ԱՆՁ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՈՒՆ - Ա -
Իւրաքանչիւր անհատ «ա՛նձ» մըն է իր ինքնութեամբ եւ ամէն անձ ի՛նքն է իր անունով։ Այս իմաստով, անունը կը ներկայացնէ անձը՝ իր ինքնութեամբ, որ կը զանազանուի «ուրիշ»ներէն եւ իր «նման»ներէն։ Ուրեմն անունը անձին, ուրիշներէ անկախ ինքնութեան մը ստուգանի՛շն է։ Անունը՝ մարդս կ՚որոշէ որպէս ա՛նձ, որպէս ի՛նք։
Ամէն անհատ իր անունով կը ճանչցուի եւ իր անունով կը զանազանուի եւ իր անունով կը ստանայ ինքնութիւն։ Եւ ուրեմն մարդկային կեանքին եւ մանաւանդ ընկերային-հասարակական կեանքին մէջ անունը որոշի՛չ, կարեւոր դեր մը կը խաղայ։ Ինքնութիւնը անունով կը կազմուի, անունով արժէք կը ստանայ եւ ընկերութեան մէջ անո՛ւնով կ՚արտայայտուի։
Մարդ իր նմանը կը կանչէ իր անունով։
Աստուած ալ ամէն մէկը կը կանչէ իր անունով։ Ուստի «Նուիրական արժէք» մըն է անունը ամէն անձի համար, քանի որ անունը կ՚որոշէ եւ կը բացայայտէ ինքնութիւնը։
Անունը՝ սրբանկարն է անձին, եւ այս պատճառով, ամէն անուն, որ կը ներկայացնէ անձ մը, յարգանք կը պահանջէ՝ իբր նշան զայն կրող անհատին մարդկային արժանապատուութեան։
Անձին կողմէ ստացուած անունը՝ «անուն» մըն է յաւիտենականութեան։ Ուստի անունը պարզ «պիտակ» մը չէ՛, քանի որ Աստուծոյ անունով դրոշմուած իւրաքանչիւր անձին խորհրդաւոր եւ միակ նկարագիրն է։
«Նկարագիր» մըն է անունը՝ որ կը կազմէ, կը կազմաւորէ անձը՝ որպէս անկախ ինքնութիւն։
Ուստի ծնողներ պէտք է զգոյշ եւ ուշադիր ըլլան մանուկներու անուանակոչութեան ընթացքին, քանի որ անունն է, որ պիտի ձեւաւորէ մանուկին ինքնութիւնը եւ նկարագիրը, մեծ մասանբ։ Անուն մը կրել ինքնութիւն մը ունենալ եւ տիպար ըլլալ կը նշանակէ։
Անունը, նաեւ, մեծ մասամբ ընթացքը կ՚որոշէ կեանքին։ Իր անունով է որ իւրաքանչիւր անհատ կը ներկայանայ ընկերութեան եւ անունով է որ կը ճանչցուի։ Անունով կ՚որոշուի ինքնութիւնը։ Անունով կը ձեւաւորուի նկարագիրը, քանի որ անունը կը տպաւորէ անձը, եւ անձը իր անունով ի՛նք կ՚ըլլայ։ Այս իմաստով, անուանակոչումը կարեւոր է եւ պատասխանատուութիւն կը ստեղծէ անձի մը ապագային նկատմամբ։
Անուանակոչութեան գեղեցիկ սովորութիւն մըն է՝ մանուկը անուանակոչել իր նախնիներուն անունով, մանաւանդ մեծհայրիկներու կամ մեծմայրիկներու անունով։ Յիշատակներու յարգանք եւ ընտանիքի տեւականութիւնը խորհրդանշող բարի սովորութիւն մըն է ասիկա։
Հռչակաւոր, տիպար անձերու անունով անուանակոչել, այս ալ մանուկին ապագային համար նպաստաւոր սովորութիւն մըն է, քանի որ ինչպէս ըսուեցաւ, անունը կրողին վրայ ազդեցութիւն կը գործէ եւ անոր նկարագրի կազմաւորման նկատմամբ դեր կը խաղայ։
