ՄԻԼԷԻ «ԱՆԺԷԼԻՒՍ» ՆԿԱՐԸ

Հռչակաւոր ֆրանսացի գծագրիչ Jean-François Millet (1814-1875), իր «Անժէլիւս» կոչուած նկարին մէջ կը նկարագրէ դեռահաս եւ գեղջուկ ընտանիք մը իրենց արտին մէջ՝ ուր միասին կ՚աշխատին։ Իրենց քով կ՚երեւին երկրագործի պարզ գործիքներ, նաեւ ձեռնասայլ մը՝ ուր դրուած են հունձով լեցուն պարկեր։

Հեռո՜ւն, հորիզոնին վրայ, կը նշմարմուի եկեղեցիի սլացիկ զանգակատունը։ Իրիկնամուտի այդ սխրալի պահուն, այր եւ կնոջ ականջին կարծես կը հասանին երեկոյան զանգակին հեռաւո՜ր թինդերը, եւ անոնք կը ձգեն իրենց աշխատանքը եւ գլխահակ ու ձեռնամած ականջ կու տան այդ խորհրդաւոր թինդերուն։

Եւ ո՜րքան խորհրդաւոր է եւ տպաւորիչ այդ տեսարանը։ Կարծես հոն կը լսուի զանգակին ձայնը…։

Այդ խորհրդաւոր եւ գեղեցիկ նկարով՝ ուր արտին մէջ աշխատող այս սիրակցորդ ընտանիքը իրենց աշխատանքէն պահ մը դադրած՝ երեկոյան աղօթքը կ՚արտասանեն երկիւղածութեամբ, Միլէ ուզեր է պատկերացնել մարդկային կեանքի երեք կարեւոր եւ անբաժան արժէքները՝ «Աշխատանք»ը, «Սէր»ը եւ «Հաւատք»ը։ Արդարեւ, աշխատանքը՝ «Յո՛յս»ն է, որ իր արդիւնքով պիտի երջանկացնէ զիրենք։

Միլէի այս նկարը, իր պարզութեան մէջ ունի գերազանցօրէն տպաւորիչ հանգամանք մը։

Աշխատանք՝ որ կը համապատասխանէ յոյսի, սէր եւ հաւատք՝ հզօր «երրորդութիւն» մը, որ անհատական եւ ընկերային կեանքը կը ճոխացնէ, կը զարգացնէ, կը բարձրացնէ եւ մանաւա՛նդ կ՚ազնուացնէ։

Երբ կեանքի մէջ յաջողած, նպատակին հասած, կատարեալ մարդոց կը հանդիպինք, կը մտաբերենք Միլէի այս հրաշալի՜ նկարը՝ Աշխատանքը՝ Յոյսը, Սէրը եւ Հաւատքը փառաբանող այս գլուխ գործո՛ցը։

Մեծ մարդիկ, մեծ գործեր կատարող անձեր, իրենց բովանդակ կեանքին մէջ «ուխտեալ առաքեալ»ը եղած կը թուին այդ «երրորդութեան», հոգ չէ՛ թէ Միլէի պատկերացուցածէն տարբեր սրբութիւններու նուիրուած ըլլան։

Եւ իրապէ՛ս «մեծ» մարդիկ, մեծագործութիւններու հեղինակներ՝ աշխատանքի հերոսներ են եւ վեհագոյն աշխատաւորներ, որ անդադար, անվհատ կը շարունակեն արտադրել՝ մեծ գործեր կատարել եւ նուիրուած եւ անձնազոհութեամբ օգտակար հանդիսանալ մարդկութեան։

Արդարեւ, կարելի է հարցնել. «Ո՞վ է իրական մեծ մարդը»։ Պատասխանը յստակ է. «Այն որ մեծագոյն օգտակարութիւնը ապահոված եւ մատուցած է մարդկութեան»։ Ուստի «մեծ» մարդը՝ «մեծապէս» օգտակար հանդիսացած մարդն է։ Ա՛յն՝ որ կը հոգայ նախ կարօտեալ մը՝ ուրիշը, քան՝ ինքզինք։ Ուրեմն աշխատութիւնը երբ հանրային օգտակարութեան, մարդկութեան նպաստելու համար է՝ ընտիր աշխատութիւն է՝ ուր կայ անձնուիրութիւն եւ նուիրական ոգի՛։

Մարդ, անշուշտ իրեն օգտին համար կ՚աշխատի, բնական է ասիկա, բայց ո՛չ միայն իրեն համար, այլ նաեւ՝ ուրիշին համար։ Եւ փոխադարձաբար՝ ուրիշն ալ նոյն մտադրութեամբ աշխատի, ահաւասի՛կ ակնկալուած երջանիկ ընկերութիւնը շատ հեռու չէ՛, եւ նոյնիսկ՝ «դրախտ» կոչուած երանելի՜ միջավայրը։

Մեծ մարդը երբեք չի դադրիր աշխատելէ, չի վարանիր արտադրելէ եւ չի թուլանար օգտակարութիւն մատուցանելէ իր շուրջիններուն եւ մարդկութեան։

Եւ «մե՛ծ» մարդը՝ իր հիմնած ու հաստատած աշխատանքի շէնքին գոյապահպանմանը ու գոյատեւմանը համար իր ունեցած անխորտակելի հաւատքը անսայթաք է պահած եւ անով առաջնորդուած է դժուարութիւններու ովկիանոսին մէջէն, եւ ի վերջոյ հասած է կատարելութեա՛ն։

Այս իմաստով մե՛ծ է այն՝ որ փարած՝ Աշխատանքի, Հաւատքի եւ Սիրոյ նուիրականութիւններուն, անձնուիրութեամբ կը ծառայէ մարդկութեան։

Եւ ահաւասիկ կա՛յ ուրիշ նուիրական «երրորդութիւն» մը՝ Բարին, Ճշմարիտը եւ Գեղեցի՛կը։

Արդարեւ, «լուսապսակ երրորդութիւն» մըն է այս նուիրական եւ անբաժան միութիւնը՝ որ հին յոյն իմաստասէրներ որդեգրած են, անոր ամէն մէկ արժէքին վերացուցիչ եւ կենսապարգեւ ազդեցութեան եւ գործունէութեան մասին զօրեղ եւ հաստատ համոզո՛ւմ մը գոյացնելով։

Այս «երրորդութիւն»ը ո՛չ միայն տեսլական մըն է կեանքին, այլ նաեւ՝ ուղեցոյց մը, լուսարձա՛կ մը։

Մարդուս սիրտը, միտքը եւ կա՛մքը՝ որոնցմով օժտուած է ան, կը կազմեն իմացականութիւնը, որ իմաստասիրական, հոգեբանական, գրական, գիտական ամենէն մութ բաւիղները կը լուսաւորեն։

Պողպատէ կա՛մք մը մարդս կարելի կ՚ընէ յարատեւելու ու յաղթելու նիւթական եւ բարոյական այն բազմապիսի դժուարութիւններուն՝ որ կեանքը ամէն օր իր առջեւ կը հանէ եւ հետզհետէ կը ճնշէ։

Կատարեալ մարդը այն է՝ որ բազմակողմանի կերպով կը ներկայանայ կեանքին դիմաց, խորհրդաւոր եւ տպաւորիչ գծագրութեան մը պէս։

Բեղուն միտք, սուր իմացականութիւն, փափուկ զգացողութիւն, բոլորը կը կազմաւորեն մարդը, եւ մարդ ո՛րքան անդրադառնայ իր արժէքներուն ո՛րքան հաւատարմութիւն ցոյց տայ կեանքի ճշմարտութիններուն, ձգտի բարիին, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին, եւ նաեւ ապաւինի աշխատութեան զօրութեան, յոյսին, հաւատքին եւ մանաւանդ սիրոյ ուժին։ Այս վիճակը, ահաւասիկ մարդս կը հասցնէ  կատարեալին՝ այն ի՛նչ որ երջանկութեան նախապայմա՛նն է։ Ուստի երբ մարդ երջանիկ ըլլալ կ՚ուզէ՝ պէ՛տք է կատարեալ ըլլայ, թերութիւնները սրբագրէ, տկարութիւններու մէջ զօրանա՛յ։

Վերջապէս, ո՞վ է բարի մարդը, ո՞վ է կատարեալ մարդը։ Զօրաւորը, գիտունը, հարուստը, կարողութիւններով օժտուածը չէ՛, այլ, այն՝ որ իր կարելիութիւններուն եւ տարողութեանը չափով օգտակա՛ր կ՚ըլլայ իր ընտանիքին, իր շուրջիններուն, իր պատկանած ընկերութեան եւ վերջապէս ամբողջ մարդկութեան եւ ա՛ն է «մե՛ծ մարդ»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 14, 2017, Իսթանպուլ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2017