ՄԵԾ Է Ա՛ՅՆ՝ ՈՐ ԱԶՆԻՒ Է
«Ազնիւ ըլլալ» կը նշանակէ՝ բաբախուն սիրտ մը ունենալ, բարիքի մասին խորհիլ, առաքինութիւններով օժտուած ըլլալ եւ անդրադառնալ իր իսկ ինքնութեան։
Մարդ երբ անդրադարձած է իր ինքնութեան, անիկա «անկեղծ մարդ» է եւ գիտէ նաեւ անդրադառնալ իր շուրջին, իր շուրջը գտնուած անձերուն, որոնք իրեն «նման»ներն են։ Ասիկա կ՚ենթադրէ՝ «համակրական հասկացողութիւն», այսինքն՝ «empathy», որուն միջոցով կարելի է հասկնալ ուրիշները, հասկցուիլ ուրիշներէն եւ ըստ այնմ վարուիլ մարդոց հետ։
Ուրեմն մարդ, երբ ինքզինք «մեծ» կը զգայ եւ կամ «մեծ» կը կարծէ, պիտի հասկնայ եւ անդրադառնայ, որ ուրիշն ալ իրեն չափ «մե՛ծ» է։
Արդարեւ, մարդկային հոգեբանութիւնը շատ տարօրինակ է եւ հետաքրքրական։ Ամէն մարդ, ընդհանրապէս յարգն ու պատիւը ինքնիրեն յարմար կը տեսնէ եւ չափազանցելով՝ ինքզինք «մե՛ծ» կը նկատէ։ Անշուշտ որ ամէն մարդ յարգ ու պատիւ վայելելու իրաւունք ունի, քանի որ մարդկային արժանաւորութիւն եւ արժանապատուութիւն ունի, բայց սխալը՝ այս չափազանցել եւ իրնքզինք ուրիշներէ վե՛ր կարծելն է։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսինք. մա՛րդ վերէն նայելով բարձր կամ մեծ չ՚ըլլար, մեծութիւն եւ բարձրութիւնը ուրիշներու ընծայած յարգ ու պատիւէն կախում ունի։
Զոր օրինակ, մարդ երբ մասամբ ուրիշներու, նիւթական որոշ ապահովութեան մը հասած է, ինքզինք անոնց նկատմամբ «մեծ» կը համարէ եւ կամ ուրիշներու նկատմամբ աւելի գիտութեան տէր ըլլայ, ինքզինք, աւելի նուազ գիտութեան տէր եղողներու հետ բաղդատելով «մեծ» կը զգայ։
Բայց միայն զգալ, մասամբ բնական եւ ներելի կարելի է նկատել, քանի որ ամէն մարդ իր ունեցած նիւթական, բարոյական կամ մտային առաւելութիւններէն կրնայ երջանիկ զգալ ինքզինք եւ այս զգացումը զինք «ինքնավստահ» կ՚ընէ։ Բնական է, բայց ասիկա եթէ «ինքնահաւանութեան» աստիճանին հասնի, այլապէս կը սկսի ինքզինք բաղդատել ուրիշներու հետ եւ վարջապէս մեծամտութեան մոլութեան կ՚ենթարկուի մարդ։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է որ սխալ է, այս է որ տհաճ է եւ անընդունելի՝ մարդկային արժանապատուութեան եւ հաւասարութեան սկզբունքին նկատմամբ։
Մարդ եթէ ինքզինք բարձրացնէ հպարտութեամբ եւ գոռոզութեամբ, անպայմա՛ն օր մը կ՚իյնայ. իսկ եթէ ուրիշներ՝ գնահատելով իր իսկական արժէքը, բարձրացնեն զինք, իրապէս «մե՛ծ» կ՚ըլլայ։
Յիսուս միշտ կը պատուիրէ խոնարհ ըլլալ, յաճախ կը խօսի խոնարհութեան վրայ։
«Որովհետեւ՝ ո՛վ որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, իսկ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 11)։
Նաեւ. «Եթէ մէկը քեզ հարսանիքի կամ խնճոյքի հրաւիրէ, սեղանին գլուխը մի՛ նստիր, որովհետեւ կրնայ ըլլալ որ քեզմէ աւելի յարգելի անձ մըն ալ հրաւիրուած ըլլայ։ Այն ատեն քեզ եւ զայն հրաւիրողը պիտի գայ եւ քեզի ըսէ.- Տեղդ իրեն տուր։ Եւ դուն խայտառակ ըլլալով՝ ամենէն վերջին աթոռին պիտի նստիս։ Ընդհակառակը, երբ կը հրաւիրուիս՝ գնա՛ եւ վերջին աթոռին նստէ, որպէսզի երբ քեզ հրաւիրողը գայ, ըսէ քեզի.- Բարեկա՜մ, վե՛ր հրամմէ։ Այն ատեն դուն հրաւիրեալներուն մօտ պատուուած պիտի ըլլաս» (ՂՈՒԿ. ԺԴ 8-10)։
