ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
30 Ապրիլ 1911 թուակիր Հայ Մամուլի մէջ կը հանդիպինք հետաքրքրական հատուածներու՝ որոնք կը ներկայացնենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն՝ բաղդատելու եզր մը՝ անցեալի դէպքերը եւ ներկան։ Ուստի, ինչպէս յաճախ կը կրկնենք, ներկան լաւ հասկնալու համար, պէտք է ատեն ատեն նայիլ անցեալի իրադարձութիւններուն։
«ՏԱՃԱՐ» իր 30 Ապրիլ 1911 թուակիր թիւին մէջ «Ազգային Կեանքը» խորագրով կ՚անդրադառնայ հետեւեալ իրադարձութիւններուն։
- Կրօնական Ժողովի Որոշումները.- Կրօնական Ժողովը, Կէտիկ փաշայի Տ. Գալուստ Քահանան, որ Աւագ Ուրբաթ օրը եկեղեցւոյ մէջ երիտասարդ մը ապտակած էր, վէճի բռնուած էր Աւագերէցին հետ բարձր ձայնով՝ եւ Զատկին Գ. օրն ալ (երրորդ օրը) օրուան ժամարարը արգիլած էր պատարագելէ, երեք ամսուան փիլոնազրկութեան դատապարտեց։ Իսկ Աւագերէց Տ. Եղիա Քահանան ալ յանդիմանել որոշեց իր հեղինակութիւնը պահել չկարենալուն համար։
Կրօնական Ժողովը կարգազուրկ հռչակեց Հայ-Հռովմէականութենէ դարձած Շիրինեան Վարդապետը, իր գայթակղելի արարքներուն համար։
*
Էջմիածնի Սինօդին հրահանգ տրուած է Կաթողիկոսական Տեղակալ Արքեպիսկոպոսին կողմէ, շրջաբերականներով պատուիրել վիճակային կոնսիստորիաներուն որ այսուհետեւ ամուսնալուծական գործերու քննութեան ժամանակ նկատի առնեն եւ քննեն, թէ՝ ամուսինները քանի՞ մանչ եւ քանի աղջիկ զաւակ ունին, եւ ո՞վ պիտի հոգայ զանոնք մինչեւ չափահասութիւն։ Այս կէտը ստիպողաբար պէտք է յիշատակուած ըլլայ Սինօդին մատուցանելիք զեկուցագրին մէջ։
*
Տաճատ Ոսկանեանի համար, երբեմնի վարդապետ, որ կարգազուրկ ըլլալէ վերջ գրեթէ մուրացկանութեամբ կ՚ապրէր, լսուելով որ կրօնափոխ պիտի ըլլայ, շրջաբերականով մը զեկուցուեցաւ անոր կարգազրկութիւնը եւ ատոր շարժառիթները, հարկ եղածը գրուելով նաեւ Կրօնից Տեսչին։
Միւս կողմէ Տաճատ Ոսկանեան Պատրիարքարանի բողոքած է, թէ առանց զինք լսելու եւ դատելու, ի՞նչպէս՝ մէկուն-միւսին պահանջման վրայ դատապարտած են զինք. հետեւապէս արդա՛ր որոշում մը կը պահանջէ։
*
Սեբաստիայէն Առաջնորդ Թորգոմ Եպիսկոպոս կը գրէ, թէ Ապրիլ 9-ի շաբաթ օրը խժդժօրէն եւ վատաբար սպաննուած են Յովհաննէս Քէլ Օհաննէսեան եւ եղբայրը՝ Խաչօ։
Սպաննիչներուն խստիւ պատժուելուն համար Առաջնորդարանը ազդուօրէն բողոքած է Կառավարութեան մօտ։
*
Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հիմնարկութեան հինգերորդ տարեդարձը տօնուեցաւ նախորդ կիրակի Գահիրէի մէջ շքեղ դաշտահանդէսով մը, որուն «քլուն» կազմեց մեծատաղանդ երաժշտագէտ Կոմիտաս Վարդապետ՝ Աղեքսանդրիայէն յատկապէս հրաւիրուած։
Վարչական Ժողովի տեղեկագրէն կը հասկցուի, թէ՝ ամբողջ դրամագլուխը, որ 1910 Մարտ 1-ին 14.590 Եգիպտական ոսկի էր, Դեկտեմբեր 31-ին բարձրացած է 21.519 Եգիպտական ոսկիի՝ 15.109-ը հիմնադրական դրամագլուխ՝ անձեռնմխելի՛։
Հիմնարկութենէն ցայսօր Միութիւնը 16.106 ոսկի նպաստ բաժնած է, որուն 1.795-ը վերջին շրջանին, որու միջոցին բացուած են 20 գիւղային նախակրթարաններ, բաց ի այն որբերէն՝ որոնց թիւը 60 է, զոր կը պահէ իր ծախքով Կիլիկիոյ մէջ։
