ՅԻՍՈՒՍԻ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԸ

«Օրհնեալ է Աստուած, մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հայրը, որ իր առատ ողորմութեամբ մեզ վերստին ծնաւ, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւն առնելովը ունենանք կենդանի այն յոյսը՝ թէ պիտի ժառանգենք անկեղծ, անարատ եւ անթառամ կեանքը, որ երկինքի մէջ պահուած է ձեզի համար։ Եւ Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ, որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան, որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի» (ՊԵՏՐՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ԿՈՂՄԷ ԳՐՈՒԱԾ ԸՆԴՀԱՆՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՄԱԿԷՆ. Ա 3-5)։ «Հետեւաբար Աստուծոյ հզօր ձեռքին տակ խոնարհեցէք, որպէսզի երբ յարմար ժամանակը գայ՝ ձեզ բարձրացնէ» (Ա ՊԵՏՐ. Ե 6)։

«Ուրիշ անգամ մը, երբ դարձեալ հաւաքուած էին, առաքեալները հարցուցին անոր.- Տէ՛ր, արդեօք հիմա՞ է ժամանակը երբ պիտի վերականգնես Իսրայէլի թագաւորութիւնը։

«Յիսուս պատասխանեց.-

«Դուք չէք կրնար գիտնալ ժամերն ու ժամանակները, որ Հայրը իր իշխանութեամբ որոշած է։ Բայց երբ Սուրբ Հոգին իջնէ ձեր վրայ, զօրութեամբ պիտի լեցուիք եւ իմ վկաներս պիտի ըլլաք Երուսաղէմի, ամբողջ Հրէաստանի եւ Սամարիայի մէջ, եւ մինչեւ աշխարհի ծայրամասերը։

«Այս խօսքերէն ետք, մինչ անոր կը նայէին, Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զԻնք անոնց տեսողութենէն։ Եւ երբ տակաւին առաքեալները իրենց աչքերը երկինք յառած՝ Յիսուսի մեկնիլը կը դիտէին, ահա երկու սպիտազգեստ մարդիկ երեւցան անոնց եւ ըսին.-

«Ո՛վ Գալիլեացիներ, ինչո՞ւ կեցեր երկինքը կը դիտէք։ Այս Յիսուսը որ երկինք համբարձաւ, օր մը դարձեալ պիտի գայ այնպէս՝ ինչպէս անոր երկինք երթալը տեսաք» (ԳՈՐԾ. Ա 6-11)։

Տիրոջ Օրուան եւ Տիրոջ Ս. Պատարագին կիրակնօրեայ հանդիսութիւնը Եկեղեցւոյ կեանքին սիրտն է։ Արդարեւ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ. «Կիրակին, ուր, առաքելական աւանդութեամբ, կը հանդիսակատարուի Զատկական խորհուրդը, պէտք է յիշատակուի ամբողջ Եկեղեցւոյ մէջ իբր պատուիրեալ տօնի գլխաւոր օրը»։

Ուստի, նոյն կերպով պարտին տօնուիլ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան, Յայտնութեան, Համբարձումին եւ Ամենասուրբ Մարմինին եւ Արեան, սրբուհի Մարիամ Աստուածամօր, անոր Անարատ Յղութեան եւ Վերափոխումին, Յովսէփին, Պետրոս եւ Պօղոս առաքեալներուն եւ բոլոր Սուրբերուն օրերը։

«… Յիսուս երկինք համբարձաւ, եւ ամպ մը ծածկեց զԻնք անոնց տեսողութենէն» (ԳՈՐԾ. Ա 9)։ Ամպը խորհրդանիշն է Սուրբ Հոգիի յայտնութեան։ Հին Կտակարանին աստուածայայտնութիւններէն սկսեալ՝  «Ամպ»ը, երբեմն մութ, երբեմն լուսաւոր, կը յայտնէ կենդանի եւ փրկչագործ Աստուածը, քօղարկելով Անոր փառքին վերանցականութիւնը։ Եւ նոյն Ամպն է, որ Համբարձումին օրը աշակերտներուն աչքերէն կը թաքցնէ, կը ծածկէ Յիսուսը, իսկ անոր Գալստեան Օրը պիտի յայտնէ զԻնք՝ Իր փառքին մէջ իբր «Մարդու Որդի». «Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին, որ կու գայ ամպերուն վրայ՝ զօրութեամբ եւ մեծ փառքով» (ՂՈՒԿ. ԻԱ 27)։ Սկիզբէն մինչեւ «լրումը ժամանակներուն» Բանին եւ Հօր Հոգիին զուգակից առաքելութիւնը կը մնան «թաքնուած», սակայն գործօ՛ն։ Աստուծոյ Հոգին կը պատրաստէ Մեսիային ժամանակը՝ ուր թէ՛ Մին թէ՛ Միւսը, թէեւ տակաւին լիովին չեն յայտնուած, սակայն արդէն իսկ «խոստացուած» են, որպէսզի մարդիկ Անոնց սպասեն եւ Անոնց յայտնուելուն ժամանակ զԱնոնք ընդունին։ Ահա թէ ինչո՛ւ Եկեղեցին, Հին Կտակարանը կարդալով, հոն կը պրպտէ ի՛նչ որ «մարգարէներու բերնով խօսած» Հոգին կ՚ուզէ ըսել մեզի Քրիստոսի մասին։

«Ահաւասիկ Ես նորը պիտի գործեմ» (ԵՍ. ԽԳ 19) եւ մարգարէական երկու ուղղութիւն պիտի գծուին՝ ըստ աստուածային արարչագործութեան Ծրագրին, մին դէպի Մեսիայի սպասումը, միւսը՝ դէպի նոր Հոգիի մը աւետումը, եւ երկուքը պիտի համընկնին «Իսրայէլի մխիթարութեան» եւ «Երուսաղէմի ազատագրումին» (ՂՈՒԿ. Բ 25, 38) յոյսով սպասող փոքրաթիւ «Մնացորդին» (ՍՈՓ. Բ 3)՝ Աղքատներուն ժողովուրդին հետ։ Ուստի, Յիսուս Իրեն հայող մարգարէութիւնները կ՚իրագործէ։

Սպասուած «Մեսիային» դիմագիծը կը սկսի յայտնուիլ (ԵՍ. Զ 12), «երբ Եսայի Քրիստոսի փառքին տեսիլքը ունեցաւ» (ՅՈՎՀ. ԺԲ 41), եւ յատուկ կերպով Եսայի ԺԱ 1-2-ին մէջ. «Յեսսէի արմատէն շառաւիղ մը պիտի ընձիւղէ, անոր արմատէն Ծաղիկ մը պիտի բուսնի. Տիրոջ Հոգին անոր վրայ պիտի հանգչի. Հոգի իմաստութեան եւ հանճարի, Հոգի խորհուրդի եւ զօրութեան, Հոգի գիտութեան եւ աստուածպաշտութեան»։

Սուրբ Հոգիին առաքումին ուղղակի՛ վերաբերող մարգարէական բնագրերը պատգամներ են՝ ուր Աստուած կը խօսի Իր Ժողովուրդին սրտին՝ «սիրոյ եւ հաւատարմութեան» շեշտերով եւ խոստումին լեզուով, որուն իրականացումը պիտի հռչակուի Պետրոս Առաքեալի կողմէ Հոգեգալստեան առաւօտը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 13, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մայիս 21, 2020