ԽԻՂՃ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Մարդիկ, ընդհանրապէս, ամենօրեայ աշխարհային զբաղումներու ընթացքին կ՚անտեսեն բարոյականութիւնը եւ մանաւա՛նդ խիղճը։ Արդարեւ, ցաւով պէտք է ընդունիլ, թէ կան մարդիկ՝ որոնք նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց օրինաւոր կը նկատեն եւ երբեմն ապօրէն ճամբաներով կը փորձեն յաջողութիւն ձեռք ձգել եւ շահիլ, եւ շահածը երբեք չկորսնցնե՛լ։ Այդպիսիներուն համար ապօրէն շահ գոյութիւն չունի, եթէ նոյնիսկ միջոցը ապօրէն է։ Այս իմաստով, միեւնոյն նպատակը կամ ձեռք ձգուած յաջողութիւնը կրնայ ոմանց համար օրինաւոր ըլլալ, իսկ ուրիշներու համար՝ բացարձակապէս ապօրէ՛ն։ Զոր օրինակ, մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները մինչեւ ո՞ւր օրինաւոր է, եւ ո՞ւրկէ սկսեալ կը վերածուին ապօրէ՛նի։

«Մաքրակրօն գաղափարապաշտ»ի մը եւ աշխարհիկ «հաճոյամոլ»ի կամ «շահադէտ»ի մը միջեւ ընկերային այս փափուկ, միանգամայն լո՛ւրջ հարցին շուրջ, գաղափարի եւ ըմբռնումի անհո՜ւն տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի։ Ասիկա, ընդհանրապէս ընդունուած եւ յայտարարուած առողջ սկզբունքներու եւ մոլորած մտայնութիւններու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնն է։

Թեթեւ բարոյականութեան մասին գոյութիւն ունեցող «թունաւոր մտայնութիւն»ը նախճիրներ՝ քանդումներ, սպանութիւններ կը գործէ, ինչպէս եւ ընտանեկան կեանքին, եւ նոյնպէս աշխարհի ամենէն քաղաքակրթեալ նկատուած ժողովուրդներու մէջ։ Շահամոլութեան մասին այս կործանարար գաղափարներով սնած երիտասարդներ արդէն առաջին քայլը կը նետեն ահաւո՜ր վայրէջքի մը՝ ուր կը գահավիժին յաճախ ամենէն մաքուր եւ անմեղ ընտանիքի զաւակներ։ Եւ «պատուաւոր» նկատուած ընտանեկան յարկերու ներքեւ շատ յաճախ ցաւալի կերպով գոյութիւն ունեցող խաբէութիւններ, անհաւատարմութիւններ, անվստահութիւններ եւ ասոնց բնական հետեւանքով, ընտանեկան սրբութեան, պատիւին, երջանկութեան, նուիրականութեան խորտակումը շահամոլութեան, նիւաթապաշտութեան մասին այս վատառողջ եւ վնասակար սկզբունքին գործադրութեան արդի՛ւնքն է։

Մարդ անշուշտ այս անապահով կացութեան մէջ կ՚ուզէ ապահով եւ վստահելի միջավայր մը գտնել։ Ահաւասի՛կ այդ վստահելի եւ ապահով միջավայրն է՝ խիղճը, մաքրութեան եւ բարոյականութեան աւանդական բարի սկզբունքներուն՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւոր արժէքները։

Այս արժէքները առողջ եւ արթուն վիճակի մը մէջ պիտի կարենան ապահով ուղեցոյց մը ըլլալ տարակուսելի, կասկածելի եւ վնասակար ուղիներու մէջ։ Ասոնք միայն պիտի կատարեն դերը փարոսներու կարմիր լոյսերուն, առանց որոնց շա՜տ կեանքեր պիտի փշրուէին նենգամիտ խարակներուն՝ ապառաժներուն վրայ։

Խի՜ղճ, մաքրութի՜ւն, բարոյականութի՜ւն. այս բոլոր առաքինութինները անհրաժե՛շտ են հաստատ նկարագրի մը համար։ Բայց դժբախտաբար, կրնան գտնուիլ ոմանք, որ հեգնանքով կը մօտենան այս առաքինութիւններուն՝ ժամանակավրէպ, անտեղի եւ իրական կեանքի հետ անհամապատասխան համարելով զանոնք։ Այդպիսիներ այդ բառերը սնամէջ կը նկատեն՝ գործնականութիւն չունեցող վերացական, անիրականալի գաղափարներու արտայայտութիւններ միայն։ Անոնք «բորբոսած միտքերու նախապաշարում»ը կը նկատեն այդ առաքինութիւնները։ Այո՛, պարզապէս, կարգ մը միտքերու վրայ քանդակուած «նախապաշարում»ներ կը նկատուին առաքինութիւնները՝ որ «զարգացած» եւ «լուսաւորուած» մէկը չի կրնար որեւէ արժէք եւ կարեւորութիւն ընծայել այս տեսակ վերացական եւ մտացածին, երեւակայական բառերու։

Եւ սակայն այն անձը, որ նկատի չ՚առներ նորոյթէ ինկած նկատուած բարոյական սկզբունքները, զո՛ւրկ է ներքին զօրութենէ մը՝ որ պիտի կրնար դիմադրել վա՛ր քաշող ուժերու, եւ այն անձը, որ անկարող է իր կամքին իշխանութեան ներքեւ առնել ինքզինք նուաստացնող եւ ստորնացնող զգացում մը, կիրք մը, խորհուրդ մը եւ արարք մը, եւ իր սրտին եւ հոգիին խորութիւններուն մէջ չզգալ անոնց կործանարար հանգամանքը, այդ տեսակ անձ մը «բարոյական խլեակ» մըն է ընկերութեան եւ մարդկութեան համար։

