ԻՍԿԱԿԱՆ ՄԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ

«Մինակութիւն» եւ «առանձնութիւն»՝ թէեւ մերձիմաստ բառեր են, բայց նոյնիմաստ կամ հոմանիշ չեն։ Այս ուղղութեամբ, անոնք կը նմանին «տարիքոտ ըլլալ»ու եւ «ծերութեան». ծերութիւնը միայն տարիքի հետ կապ ունեցող վիճակ մը չէ՛։ Առանձնութիւն ալ չի նշանակեր մինակութիւն, քանի որ ան ենթակային հոգեվիճակին հետ առընչուած վիճակ մըն է։ Ամէն առանձին մարդ մինակ չէ՛, ինչպէս մինակ մարդը առանձին չէ, եթէ առանձնութեան գիտակցութիւնը չունի եւ առանձնութեան բարիքները վայելելու տրամադրութիւնը չունի։ Արդարեւ, գիտակից առանձնութիւն մը պարգեւ մը, վայե՛լք մըն է՝ արդիւնաբեր վիճակ մը, որ կը նպաստէ մարդուն, խաղաղ եւ երջանիկ ապրումներու պատճառ կ՚ըլլայ։ Իսկ մինակութիւնը, ըստ էութեան անտանելի է, քանի որ ան բոլորովին ներհակ է մարդկային բնութեան, որովհետեւ մարդ ընկերային էակ մըն է, մարդ ստեղծուած է միասին ապրելու համար իր նմաններուն հետ, արդէն մարդուն գոյապահպանումը եւ գոյատեւումն ալ կախում ունի միասնակութենէն եւ ո՛չ՝ միայնակ կեանքէ մը։

Առանձին մարդը «մինակ մարդ» չէ, քանի որ ան իր առանձնութեան մէջ իր իսկ «Ես»ին հետ է՝ իր ներաշխարհին մէջ. կը խորհի, կը մտածէ, կը խորհրդածէ՝ հարցումներ կ՚ուղղէ ինքնիրեն՝ իր «Ես»ին, պատասխաններ կը գտնէ, պատասխաններու մէջ համեմատութիւններ եւ նախընտրութիւններ կ՚ընէ, մէկ խօսքով առանձին մարդը «բազմութեան» մը մէջ է իր առանձնութեանը մէջ։ Առանձնութիւնը, այս իմաստով երբեք ամլութիւն չ՚ենթադրեր, այլ աշխոյժ եւ արդիւնաւոր կեանք մը։ Առանձին մարդը խաղաղութիւնը կ՚ապրի իր առանձնութեանը մէջ. ան «առանձին» է ե՛ւ երջանիկ։ Առանձնութիւնը կեանքին «ներքին» մասն է, անշուշտ անոր համար որ առանձնութիւնը կ՚ապրի գիտակցութեամբ եւ յօժարութեա՛մբ։

Բայց մինակութիւնը, ուր ո՛չ գիտակցութիւն, ոչ յօժարութիւն, ոչ խորհրդածութիւն կայ, մտքին եւ հոգիին համար խաւարի եւ մութի դատապարտութի՛ւն մըն է։ Արդէն, ինչպէս ըսինք, իր այս հանգամանքով, մինակութիւնը մարդկային բնութեան ալ ներհակ եւ մարդուն կոչումին հետ անհաշտ եւ խոտոր համեմատող երեւոյթ մըն է։

Առանձին մարդը՝ մինակ մարդ չէ՛…։

Մարդ այնքան «մինակ» է, որքան ինքզինք մինակ կը զգայ։ Ոմանք իրենց մինակութիւնը իրենք կը ստեղծեն, իրենք կը պատրաստեն։ Մինակ մարդը թէ՛ հոգեպէս, թէ՛ մտապէս եւ թէ՛ ֆիզիքապէս մինակ է։ Ընդհանուր առմամբ, ընկերութեան մէջ մուտքի անձնագիրը ո՛չ թէ մինակութիւնը, այլ՝ միութիւնն է միայնակութիւնը։ «Մինակ մարդ»ը դասալիք կ՚ըլլայ ընկերային կեանքէն, քանի որ ան քայլ չի կրնար յարմարցնել հաւաքական կեանքի ընթացքին։