Միութեան անդամներու թիւը՝ որ 1910 Ապրիլ 30-ին 2117 էր, Դեկտեմբեր 31-ին հասած է 3147-ի, 450 Եգիպտական ոսկի ամսավճարով։
Միութեան մասնաճիւղերուն թիւը 31-էն բարձրացած է 61-ի։
*
Եւ դարձեալ, «ՏԱՃԱՐ»ի 21 Մայիս 1911 թուակիր թիւին մէջ կը կարդանք հետեւեալները։
Դերջանէն կը գրեն Պատրիարքարան թէ Խումլար գիւղը ութ տարիէ ի վեր անհովիւ մնացած ըլլալով, մկրտութեան եւ թաղման հանդէսները առանց արարողութեան կատարուած են։ Ուստի հոգեւոր պաշտօնեայ մը կը խնդրեն։
*
Խասթէխանէ Խան-ի խնդիրը կարելի եղածին չափ շուտով կարգադրելու համար, Վարչապետ Հագ-գը փաշա յանձնարարութիւններ ըրեր է Էվգաֆի պաշտօնատան։
*
ՊԷՏԷԼԱԹԸ ԱՍՔԷՐԻՅԷԻ ՊԱԳԱՅԱՆԵՐԸ ՋՆՋՈՒԱԾ
Օսմանեան Երեսփոխանական Ժողովին Դշ.ի (Չորեքշաբթի) նիստին մէջ, յետ կարճատեւ վիճաբանութեան ընդունուեցաւ օրինական յօդուած մը՝ որով կը ներուին եւ կը ջնջուին ոչ-իսլամներու զինուորական տուրքէ պարտքերուն մնացորդները՝ որոնք կը հասնին 1.800.000 ոսկիի գումարի մը։
*
Տ. Յովսէփ Եպիսկոպոս Սարաճեան, որ Վանայ հոգեւոր հովիւ կարգուած էր Վարչութեան կողմէ, Բշ. օր (Երկուշաբթի) Պոլիս հասաւ եւ ուղղակի «Օթէլ Պրիսդօլ» իջաւ։
Տեղապահ Սրբազանը, նոյն օրը Տ. Տրդատ Քահանան ղրկեց «բարի գալուստ» մաղթելու եւ հրաւիրեց զինք Պատրիարքարան, յայտնելով որ Երուսաղէմատան մէջ պատրաստութիւն տեսնուած է զինք հիւընկալելու համար։
«Ամերիկահայը մեծ կորուստ մը ըրաւ Սարաճեան Սրբազանի մեկնումովը», կը գրէ Նիւ-Եորքէն թղթակից մը։
*
Տքտ. Թիրեաքեան Խան, հմուտ բանասէր եւ գիտնական ու ճարտար բժիշկ, ծանօթ մանաւանդ ազգային կեանքի մէջ, հանրութեան մօտ իր ունեցած օգտաշատ գործունէութեամբ, Բշ. օրը (Երկուշաբթի) մայրաքաղաքս հասաւ Ֆրանսայէն՝ ուր կը գտնուէր ժամանակէ մը ի վեր։
*
Ամենապատիւ Տ. Եղիշէ Ս. Արքեպս. Դուրեան-ի 2000 ղրշ. ամսաթոշակ յատկացուած է Կառավարութեան կողմէ, իբրեւ նախորդ Պատրիարք, յառաջիկային աւելցուելու մտադրութեամբ, երբ պիւտճէն ներէ։
*
Հրդեհ Երուսաղէմի Վանքին Մէջ.-
Երուսաղէմի Պատրիարքական Փոխանորդ Տ. Սմբատ Ծ. Վրդ. Գազազեանի հասած հեռագիր մը կը ծանուցանէ՝ թէ Բշ. գիշեր ժամը 1-ին հրդեհ ծագեր է Ս. Յակոբայ տաճարին մօտ Ս. Ստեփաննոսի մատուռէն, անուշադրութեան հետեւանք, բայց բարեբախտաբար շուտով առաջքն առնուեր է եւ Ս. Յակոբի տաճարը չէ վնասուեր։ Նիւթական վնասը 1000 ոսկի կը հաշուուի։
*
Եգիպտահայերը իրենց ազգասիրութեան գործնական ապացոյց մը տուին դարձեալ, Գալֆաեան Որբանոցի Մայր՝ Քրիստինէ Մայրապետի նպաստահաւաքութեան համար ըրած այցելութիւնը արդիւնաւորելով 28.421 ղրշ.ի նպաստով մը՝ որուն 18.332-ը Գահիրէի ազգայիններէն, 7.222-ը Աղեքսանդրիայէն, եւ 2.867-ը ուրիշ գաւառային քաղաքներէ։
*
Պէշիկթաշի Գանձանակի Մասնախումբին հրաւէրով քարոզիչ Գեր. Տ. Հրանդ Վարդապետ Յովասափեան անցեալ կիրակի օր պատարագեց թաղին Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ։
- Պատեհ առիթներով կը շարունակուի…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 5 2016, Իսթանպուլ