Ո՞Վ ԷՐ ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ. ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ

Իր կենդանութեան ընդամէնը երկու գիրք հրատարակեց եւ աշխարհէն հեռացաւ անձայն ու անշշուկ: Սփիւռքի մէջ ծանօթ անուն մը չէր: Իր բանաստեղծութիւններուն պէս ինքն ալ ներամփոփ էր՝ հանրային կեանքէն բոլորովին կտրուած: Սակայն ի վերջոյ չենք կրնար ուրանալ, որ ան որոշ կարողութեան տէր բանաստեղծ էր: Ահա թէ ինչու անհրաժեշտ նկատեցի կարճ անդրադարձ մը կատարել իր անցած ուղիին:

Յակոբ Մանուկեան ծնած է 1937-ին Պէյրութ: Յաճախած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգային երկսեռ նախակրթարանը: 1954-ին աւարտած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը: Պատանի տարիքէն յատուկ սէր ու հետաքրքրութեան ցուցաբերած է գրականութեան հանդէպ: Իր գրական նախափորձերը տպագրած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի «Արփի» աշակերտական պարբերաթերթին, ինչպէս նաեւ «Վերելք» եւ «Լաստ» պատանեկան պարբերաթերթերուն եւ գրող-գրաքննադատ Պօղոս Սնապեանի «Միջնաբերդ» գրական տարեգիրքին մէջ: Հետեւած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի ընկերային գիտութեանց դասընթացքներուն, մասնաւորաբար պատմագրութեան, արդի պատմութեան եւ փիլիսոփայութեան: Մուտք գործած է ուսուցչական ասպարէզ՝ պաշտօնավարելով հայկական զանազան վարժարաններու մէջ որպէս հայերէնի, հայ գրականութեան, անգլերէնի ու միջազգային պատմութեան ուսուցիչ: Միաժամանակ շարունակած է ուսումը՝ «մագիստրոս» տիտղոսին համար: Սակայն 1965-ին, կիսատ ձգելով ուսումը, մտած է բոլորովին այլ ասպարէզ՝ գրեթէ մինչեւ 2000-ականներու սկիզբը որպէս քարտուղար պաշտօնավարելով Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ:

Մանուկեան իր գրական առաջին լուրջ քայլերը նետած է Անդրանիկ Ծառուկեանի «Նայիրի» ազգային-գրական շաբաթաթերթին մէջ՝ 1955-էն 1961 կանոնաւոր աշխատակցութիւն բերելով անոր՝ առաւելաբար չափածոյ գործերով: Այնուհետեւ 1962-ին «Բագին»ի հիմնումէն ետք դարձած է վերջինիս հաւատարիմ աշխատակիցը՝ հոն ստորագրելով յօդուածներ եւ բանաստեղծութիւններ: 

*

1971-ին կը հրատարակէ իր երախայրիքը՝ «Լուսնային ճանապարհով» քերթուածներու հաւաքածոն: Լ. Մկրտչեան «Բագին»ի Նոյեմբեր 1971-ի թիւին մէջ շահեկան գրախօսական մը ունի այս գիրքին մասին: Անդրադառնալով Մանուկեանի բանաստեղծութեանց ընդհանուր կառուցուածքին՝ ան կը գրէ. «Տողերը հիմնականում երկար են, լայնաշունչ ու լայնանիստ՝ հորիզոններ ընդգրկելու միշտ պատրաստ: Խօսքը յորդառատ է, վարար, ինքն իր ուժով շարժուող, ինքն իրենով սնուող եւ առանց նկատելի սեթեւեթութիւնների» (էջ 76): Այնուհետեւ ան վեր կը հանէ անոնց յատկութիւնները. «... Մանուկեանի բանաստեղծութիւնների համար բնորոշ են եւ համաչափ կշռոյթն ու երաժշտականութիւնը: Նրան «ներքին ականջը», պէտք է ասել, լաւ է գործում: Խոտորումներ գրեթէ չկան: Այդ բնագաւառում բծախնդրութեան հասնող մեծ խնամք եւ ուշադրութիւն է նկատւում» (էջ 76): Անոր արժանիքներուն հետ մէկտեղ Մկրտչեան կը մատնանշէ նաեւ թերութիւնները: Ուրեմն ան կը գրէ. «Մանուկեանի գրքում հեղինակը ներկայանում է հոգեբանական ու աշխարհայեացքային ամբողջական դիմագծով, նրա խօսքը գրեթէ միասնական կշռոյթ ունի, իսկ տարբեր երկերի բովանդակութեան միջեւ պատճառաբանուած կապակցութիւններ կան: Սակայն իւրաքանչիւր երկ առանձին վերցրած՝ երբեմն ներքին լայն ճեղքեր ունի, նկատելի անհամաչափութիւններ ոչ թէ ընդհանուր կամ քերականական տրամաբանութեան, այլ բանաստեղծական տրամաբանութեան առումով: Մանուկեանը իր իսկ փորձով երեւի շատ լաւ գիտի, որ բանաստեղծական խօսքը ընդհանրապէս տարբեր է սովորականից» (էջ 78): Այնուամենայնիւ, գրախօսը ընդհանուր առմամբ դրական կարծիք ունի հեղինակին գրական առաջին հունձքին մասին, եւ պէտք է ըսել, որ ան իրաւացի է իր բոլոր դատողութիւններուն մէջ:

