ԾԱՌԸ ԵՒ ՄԱՐԴԸ

Մարդոց սիրելի բարեկամներ են ծառերը՝ որոնք կու տան մեզի ի՛նչ որ ամրան տոգորիչ օրերուն՝ գերազանցապէս ցանկալի եւ գնահատելի է ստուերամած զովութիւնը։

Բայց հարցում մը՝ որուն պատասխանը անորոշ կը թուի։

Ընդհանրապէս չէ եղած ոեւէ մարդկային էակ, որ աւելի քան հարիւր տարի ապրած ըլլայ…։

Ինչո՞ւ այս իրողութիւնը։

Ծառի մը կը շնորհուի հարիւր տարի կամ աւելի ապրելու առանձնաշնորհումը եւ կը զլացուի մարդուն՝ որ ենթադրաբար ամբողջ ստեղծագործութեան դափնեպսակն է։ Ինչո՞ւ։ Այս երեւոյթին տակ «պատճառ» մը ըլլալու է։

Եթէ քմահաճոյք չէ եղածը, որ չէ՛, ապա ուրեմն ի՞նչ է պատճառը այս անհամեմատ երեւոյթին։

Մէկ բացատրութիւն. ընդունելի կամ անընդունելի, հիմնաւոր կամ անհիմն, ո՜վ գիտէ, սա թերեւս թէ մարդոց ստուոր մեծամասնութիւնը արժանի չէ այդքան երկար ապրելու…։

Շատեր՝ որ յիսուն տարի եւ աւելին ապրեր են, ի՞նչ եղեր են, կամ ի՞նչ ըրեր են, որ արդարացուցիչ պատճառ ունենան յիսուն տարի եւս ապրելու։ Շատեր յիսուն տարի ապրելով՝ արդէն բաւական ապրած են։ Չար մարդիկ ինչո՞ւ երկար ապրին, որպէսզի իրենց չարութիւնը տարածեն յիսունէն անդին երկրո՞րդ յիսնամեակի մը վրայ։ Անշուշտ, այս խօսքերը «չարերը չապրին» ձեւով հասկնալ սխա՛լ է, քանի որ այսպիսի մտայնութիւն մը կամ փափաք մը մարդկային իրաւունքին եւ ապրելու ազատութեան բոլորովին հակառա՛կ է։

Արդարեւ, ամէն չարին պատիժը մահ պէտք է ըլլայ, այլ ամէն չար չարութեանը համապատասխան պատիժով մը պէտք է փոխարինուի, արդէն իրաւունքն ալ ա՛յս կը պահանջէ։ Մնաց որ երկար ապրող շա՜տ բարի կայ…

Մարդկային կեանքը «սահմանեալ նպատակ»ի մը համար է. եթէ մէկը յիսուն տարուան մէջ չկրցաւ ծառայել այդ նպատակին, հարիւր տարուան մէջ ալ չի կրնար։ Ան որ յիսուն տարին չ՚արժեցներ, հարիւրը ինչպէ՞ս կրնայ արդարացնել։ Երբ ծառը անգամ օգտակարութիւն ունի մարդոց, մարդը պէտք չէ՞ որ օգտակար ըլլայ իր նմաններուն, իր շուրջիններուն։

Բայց ծառի մը կեանքին եւ մարդու մը կեանքին միջեւ սա՛ մեծ տարբերութիւնը կայ. ընդհանրապէս խօսելով, ծառը իրեն համար չ՚ապրիր. մարդը սակայն իրեն համար կ՚ապրի։ Սա ստուերամած դարաւոր ծառը, զոր օրինակ, ապրեր է հարիւր եւ աւելի տարիներ սահմանեալ պաշտօնի մը համար՝ որ է մարդոց իրեն հովանիին հանգստութիւնը տա՛լ։ Անշուշտ, եթէ նկատի չառնուի ծառի մը բազում օգտակարութիւնները՝ որոնք հոս թուել աւելորդ է…

