ՄԱՀ ԻՄԱՑԵԱԼ ԱՆՄԱՀՈՒԹԻՒՆ

Պատերազմը մեզմէ շատ բան խլեց. ժպիտ, լիաթոք ծիծաղ, գունեղ երազներ... Ես այլեւս անկարող եմ լսելու հայրենասիրական երգեր, առհասարակ երաժշտութիւն չեմ կրնար մտիկ ընել, ինչպէս նաեւ անկարող եմ առանց սրտի կսկիծի, չոր աչքերով նայիլ փողոցի մէջ ինծի հանդիպած զինուորական համազգեստ կրող մեր քաջերուն: Ամենածանրը Արցախի դրօշակը տեսնելն է, իսկ երբ որեւէ տեղ Հայաստանի դրօշակի կողքին կը բացակայի ծննդավայրիս դրօշակը, անհանգստութիւնն է, որ կը պատէ հոգիս: Թէ՛ տեսնելը կը պատճառէ ցաւ, թէ՛ չտեսնելը:

Խօսք անգամ չի կրնար երթալ Արցախի մէջ նկարահանուած շարժանկարներու մասին. չեմ կրնար դիտել: Մինչդեռ ժամանակին իմ ամենասիրելին էին: Պատերազմը փոխեց զիս: Հայեացքէս կը ծորի անհուն թախիծ մը ու...

Այլեւս զանազան լրատուական կայքեր կ՚անդրադառնան անարդար պատերազմի ընթացքին անմահացած մեր հերոսներու պատմութիւններուն: Քանի մը անգամ իմ դիմատետրի մէջ հանդիպեցայ այդպիսիներուն, սակայն խորագիրէն վար չկրցայ ընթերցել: Կը բաւէ այսքանը: Անկարող եմ ցաւին դիմանալու: Սակայն օրեր առաջ կրցայ իմ մէջ գտնել ուժ, անցնիլ յղումով եւ ընթերցել ծաղկուն հասակին կեանքի թելը կտրած անմահ հերոսի մը մասին.

Դաւիթ Ռաֆայէլեանը զոհուած է Շուշիի ճանապարհին, նոյեմբերի եօթին: Ան կոչումով քսանապետ էր: Դաւիթի ժամկէտային ծառայութեան մէկուկէս տարին անցած էր Հադրութի հինգերորդ գումարտակին մէջ: Հերոս զինուորը օրեր շարունակ շրջափակման մէջ գտնուած է Հադրութի մէջ: Այնուհետեւ իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող տասնութամեայ նորակոչիկներու հետ միասին փրկուած եւ տեղափոխուած էր ուրիշ դիրքեր:

Դաւիթը ծնողքին ոչինչ կը պատմէր. հայրը հեռատեսիլէն ցուցադրուած քարտէսին մէջ տեսած էր, որ իր որդիի դիրքերը անցած են հակառակորդի հսկողութեան տակ:

Շրջափակումէ ազատելէ վերջ, Դաւիթն ու անոր վաշտը տեղափոխած են Ֆիզուլի, Խնձորեստան, այնուհետեւ՝ Շուշի: Հայրը կը պատմէ, թէ որդին նոյեմբերի չորսին հեռաձայնած է իրեն եւ ըսած, թէ լաւ լուր ունի.

«Ըսաւ՝ սակայն քու սպասածդ չէ, պատերազմի հետ կապ չունի: Քահանաներ եկան, մկրտուեցայ այստեղ: Շատ ուրախ էր: Մենք ալ աւելի հանգստացանք, քանզի ըսաւ, թէ ապահով տեղ մըն է»:

Նոյեմբերի եօթին Դաւիթի հայրը ժամանած էր Երեւան՝ կամաւորական ջոկատի մը անդամագրուելու, երբ որդիէն հեռաձայն մը ստացաւ.

-Այո, Դաւ, ի՞նչ եղաւ:

-Պապ, աղօթէ՛, կը մահանամ:

-Ի՞նչ:

-Պապ, աղօթէ՛, կը մահանամ: Պապ, աղօթէ՛ որ մահանամ: Ա՛լ չեմ ուզեր... ուժեղ կը ցաւի:

-Ի՞նչ կ՚ըլլայ, ո՞ւր ես,- ինքզինքս կորսնցուցի, ինկայ: Այնտեղ ինծի օգնեցին: Հեռաձայնը վերցուցի ըսի.

-Ի՞նչ կ՚ըլլայ, տղես:

-Մէկ տեղէն չէ. կռնակէս զարկած են, ուսէս, ձեռքէս զարկած են: Կ՚աղաչեմ՝ աղօթէ ինծի համար:

Հեռաձայնը գոցուեցաւ: Մենք այդ ընթացքին կապ հաստատեցինք Արցախի իշխանութիւններու հետ: Ըսին, թէ մարդ պիտի ղրկեն այդ տարածք, սակայն ոչինչ ըրին: Այդ օրը սկսայ պտըտիլ ռազմական հիւանդանոցներով: Զիս կը յուսադրէին, թէ այժմ վստահաբար հանած են տղաները: Թէ նախարարութիւնը տեղեակ է, որ հիմա հաստատ կը հանեն:

«Գացինք Վարդենիս, Մարտունի, տեսանք չկայ: Յաջորդ օրը գացի Արցախ: Գացի ու իմ աչքով տեսայ, որ տղաները Շուշիի ճանապարհին... առանց խրամատի, առանց հրամանատարի: Մինակ էին մնացած: Վիրաւոր հրամանատարներէն մին հրասայլով գացած էր եւ վստահեցուցած, որ շուտով օգնութեան հետ միասին պիտի գայ, սակայն չէր եկած: Հրամանատարներէն մին ալ ձորով գացած էր: Հաւաստիացնելով, թէ տղերք իմ ետեւէն մի՛ գաք: Ես մէյ մը զննեմ, նայիմ ինչ կը կատարուի, ձեզի լուր կու տամ: Այնուհետեւ տղաքը հեռաձայեցին, սակայն հեռաձայնը գոցած էր», կը պատմէ Դաւիթի հայրը:

Ռաֆայէլեաններու ընտանիքը կը զբաղի գինեգործութեամբ: Դաւիթի զոհուելէն ետք, անոր ամենասիրելի կարմիր անապակ գինին հայրը անուանակոչած է որդիի անունով:

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Ապրիլ 22, 2021