ԱՄԵՐԻԿԱ՝ ԵՐԷԿ ԵՒ ԱՅՍՕՐ
Աւելի քան դար մը առաջ՝ 1905 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հրատարակուի «Արծիւ» կիսամեայ ազգային, գրական եւ քաղաքական հանդէսը: Ցեղասպանութենէն առաջ Պոսթոնի մէջ հայերէն թերթի մը գոյութիւնը փաստն է այդտեղ գոյութիւն ունեցող հայկական գաղութի մը, որ կարիքը զգացած է նաեւ մամուլի՝ ամրապնդելու համար իր հայութիւնը:
«Արծիւ» հանդէսի 15 հոկտեմբեր 1905 թուականի թիւին մէջ Հասկաքաղ գրչանունով գրող մը կը հրատարակէ «Փութկոտ Նիւ Եորքը» խորագրեալ գրութիւնը, որուն մէջ յօդուածագիրը կը փորձէ ներկայացնել Ամերիկայի արագ ընթացող կեանքը. գրողի խօսքերով «Նիւ Եորքցիները առհասարակ կը մեղադրուին քիչ մը շատ աճապարող ըլլալնուն համար»: Ամերիկա մինչեւ օրս յայտնի է իր աճապարող կեանքով ու չես գիտեր ինչպէս, նոր գաղթողներ անգամ անմիջապէս կ՚որդեգրեն արագ ապրելակերպը ու յանկարծ «ժամանակ չունիմ»ը աւանդական կը դարձնեն:
Նման յօդուածներ օգտակար են անցեալը համեմատելու համար ներկային հետ. մեր ներկային մասին գրելը անպայմանօրէն կ՚օգնէ ապագայ անյայտ ընթերցողին, որպէսզի կարենայ համեմատական մը ընել անցեալին ու ներկային միջեւ:
Ուսումնասիրենք այդ տարբերութիւնները.-
Ա.- ՈՃԻՐ. Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ 1905 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մէկ ժամուան ընթացքին մէկ ոճիր կը կատարուի. մերօրեայ վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ, թէ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ օրական դրութեամբ կը կատարուի աւելի քան 350 ոճիր: Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ 5191 հոգի տարեկան դրութեամբ կը սպաննուի, սակայն մերօրեայ վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ 3,464,231 հոգի:
Բ.- ԱՐԿԱԾ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ վեց ժամը մէկ ամերիկացի մը ինքնաշարժի արկածի զոհ կը դառնայ. մերօրեայ վիճակագրութիւն մը կը յայտնէ, այսօր մէկ ժամուան ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ 830 ինքնաշարժի արկած տեղի կ՚ունենայ, որոնցմէ 118-ը մահուամբ կ՚աւարտի:
Գ.- ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ տասը ժամ անգամ մը անձ մը ինքնասպան կ՚ըլլայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. ըստ Հասկաքաղի 1905 թուականին տարեկան 853 հոգի անձնասպան կ՚ըլլայ: Մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ տարեկան 45 հազար մարդ անձնասպան կ՚ըլլայ:
Դ.- ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ օրական դրութեամբ աւելի քան 20 ամուսնութիւն տեղի կ՚ունենայ: Մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ այսօր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ օրական դրութեամբ աւելի քան 700 պսակադրութիւն տեղի կ՚ունենայ:
Ե.- ԱՄՈՒՍՆԱԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ ամուսնացող զոյգերէն քառասունէն մին կ՚ամուսնալուծուի. մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ տարեկան դը-րութեամբ 689,308 զոյգ կ՚ամուսնալուծուի:
Զ. ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ ժամը անգամ մը գաղթական մը կը մտնէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, այսինքն մօտաւորապէս օրը 24-30 հոգի. մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ օրական դրութեամբ աւելի քան 2300 գաղթական մուտք կը գործէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Է.- ՇԻՆՈՒԹԻՒՆ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ 1905 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շինուած է աւելի քան 10 հազար շէնք ու բնակարան: Մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տարեկան 1,434,000 շէնքեր ու բնակարաններ կը կառուցուին:
Ը.- ՀՐԴԵՀ.- Հասկաքաղ կը յայտնէ, թէ 1905 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ժամը անգամ մը կը պատահի հրդեհի պարագայ մը. այսինքն օրական 25-30 հրդեհ։ Մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ 2021 թը-ւականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած է 1,350,000 հրդեհի դէպք, այլ հաշուով օրական դրութեամբ 3700 դէպք:
Թ.- ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ.- Հասկաքաղ տակաւին կը յայտնէ, թէ վայրկեանը անգամ մը մէկը կը ձերբակալուի, ամէն տասը վայրկեանը անգամ մը գինով մը կը ձերբակալուի, իսկ ամէն քսան վայրկեանը՝ գող մը: Այլ հաշուով երկու ժամը անգամ մը նոր բանտարկեալ մը կ՚աւելնայ: Մերօրեայ վիճակագրութիւններ կը յայտնեն, թէ տարեկան աւելի քան 3 միլիոն մարդ կը բանտարկուի եւ մօտաւոր 650 հազար մարդ ազատ կ՚արձակուի:
***
Ինչպէս ընթերցողը պիտի նկատէ, վիճակագրութեան հիման վրայ գրեթէ ամէն բան աւելցած ու մտահոգեցուցիչ վիճակ մը ստացած է: Վստահ ենք, թէ հարիւրամեակ մը ետք մերօրեայ վիճակագրութեան յայտնած թիւերը պիտի բազմապատկուին քսանով, երեսունով եւ գուցէ աւելի, ինչ որ մարդկութեան վիճակին համար մտահոգիչ կը սկսին դառնալ: Վիճակագրութեան թիւերու աճը լաւատեսութիւն տալու փոխարէն մտահոգութիւն կը պատճառեն ապագայ անծանօթ կեանքին նկատմամբ:
Թող ապագայի գրող մը ինք եւս համեմատական մը կատարէ Հասկաքաղի, մերօրեայ վիճակագրութեան եւ իր այն օրերուն հետ՝ որ գուցէ տեսնելու առիթը պիտի չունենանք:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -296-
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապրող մարդը բազմազբաղ կ՚ըլլայ եւ նոյնիսկ հեռաձայններուն պատասխանելու առիթը չ՚ունենար:
Առիթով մը ողորմած հայրս ուզեց իր ծանօթներէն մէկուն հետ հեռաձայնով խօսիլ, սակայն ամէն զանգելուն նոյն արձանագրութիւնը լսեց. «հիմա զբաղած եմ, խնդրեմ արձանագրեցէք ձեր ըսելիքը»: Աւելի քան շաբաթ մը փորձելէ ետք «հիմա զբաղած եմ»ը չփոխուեցաւ եւ հայրս ալ չհասկցաւ, որ կրնայ խօսիլ եւ իր խօսածը իր բարեկամը ետքը կրնայ լսել:
Առիթով մը ջղայնացաւ եւ «հիմա զբաղած եմ»ը լսելէ ետք լաւ մը հայհոյեց։ Առանց իր նկատելու հայհոյանքը արձանագրուեցաւ եւ որպէս նամակ հասաւ բարեկամին:
Կարծելով հայհոյանքը ազդեց, որովհետեւ օր մը ետք բարեկամը ինք զանգեց հօրս:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան