ՊԱՅՔԱՐ ԺԱՄԱՆԱԿԻ ԵՒ ԴՐԱՄԻ
Այնքան ատեն որ մարդ նիւթապէս աղքատ վիճակի մէջ է, կը կարծէ որ կեանքի մէջ ժամանակը անսահմանափակ է՝ իսկ դրամը սահմանափակ, սակայն կամաց կամաց հարստութեան մը տէր դառնալով կը սկսի հասկնալ, որ իր կեանքը իր համոզումին ամբողջութեամբ հակառակն է... անսահմանափակ է դրամը՝ մինչ ժամանակը սահմանափակ, որուն դիմաց անզօր է նոյնիսկ աշխարհի ամենէն հարուստ ու «բախտաւոր» կարծուած մարդը:
Այս հանելուկն է, որ կը կոչուի կեանք, որովհետեւ մարդ իր ժամանակը կը մսխէ, որպէսզի նիւթապէս ապահով ըլլայ եւ որոշ ժամանակ ետք նիւթականը կը մսխէ՝ որպէսզի ժամանակ ունենայ եւ այդ ժամանակի առեւտուրն է, որ կը կազմէ կեանքի անարդար մէկ երեսը՝ որ դատարկութեամբ կը լեցնէ մարդուն կեանքը: Եւ այս բոլորին մէջ անճրկելով մարդ կը շփոթի, թէ որն է կարեւորը... ժամանա՞կը թէ ոչ նիւթականը:
Ընդհանրապէս նիւթապէս ողորմելի մարդիկ նիւթականին սահմանափակութիւնն է որ կը տեսնեն, որովետեւ իրենց մորթին վրայ կը զգան կեանքի սահմանափակ ըլլալը. անոնց համար ժամանակը աւելի աժան կը թուի ըլլալ քան նիւթականը, որովհետեւ ժամանակը «անսահմանափակ» կը թուի անոնց, որովհետեւ ինչ որ ձրի է մարդու համար մի՛շտ ալ արժէքէ զրկուած կը դասուի, մինչ այս առաջիններուն հակառակ մեծամեծ հարստութեան տէր մը իր հարստութիւնը ամբողջութեամբ կը յօժարէր ծախսել՝ այդ ողորմելիին ունեցած ժամանակը ձեռք բերելու եւ երկրաւորին վրայ իր գոյութիւնը աւելիով պահելու համար:
Իրականութեան մէջ ժամանակը շատ աւելի սուղ է քան նիւթականը, որովհետեւ կորսուած նիւթականը աշխատանքով ու զանազան միջոցներով կարելի է վերադարձնել, մինչ ժամանակը անվերադարձ է՝ առանձ խտրութիւն դնելու մեծի եւ փոքրի, հարուստի եւ աղքատի միջեւ: Այդ անհաւասար արժէքին համար է, որ այսօր աշխարհի վրայ մարդիկ կը վճարուին իրենց ժամանակին համար:
Միայն նիւթական աշխարհի մէջ չէ՛ որ ժամանակը արժէք ունի. կեանքի բոլո՛ր հանգրուաններուն ժամանակը արժէքաւոր է: Մանկավարժութեան մէջ յաճախ կը խօսուի, որ մանուկի մը համար իր հօր տրամադրած ժամանակը իրեն բերած նուէրներէն աւելի արժէք ունի. ծերունի մօր մը համար իր զաւակին սէրն ու ժամանակը իրենց տրամադրուած բոլոր նիւթական հանգստաւէտութենէն աւելի արժէք ունի, որովհետեւ թէեւ նիւթականը որպէս «աստուած» կ՚իշխէ մեր կեանքերուն վրայ՝ բոլորս ալ կը գիտակցինք ժամանակին կարեւորութիւնը:
Այսօր աշխարհի վրայ ապրող մարդոց մեծամասնութիւնը կորսնցուցած գումարներէն աւելի կը զղջայ ժամանակին վրայ, որովհետեւ բոլոր յիշատակներն ու անդառնալի օրերը ժամանակին մէջ բանտուած կը մնայ եւ ո՛չ նիւթականին: Իր սիրեցեալը կորսնցուցած մեծահարուստ մը նոյնիսկ կարօտի ճամբով բանտուած պիտի մնայ ժամանակին մէջ եւ նիւթական ո՛չ մէկ առաւելութիւն պիտի բաւարարէ այդ ժամանակի պատճառած ցաւը:
Այս բոլորը նկատի ունենալով պիտի զգանք, որ ի՜նչ տարօրինակ բան է պայքարը ժամանակին եւ նիւթականին միջեւ, որովհետեւ բոլորս ալ գիտնալով հանդերձ ժամանակին անփոխարինելիութիւնը՝ պիտի շարունակենք նիւթականին ետեւէն վազել ու այսպէս դանայեան տակառի մը պէս ժամանակով նիւթական պիտի որոնենք, որպէսզի ժամանակ մը ետք նիւթականով ժամանակ մուրանք:
Հաւանաբար զարմանալի թուի, սակայն աշխարհի վրայ կայ այնքա՛ն դրամ... որուն միայն 2-3 առ հարիւր տոկոսը կը գործածուի մարդկութեան կողմէ, իսկ միւս գլխաւոր մասը ի պահ կը մնայ... մարդոց աչքին դիմաց պարզապէս որպէս թիւ մը յայտնուելով: Այդ անմարդկային տարբերութիւնն ու յաւելեալ նիւթականի գոյութիւնը փաստելու համար հետեւեալը ցոյց տանք. Վստահաբար 21-րդ դարու մարդը դժուար թէ ծանօթ չըլլայ ներկայ աշխարհի արհեստական տնտեսութեան. աշխարհի վրայ կան այնպիսի հարուստներ, որոնք իրենց արհեստական դրամապանակին մէջ այսօր ի պահ ունին աւելի քան 5,000,000,000 տոլար՝ որուն 1 առ հարիւր տոկոսը նոյնիսկ բաւարար պիտի ըլլայ հանգիստ կեանք մը ապրելու:
Պատկերացուցէք աշխարհի վրայ նման աւելի քան բազմահարիւր անձերու գոյութիւնը:
Ժամանակը դրամէն աւելի արժէքաւոր դարձնող կարեւորագոյն կէտերէն մէկը այն է, որ ժամանակը ի սկզբանէ ունի սահման մը՝ անյայտ ու անյստակ, մինչ դրամը ամէն մարդու համար կը մնայ անսահմանափակ՝ շատերու համար բախտի վրայ հիմնուած, իսկ շատերու համար աշխատանքի: Առեւտուրի աշխարհի մէջ եւս աւելի արժէք կը ներկայացնէ այն բանը՝ որ սահմանափակ է, իսկ ինչ որ անսահման է աւելի նուազ արժէք կը նկատուի. աշխարհի վրայ պետութիւններ հաւանաբար օրական դրութեամբ կրնան պատրաստել մեր երեւակայութեան սահմանները դժուարող թիւի մը չափ գումար, սակայն չեն կրնար ստեղծել ժամանակ:
Վերջերս հարցազրոյցի մը ընթացքին աշխարհի մեծահարուստներէն մին կը խօսէր ժամանակի ու սահմաններու մէջ բանտարկուած ըլլալու մասին. անկեղծութեամբ կը յայտնէր, որ աշխարհի ամենէն հարուստն ալ երկու երեք պնակ ճաշով պիտի կշտանայ... աշխարհի ամենէն հարուստն ալ, որովհետեւ նիւթականը ինչքան ալ անսահմանափակ ըլլայ՝ մարդը կը շարունակէ մնալ սահմանափակ:
Որոշ տարիքէ մը ետք կարծեմ բոլորը պիտի սկսին գիտակցիլ, որ նիւթականը՝ որուն համար զոհած ենք այնքա՜ն ժամանակ, իրականութեան մէջ աւելի արժէք կը ներկայացնէր քան այն նիւթականը՝ որուն զոհը դարձուած ենք ժամանակը:
Բոլորս ալ ունինք մեր ժամանակը. մէկու մը ժամի աւարտը վաղն է, ուրիշի մը տարիներ ետք... մեր բոլորին մահէն ետք ժամանակն է որ պիտի ոչնչանայ, մինչ գումարը պիտի շարունակէ գոյութիւն ունենալ, հաւանաբար մեր զաւակներուն եւ գուցէ օտարներուն գրպաններուն մէջ:
Երանելի է ան, որ անժամանակին համար իր ժամանակն ու իր անձը չի՛ զոհեր:
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -50-
Ժամանակին «Մարզիկ»ի մէջ պրն. Վիգէն Աւագեան հետաքրքրական յօդուած մը կը ստորագրէ՝ «Թող գործեն» խորագրով, որուն մէջ կարեւորութեամբ կը շեշտէր «Եթէ երիտասարդները գիտնային եթէ ծերեր կարենային» խորիմաստ արտայայտութիւնը:
Կեանքի մէկ այլ հանելուկ մըն ալ այդ է, որովհետեւ երիտասրդները ժամանակ պիտի վատնեն՝ որպէսզի գիտնան, իսկ ծերերը ժամանակ պիտի չունենան՝ որպէսզի իրենց գիտցածը կեանքի կոչեն. մեր կեանքն ալ բեմականացումն է այդ բոլորին, որովհետեւ հիմա չենք գիտեր... իսկ որոշ ժամանակ ետք պիտի գիտնանք՝ առանց կարենալու:
Ահաւասիկ կեանքը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