Կարելի է բազմաթիւ օրինակներ գտնել Աւետարնին մէջ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ է ճշմարիտ մեծութիւնը, ի՛նչ է իսկական վեհութիւնը։
«Ձեր մէջէն մեծը թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի, եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 11-12)։
«Եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ մեծ ըլլալ՝ պէտք է ձեր բոլորին սպասաւորը ըլլայ, եւ եթէ ձեզմէ մէկը ուզէ առաջին ըլլալ՝ պէտք է բոլորին ծառան ըլլայ, որովհետեւ Մարդու Որդին, ի՛նքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (ՄԱՐԿ. Ժ 43-45)։
«Ով որ ընդունի այս մանուկը իմ անունովս՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ, եւ ով որ զիս կ՚ընդունի՝ ընդունած կ՚ըլլայ զիս ղրկողը։ Որովհետեւ ով որ ձեր բոլորին մէջ փոքրիկն է, ա՛ն է մեծը» (ՂՈՒԿ. Թ 48)։
«Ընդհակառակը, ձեր մէջէն ամենէն մեծը թող ամենէն պզտիկին պէս ըլլայ, եւ առաջնորդը՝ սպասաւորին պէս» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 26)։
Արդարեւ, ամբողջ Աւետարանը լեցուն է խոնարհութեան դասերով։ Եւ քանի որ Աւետարանը միշտ սէր կը քարոզէ, սիրոյ սկզբունքի վրայ հաստատուած է եւ խոնարհութիւնն ալ սիրոյ բնական մէկ հետեւանքն է, ուրեմն շատ բնական է եւ բանական՝ որ խոնարհութեան այսքան կարեւորութիւն ընծայուած ըլլայ Աւետարանին մէջ։
Ուստի, հպարտութիւնը՝ իր բոլոր ստորաբաժանումներով՝ նկատուած է «եօթը մահացու մեղք»երէն մին եւ «մեծ ըլլալ»ու ձգտումը լճացած է բոլոր անոնց հոգիներուն մէջ՝ որոնք տենչացած եւ տարուած են այդ թունալից եւ մահացու պտուղը։
Եւ ո՜րքան վէճեր կը ծագին «մեծ ըլլալ»ու եւ «մեծ երեւել»ու հարցին շուրջ։ Բայց ինչպէս «բարի ըլլալ» եւ «բարի երեւիլ» տարբեր իրողութիւններ են, նո՛յնպէս բոլորովին տարբեր երեւոյթներ են՝ «մեծ ըլլալ» եւ «մեծ երեւիլ»։
Յիսուս որքան յստակ կ՚ըսէ եւ կը բացատրէ մեծութեան հարցը, երբ կ՚ըսէ.- Բայց շատեր որոնք հիմա առաջին են՝ վերջին պիտի ըլլան, եւ շատեր, որոնք վերջիններ են՝ առաջին (ՄԱՏԹ. ԺԹ 30)։
Ուստի «մեծ» չէ՛ այն մարդը, որ շատ խելք կամ ստացուածք ունի, այլ մե՛ծ է ան, որ հեզ ու ազնիւ հոգի ունի։ Խելքը ընդոծին է, ըսենք՝ աստուածատուր պարգեւ մըն է, իսկ նիւթական հարստութիւնը՝ ստացուածքը դուրսէն կու գայ, բայց հոգիի ազնուութիւնը բոլորովին մարդուս ներսէն կը բխի։ Ազնուութիւնը ներաշխարհէն արտադրուած «լոյս» մըն է, որ կը փայլեցնէ թէ՛ ենթական եւ թէ՛ շուրջինները իր փայլով։
Այս իմաստով՝ խելքը ենթակային կամքէն անկախ կը տրուի իրեն, ստացուածքը՝ մարդ իր ճարտարութեամբ, աշխատանքով ձեռք կը ձգէ, իսկ երրորդը՝ ազնուութիւնը, իւրաքանչիւր անհատ իր զգացումներով կ՚արտացոլացնէ։ Այդ պատճառով ան կը նմանցուի լոյսի, որ կը լուսաւորէ իր շուրջը։
Վերջապէս, հպարտը կը նմանի այն անպտուղ ծառին, որ իր հասակը կը ցցէ դէպի վե՛ր, մինչդեռ համեստ եւ խոնարհը կը նմանի այն պտղատու ծառին՝ որ իր ճիւղերը կը հակէ դէպի վա՛ր եւ մարդիկ անոր օգտակարութիւնը աւելի վեր կը դասեն քան վեր ցցուած անպտուղ ծառին անօգուտ կեցուածքը։
Քրիստոնէութիւնը ե՛ւ մարդկութիւնը կը պահանջէ՝ սիրել զիրար եւ խոնարհ ու արդար ըլլալ իրարու հանդէպ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 17, 2017, Իսթանպուլ