1979-ին Մանուկեան լոյս կ՚ընծայէ իր երկրորդ գիրքը՝ «Անրջական վաղորդայն»ը, որ կ՚արժանանայ Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակին: Իր գրչընկերը՝ նոյնպէս բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան, «Բագին»ի Ապրիլ 1980-ի թիւին մէջ այսպէս կ՚արտայայտուի անոր մասին. «Մանուկեանի երկրորդ հանգրուանի հատորին անցնելէ առաջ, պիտի ուզէինք դիտել տալ, որ լեզուական չորութեան, կառոյցի անաւարտութեան, խորհրդանշաններու աղօտութեան եւ չափազանցուած խորհրդապաշտութեան տուրք տալով հանդերձ, «Անրջական վաղորդայն»ը նկատելի յառաջդիմութիւն մըն է՝ բաղդատած «Լուսնային ճանապարհով» (1971) խորագրեալ իր առաջին գրքոյկին հետ» (էջ 78): Ան իր խօսքը կ՚եզրափակէ՝ ըսելով. «Արդարեւ, Մանուկեանի առհասարակ լայնանիստ լեզուն, օրինակ, «Անտառային» ու «Հող եւ հոգեվիճակ» քերթուածներուն մէջ կը դառնայ ինքն իրմէ սնող, կենսունակ ու թափանցիկ ճկունութեամբ շնչող ներկայութիւն մը, «Ուր ղօղանջներ կը պսակուին / հովերու հետ եթերային», լեզուին ներքին «ղօղանջ»ներուն պայծառ պսակադրումը կը ներգրաւէ ընթերցողը, զայն կ՚առնէ իր պարզութեամբ զօրացած, մաքրազտուած թելադրականութեան ոլորտներուն մէջ եւ ընթերցումը կ՚ըլլայ հրճուանք, երբ իրարու կ՚արձագանգեն նման ջերմ ու բիւրեղեայ տողեր՝

Խոհերուդ մէջ դարահանգոյց՝
Հողեղէն երգ կայ,
Հողեղէն ապրում,
Հողեղէն եռք կայ,
Հողեղէն ձգտում:
Ծնունդն է հոգիս
Հողիդ դարաւոր հոգեխառնութեան.
Հողէդ դէպի լոյս,
Դէպի կեանք նետուող՝
Հոգեշրջութեան
Հեքիաթն եմ շրջուն
Եւ ուղեւորն անանցագիր...:

(«Հող եւ հոգեվիճակ», էջ 68)

Մեր համոզումով՝ Մանուկեանի քերթողութիւնը կարիքը ունի այս քնարաշունչ պայծառութեան, վերի տողերը զսպանակած լեզուի ճկունութեան, վարակիչ շունչին, որովհետեւ հայ բանաստեղծութեան աւանդներէն օգտուած բանաստեղծը ունի այն բոլոր տուեալները, որոնք իր քերթուածները կրնան առաջնորդել ծիսակատարութիւն-բանաստեղծութեան կենսունակ ոլորտներուն» (էջ 80):

Պէտք է ըսել, որ յիշեալ երկու գրախօսականները լաւագոյնս կը բնորոշեն Մանուկեանի քերթողութեան կառուցուածքը, նկարագիրը, ինչպէս նաեւ առաւելութիւններն ու թերութիւնները հաւասարապէս:

*

Իր վերջին գիրքէն՝ «Անրջական վաղորդայն»էն ետք Մանուկեան վստահաբար շարունակեց ստեղծագործել: Իր բանաստեղծութիւնները երեւցան «Բագին»ի, «Հասկ»ի եւ «Կամար»ի էջերուն մէջ:

Սա կը նշանակէ, որ լոյս աշխարհ գալու սպասող քերթողագիրքեր կան տակաւին: Անոնք կրնան իրականանալ, եթէ օր մը մէկը նկատէ ու մտածէ զանոնք դուրս բերել մամլոյ հաւաքածոներէն:

Իսկ թէ ուրիշ անտիպներ կա՞ն հոս ու հոն, չեմ գիտեր: Այս մասին ստոյգ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունիմ: Հետեւաբար սխալ է ենթադրութիւններով խօսիլ նման նիւթերու շուրջ: Աւելի լաւ է սպասել ու տեսնել:

*

Մանուկեան մահացաւ 2014-ին:

Եղաւ ճշմարիտ բանաստեղծ մը՝ գերզգայուն, ներամփոփ ու մենակեաց. ապրեցաւ բոլորէն հեռու, իրեն համար ստեղծած աշխարհին մէջ, ինքն իր անձին հետ դէմ առ դէմ, եւ հեռացաւ լռիկ-մնջիկ՝ չզգացնելով նոյնիսկ իր մեկնումը:

Անհրաժեշտ է վերարժեւորել անոր գրականութիւնը, մանաւանդ ի մի հաւաքել ու լոյս ընծայել «Բագին»ի, «Հասկ»ի եւ «Կամար»ի մէջ տպուած ու ցարդ գիրքի մէջ չամփոփուած իր բանաստեղծութիւնները:

Յատկապէս որ իրմէ նուազ տաղանդաւոր բանաստեղծներ կամ, ըսենք, գրչակներ շատ աւելի «լայն ուշադրութեան» արժանացած են առհասարակ:

Մտածենք այս մասին...

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Երկուշաբթի, Յունիս 21, 2021