Անշուշտ, անունը իր մէջ անպայման իմաստ մը ունի, եւ անուանակոչութեան ատեն պէտք է նաեւ անուան իմաստն ալ նկատի ունենալ։
Եւ այս գաղափարէն մեկնելով, համեստ եւ չափաւոր ուսումնասիրութիւն մը ընել ջանացինք անուններու իմաստներուն նկատմամբ։ Օգտուեցանք՝ «Հայոց անձնանուններու բառարան» Հրաչեայ Աճառեանէն, Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի «Անձնանուններու բառարան»էն եւ André-Marie Gerard-ի «Dictionnaire de la Bible»էն։
Վերջապէս պէտք է նկատել, որ անուններ կը բաժնուին ըստ անձերու սեռին՝ երկու խումբի՝ իգական անուններ եւ արական անուններ։ Հետագայ անուններու ցանկին չզատեցինք զանոնք եւ խառն կերպով ներկայացուցինք նկատելով, որ արդէն յայտնի են անոնց տարբերութիւնը սովորաբար։
Անունները ընտրեցինք ընդհանրապէս գործածուած եւ շատերու յայտնի բառերէ, որոնք իմաստ ունին։
Աբգար= կաղ (ասորերէն անուն)
Աբէլ= սուգ (եբրայերէն անուն)
Աբիկ= Աբիսողոմ անուան փաղաքշական ձեւը
Աբիսողոմ= խաղաղութեան հայր (եբրայերէն անուն)
Աբրահամ= ազգերու հայր, բազմութեան հայր (եբրայերէն անուն)
Ագապի= սէր (յունարէն անուն)
Ագնէս= մաքուր, պարկեշտ (յունարէն անուն)
Ագրիպպաս= Ոտքերը առաջ ծնած, դէպի առաջ (յունարէն անուն)
Ադամ= մարդ, մարդ էակը (եբրայերէն անուն)
Ազատ= ազատ (հայերէն եւ պարսկական փոխառութիւն)
Ազատուհի= ազատ բառէն իգական անուն
Ազարիա= Աստուծոյ օգնութիւնը (եբրայերէն անուն)
Ազգանոյշ= ազգ եւ անոյշ (հայերէն անուն)
Ազգասէր= ազգ եւ սէր (հայերէն անուն)
Ազգեր= ազգ, ցեղ, գերդաստան բառի յոգնակի ձեւը (հայերէն անուն)
Ազնաւոր= հսկայ, վիթխարի մարդ, դիւցազն՝ «ազն» արմատէն. ազնուական, իշխանաւոր։ Կը գործածուի նաեւ «Ազնաւուր» ձեւով։ (Պարսկական «aznavur»)
Ազնիւ= ընտիր, պատուական (հայերէն անուն)
Աթանաս= անմահ (յունարէն անուն)
Ալբերտ= Ալպեր (Albert). ազնուական
Ալեքս= Աղեքսանդր, Ալեքսան. մարդկութեան պաշտպան (յունարէն անուն)
Արփիար= Ալփիար. արեգակ
Ակիւլինէ= արծիւ, արծիւային (յունարէն անուն). կը գործածուի նաեւ՝ Ակիւլինա, Ակեղինէ եւ Ակիլինի ձեւերը
Ակներ= թանկագին քարեր, ակունք (հայերէն անուն. ակն-եր)
Ակքէոս= Անգէոս. խնջոյք (հայերէն անուն)
Ահարոն= լեռնաբնակ, (եբրայերէն՝ Aharon)
Աղազար= Եղիազար. (Աստուած եւ օգնութիւն եբրայերէն բառերով). Աստուած իմ, օգնութիւն իմ
Աղան= ազնուական, իշխան, եկեղեցական հովիւ (հայերէն բառ)
Աղաճան= Աղաջան. աղա հոգեակս (պարսկական անուն)
Աղասի= իր հայրը, իր «աղա»ն
Աղաւնի= «Colomba», համանուն թռչունի անունը, Սուրբ Հոգիի խորհրդանիշը
Աղբերիկ= «եղբայր» բառի ժողովրդական ձեւը. նաեւ՝ աղբեր, եղբայրիկ, աղբայրիկ
Աղուոր= գեղեցիկ, սիրուն (հայերէն բառէն)
Այգուն= լուսին եւ արեգակ, ցերեկ
