ՏՕՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Կեանքի հակասութիւններուն նուազագոյնը չէ անշուշտ այն ձգտումը՝ որ տղաները կը մղէ հասուն տարիքի լրջութիւնը կեղծելու, եւ հասուններու մեծագոյն ցաւն ալ է կորուստը մանկութեան կամ երիտասարդութեան խօլ պատրանքներուն՝ որոնց մօտենալու տենչը կը գալարէ զիրենք։

Խորաթափանց դիտութեամբ մերկացնելէ ետքը աշխարհը եւ կեանքը այն սիրուն խաբէութիւններէն, որոնցմով հաճելի է մարդկային մտքին զարդարուիլը, իրերու մերկութիւնը կը խրտչեցնէ զմեզ, եւ առաջին փափաքը, որ կը զգանք, պաճուճելն է նորէն կեանքը ենթադրական շատ մը պայմաններով, որոնց ստութիւնը եւ սնոտիութիւնը մոռնալու չափին համեմատական են շատ անգամ կեանքէն քաղուած հաճոյքները։

Երեւակայութիւնը սնուցանելու այն զօրաւո՛ր պահանջքը, բանաստեղծութեան այն անդիմադրելի՜ պէտքը՝ որ մարդկային բնութիւնը սնուցանող էական տարրերէն մէ՛կն է, շատ քիչ անգամ կը հաւնի «մերկ»ին, ի՛նչ ձեւի մէջ ալ ներկայանայ այն։ Նոյնիսկ «ճշմարիտ»ը հաճելի չէ իրեն չոր ու ցամաք վիճակի մը մէջ։

Բարոյական, ինչպէս նիւթական աշխարհին մեծ անհրաժեշտութիւններն են այն հազար ու մէկ «ոչինչ»ները՝ որոնք առանց խաթարելու իրերու բնութիւնը, առանց «ճշմարիտ»ին վնաս հասցնելու, կը գոհացնեն մտքին եւ հոգիին գեղագիտական պահանջները։

Գեղեցիկի, սեթեւեթներու պահանջը ա՜յնքան զօրաւոր է մարդուս մէջ, որ աշխարհիկ կեանքի, կրօնային համոզումներու եւ հաւատալիքներու ազդեցութենէն գեր ի վեր՝ կը ներգործէ ամենէն սկեպտիկ ընկերութիւններու, ինչպէս ամենէն եպիկուրեան միջավայրերու վրայ ա՛լ. իր ազդեցութիւնը համայնական է. ո՛չինչ, գրեթէ ոչինչ կը վրիպի իրմէ։

Գիտական եւ փիլիսոփայական ըմբռնումը որեւէ բան չի զանազաներ այս օրը երէկ-ւընէ կամ վաղուընէ, եւ պատճառ մը չկա՛յ մասնաւոր նշանակութիւն մը տալու տարւոյն այսինչ կամ այնինչ թուականին, քանի որ ժամանակի այդ պայմանադրական բաժանումները արդէն իրենց նշանակութիւնը կը կորսնցնեն գիտունին աչքին առջեւ՝ որուն համար բնութիւնը՝ օրէնքներու յարատեւ շարունակութեան եւ յաւիտենական կանոնաւորութեան մը մէջ կը կայանայ։ (Emile Boutroux, “Science et Religion Dans la Philosophie Contemporaine”, 1908)։

Այն տեսակ գիտական եւ փիլիսոփայական ըմբռնումը, որուն տեսակէտով ջիղերու մասնաւոր տրամադրութիւն մըն է հաճոյքի այն համբաւաւոր փոխանակութիւնը՝ որուն «ՍԷՐ» անունը կու տանք մեր տգիտութեանը մութին մէջ, կրնայ նմանապէս գիտական ցամաք եզրերու վերածել նիւթական եւ բարոյական աշխարհի բոլոր երեւոյթներն ալ միանգամայն։

Սակայն գիտութեան այս բացարձակ ճշմարտութիւններուն հասնելէ ետքը, ի՜նչ ահագին փախուստ մը անոնցմէ, նոյնիսկ մեր երջանկութենէն։

Մարդիկ միշտ պիտի սիրեն գիտութեան «ցամաքութիւն»ներէն եւ փիլիսոփայութեան «տափակութիւն»ներէն հեռանալ՝ սրտի եւ մտքի «պայմանադրական յատկութիւններ» ընծայելով կեանքին։

