­րու մա­սին, յատ­կա­պէս պէտք է զա­նա­զա­նել՝ պատ­մա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող­նե­րը եւ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ գոր­ծադ­րե­լի եւ որ­պէս օ­րէնք զօ­րու­թիւն ու­նե­ցած կա­նոն­նե­րը՝ ո­րոնք կրնան գոր­ծադ­րուիլ ա­ռանց ա­նոնց օ­րէնսդ­րու­թեան թուա­կա­նը նկա­տի ու­նե­նա­լու։ Եւ այս ի­մաս­տով՝ երբ տե­ւա­կան բա­րեշր­ջու­մի մէջ է ըն­կե­րա­յին կեան­քը, ա­պա ու­րեմն օ­րէնք եւ կա­նոն՝ նոյն­պէս պէտք է բա­րե­փո­խուին, որ­պէս­զի գո­հա­ցում կա­րե­նան տալ պա­հանջ­նե­րուն։

Զոր օ­րի­նակ, 1054 թուա­կա­նին՝ Ա­լեք­սի Կոմ­նե­նոս կայս­րը հաս­տա­տեց վե­րո­յի­շեալ, Լե­ւոն Ի­մաս­տա­սէ­րի նոյն սկզբուն­քը, բա­ցատ­րե­լով եւ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, թէ ե­կե­ղե­ցա­կան նշա­նադ­րու­թիւ­նը՝ որ ա­ղօթ­քով եւ օրհ­նու­թեամբ հաս­տա­տուած է, պէտք է հա­ւա­սա­րա­զօր ըն­դու­նի պսա­կադ­րու­թեան եւ ան­քակ­տե­լի, ան­լու­ծա­նե­լի՛։

Այ­սօ­րուան ըն­կե­րա­յին կեան­քի պայ­ման­նե­րը եւ նոյ­նիսկ ան­հա­տա­կան ըմբռ­նում­նե­րը որ­քան կա­րե­լի է հա­մա­ձայ­նեց­նել այս հաս­կա­ցո­ղու­թեան հետ՝ խնդրա­կա՛ն է։

Իսկ փոքր հա­սակ­նե­րու մէջ կա­տա­րուած նշա­նադ­րու­թիւն­նե­րը, ըստ Ա­լեք­սի Կոմ­նե­նո­սի, պէտք է ըն­դու­նիլ իբ­րեւ «քա­ղա­քա­ցիա­կան խոս­տում»՝ պ­սա­կուե­լու, ո­րուն խախ­տու­մը կա­խեալ չէ՛ ե­կե­ղե­ցա­կան ո­րե­ւէ ա­րա­րո­ղու­թեան կամ ծէ­սի հետ, ա­ւելց­նե­լով, որ ե­կե­ղե­ցա­կան օրհ­նու­թեամբ նշա­նադ­րու­թիւ­նը քակ­տել, լու­ծա­նել կա­րե­լի է այն կար­գով՝ ի՛նչ կար­գով որ պսա­կը կը լու­ծուի։

Յու­նաց ե­կե­ղե­ցին, հե­տե­ւե­լով կայ­սե­րա­կան կար­գադ­րու­թեան, մօ­տա­ւո­րա­պէս նոյ­նու­թեամբ ըն­դու­նեց նշա­նադ­րու­թեան հա­մա­զօ­րու­թիւ­նը պսա­կադ­րու­թեան հետ, մին­չեւ իսկ նշա­նուած ան­ձին խօս­քէն հրա­ժա­րի­լը եւ ետ դառ­նա­լը եւ ու­րիշ մէ­կու մը հետ ա­մուս­նա­նա­լը՝ հա­մա­րե­լով «երկ­րորդ պսակ»։

­Պետ­րոս Մե­ծը, յու­նա­կան օ­րէնք­նե­րը, նշա­նադ­րու­թեան վե­րա­բեր­մամբ փո­փո­խու­թեան են­թար­կեց, նշա­նա­կե­լով 6 շա­բաթ ժա­մա­նակ պսա­կադ­րու­թե­նէն ա­ռաջ եւ ա­զա­տու­թիւն տա­լով ա­նոնց պսա­կուե­լու կամ ո՛չ։