Մինակ մարդը ինքնամոլ, եսասէր մարդ է, քանի որ ան կը խուսափի պատասխանատուութենէ, մանաւանդ հասարակութեան հանդէպ պարտաւորութիւններէ, պարտականութիւններէ եւ անշուշտ՝ պատասխանատուութենէ։

Բայց առանձին մարդը գիտակցութիւնը ունի իր ընկերային պարտականութիւններուն եւ իր բոլոր նմաններուն հանդէպ պատասխանատուութեան։ Ուստի, այս գիտակցութեան մէջ առանձին մարդը կարելի՞ է «մինակ» համարել։

Առանձնութեան մեծագոյն վարձատրութիւնն է ինքնաճանաչումը անձին։ Եւ աւելին առանձնութեան մէջ մարդ կը ճանչնայ, կը մօտենայ իր Արարիչին, Աստուծոյ եւ կը խորանայ կեանքի գաղտնի ծալքերուն մէջ, կը թափանցէ կեանքի խորհուրդին, եւ հետզհետէ կը կատարելագործուի, կը հասուննայ։

Մարդ «անծանօթ» մըն է, նոյնիսկ անծանօթ՝ ինքնիրեն, իր էութեան։ Առանձին մարդը հետզհետէ կը ծանօթանայ իր «Ես»ին հետ, կը ծանօթանայ մարդ-անծանօթին հետ, մասամբ կ՚ըմբռնէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «ապրիլ», ի՛նչ կը նշանակէ «կեանք», պատասխաններ կը ստանայ ծնելու եւ մեռնելու մասին. կեանքի պատճառին, կեանքի նպատակին եւ կեանքի իմաստին նկատմամբ։

Այո՛, մինակութիւնը երբեք լաւ բան մը չէ, բայց, գիտէ՞ք սիրելի՜ներ, իսկական մինակութիւնը ո՞ր մինակութիւնն է։ Բազմութեան մէջ ինքզինք «մինակ» զգալ ամենավատ մինակութիւնն է։

Անշուշտ այս մինակութիւնը կը բազմապատկուի, երբ մարդ ծանօթներու մէջ, բարեկամ կարծուածներու մէջ ինքզինք «օտար» եւ «անծանօթ» զգայ։ Ի՜նչ տաժանելի, ո՜րքան անտանելի բան է կոչեցեալ բարեկամներու, ինքնակոչ ծանօթներու հետ շրջապատուած ըլլալ, եւ անոնց մէջ ինքզինք օտար եւ անծանօթ զգալ։ Ահաւասիկ, ա՛յս է իսկական մինակութիւնը։

Բայց երբ մարդոց բարեկամութիւնը կը ցանցառի, կը կորսնցնէ իր մտերմութիւնը եւ անկեղծութիւնը, Աստուծոյ բարեկամութիւնը եւ մտերմութիւնն ալ կ՚աւելնայ եւ մարդ կը փրկուի մինակութենէ եւ ինքզինք առանձին կը սկսի զգալ։

Ահաւասի՛կ այն սահմանագիծը՝ ուր իրարմէ կը զատուին եւ իրարմէ կը հեռանան մինակութիւնը եւ առանձնութիւնը։ Եւ այն որ իր սրտին մէջ վա՛ռ կը պահէ սիրոյ անշէջ բոցը, երբեք մինակ չի զգար ինքզինք, քանի որ ան առանձին է իր սիրելիներուն հետ, առանձին է իր իսկ անձին հետ եւ ամենակարեւորը՝ առանձին է իր Արարչին հետ։ Ուստի, առանձնութեան ամենամեծ վարձատրութիւնն է ճանչնալ, եւ մտերմանալ Աստուծոյ հետ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 17, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020