ԸՍՏ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԿԱՆՈՆՆԵՐՈՒ՝ ՆՇԱՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՏԱՐՈՒՄԸ - Բ -
Նշանադրութեան կը յաջորդէ բնականաբար պսակադրութիւնը։ Արդէն նշանադրութեան նպատակն է պսակադրութիւնը՝ որպէս նախապատրաստութիւն եւ առաջին հանգրուան։
Ուրեմն նշանադրութիւնը իմաստ կը ստանայ երբ իր լրումին հասնի, այսինքն պսակադրութեամբ վերջանայ։
Ուրեմն երբ կը խօսինք նշանադրութեան վրայ, կ՚արժէ, գոնէ հակիրճ եւ համառօտ կերպով մը խորհրդածել պսակադրութեան մասին՝ զայն դիտելով պատմական ե՛ւ օրինական տեսանկիւններէն։ Քանի որ առանց պսակադրութեան նշանադրութիւնը որեւէ իմաստ պիտի չունենար։
Եւ ինչպէս անդրադարձանք մեր նախորդ խորհրդածութեան մէջ, նիւթը կը դիտենք ո՛չ միայն օրինական տեսանկիւնէն, այլ եւ նաեւ՝ պատմական տեսանկիւնէն, քանի որ «օրէնք» եւ «կանոն», որպէս «ընկերային կեանքի երեւոյթներ», յարատեւ բարեփոխութեան ենթակայ են, որովհետեւ ընկերային կեանքը տեւապէս բարեշրջման մէջ կ՚ընթանայ եւ օրէնք ու կանոն, որպէսզի գործադրելի ըլլան, պէ՛տք է որ քայլ յարմարեցնեն անոր բնական ընթացքին։ Այլապէս անօգուտ եւ երբեմն ալ վնասակար կը դառնան օրինական ու կանոնական տրամադրութիւնները։ Եւ երբ մենք նշանադրութիւնը եւ մանաւանդ պսակադրութիւնը կ՚ուսումասիրենք պատմական-օրինական աչքով, յատկապէս պէտք է նկատի առնել այս պարագան. ապա թէ ոչ՝ կարելի է դիմաւորուիլ թիւրիմացութիւններու եւ անհամաձայնութիւններու հետ։ Մինչդեռ օրէնքին եւ կանոններու նպատակը՝ ընկերային ներդաշնակութիւնը եւ խաղաղութիւնը ապահովել եւ տեւականացնե՛լ է։
Ուրեմն այս մտադրութեամբ շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները՝ պսակադրութեան մասին։
Պսակադրութիւնը՝ յաջորդելով նշանադրութեան, կը կատարուի եկեղեցիի մէջ, քահանայի միջոցով այն ատեն, երբ որեւէ արգելք չի գտնուիր այդ «խորհուրդ»ը կատարելու համար։
Ուրեմն որո՞նք են պսակադրութիւնը կատարելու համար այն պայմանները, զորս քահանան իրաւունք ունի զանոնք կատարելու, քանի որ ան «խորհուրդ» մըն է։
ա) Պսակադրութիւն կը կատարուի եթէ հարսն ու փեսան փոխադարձաբար զիրար հաւնած եւ սիրած են, եւ երկուքն ալ բոլորին՝ քահանայի ներկայութեամբ կը հաստատեն բացայայտօրէն։
բ) Եթէ երկուքին ծնողները նոյնպէս ընդունած են եւ անոնց կամքին հակառակ չէ այդ ամուսնութիւնը։
Հոս, ահաւասի՛կ կ՚արժէ բաղդատել օրինական տրամադրութիւնը եւ ժամանակակից՝ ներկայ իրողութիւնը։
գ) Եթէ երկուքն ալ տարիքով հասուն են՝ չափահաս են եկեղեցական կանոններու համեմատ։
Հոս եւս կ՚արժէ խորհրդածել՝ թէ երբ ամուսնացողներու մօտ փնտռուի տարիքի հասութիւն, ինչ որ բնական է եւ բանական, ապա ուրեմն այդ պարագային ծնողներու հաւանութիւնը եւ կամքը ինչո՞ւ պայման կ՚ընդունուի։ Այս հարցումին պատասխանը սա պէտք է ըլլայ, քանի որ ամուսնութիւնը կենսական եւ լուրջ իրողութիւն մըն է, եւ փորձառու ու առարկայական, իրատես աչքով դիտելու եւ որոշելու կը կարօտի։ Գէթ այս պատճառով պէտք է ծնողներ ձայն ունենան այս մասին։ Բայց ժամանակակից մտայնութիւնը շատ հաշտ չէ այս հարկադրութեան գործադրութեան։
