«ՀՐԱՇՔՆԵՐ ԿԱՓԱՌՆԱՅՈՒՄԻ ՄԷՋ»
«Հրաշք»ը հոգեւոր կեանքի ամենախորհրդաւոր եւ շահեկան երեւոյթներէն մին է։ Հրաշքի նիւթով յաճախ արտայայտուած ենք այս սիւնակներու մէջ։ Իրականութեան մէջ, հրաշքը մշտանորոգ եւ յարակայ երեւոյթ մըն է մարդկային կեանքին մէջ եւ յաճախ մարդիկ դէմ յանդիման կը գտնուին անոր հետ, ոմանք կ՚անդրադառնան, ոմանք ալ կ՚անտեսեն զայն, եւ կեանքի բնական ընթացքին մէջ սովորական կը սեպեն։ Սակայն, մարդուս առօրեային մէջ, գոնէ մի քանի անգամ, անպայմա՛ն կը պատահի հրաշք մը եւ ընթացք կու տայ կեանքին։
Այս խորհրդածութիւններով, ահաւասիկ կ՚ուզենք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել Վեր. Ժիլպեր Լեւոնեանի «Հրաշքներ Կափառնայումի մէջ» խորագրեալ յօդուածը՝ Սիրան Սվաճեանի թարգմանութեամբ, որ հրատարակուած է «Բանբեր» պարբերաթերթի Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2011-ի 33-րդ թիւին մէջ. («PANPÈRE» Revue Bimestrielle Évangélique. Novembre Décembre 2011. No. 33)։
«Մէկ գիշերուան մէջ Յիսուս կը բժշկէ շատ մը հիւանդներ՝ տեսակաւոր հիւանդութիւններէ եւ տկարութիւններէ բռնուած, ինչպէս նաեւ չար ոգի ունեցող դիւահարներ։ Մատթէոսի աւետարանի 8-րդ գլխուն 16-17-րդ համարներուն յիշուած այս բժշկութիւնները կը գտնենք նոյնպէս անոնց զուգահեռ Ղուկ. 4. 40-41-ին, ինչպէս նաեւ Մատթ. 4. 23-24 համարներուն մէջ։
«Իրիկունը կամ արեւին մար մտած ատենը եկաւ։ Ֆիզիքական, հոգեկան կամ մտային հիւանդութիւններէ եւ տկարութիւններէ բռնուածներուն համար, ընդհանրապէս ամենէն դժուար պահը, որ վախով, ճնշուածութեամբ ու մտահոգութիւններով լեցուն կ՚ըլլայ՝ իրիկունն է, երբ արեւը մար կը մտնէ։ Ցերեկը աղմուկ կայ, եռուզեռ, երբեմն այցելութիւններ, սակայն երբ հիւանդը մինակ կը մնայ հիւանդանոցի մահիճին վրայ կամ տան անկողինին մէջ, ճնշումները կը սկսին բարձրանալ. հիւանդի մը համար, գիշերուան առանձնութիւնը դժուար է դիմագրաւել, որովհետեւ ո՛չ միայն հիւանդութեան տառապանքը հոն է… հո՛ն է նաեւ անքնութիւնը, որու միջոցին ժխտական գաղափարներ մեր մտքերը կը լեցնեն։
«Արդեօք շատ երկար ժամանակ պիտի մնա՞մ այս տկարութեանս մէջ։
«Արդեօք օր մը պիտի բժշկուի՞մ։
«Արդեօք առաւօտեան պիտի արթննա՞մ։
«Բոլոր ասոնք, նաեւ ուրիշ հարցումներ մեր մէջ կը յառաջացնեն անապահովութեան զգացումը եւ եթէ կացութիւնը շարունակուի՝ կրնայ տագնապի տեղի տալ։ Խաւարը, լռութիւնը, զիրար հակասող խորհուրդները, քուն գտնելու դժուարութիւնը… այս բոլոր հարցերը կասկածներու կ՚առաջնորդեն հիւանդը, արեւուն մար մտած ատեն ու գիշերուան սկիզբը։
«Մեզի ապահովութիւն տուող եւ նոյնիսկ մեզ քաջալերող ու մխիթարող բանը այն է, թէ ճիշդ ա՛յդ պահուն Յիսուս կ՚ընդունի հիւանդները եւ տկարները՝ զանոնք բուժելու համար։ Յիսուս կրնար իրաւացիօրէն զանոնք ետ ղրկել այն պատճառաբանութեամբ, որ օրը երկար ու ծանր եղած էր եւ թէ Ի՛նք ալ իրաւունք ունէր հանգստանալու։ Ան կրնար պատասխանել.- Զիս մի՛ խանգարէք, վաղը կամ ուրիշ օր մը եկէք, ըսելով. բայց ո՛չ. Յիսուսի մասին հիանալին այն է, որ Ան մի՛շտ տրամադրելի է գոհացնելու իւրաքանչիւրիս կարիքները։ Ցերեկ ըլլայ թէ գիշեր, անքնութեան պահուն, մտահոգութեան թէ՛ տագնապի խաւարին մէջ, երթա՛նք Քրիստոսի, իր անունը կանչենք, աղօթե՛նք, հոգեւոր երգեր երգենք, մեր սրտերը բանանք անոր, հաւատքով եւ կատարեալ վստահութեամբ յայտնենք մեր խնդրանքները, խորհրդածենք 121-րդ Սաղմոսին վրայ, գոց սորվինք զայն, նմանինք այն բարեկամին, որ կէս գիշերին օգնութեան ձեռք կ՚երկարէ յոգնած եւ անօթի ճամբորդին։
«Յիսուս միշտ թոյլ կու տայ, որ խանգարենք զինք՝ մեզի կատարեալ խաղաղութիւն տալու եւ մեր անհանգստութենէն ազատելու համար։ Ան մեզի կ՚ըսէ.