Մեր կա­նոն­նե­րուն մէջ, ընդ­հան­րա­պէս ո­րոշ եւ հա­տու հրա­հանգ­ներ եւ տրա­մադ­րու­թիւն­ներ գո­յու­թիւն չու­նին այս մա­սին։

 Սուրբ Սա­հակ կը պա­տուի­րէ՝ «նշան դնել նշա­նուած­նե­րու հա­ւա­նու­թեամբ եւ հա­մա­ձայ­նու­թեամբ»։

­Գէորգ Դ Կ.Պոլ­սե­ցի Քէ­րէս­տէ­ճեան (1866-1882) ա­ւե­լի խստա­ցուց այդ կա­նոն­նե­րը, պա­տուի­րե­լով՝ նշա­նադ­րու­թիւ­նը լու­ծա­նե­լու հա­մար դի­մել տեղ­ւոյն ա­ռաջ­նոր­դին կամ յա­ջոր­դին եւ նուէր ստա­նա­լէ յե­տոյ՝ յօ­գուտ բա­րե­գոր­ծա­կան հաս­տա­տու­թեան, ի­րա­ւունք տալ լու­ծա­նե­լու զայն։

Բայց եւ ընդ­հան­րա­պէս տի­րա­պե­տող սո­վո­րու­թիւնն է՝ ե­թէ եր­կու կող­մէն ալ հաշ­տուած ու հա­մա­ձայ­նած են ծախ­քի հա­մար եւ ո­րե­ւէ գան­գատ չեն ներ­կա­յա­ցու­ցած կող­մե­րը՝ նշա­նադ­րու­թիւ­նը խախ­տուած կը հա­մա­րուի ա­ռանց հո­գե­ւոր իշ­խա­նու­թեան մաս­նակ­ցու­թեան ու մի­ջամ­տու­թեան։

Ան­շուշտ, իր բնա­կան ըն­թաց­քին մէջ, նշա­նադ­րու­թեան կը յա­ջոր­դէ՝ պսա­կադ­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ նշա­նադ­րու­թեան նպա­տակն է եւ լրու­մը՝ նշա­նուած­նե­րուն ա­մուս­նա­նա­լը, այ­սինքն՝ պսա­կադ­րու­թիւ­նը։

Պսա­կադ­րու­թիւ­նը կը կա­տա­րուի քա­հա­նա­յի մի­ջո­ցով՝ ե­կե­ղե­ցիի մէջ այն ժա­մա­նակ, երբ ո­րե­ւէ օ­րի­նա­կան ար­գելք չի գտնուիր խոր­հուր­դը կա­տա­րե­լու՝ ե­կե­ղե­ցիի կա­նոն­նե­րուն հա­մա­ձայն։ Պսա­կը, ար­դա­րեւ «խոր­հուրդ» մըն է եւ ի­րա­ւունք ու­նի կա­տա­րե­լու քա­հա­նան։ Պսա­կուող ան­ձե­րուն՝ այր-մար­դուն եւ կին-մար­դուն փո­խա­դարձ եւ ա­զատ կամ­քով հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը անհ­րա­ժեշտ պայ­մա՛նն է պսա­կադ­րու­թեան։ Ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­նոն­նե­րու այս հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ նաեւ պսա­կուիլ մտադ­րող ան­ձե­րու ծնող­նե­րուն մի­ջեւ ալ։ Զոր օ­րի­նակ, Բար­սե­ղի 38-րդ կա­նո­նով՝ ա­ռանց հօր կամ­քի մար­դու գա­ցող աղ­ջի­կը «պոռն­կու­թիւն» ը­րած կը հա­մա­րուէր։

Ինչ­պէս ը­սինք, «օ­րէնք­ներ» եւ «կա­նոն­ներ» պէ՛տք է պատ­շա­ճին ու հա­մա­պա­տաս­խա­նեն ներ­կայ ժա­մա­նա­կի ըն­կե­րա­յին պայ­ման­նե­րուն, ըմբռ­նում­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­լիք­նե­րուն։ Ուս­տի այ­սօր, նման տրա­մադ­րու­թիւն մը մարդ­կա­յին ա­զա­տու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան հա­կա­ռակ կը նկա­տուի, ան­շո՛ւշտ ե­թէ են­թա­կան «օ­րի­նա­կան հա­սու­թեան» հա­սած է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 15, 2016, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 21, 2016