ԽՂՃԻ ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԻՒՆ
Ո՜րքան կարեւոր է, սիրելի՜ներ, ներքին խաղաղութիւնը եւ խղճի անդորրութիւնը մարդուս համար։ Ոմանք կ՚ըսեն, թէ՝ մարմնական առողջութիւնը, ֆիզիքական կատարելութիւնը անհրաժե՛շտ է մարդուս երջանկութեանը համար։ Ճի՛շդ է, մարմնական առողջութիւնը կարեւոր ազդակն է անշուշտ, ֆիզիքապէս զօրաւոր ըլլալ՝ անուրանալիօրէն անհրաժե՛շտ է երջանկութեան համար։ Այս երկուքը գլխաւոր ազդակներ են բարոյական բարձր տրամադրութեան, որ ընդհանրապէս «երջանկութիւն» կ՚անուանուի։
Բայց, խնդրեմ, սիրելի՜ բարեկամներ, անգամ մը խորհեցէ՛ք, մարդ մարմնապէս եւ ֆիզիքապէս առողջ եւ զօրաւոր է, այդ մասին որեւէ հարց չունի, եւ սակայն ներքին խաղաղութիւն, խղճի անդորրութիւն չունի՛։ Ապա ուրեմն, կարելի՞ է «երջանիկ» համարել այդ մէկը, եթէ անշուշտ երջանկութիւնը կեանքի նպատակ կ՚ընդունինք, ինչպէս ընդհանրապէ կ՚ընդունուի։
Ուրեմն, պահ մը խորհինք եւ հարցնենք. ի՞նչ է «երջանկութիւն» ըսուած հոգեվիճակը՝ որ շատերու նպատակն է։
«Երջանկութիւն» ըսելով, ընդհանրապէս կը հասկցուի կատարեալ ըլլալ, որեւէ թերութիւն, տկարութիւն չունենալ թէ՛ մարմնապէս, թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ մտապէս, մտային պակաս չունենալ, գոհացած ըլլալ, պահանջքը չզգալ որեւէ բանի՝ ըլլա՛յ նիւթական, ըլլա՛յ բարոյական։
Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին դուք, սիրելի՜ բարեկամներ։
Եթէ մէկը պակաս մը չունի, երջանիկ պէտք չէ՞ համարուի։
Ուրեմն երջանկութիւնը «կատարելութիւն» է եւ լիութի՛ւն։
Զոր օրինակ, մէկը առողջ է մարմնապէս, բայց հոգեպէս «պակաս» մը կը զգայ, ներքնապէս խաղաղ չէ, խղճի անդորրութիւնը կը պակսի իրմէ, ապա ուրեմն երջանի՞կ է այդ մարդը։
Արդարեւ, երբ բան մը կը պակսի, այդ կը նշանակէ՝ «անկատարութիւն»։ Ամբողջ չէ այդ կեանքը։
Հիւանդը, ախտաւորը բժշկուելու եւ իր առողջութիւնը վերագտնելու համար, բնականաբար կը դիմէ բժիշկին։ Բայց ընդհանրապէս, մարդիկ իրենց ներքին խաղաղութիւնը գտնելու համար որեւէ ճար ու դարման փնտռելու կը յուլանան, անտարբեր կը վարուին, անփոյթ կը մնան այդ մասին։
Մինչդեռ հոգեկանն ալ նո՛յնքան կարեւոր է մարդկային կեանքին համար, ո՛րքան մարմնականը եւ ֆիզիքականը։
Պահ մը դիտեցէ՛ք ձեր շուրջը, սիրելի՜ներ, պիտի տեսնէք, որ այսօր աշխարհ նիւթականացած է ամբողջութեամբ, եւ մարդիկ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն աւելի՛ տեսանելի եւ շօշափելի արժէքներու, մարմնականներու եւ ֆիզիքականներու։ Այս կը նշանակէ, թէ աւելի՛ կարեւորութիւն կու տան, աւելի՛ հոգ կը տանին մարմինին, քան հոգիին, կամ հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներու յատկապէս։
Բնութեան օրէնք է. մարմինը եւ մարմին ունեցող էակը վերջ մը ունի՝ ի վերջոյ կը մեռնի, իսկ անմարմինը՝ հոգին վերջ չունի՝ յաւիտենական է։
Խորհինք եւ հարցնենք. արդեօք ա՞յդ է պատճառը, որ մարդիկ մարմինին աւելի խնամք ցոյց կու տան, մարմինին աւելի հոգ կը տանին, որպէսզի քիչ մը աւելի ո՞ւշ մեռնին։ Ուրիշ խօսքով, քանի որ հոգին անմահ է, ապա ուրեմն հոգեկանը ապահով է իրենց համար։ Չ՚արժե՞ր մտածել այդ մասին…։
Մարմինը քանի որ մահուան ենթակայ է, ուրեմն անոր պէտք է հոգ տանիլ, խնամել, դարմանել, իսկ հոգին, կամ հոգեւոր արժէքներ, ապահովուած են, քանի որ յաւիտենական են, չեն մեռնիր, ապա ուրեմն այնքան խնամքի պէտք չունին։ Այսպէ՞ս կը խորհին անոնք, որ հոգիին պէտք եղած խնամքը ցոյց չեն տար։ Իրականութեան մէջ, ցնորական, մտացածին մտածում մըն է ասիկա, որ երբեք չի՛ ցոլացներ իրականութիւնը։
