ԻՆՔՆԱՎՍՏԱՀՈՒԹԻՒՆ
«Եղէ՛ք թռչունի մը նման, որ զինք կրելու անկարող ճղճիմ ճիւղի մը վրայ նստած, կ՚երգէ ուրախ զուարթ. ի՛նչ հոգ, եթէ այդ բարակուկ ճիւղը կոտրի, ան գիտէ թէ թեւեր ունի»։
VICTOR HUGO
Ինքնավստահութիւնը հաւատքի խնդիր մըն է եւ ո՛չ թէ ապացոյցի։ Մարդ երբ գիտէ, որ վստահելի «Անձ» մը կայ իր քով, գիտէ, որ այդ վստահելի «Անձ»ը տուած է իրեն ինքնավստահութեան այդ մոգական ուժը, ան ապահով է, չի՛ մտահոգուիր եւ կը վստահի՛ այն «Անձ»ին՝ որ գիտէ, թէ պիտի հասնի իր նեղութեանը մէջ, պիտի հոգայ, պիտի խնամէ զինք։ Եւ ի՜նչ երանութիւն է ունենալ վստահելի «Անձ» մը՝ որուն տուած ուժով, ինքնավստահութեամբ ապահով կ՚ապրի կեանքը…։
Երբ Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Տէրը իմ հովիւս է. ես որեւէ բանի կարօտութիւնը պիտի չունենամ», (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1), ահաւասիկ կը խօսի այն վստահելի «Անձ»ին մասին, որ Աստուա՛ծ է։
Եւ թռչունին իսկ երբ տուած է այդ ինքնավստահութիւնը, հապա մարդուն կարելի՞ է որ տուած չըլլայ, կարելի՞ է որ Իր արարածը չխնամէ, չհոգայ, քանի որ Ան որքան Ստեղծիչ, նոյնքան ալ Նախախնամ է, եւ երբե՛ք չի թողուր իր արարածը։
Վստահէ՛ Աստուծոյ, վստահէ՛ Անոր տուած ուժին՝ ինքնավստահութեան, եւ պիտի ապրիս ապահովութեան մէջ՝ երջանիկ։
Արդարեւ, արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածը ինքզինքին։ Չի տար անոր միայն ծնունդ եւ կեանքի գոյատեւում. այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին՝ ապահովութեան մէջ։
Ճանչնալ այս կատարեալ, անթերի առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբի՛ւր է իմաստութեան եւ ազատութեան, ուրախութեան եւ վստահութեա՛ն։ Ուստի, Աստուած գերիշխան Տէրն է Իր ծրագրին։ Սակայն անոր իրականացումին համար, Ան կ՚օգտագործէ նաեւ արարածներուն գործակցութիւնը, անոնց տալով ինքնավստահութեան զօրութիւնը, կարողութիւնը։ Ինքնավստահութեամբ, մարդ կը գործակցի Աստուծոյ գործին…։
«Անոր մէջ մենք ունինք կեանք, շարժում եւ գոյութիւն» (ԳՈՐԾ. ԺԷ 28)։ Ըստ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի. «Ինք աւելի բարձր է քան իմ մէջս գտնուող բարձրագոյնը, աւելի մտերիմ քան մտերմութիւնը»։ Արարչագործութիւնը ունի իր իւրայատուկ լաւութիւնը, բարութիւնը եւ կատարելութիւնը. բայց ան Արարչին ձեռքերէն չելաւ բոլորովին աւարտած։ Ան ստեղծուեցաւ «ընթացողի վիճակի մէջ», ան կ՚ընթանայ դէպի նուաճելի վերջին կատարելութիւն մը՝ որուն սահմանած է զայն Աստուած։
Հոն կը տեսնուի, որ Սուրբ Հոգին՝ գլխաւոր հեղինակը Սուրբ Գիրքին, յաճախ արարքներ կը վերագրէ Աստուծոյ, առանց յիշատակելու երկրորդական պատճառները։ Ասիկա արտայայտուելու նախնական կերպ մը չէ, այլ խորունկ միջոց մը յիշեցնելու Աստուծոյ գլխաւորութիւնը եւ բացարձակ տէրութիւնը պատմութեան եւ աշխարհի վրայ եւ այսպէսով՝ մեզ վստահութեան վարժեցնելու Իրեն հանդէպ։ Եւ Սաղմոսերգուին աղօթքը ամենամեծ դպրոցն է այս վստահութեան։