Այգվարդ= առաւօտուայ վարդ (հայերէն բառեր. «այգ» եւ «վարդ»)
Այվազ= խոհարար
Անահիտ= անբիծ, անարատ, իգական աստուածութիւն
Անանիա= աստուածաշնորհ (եբրայերէն բառ)
Անանուխ= անանուխ հայերէն բառէն, Նանա. («mentha»)
Անաստաս= յարութիւն (յունարէն բառ)
Անաստասիա= Անաստասի իգական ձեւը
Անգինէ= անգին, թանկագին (հայերէն անուն)
Անդուլ= անդադար (հայերէն անուն)
Անդրանիկ= երէց, աւագ, մեծ (հայերէն բառէն)
Անդրէաս= առնական (յունարէն անուն)
Անթառամ= չթառամող, անթարշամ, չխամրող, (հայերէն բառ) եւ համանուն ծաղիկի անուն
Անժէլ= հրեշտակային (ֆրանսերէն բառ)
Աննա= շնորհ, գթութիւն (եբրայերէն անուն)
Անոյշ= քաղցր, նաեւ՝ «Անուշկա»յի ձեւով
Անուշաւան= անմահ հոգի (պարսկական բառ)
Անտոն= առաջնորդ, գլխաւոր (յունարէն անուն)
Աշխէն= գորշ, կապտագոյն կամ կանաչաւուն, թուխ, մութ գոյնով (պարսկական բառ)
Աշոտ= հրէական «Ասուդ» անունն է
Աչեր= աչեր՝ աչք (հայերէն բառ)
Ապրիլոյս= լոյսով ապրիլ (հայերէն բառ)
Ասանէթ= «Asanat» (եբրայերէն բառ). կը նշանակէ՝ վտանգ կամ դժբախտութիւն
Առաքել= ուղարկել (հայերէն բառ)
Առիւծ= առիւծ հայերէն բառ. յունարէն՝ Ղեւոնդ, լատիներէն Լեւոն. հայերէն նաեւ՝ Կորիւն
Առնակ= այր բառի սեռ. առն ձեւը (հայերէն բառ)
Ասպետ= ձիաւոր իշխան (հայերէն բառ՝ պարսկական փոխառութեամբ)
Աստղիկ= աստղ բառէն (հայերէն բառ)
Ասատուր= Աստուածատուր, Աստուծոյ տուածը
Աստուածասէր= Աստուած սիրող (հայերէն անուն)
Աստուածատուր= Աստուծոյ տուածը կամ Աստուած է տուած. Ասատուր
Ատոմ= Ատովմ= վանեցիներու գործածած հայերէն անուն մը
Արա= հին հայոց դիցաբանական անուններէն է. յունարէն «Aris» կամ «Aras». «Iros»ի հայրը՝ «Armenos»
Արամ= խելդիներու անուանի Արամէ թագաւորի անունէն։ Իրանական «Aram» անունի նշանակութիւնն է՝ հանգիստ, որ կապ չունի Արամ անուան հետ. Արամեան կը գործածուի՝ որպէս հայ կամ հայկական իմաստով
Արամազդ= լուսնթագ. (պարսկերէն՝ «Urmuzd») գերագոյն իմաստութիւն եւ տէր իմաստով
Արարատ= փոխառեալ է՝ «Urartu» ձեւէն
Արաքսի= Արաքս կամ Արաքսիա՝ Երասխ գետի անունը. «Arax»
Արբուն= բնական զօրութեամբ. արի եւ բուն հայերէն բառերէն անուն
Արդուարդ= արդարութիւնը աճեցնող
Արեգի= հայոց ամսանուններէն մէկն է
Արեւ= արեւ, արեգակ (հայերէն բառ)
Արեւգոյն= արեւի գոյնով, լուսաւոր
Արեւթագուհի= արեւի թագուհի
Արեւիկ= Արեւ անունի փաղաքշական ձեւը
Արեւլոյս= արեւի լոյսը
Արեւշատ= արեւի ճոխութիւն
Արեւքո= քու արեւդ
Արզուման= փափաքող, ցանկացող, կարօտ (պարսկական անուն)
Արթաքի= «Յարութիւն» անուան փաղաքշականը
Արթուն= Գրիգոր անուան թարգմանութիւնն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 17, 2016, Իսթանպուլ