Ահաւասիկ, այս իմաստով, տօները՝ ինչպէս կ՚ըմբռնենք զանոնք կրօնական եւ ընկերային-մշակութային կրկին տեսակէտով, կեանքի ճշմարիտ պահանջները, պէտքերը ըլլալէ զատ, լաւագոյն փորձաքարեր են միանգամայն համայնքներու բարոյական եւ գեղագիտական ձգտումները դատելու համար։

Մի քանի դար առաջ, երբ գրեթէ բան մը չէր ձգուեր ֆրանսական ընկերութեան մէջ հին ատենի պայմանադրութիւններէն, կարելի չեղաւ մէկդի նետել տօները իբրեւ հինին բեկորները. ամէն պատմութիւն վերծանող, հետաքրքրութեամբ կարդացած է մանրամասնութիւնները այն աշխարհիկ հանդիսաւորութիւններուն՝ որոնցմով յագուրդ կը տրուէր այն ատեն ֆրանսացիներուն, եւ մանաւանդ բարիզցիներուն հոգեզեղ տենչանքներուն, փափաքներո՛ւն։

Արդարեւ, ամէն շրջանի եւ ամէն ընկերային-մշակութային միջավայրերու մէջ նոյն երեւոյթը կարելի է տեսնել՝ մեծ կամ փոքր տարբերութիւններով։ Ուստի, ասիկա, աւանդապահութեան եւ աւանդապաշտութեան հարց մըն է, եւ կը նշմարուի գրեթէ ամէն տեղ։

Ամէն ատեն եւ ամէն միջավայրի մէջ հանդէսները «տօնելու ձեւ»ը միշտ բան մը արտայայտած է հաւաքականութիւններու բարոյական եւ մտաւորական վիճակի մասին։ Հասարակութիւն մը մտաւորապէս եւ բարոյապէս ալ այնքան բարձր վիճակի մը մէջ կը գտնուի, ո՛րքան զգացումներու ազնուութեան եւ գեղագիտական փափկութեան նշաններ կը կրեն այն պայմանադրական բոլոր ձեւերը, որոնց արտայայտութիւնն է տօնը։

Այս տեսակէտէն դատելով տօները, զոր օրինակ՝ կաղանդը, անոր մէջ առաջին պարագան, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ, արարողութիւններու նշանակի՛չ ձեւն է, որոնցմով կ՚ողջունէ եկեղեցին նոր տարիին գալուստը կամ սկիզբը։

Ստեղծագործութեան պատմութենէն սկսելով՝ Իսրայէլի կեանքին բոլոր գլխաւոր եղելութիւնները՝ որոնք կը կարդացուին պլպլացող կանթեղներու խորհրդաւոր լոյսին տակ, աղօթքները՝ որոնք իբր բուրվառումներ կը դիմաւորեն նոր տարին, եւ մեղեդիներու երանութեանը մէջ՝ արշալոյսը, որ կամաց կամաց կու գայ ճերմկցնել տաճարին խորհրդաւոր աչքերու պէս խորունկ պատուհանները, միստիքական «վսեմ»ի մը անուրանալի նշանները ունին, որոնց առջեւ ստիպուած է խոնարհիլ ամենէն դժուարահաճ գեղագիտութիւնն իսկ։

Եկեղեցիին մեծ տօները գիշերային արարողութիւններով հանդիսաւորելու սովորութիւնը՝ որ ուրիշ արեւելեան եկեղեցիներէ աւելի՛ շեշտուած է Հայ Եկեղեցիին մէջ, նախնիներու գեղագիտական ձեգտումներուն մեծարժէք բեկորներէն մէկն է։ Եկեղեցին՝ տոհմային աւանդութիւններու այն հաւատարիմ պահպանողը՝ իր ծէսերուն եւ երգերուն մէջ ուրիշ բեկորներ ալ պահած է դեռ գեղագիտութեան այս ձգտումէն։

Եւ եթէ՝ դարերու հոլովումին մէջ, ժամանակը՝ տաճարէն դուրս խիստ քիչ բան ձգած է, մեր հին գեղագիտութենէն, սակայն ընտանեկան եւ ընկերային կեանքի երեւոյթները՝ որոնց արտայայտութեան առիթ կ՚ըլլան տօները, մեր տոհմային կեանքին մէջ, հինին դրոշմէն աւանդական բաներ կը կրէ նմանապէս։

Արդարեւ, տօները ունին իրենց հոգեբանութիւնը, որուն թափանցելով՝ տօները աւելի՛ հաճելի կը դառնան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 17, 2018, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յուլիս 21, 2018