Անշուշտ աւանդապահ եւ տոհմային արժէքներու կարեւորութիւն ընծայող ընտանիքներ ազնիւ բացառութիւններ կը կազմեն այս մասին։
Եւ դարձեալ, հոս կ՚ուզենք ուշադրութեան ներկայացնել կեանքի փորձառութեամբ նկատուած իրադարձութիւն մը։ Ընդհանրապէս, տարեցներ, թէեւ հազուագիւտ, խորհրդակցելու համար կը դիմեն երիտասարդներու գաղափարներուն, մտածումներուն, բայց երիտասարդներու մէջ՝ տարեցներու խորհուրդ հարցնել բացառութիւն մըն է դարձած միայն։
Տարեցներ կը դիմեն երիտասարդներու թարմ ու նորագոյն գիտութեան, բայց երիտասարդներ, ընդհանրապէս չեն զիջիր, չեն մեղմանար՝ դիմելու տարեցներու տարի՜ներու փորձառութեան։ Այո, մասամբ ընդունելի կրնայ ըլլալ, որ տարեցներու գիտութիւնը ժամանակավրէպ ըլլայ, թերեւս անպատեհ՝ արդի, բարեփոխուած գիտելիքներու նկատմամբ, բայց հապա փորձառութի՞ւնը։ Արդարեւ կեանքի փորձառութիւնը մեծ հարստութիւն է մարդուս համար։ Ա. Այնշթայն կ՚ըսէ, թէ՝ մարդուս երեւակայութիւնը աւելի նպաստաւոր է մարդկային կեանքին համար, քան գիտութիւնը։ Եւ մարդ երեւակայութիւնը ճոխացնելու համար կեանքի փորձառութեան պէտք ունի։
Եւ ահաւասիկ, այս խորհրդածութիւններով, որքան ալ ժամանակավրէպ համարեն կարգ մը երիտասարդներ դիմել իրենց ծնողներուն, խորհրդակցիլ անոնց հետ, գոնէ ամուսնութեան՝ այս կենսական հարցին մէջ, որոշում տալէ առաջ, պէտք է անգամ մըն ալ խորհրդակցին իրենց ծնողներուն հետ։ Եւ այս իմաստով մենք, եթէ ո՛չ վճռական որոշումի համար, բայց առնուազն անոնց կեանքի փորձառութենէն օգտուելու համար, ամուսնանալ մտադրող երիտասարդներ դիմելու են իրենց ծնողներուն։ Կրնայ երիտասարդ մը իր ծնողներէն աւելի զարգացած, աւելի գիտուն, աւելի հմուտ ըլլալ, բայց իրմէ կը պասկի շատ կարեւոր յատկութիւն մը՝ կենսական եւ էական ազդակ մը, որ է՝ «կեանքի ընդհանուր փորձառութի՛ւն…»։
Հմտալից ըլլալ, գիտուն ըլլալ, զարգացած ըլլալ՝ փորձառու ըլլալ չի՛ նշանակեր, մանաւանդ ամուսնութեան նման կենսական եւ էական՝ «նոր կեանք»ի մը մէջ…։
դ) Պսակադրութիւնը օրինաւոր կերպով կը կատարուի, եթէ կողմերէն ոեւէ մէկուն, միւսին նկատմամբ բռնութիւն, խաբէութիւն, խարդախութիւն չէ իրականացած։ Այլապէս բռնութիւն եւ խաբէութիւն արգելքներ են պսակադրութեան կատարման։
ե) Պսակադրութեան անհրաժե՜շտ պայմանն է՝ եթէ երկուքէն մէկը կապուած ըլլայ երրորդի հետ պսակով, կարելի չէ կատարել պսակադրութիւնը։ Ուրիշ խօսքով՝ եթէ օրինաւոր պսակ մը գոյութիւն ունի, երկրորդ պսակադրութիւն կատարել անկարելի՛ է։ Այս կը նշանակէ՝ որ եթէ ամուսիններէն մէկը չէ մահացած եւ կամ պսակը չէ լուծուած, երկրորդ մը կատարել ապօրինի է։
զ) Պսակադրութիւնը կը կատարուի եկեղեցիի կողմէ թոյլատրուած օրերուն միա՛յն։
է) Պսակադրութեան ընթացքին նկատի պէտք է ունենալ դաւանական կամ կրօնական արգելքները եւ վարուիլ ըստ այնմ։
ը) Արենական, ազգակցական, խնամիական եւ կնքահայրական չհասութիւն պէտք է նկատի առնուի պսակադրութեան առողջ կատարման համար…։
- Մասամբ օգտուեցանք.
- Վազգէն Յակոբեանի «Կանոնագիրք Հայոց», 1964-էն,
- Ներսէս Վրդ. Մելիք-Թանգեանի «Հայոց Եկեղեցական Իրաւունք», 2011 (վերահրատարակութիւն)էն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 16, 2016, Իսթանպուլ