ԱՂՕԹՔԻ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆԸ

Յակոբոս Տեառնեղբայր, իր ընդհանրական նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ՚օգնէ։ Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չտեղայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ։ Ապա դարձեալ աղօթեց, եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ» (ՅԱԿՈԲ. Ե 16-17)։

Երբ կը կարդանք Յակոբոս Տեառնեղբօր նամակէն այս տողերը, կ՚արժէ հակիրճ ակնարկ մը նետել Եղիա մարգարէի անձին վրայ, որով աւելի դիւրին պիտի ըլլայ հասկնալ Յակոբոս Տեառնեղբօր խօսքերուն իմաստը։

Եղիա մարգարէ Հին Կտակարանին ամենէն ուժեղ եւ եզակի դէմքերէն մին է։ Ան կը ճանչցուի որպէս «կրակի պէս այրող» եւ «կրակի պէս մաքրող» մարգարէ։ Արդարեւ, ան «արդար զայրոյթ»ին մարմնացո՛ւմն է։ Ան տիպա՛րն է՝ «անվախ» ու «ճակատաբաց» մարդուն՝ յանդուգն, խիզախ եւ համարձա՛կ։ Անշուշտ այս բոլոր բարեմասնութիւնները կը պահանջեն զօրաւոր նկարահաստատ կամք, աննկուն կարողութիւն։

Եղիա մարգարէ իր այս նկարագիրը ցոյց կու տայ երբ կ՚ընդդիմանայ համարձակօրէն եւ անվախ կերպով օրուան Իսրայէլի թագաւոր Աքաաբի, որ երկիրը կ՚առաջնորդէր թանձր կռապաշտութեան մոլորութեան։ Ահաւասիկ այս կացութեան դէմ պատրա՛ստ է պայքարելու Եղիա մարգարէն՝ առանձին եւ բոլորովին վստահելով իր իսկ ուժերուն։

Եղիա կ՚ըսէ թագաւորին. «Կաթիլ մը իսկ անձրեւ պիտի չտեղայ երկրիդ վրայ, մինչեւ որ ես կրկին ներկայանամ քեզի» (Գ ԹԱԳ. ԺԷ 1)։

Ահաւասիկ, թագաւորի մը այսպէս ազդարարելու համարձակութիւն ունենալու չափ քաջ, յանդուգն եւ ինքնավստահ էր Եղիա։

Եւ երաշտ կը տիրէ երկրին վրայ։

Երեք տարի յետոյ, Եղիա դարձեալ կը ներկայանայ Աքաաբ թագաւորին։ Եւ ան-վհատ՝ քաջաբար շարունակեց իր պայքարը Եղիան կռապաշտութեան դէմ, յանձն առնելով ամէն վտանգ, ամէն սպառնացող չարիք՝ որոնց պիտի ենթարկուէր։

Ահաւասիկ, թէ՛ երեւոյթով եւ թէ՛ նկարագրով հսկայ եւ զօրաւոր, ուժեղ Եղիան, հակառակ իր այս բարեմասնութիւններուն, իր հրաշագործ կարողութեան, անհամեմատելի քաջութեան եւ խիզախութեան, վերջապէս «մա՛րդ» էր, ինչպէս կ՚ըսէ Յակոբոս Առաքեալ. «մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ» (ՅԱԿՈԲ. Ե 17)։ Հետեւաբար սպառնալիքներէն ի վերջոյ «վախցա՛ւ» եւ հեռացաւ դարձեալ իր երկրէն։ Սինա լերան քարայրի մը մէջ ապաստանեցաւ՝ յուսալքուա՛ծ։ Եւ ահաւասիկ, հոն, այդ յուսալքուած վիճակին մէջ պատահեցաւ հրա՜շքը եւ «մեղմ օդի ձայն» մը լսուեցաւ՝ Եղիա զգաց Աստուծոյ ներկայութիւնը՝ գլուխը ծածկեց եւ ելաւ ու կեցաւ քարայրին մուտքին։ Եւ այդ պահուն Ձայնը ըսաւ. «Ի՞նչ գործ ունիս այստեղ, Եղիա՛»։

Եւ ահաւասիկ, այս հարցումին մէջ կը կայանայ աղօթքի գիտակցութեան արժէքը։ Ուստի աղօթքը կը պահանջէ «շիտակ տեղ» ըլլալ՝ հոն, ուր պէտք է գտնուի մարդ։ Ուստի ոեւէ մարդ, ոեւէ գործիչ, որ գաղափարի հետ է կապուած իր կեանքը, գիտակցութեան սահմաններուն մէջ կը շարժի, եւ կամ իտէալի մըն է նուիրուած, պէ՛տք է գիտնայ իր «տեղ»ը, ըստ այնմ մտածէ, խօսի եւ գործէ։ Գիտակցութիւն կը նշանակէ ճշմարտութեան ճամբուն հետեւիլ, եւ ուրեմն գիտակցութիւնը մարդս ճշմարտութեան կ՚առաջնորդէ եւ ան կ՚ուղղուի դէպի «Ճշմարիտ»ին, եւ ճշմարտութիւնը գտնելու կերպն է՝ յաճախ ունենալ աղօթքի չափ լուրջ եւ ինքնամփոփ պահեր՝ որոնց մէջ պիտի անդրադառնայ, պիտի կարենայ նշմարել իր անձին եւ իր պաշտօնին ու կոչումին իսկական կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, չկայ որեւէ էութիւն աշխարհի վրայ, կենդանի կամ անկենդան, որ տեղ մը չունենայ, եւ թէ՝ դե՛ր մը, կոչում մը, պարտականութիւն մը։ Ամենէն անկարեւոր կամ անպիտանի չըլլայ, բա՛ւ է որ իր «տեղ»ը գտնուի։ Եւ ահաւասի՛կ, աղօթքն ալ զօրաւոր ազդեցութիւն կը գործէ երբ «տեղին» օգտագործուի։ Եւ իւրաքանչիւր էակ, իւրաքանչիւր կենդանի կամ անկենդան արարած անպայմա՛ն եւ անկասկած յարաբերուելու պահանջքը ունի զինք Ստեղծողին հետ, որպէսզի կարենայ գոյապահպանել իր էութիւնը եւ գոյատեւել։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, կը տեսնուի, որ աղօթքը անդրադարձումի եւ ինքնագիտակցութեան հարց մըն է, պատասխան կարենալ տալու այն հարցումին, թէ՝ ի՛նչ գործունէութեան պատճառով կը կայանայ իր կեցութիւնը հոն՝ ո՛ւր որ է։

Արդարեւ, ամէն մարդ, որպէս բանաւոր էակ, պէտք է պատշաճ տեղը գրաւէ, հոն՝ ո՛ւր հաւատարմութեամբ պիտի կարենայ իրականացնել իր կոչումը եւ կատարէ իր դերը՝ որուն համար կը գտնուի աշխարհի վրայ։ Եւ ասիկա կ՚իրագործուի յարատեւ աղօթքով, այսինքն մշտնջենական յարաբերութեամբ Աստուծոյ հետ։ Եւ եթէ մարդ գիտնայ իր տեղը, գիտնայ թէ ո՛ւր է իր կոչման իրականացման վայրը, թէ ո՛ւր է շիտակ տեղը։

Մարդիկ եթէ գիտնային իրենց «տեղ»ը, երբեք հարց պիտի չունենային Աստուծոյ հետ, եւ եթէ գիտնային իրենց չափն ու սահմանը անհամաձայնութիւններ պիտի չծագէին թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հասարակական կեանքի մէջ։ Ուրեմն հարցը իր «տեղ»ը գիտնալու՝ չափաւորութեան մէջ է եւ լուծումը՝ չափ ու կշիռ ունենալու, իրաւունքի եւ պարտաւորութեան համեմատ շարժելու կամ չշարժելու խնդիր է։ Եւ ուրեմն, մարդիկ եթէ իրենց տեղը գիտնային, մէկ խօսքով՝ երջանի՜կ պիտի ապրէին…։

Մարդիկ եթէ գիտնային իրենց «տեղ»ը եւ չափաւորութեան սահմաններուն մէջ ապրէին, պիտի լուսաւորուէին իրենց պարտականութեան զգացումո՛վ։

Պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կը պահանջէ չափաւորութիւնը՝ իր պատշաճ տեղը գիտնա՛լը։

Հոգեկան այսպիսի կացութեան մը անձնատուր եղող մէկը իր մէջ յառաջ կը բերէ բարոյական այնպիսի պայծառութի՛ւն մը՝ ուր կրնայ բովանդակապէս տեսնել ինքզինք, իր էութեան ամենէն մթին ու խաւար խորքերուն մէջ. ըմբռնել իր թերութիւնները, տկարութիւնները, եւ գիտակցիլ ի՛ր առաւելութիւններուն, իր զօրութիւններուն, ուժերուն եւ նաեւ ձգտումներուն։ Ինքնամտածումի այդ րոպէին, ահաւասիկ կը լուսաւորուի, կը պայծառակերպուի եւ կ՚ազնուանայ հոգին։

Եւ այդ պահը ա՛յնքան աւելի հարազատ հանդիսաւորութիւն կ՚ըլլայ հոգիին, որքան աւելի հեռաւոր հորիզոնի մը վրայ բացուի վարագոյրը, որքան աւելի անձին զգացումէն վեր՝ մարդկային ցեղին զգացումը, անհատին հոգիէն վեր՝ ընկերութեան հոգին երեւին հոն։ Ճշմարտապէս մե՛ծ կրնայ ըլլալ ա՛յն անձը միայն, որ իր կոչումին վրայ մտածած պահուն, կրնայ արթնցնել իր արեան մէջ նիրհող ազնուագոյն հին բնազդները, որ կրնայ իր խղճմտանքին մէջ կենդանացած զգալ իր պատմութեան փառաւորագոյն տիպարները։

Հոգեբանական այդ օրէնքին համեմատ է որ Յիսուսի գիտակցութեան մէջ կը վերերեւին եւ իրեն հետ կը խօսակցին Մովսէս եւ Եղիա։

Արդարեւ Մովսէս խորհրդանի՛շն ու տիպա՛րն է օրէնքին, իսկ Եղիա՝ նախանձա-խնդրութեան եւ համոզումը քաջութեա՛ն, ինչպէս եւ Մովսէս՝ արդարութեան։ Ուրեմն այն որ կ՚ուզէ կատարելագործուիլ, տկարութիւնները զօրացնել, թերութիւնները լրացնել՝ պէ՛տք է տիպար ունենայ Մովսէսի արդարութիւնը եւ Եղիայի նախանձախնդրութիւնը, եւ մանաւանդ գիտնայ իրեն նախատեսուած «տե՛ղ»ը՝ չափն ու սահմանը իր իրաւունքին եւ իր պարտաւորութիւններուն։

Չափը գիտնալ իրապէ՛ս առաքինութիւն է եւ ազնուութի՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 17, 2017, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017