«Խնդրեցէ՛ք ու պիտի տրուի ձեզի։
«Փնտռեցէ՛ք եւ պիտի գտնէք։
«Դուռը զարկէք ու պիտի բացուի ձեզի։
«Մատթէոսի Աւետարանի 8-րդ գլխուն 1-17-րդ համարներուն մէջ երեք բժշկութեան պարագաներ կը տեսնենք, որոնք Յիսուսի անհերքելի իշխանութիւնը ցոյց կու տան, նաեւ անոր բարութիւնը եւ կարեկցութիւնը՝ տառապողներու եւ վիրաւորներու հանդէպ։ Իւրաքանչիւր բժշկութիւն, իրականութեան մէջ, կը վերաբերի արհամարհուած, անարգուած կամ երկրորդ դասակարգի անձերու։
«Բորոտ մը, որ ըստ Օրէնքին՝ անմաքուր (պիղծ) էր իր հիւանդութեան պատճառաւ. Յիսուս կը դպչի անոր, կը բժշկէ եւ կը մաքրէ զայն։
«Հռովմայեցի հարիւրապետ մը, որ անմաքուր կը սեպուէր իր ցեղային ծագման պատճառաւ. Յիսուս կը բժշկէ անոր ծառան։
«Կին մը՝ Պետրոսի զոքանչը, ինչպէս այդ դարուն բոլոր կիները, ան եւս այրերէն պակաս կը սեպուէր եւ անմաքրութեան աղբիւր։ Յիսուս չի վարանիր բուժելու զայն իր ջերմէն՝ անոր ձեռքը բռնելով, իսկ ան ոտքի ելլելով անմիջապէս կը ծառայէ Յիսուսի եւ Աստուծոյ Թագաւորութեան։
«Ահաւասիկ Աւետարանին բարի լուրը. Յիսուսի տուած բժշկութիւնը բոլորովին ուղղուած է, առանց կրօնքի, մշակոյթի կամ սեռի խտրութեան։ Յիսուս, Յաւիտենական Աստուծոյ Ծառան, եկաւ բժշկելու եւ ազատելու տառապեալները, առանց -Փշրելու ջախջախուած եղէգը կամ մարելու պլպլացող պատրոյգը-. ԵՍԱՅ. 42, 3։
«Դո՛ւն, որ այս տողերը կը կարդաս, արդեօք ի՞նչ կայ այսօր կեանքիդ մէջ՝ այս նիւթը յիշեցնող։
«Քեզի հակառակող պարագաներ դիմագրաւելո՞ւ ստիպուած էիր, չարամիտներ խօսքով կամ արարքներով քեզ վիրաւորեցի՞ն, կեանքդ նմա՞ն է ջախջախուած եղէգին։ Յիսուս կ՚ուզէ վերականգնել, նորոգել ու բուժել մէջդ եղող փճացած, ձեւափոխուած պատկերը, որպէսզի վերստեղծէ Աստուծոյ գեղեցիկ պատկերը անոր փոխարէն։
«Թերեւս կեանքդ նման է -Պլպլացող պատրոյգ-ին, որ մարելու մօտ է. գիտցի՛ր, որ հաւատքի, սիրոյ եւ ապագայի յոյսի պատրոյգը բոլորովին չէ մարած։
«Քու դիմագրաւած ձախողութիւններուդ ու յուսախաբութիւններուդ պատճառով այլեւս պայքարելու կամք չունի՞ս. զառիվերէն դարձեալ ելլելու փափաք չունի՞ս, տրամադրութիւնդ կորսնցուցած՝ կը խորհիս, թէ այլեւս որեւէ՛ ելք չկա՞յ։ Կեանքիդ արեւը մար մտնելու վրայ է եւ կասկածներու գիշե՞րը սկսած է մէջդ տեղաւորուիլ։
«Յիշէ՛, թէ արեւուն մար մտած ատեն էր, երբ հիւանդները Յիսուսի բերին եւ Ինք բուժեց զանոնք։
«Երբ հաւատքով Քրիստոսը ընդունիս, Ան ո՛չ միայն -Պլպլացող պատրոյգդ- պիտի չմարէ, այլ ընդհակառակը՝ Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնովը կամաց-կամաց պիտի փչէ, սիրով ու համբերութիւնով, որպէսզի պատրոյգիդ կեանք տայ եւ կեանքի համը վերադարձնէ քեզի։