Հոգեւոր արժէքներու խնամք տանելու մէջ մարդիկ կ՚ալարին, ետ կը մնան պարզապէս անոր համար, որ իրենց համոզումով, նիւթեղէնը՝ մարմնաւորը կամ ֆիզիքականը արժէք ունի, քանի որ ան է տեսանելին եւ շօշափելին։ Իսկ անտեսանելին եւ անշօշափելին՝ անոնց համար անգոյ է, այսինքն գոյութիւն չունի, երեւակայական է եւ յերիւրածո՛յ։ Եւ մարդիկ «յերիւրածոյ»ի մը այնքան կարեւորութիւն չեն ընծայեր, քան տեսանելի եւ շօշափելի նիւթեղէնին՝ մարմնաւորին։
Մինչդեռ անտեսանելիին եւ անշօշափելիին անդրադառնալ, անոնց գոյութիւնը զգալ եւ ճանչնալ՝ առաքինութիւն է, իմացականութիւն՝ որ «հասկնալու կարողութիւն» կը պահանջէ։
Եւ այսօր, մարդիկ կ՚անտեսեն խղճի անդորրութեան, ներքին խաղաղութեան եւ մաքուր սրտի մկ անհրաժեշտութիւնը իրենց կեանքէն ներս։ Անոնց համար մարմնապէս առո՛ղջ ըլլալ բաւարար է «կատարեալ» ըլլալու, անթերի եւ զօրաւոր, եւ ուրեմն երջանիկ ըլլալու համար։
Զոր օրինակ, խորհինք պահ մը. մարմնապէս առողջ մէկը եթէ անարդարութեան եւ անիրաւութեան ենթարկուի, ի՞նչ կը զգայ։ Եւ այդ պահուն կը խորհի՞, թէ՝ քանի որ ֆիզիքապէս կատարեալ է, առո՛ղջ է, ապա ուրեմն, կարեւորութիւն չունի, հոգ պէտք չէ ընէ, թէ ինք անիրաւութեան եւ անարդարութեան մատնուած է՝ բարոյապէս վնասուած եւ վիրաւորուած է։
Անիրաւուած մէկը, այդ պահուն կը խորհի՞ արդեօք իր մարմնական առողջութիւնը եւ թէ քանի որ առողջ է, ուրեմն որեւէ հարց չկա՛յ…։
Եւ դարձեալ, ձախողութեան, անյաջողութան կամ պարտութեան մատնուած մէկը ի՞նչ կը զգայ, եւ ի՞նչ կը մտածէ. «հոգ չէ՛ որ պարտուեցայ, կը բաւէ որ մարմնապէս առո՛ղջ եմ, չե՛մ վնասուած եւ չե՛մ վիրաւորուած…», թէ՝ «ինչո՞ւ այս դժբախտութիւնը, ինչո՞ւ այս ձախորդութիւնը, այս փորձանքը ինծի պատահեցաւ…», ըսելով կը մտատանջուի, կը տրտմի եւ գուցէ մարմնական առողջութեան ալ վատթարացման պատճառ կը դառնայ։
Եւ այս բոլոր օրինակները մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ հանդիպուած իրադարձութիւններ են, օտար չեն անոնք, որոնց վրայ իրապէ՛ս կ՚արժէ խորհրդածել, քանի որ անոնք անբաժա՛ն են կեանքէն։ Եւ անոնք ընթացք կու տան կեանքին, կ՚ազդեն եւ կը տպաւորեն կեանքը։
Իրականին՝ մարմնաւորը, այսինքն ֆիզիքականը, հոգեկանը եւ մտայինը կ՚ազդեն իրարու, կը տպաւորեն իրար, վիճակ կ՚որոշեն, ընթացք կու տան եւ բախտորոշ դեր մը կը խաղան կեանքին մէջ։ Եւ ո՛չ մէկը կարելի է զանց առնել, քանի որ երեքն ալ բաղկացուցիչ դեր ունին «կատարեալ մարդ»ուն կազմաւորման մէջ։ Եւ ուրեմն, սխալ է միայն մէկուն կարեւորութիւն ընծայել, եւ ըսել. «մարմնապէս առողջ եմ, ուրեմն հարց չունիմ, կատարեալ եմ», ինչպէս նաեւ սխա՛լ է՝ միայն հոգեկան կամ միայն մտային կեանքին կարեւորութիւն տալ եւ միւսները անտեսել։ Ուստի եւ մէկէն հրաժարողը, կերպով մը հրաժարած կ՚ըլլայ նաեւ միւսներէն, գոնէ մասամբ չափով մը։
Այս պատճառով է, որ մարդուս համար ո՜րքան կարեւոր եւ անհրաժեշտ է իր ֆիզիքական էութիւնը, ն՛ոյնքան կարեւոր է հոգեկանը եւ մտաւորը։
Այո՛, մարմինը զօրաւոր պահենք, բայց հոգին ալ ազնուացնենք եւ միտքը՝ զարգացնե՛նք։ Չվստահինք եւ չապաւինինք միայն մեր մարմնական առողջ վիճակին, այլ հոգ տանինք նաեւ հոգիին եւ խնամենք միտքը՝ զօրացնենք մարմինը, ազնուացնենք հոգին եւ մշակենք միտքը, որպէսզի կատարեալ ըլլանք ե՛ւ երջանիկ։ Եւ ի՜նչ երջանկութիւն է հանդարտ ու խաղաղ հոգի մը, հանգիստ խիղճ մը եւ մշակուած միտք մը ունենալ՝ առո՛ղջ մարմինի մը մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 15, 2016, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/12/2024
- 11/12/2024