ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ
Ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ քրիստոնէական նուիրապետութիւնը աստիճանաբար զարգացաւ։ Մինչեւ Գ. դարու սկիզբները միմիայն երեք աստիճան կարելի է տեսնել. «եպիսկոպոսութիւն», «երիցութիւն» եւ «սարկաւագութիւն». իսկ Գ. դարուն արդէն որոշակի յիշատակուած կը տեսնուի նուիրապետութեան (hiérarchie) միւս խոնարհագոյն աստիճաններն եւս, այն է՝ «կիսասարկաւագութիւն», «ջահընկալութիւն», «երդմնեցուցիչ», «ընթերցող» եւ «դռնպահ»՝ իւրաքանչիւրը իր որոշ պաշտօնավարութեամբ։ Որչափ բազմազան եկեղեցական յետին, կամ ըսենք՝ խոնարհագոյն պաշտօնէութիւնը, ա՛յնչափ ալ եկեղեցւոյ գլխաւոր պաշտօնեաները, մանաւանդ եպիսկոպոսներու իշխանութիւնը մեծցաւ եւ զօրացաւ եւ եկեղեցական իշխանութիւնը հետզհետէ կեդրոնացաւ մէկ անձնաւորութեան ձեռքը՝ որ իր բռնած դիրքին համեմատ կոչուեցաւ «մետրոպոլիտ» պատրիարք եւ այլն։
Եկեղեցական վարչութեան այս կազմակերպութիւնը հաստատուեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ, երբ Դ. դարուն քրիստոնէութիւնը, որ է «քրիստոնէական եկեղեցի»ն ընդհանուր ազգային կրօն դարձաւ։
Այդ յօրինուածութիւնը արդէն իսկ հաստատուած էր առաջին եւ երկրորդ Առաքելական Կանոններով եւ Նիկիոյ Տիեզերական Ժողովով։ Հայոց նուիրապետութեան գլուխը նախապէս՝ աւելի կը կոչուէր «հայրապետ», «քահանայապետ», «եպիսկոպոսապետ», բայց աւելի վերջերը, հետզհետէ ընդհանրացաւ «կաթողիկոս» կոչումը՝ ինչպէս եւ մեր օրերուն։
Ընդհանուր եկեղեցւոյ մէջ տիրող սովորութեան համեմատ Հայոց Եկեղեցւոյ գլուխը, ինչպէս եւ բոլոր պաշտօնեաները, կ՚ընտրուէին եւ կ՚ընտրուին բոլոր ազգի հաճութեամբ, թէ՛ աշխարհականներու եւ թէ՛ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ։ Ասիկա արդեօք կարելի՞ է համարել «ժողովրդավարութեան» գեղեցիկ մէկ օրինակը. բայց սա ցոյց կու տայ, թէ «Եկեղեցի»ն՝ ժողովուրդը ի՛նքն է, որ իրաւունք ունի, եւ առիթ կը տրուի իրեն՝ աշխարհական կամ հոգեւորական, ընտրելու իր գլուխը, իր առաջնորդը…։ Եթէ ընտրուածը արդէն իսկ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ունէր, ան անմիջապէս կը վարէր իր պաշտօնը՝ նաեւ Կեսարիոյ եպիսկոպոսի հաճութեամբ եւ հաւանութեամբ. իսկ եթէ աշխարհական կամ երէց էր, ըստ հին ընկալեալ սովորութեան Կեսարիա կ՚երթար՝ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալու համար։
Ամբողջ Դ. դարուն եւ մինչեւ Ե. դարու կէսերը «հայրապետական իշխանութիւն»ը կեդրոնացած էր երկու նշանաւոր տոհմի՝ Լուսաւորչի եւ Աղբիանոսի մէջ։ Սակայն այս հանգամանքը պէտք չէ կարծել տայ, թէ յաջորդութիւնը ժառանգաբար կ՚ըլլար, ո՛ւր որ ընտրութիւն կար, կարելի չէ՛ր ժառանգականութեան մասին խօսիլ. երկու տոհմերէն ալ այս կամ այն անձը կ՚ընտրուէր իր արժանաւորութեան համար կամ ուրիշ մէկ պատճառով։ Պատմութեան ընթացքը ցոյց կու տայ, որ այս երկու տոհմերը տարբեր ուղղութեան եւ քաղաքականութեան կը հետեւէին. մինչդեռ Լուսաւորչի տոհմը կ՚աշխատէր քաղաքական իշխանութիւնը իր բարոյական հեղինակութեան ենթարկել եւ քաղաքական բոլոր խնդիրներուն մէջ մտնել եւ դեր ունենալ։
Աղբիանոսեան տոհմը իրեն հեռո՛ւ կը պահէր այդպիսի խնդիրները եւ կը զգուշանար նման խնդիրներու մաս կազմելէ։ Մինչեւ իսկ հեռու կը մնար հայ թագաւորներու կամակատար հանդիսացումներէն։
Հայրապետը եկեղեցին կը կառավարէր առանձին խորհրդականներով, որոնք կ՚ապրէին «հայրապետանոց»ը եւ թուով 12 էին. կ՚երեւի առաքեալներու թուին համեմատ, ինչպէս պատմագիրներ կը վկայեն։
Հայրապետանոցի կամ դրան 12 եպիսկոպոսներու պաշտօններու մասին, պատմութիւնը մեզ չի լուսաբաներ, ուստի առանձին-առանձին տեղեկութիւններ կը պակսին. յատկապէս կը յիշուին մի քանիները.
ա.- Աղքատանոցներու տեսչութիւն. քրիստոնէական եկեղեցին ժողովուրդի թշուառութիւնը թեթեւցնելու համար առանձնապէս քարոզեց «գթութիւն» եւ «ողորմածութիւն» դէպի աղքատները եւ որոնք խնամելու համար հաստատեց առանձին աղքատանոցներ եւ անկելանոցներ։ Արդ՝ եկեղեցւոյ գլուխը անձա՛մբ կարող չէր կառավարել այդ հաստատութիւնները, ուստի եւ այդ պաշտօնը կը յանձնուէր մէկ կամ երկու անձնաւորութեան։
բ.- «Փակակալութիւն», որ համապատասխան է այսօրուան լուսարարապետութեան։ Փակակալի խնամքին յանձնուած էր մայր եկեղեցւոյ բարեկարգութիւնը, ան էր միանգամայն եկեղեցական հանդէսներու կարգադրիչը՝ արարողապետ։
գ.- «Սենեկապետութիւն»ը հայրապետանոցի կարեւոր պաշտօններէն մէկն էր, ինչպէս արքունի սենեկապետութիւնը (սենեկապետութիւն=արքունիքի ընդհանուր վերակացու. «fonction de chambellan»). այդ անձին յանձնուած էր հայրապետանոցի բարեկարգութիւնը եւ թերեւս ան էր գաւազանակիրը եւ ժողովներու ժամանակ հայրապետի մօտ կանգնող անձը։
դ.- «Դատաւորութիւն»ը նոյնպէս կարեւոր պաշտօն մըն էր։ Եկեղեցական Դատարանին, որուն կազմութիւնը ծանօթ չէ, բայց անշո՛ւշտ կազմուած էր երկու կամ երեք անդամներէ, կ՚ենթարկուէին ո՛չ միայն կղերի վերաբերեալ դատեր, այլ եւ աշխարհիկ դատեր։
Այս 12 եպիսկոպոսները հայրապետի խորհրդակից ե՛ւ գործակից էին ընթացիկ գործերու կառավարութեան մէջ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 3 2022, Իսթանպուլ