«Արեւը մար մտած ատեն, այս այր մարդիկն ու կիները՝ բժշկուելու փորձառութիւնը ունեցան, երբ իրենց բարեկամները եւ ընտանիքի անդամները զիրենք Յիսուսի բերին, անոնք եկած էին յուսահատ եւ ուժաթափ, ինչպէս կրնայ պատահիլ իւրաքանչիւրիս, սակայն Յիսուսի հետ շփման մէջ մտնելով, անոնց կեանքը բոլորովին փոխուեցաւ։
«Արեւին մար մտած ատեն՝ ամէն անոնք, որ տեսակ-տեսակ ցաւերով հիւանդներ ունէին, իրեն բերին զանոնք. Ի՛նք ալ ամէ՛ն մէկուն վրայ ձեռք դնելով բժշկեց զանոնք։ Ղուկ. 4. 41։
«Այսօ՛ր եւս Քրիստոս կենդանի է եւ կարո՛ղ մեզ բժշկելու մեր բոլոր ֆիզիքական, հոգեկան եւ մտային ցաւերէն։ Խոնարհութեամբ ընդունելու ենք, թէ քսանմէկերորդ դարու սկզբնաւորութեան, չենք կրնար ըսել, թէ մեր բոլոր հիւանդութիւններուն բժշկութիւնը կը վայելենք, ինչպէս Յիսուսի օրերուն, երբ Ան ամէն տեսակի հիւանդութիւն կը բուժէր, կը պատահի, որ ո՛չ մէկ տրամաբանական բացատրութիւն գտնենք որոշ հիւանդութիւններու, որոնք կը շարունակուին հակառակ մեր աղօթքներուն եւ որոնց պատճառը անպայման անհաւատութիւնը չէ. ասիկա Աստուծոյ խորհուրդներուն մաս կը կազմէ եւ պէտք չէ՛ մեզ յուսահատեցնէ, որովհետեւ նոյնիսկ նման պարագաներուն՝ Քրիստոս մեր մօտն է մեզի տալու ոյժ, համբերութիւն ու հաւատք, որպէսզի հաստա՛տ մնանք այդ պայմաններուն մէջ, սակայն սկսինք հաւատքով աղօթելու կարելիութիւնը ի գործ դնել եւ երբեմն ալ. -Ձեռք դնել-ով, որպէսզի Յիսուս բժշկէ։
«Ի՞նչ է մեր բժշկութեան աղբիւրը.- Որպէսզի Եսայի մարգարէին միջոցով ըսուած խօսքը կատարուի.- Անիկա մեր հիւանդութիւնները վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց։ Այս հատուածին մէջ, հիւանդութիւնը կապուած է Աստուծոյ Ծառային մահուան հետ, որ զոհուեցաւ իր ժողովուրդին յանցանքներուն համար. (Եսայ. 53. 8, Մատթ. 20.28, 3.17)
«Այս կապը կը յիշեցնէ, թէ հիւանդութիւնը եւ մահը միայն -biologique- պատճառով չեն, այլ նաեւ մարդ արարածի դիրքէն՝ իր Աստուծոյն հանդէպ, որովհետեւ անոնք՝ հետեւանքն են անկումին. (Ծննդ. 3.19, Հռոմ. 6.23)։
«Ուրեմն, հիւանդութեան ու մահուան վրայ յաղթանակը կախեալ է մեղապարտութենէ զերծ կացուցուելէն։
«Քրիստոս զոհուեցաւ մեզի համար, խաչին վրայ մեռաւ, որ կրէ մեր յանցանքները, հիւանդութիւնները եւ տկարութիւնները։ Մեր փոխարէն Ան ծեծուեցաւ, փուշէ պսակը դրուեցաւ, գամերով ու գեղարդով խոցուեցաւ մարմինը, ապա յարեաւ, յաղթեց մեղքին, մահուան ե՛ւ հիւանդութեան։
«Երթա՛նք անոր՝ ինչպէս որ ենք, հաւատքով ու հաւատարմութեամբ անոր յանձնենք մեզ տանջող բոլոր նիւթերը եւ հարցերը։
«Ա՛լ պէտք չունիս տանջուելու. ահաւասի՛կ Աստուծոյ սիրոյն բարի լուրը քեզի՛»։
Վեր. Ժիլպեր ԼԵՒՈՆԵԱՆ
Թրգ. Սիրան ՍՎԱՃԵԱՆ
Յիսուս իր աշակերտներուն կ՚ըսէ, թէ հրաշքի համար պայմա՛ն է հաւատքը եւ երբեմն ալ՝ ծոմապահութիւնը։ Ուրեմն աղօթենք այնպէս՝ որ մեր աղօթքը հրաշքնե՜ր գործէ եւ փոխէ կեանքին բնական ընթացքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 17, 2016, Իսթանպուլ