Պատուէրներուն առաջինը կ՚ընդգրկէ հաւատքը, յոյսը եւ սէրը։ Արդարեւ, ո՛վ որ Աստուած կ՚ըսէ, կը մատնանշէ էակ մը՝ մնայուն, անփոփոխ՝ միշտ նոյնը, հաւատարիմ, կատարելապէս արդար եւ վստահելի՛։
Հետեւաբար մենք պէտք է անհրաժեշտաբար եւ առանց վերապահութեան ընդունինք Անոր Խօսքերը եւ Անոր հանդէպ ունենանք ամբողջական հաւատք եւ յոյս։ Ան ամենակարող է՝ բարեսիրտ, անհունօրէն տարուած բարիք գործելու՝ որուն բնութիւնն է բարութիւն։ Ո՞վ պիտի կարենար իր ամբողջ յոյսերը Անոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պիտի կարենար չսիրել զինք՝ դիտելով բարութեան եւ խանդաղատանքին գանձերը՝ զորս Ինք սփրեց մեր վրայ։ Այս պատճառով, ահաւասիկ Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ Իր պատուէրներուն թէ՛ սկիզբը եւ թէ՛ վերջը կը գործածէ սա բանաձեւը. «Ես եմ Տէրը»։
«Ճշմարտութիւնը սկիզբն է Քու խօսքիդ, յաւիտենական են Քու արդար դատաստաններդ», կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն. (ՃԺԷ 2), (ՃԺԹ 160)։
Աստուծոյ ճշմարտութիւնը Անոր իմաստութիւնն է, որ կ՚իշխէ արարչագործութեան կարգ եւ կանոնին եւ աշխարհի կառավարումին վրայ։ Աստուած որ առանձին ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, Ինք միայն կրնայ տալ ամէն արարածի ճշմարիտ ճանաչումը՝ Իրեն հետ անոր ունեցած առընչութեան գծով։ Եւ այն որ ճշմարտութեան իրականացո՛ւմն է՝ վստահելի՛ է։
Աստուծոյ սէրը յաւիտենական է. (ԵՍ. ԾԴ 8)։ «Որովհետեւ լեռները կրնան շարժիլ, բլուրները կրնան փոփոխուիլ, բայց Իմ սէրս պիտի չպակսի» (ԵՍ. ԾԴ 10)։
Աստուած կրնայ ապագան յայտնել Իր մարգարէներուն կամ նաեւ ուրիշ սուրբերու։ Քրիստոնեայ ուղի՛ղ կեցուածքը սակայն կը կայանայ ապագային նկատմամբ ինքզինք վստահութեամբ Նախախնամութեան ձեռքերուն յանձնելու մէջ եւ այս մասին մէկդի դնելով ամէն վատառողջ հետաքրքրութիւն։
Անհեռատեսութիւնը կրնայ պատասխանատուութեան պակաս մը գոյացնել։
Վստահութի՛ւն. անպատճառ ապացուցանելո՞ւ է Աստուած, որ Աստուած իրականութիւն դառնայ։ Իրականութիւնը ապացոյցէն գերազանց է։ Աստուծոյ իրականութիւնը, ապացուցանելու հարց մը չէ՝ Անոր իրականութիւնը, ապացուցանելի կամ ո՛չ, ապացոյցէ կախեալ չէ։ Աստուած ճշմարտութի՛ւն է…։
Այն որ ճշմարտութիւն է՝ ապացուցանելու պահանջքը չունի եւ անվերապահօրէն վստահելի՛ է։
Մարդկային ամէն արարք աստուածային ճշմարտութեան հիման վրայ պէտք է դրուի եւ մնայ անսասան հաւատքի վրայ՝ որ կ՚ենթադրէ կատարեալ վստահութիւն։ Եւ մարդուս համար ո՜րքան երջանկաբեր է գիտնալ, թէ վստահելի «Անձ» մը ունի իր քով, որ կը հոգայ, կը խնամէ զինք ամէն նեղութեան, ամէն դժուարութեան մէջ։
Մարդ ինքզինք ապահով կը զգայ, երբ գիտէ, որ վստահելի «Մէկը» միշտ կը հոգայ, կը խնամէ զինք…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 17, 2020, Իսթանպուլ