Եւ ինչպէս բնութիւնը անողոք է ֆիզիքական կեանքի դէմ գործուած որեւէ յանցանքի համար, որեւէ սխալի համար կամ թերութեան համար, ա՛յսպէս խղճի, մաքրութեան եւ բարոյականութեան դէմ գործուած յանցանք մը անպատիժ չի՛ մնար երբեք։ Նիւթական եւ ֆիզիքական կարգ մը վնասներէ զատ, մարդու մը թանկագին դրամագլուխը կազմող պատիւը, ազդեցութիւնը եւ մարդոց մասին ունեցած յարգանքը եւ սէրը պիտի տուժեն եւ յաճախ անվերադառնալի՛ կերպով։

Միւս կողմէ, պէտք է ըմբռնել, թէ աշխարհ կարծուածին չափ անգիտակ եւ սկեպտիկ չէ հեգնուած այդ երեք սկզբունքներու արժէքին մասին. պետութիւններ եւ ազգեր ծանրակշիռ պարագաներու մէջ սորված եւ վարժուած են կռթնիլ մարդոց, որոնք կը հաւատան այդ սկզբունքներուն զօրութեան եւ բարձրութեան, եւ այսպէս իրենց հայրենիքին ներկան եւ ապագան կը յանձնեն վստահելի՝ հմուտ եւ պատասխանատուութեանը գիտակիչ անձերու, որ կեանքի պայքարի ամենէն ճգնաժամային օրերուն մէջ իսկ ամէն օր կը ծրագրեն աղօթելու համար, որպէսզի կարող ըլլան հաւատարիմ մնալու Արարիչին կամքին, եւ խըղ-ճի, հոգեւոր մաքրութեան եւ բարոյականութեան օրէնքին։

Աշխարհ շատ բան է կորսնցուցած եւ տակաւին կը շարունակէ կորսնցնել, եւ պիտի կորսնցնէ, եթէ ինչպէս հաճոյքներու, կամայական ընթացքի, նոյնպէս կեանքի զանազան արահետներուն մէջ չհպատակի օրէնքներու՝ որոնք մարդը անասունի աստիճանէն վե՛ր հանելով՝ մարդկութեան արժանաւոր եւ պատուաբեր պատուանդանին վրայ կը դնեն։

Եւ եթէ այսօր աշխարհ ի հեճուկս դիւանագիտական եւ քաղաքական գետնի վրայ ջանքերու ձախողութեան, տակաւին կը կառչի խաղաղութեան յոյսին, այդ յոյսը հիմնուած է խղճի եւ բարոյականութեան նման օրէնքներու վրայ։

Ամերիկացի նշանաւոր թատերագիր մը մաքուր գրականութեան վրայ գրած իր իմաստալից մէկ յօդուածին մէջ կը մատնանշէ այս հարցը եւ կը վերջացնէ սա բառերով.

«Մակերեւութապէս, աւանդութիւններ, սովորութիւններ եւ բարքեր կը փոխուին, բայց հիմնական եւ էական որոշ հաւատալիքներ դարերու, շրջաններու բիւրեղացած իմաստութիւնն են, հիմնուած՝ ցեղի մը լաւին ու գէշին մասին ստացած փորձառութեան վրայ։ Եւ ո՛չ մէկ քաղաքակրթութիւն՝ որ թեթեւութեամբ կամ անտարբերութեամբ վարուած է այդ հաւատքին հետ, եւ վերապրած է»։

Այս խորհրդածութիւններու աւարտին, թող ներուի մեզի ըսելու, թէ հայ իրականութիւնն ալ վերապրած է այդ «բիւրեղացած իմաստութեան» շնորհիւ, զոր ստացած է խղճի եւ բարոյականութեան նման սկըզ-բունք եւ օրէնքներու մասին իր ունեցած ուժեղ հաւատքին միջոցով։

Ուստի ֆիզիքական կեանքը լոկ աղանդերով չի կրնար սնանիլ, աճիլ եւ զարգանալ։ Մարդը աճեցնող եւ զօրացնող ուրիշ հաստատուն եւ կենսական սնունդներ ալ գոյութիւն ունին եւ մարդ կատարելագործուելու՝ զօրանալու եւ անթերի ըլլալու համար բարոյական սնունդի ալ կը կարօտի։ Եւ այն կեանքը մարդուն մէջ, զոր «իմացական» եւ «բարոյական» կը կոչուի ընդհանրապէս, իմացական եւ բարոյական վարժութիւններու ալ կը կարօտի։ Եւ այս երկու կարգի սնունդին օրինաւոր եւ կանոնաւոր գործածութիւնն է, որ պիտի ապահովէ ենթակային համաչափ եւ անհրաժեշտ զարգացումը եւ անշուշտ ընկերութեան ալ բարեփոխութիւնը։

Ուստի կեանքը պէտք է ապրիլ չափաւորութեամբ՝ ներդաշնակելով մարմնաւորը եւ հոգեկանը եւ մտաւորը։ Եւ այն մարդը՝ որ կրնայ կատարել այդ ներդաշնակութիւնը իր կեանքին մէջ, ան է, որ կրնայ «յաջողած» եւ «յաղթակա՛ն» համարուիլ կեանքի պայքարին մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 16, 2018, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 22, 2018