Ո՞ր մարդը, սիրելի՜ բարեկամներ, ծառին նման, իր ապրած տարիներուն ամբողջութիւնը, ամէն ինչովը ուրիշներուն օգտին եւ բարւոյն ծառայելու կու տայ։ Մարդ իր «Ես»ին գիտակցութիւնը ունի եւ գերի՛ն է իր «Ես»ին։ Իսկ եթէ կան «ծառ»ի օգտակարութեան նման ամբողջութեամբ օգտակար մարդիկ, անոնք յարգելի բացառութիւններ կը կազմեն։ Թերեւս տարօրինակ թուի շատերուն՝ բաղդատել մարդը եւ ծառը, որոնք ըստ էութեան բաղդատութեան եզր պէտք չէ ունենան, բայց այստեղ, ո՛չ թէ կը բաղդատուին մարդը եւ ծառը, այլ անոնց օգտակարութիւնն է որ կը բաղդատուի, այլապէս մարդը եւ ծառը անշուշտ որ կարելի չէ բաղդատել…

Յիսուս Քրիստոս, իբրեւ կատարեալ մարդ, եզական մէկ օրինակն է վերը յիշուած «յարգելի բացառութեան»։ Բայց այդպիսի կեանքի մը համար ալ միայն ընդ ամէնը երեք տարին բաւական եղաւ։ Ո՞ր մէկ մարդ կրնայ ըսել, թէ հարիւր տարի ապրեցաւ եւ այդ հարիւր տարուան պարունակութեան գէթ տասը տոկոսը արժեցուց այն արժէքին՝ որ Յիսուս Քրիստոս սեղմեցուց երեք տարուան մէջ։ Ահաւասիկ, այս իսկ պատճառով Ան եզակի տիպարն է մարդկութեան իբրեւ «կատարեալ մարդ»։

Շատեր շատ կ՚ապրին, բայց պարապի կ՚ապրին։

Անոնք աւելի կ՚ապրին, եւ ո՛չ թէ պակաս…

Յիսուն տարի ունայնութիւնով ապրիլ, ոչ մէկ օգտակարութիւն ունենալ չի բաւե՞ր միթէ որ հարիւրին վրայ աչք տնկուի։ Ահաւասիկ, այս կէտին, փոխանակ ձգտիլ ծառին տարիքին, այլ՝ անոր օգտակարութեա՛ն։

Կրիաներն ալ կ՚ապրին քանի մը հարիւր տարի…

Ունայն կեանք մը երկարաձգելու բարիքը ի՞նչ է ենթակային՝ կամ ընկերութեան համար։

Արդարեւ, մարդ կոչուած է ո՛չ թէ երկար, բայց ունայն, աննպատակ կամ անձնասէր, ինքնակեդրոն կեանքի մը, այլ՝ նպատակաւոր, լեցուն կեանքի մը։

Եւ այն դարաւոր ծառերը իրենց բազմաթիւ օգտակարութիւններուն առընթեր փորձառութեան դաս մըն ալ կու տան մարդուն՝ թէ երկար կամ կարճ, պէտք է ապրիլ օգտակար, նպատակաւոր կեանք մը։

Ուստի Բնութիւնը դպրո՛ց մըն է մարդուն համար։ Ամէն երեւոյթ ինքնին դաս մըն է մարդուն։ Պտուղը եւ առիթը օգտագործելու է մարդ առանց պատիւ տալու փտած ծառին։ Մեծ բարեգործութիւններ բայց պզտիկ մարդիկ… Փտած ծառը առողջ փայտի տեղ չի դրուիր։ Փտածը իրեն արժանի նպատակին կը ծառայէ։ Աննպատակ ըլլալ՝ փտութիւն է, ո՛ւր որ գտնուի միայն «վառուելո՛ւ» արժանի է…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 19 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 22, 2023