ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ - Բ -

Հայ Եկեղեցւոյ կարեւոր տօներէն է Թարգ-մանիչներու յիշատակութեան տօնախմբութիւնը։ Ուստի թարգմանիչներու առաջնորդը եղաւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց՝ անմիջական աջակցութեամբը Սուրբ Սահակ Ա. Պարթեւ Հայրապետի։

Սուրբ Սահակ Հայրապետի վախճանումէն յետոյ, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց կ՚ապրի միայն վեց ամիս, որոնց շրջանին ի՛նքն է, որ կը հովուէ Հայոց Եկեղեցին։ Իր աստուածասէր հոգին Տիրոջ ձեռքը կ՚աւանդուի 17 փետրուար 438 թուականին, Վաղարշապատի մէջ։ Վահան Ամատունի իշխանը անոր մարմինը թաղելու համար կը տրամադրէ Օշականի իր տոհմական կալուածքը եւ սուրբին մարմինը Վաղարշապատէն մեծ թափօրով եւ մեծ հանդիսութեամբ կը փոխադրուի Օշական։

Կ՚ըսուի, թէ անոր մահուան ժամանակ, իր մարմնին վրայ լուսափայլ խաչ մը յայտնը-ւած է, եւ ուղեկից է եղած ամբողջ ճամբու ընթացքին մինչեւ թաղման վայրը։ Արդարեւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց այն երջանիկ հայ սուրբերէն է, որուն գերեզմանը անխաթար հասած է մինչեւ մեր օրերը եւ կը շարունակուի մնալ սրբազան ուխտավայր մը հայ ժողովուրդին համար՝ երանելի՜ սուրբին գերեզմանը։

Հայ եկեղեցին զայն կը յիշատակէ տարին երկու անգամ՝ Ս. Սահակ Պարթեւի հետ առանձին, ապա՝ Թարգմանչաց տօնին։

Սուրբ Սահակ Պարթեւ «Հայոց Հայր»՝ Մեծն Ներսէս Կաթողիկոսի եւ իր կողակցին՝ Սանդուխտ Մամիկոնեանի միակ որդին է։ Ան վերջին արու շառաւիղն է Հայոց Լուսաւորչի։ Ան ծնած է 348 թուականին՝ Կեսարիա, երբ հայրն եւ մայրը կը գտնուէին այնտեղ ուսանելու նպատակով։ Երկու-երեք տարեկան հասակին, ան կը կորսնցնէ մայրը եւ ապա կը մեծնայ եւ կը դաստիարակուի Տարօն քաղաքը՝ մօրը հարազատներուն մօտ, մինչ հայրը կ՚ուսանէր Հայաստանէն դուրս։ Ինք եւս կրթութիւնը կը ստանայ Կեսարիոյ եւ Բիւզանդիոնի մէջ, այսինքն՝ Կ. Պոլիս, եւ կը հմտանայ յունարէնի եւ այն ժամանակուայ յոյն գիտութեան եւ գրականութեան մէջ։

Ժամանակի ընթացքին, ան կը դառնայ կատարեալ հելլէնագէտ, եւ իր բազմակողմանի հմտութեամբ «կը գերազանցէ բազմաթիւ յոյն գիտնականները»։ Սահակ սորված է նաեւ ասորերէն եւ պարսկերէն, որոնք գործածական լեզուներ էին Հայաստանի մէջ։

Սահակ, մասնաւոր նախասիրութեամբ կը հետեւի նաեւ երաժշտական եւ հռետորական-ատենախօսական արուեստներու։

Սուրբ Սահակ Պարթեւ կ՚ամուսնանայ եւ միայն մէկ դուստր կ՚ունենայ՝ Սահականուշը, որ Սուրբ Վարդան Մամիկոնեանի մայրն է։ Ան կրօնաւորի պարեգօտ կը հագուի հաւանաբար իր պատանեկան հասակին, հօր ձեռքով, ամուսնանալէն քիչ յետոյ։ Հոգեւորական ծառայութեան իր սկզբնաքայլը կ՚ըլլայ ճգնաւորական կեանքը։

Սուրբ Սահակ հաւանաբար կամ շատ կանուխ կ՚այրիանայ, կամ ալ փոխադարձ համաձայնութեամբ՝ կը հեռանայ կնոջմէն, քանի որ ըստ Խորենացիի, զինք նուիրած է խստակենցաղ ճգնաւորութեան՝ իր շուրջ հաւաքելով վաթսուն աշակերտ։

Երիտասարդ Պարթեւը, իր ժրաջան եւ ուսումնասէր աշակերտներով կը շրջի քաղաքէ քաղաք եւ գիւղէ գիւղ՝ գլխաւոր նպատակ ունենալով ուսումնասիրել Սուրբ Գիրքը, պատրաստուիլ թարգմանչական եւ քարոզչական գործունէութեան, եւ ապա կիրարկել ժողովուրդի մէջ։

387 թուականին, Խոսրով Գ. արքայի նախաձեռնութեամբ Սուրբ Սահակ կ՚ընտրուի հայոց հայրապետ եւ կը պաշտօնավարէ 52 տարի՝ չհաշուած այն տարիները, որոնք անցած են աքսորի մէջ։

Սուրբ Սահակ Պարթեւի կարեւորագոյն գործը հայոց գիրերու գիւտէն յետոյ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ թարգմանչութեան լծուիլը եւ թարգմանչական դպրոց ստեղծելն է։ Այս երկուքը եւ աշակերտներն են, որ յունարէնէ եւ ասորերէնէ կը թարգմանեն նախ Սուրբ Գիրքը, ապա՝ ահռելի քանակութեամբ կրօնական եւ պատմական կարեւոր գործեր եւ հայոց գիրը կ՚ուսուցանեն Հայաստանի տարբեր վայրերուն մէջ։

Վռամշապուհ արքայի մահուընէ յետոյ, արքային փոխարինած անոր Արտաշէս որդին իր անխոհեմ վարքով իր դէմ կը հանէ հայոց նախարարները, որոնք մտադրելով զայն գահընկէց ընել, այս հարցով կը դիմեն պարսիկներու արքային եւ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ալ կը ստիպեն, որ իրենց միանայ։ Սակայն հայոց հայրապետը կը մերժէ այս առաջարկը՝ ըսելով. «Չեմ կրնար իմ հիւանդ ոչխարս փոխել օտարին առողջ գազանին հետ»։

Ուստի Սուրբ Սահակ Հայրապետն ալ կ՚ամբաստանուի պարսից արքունիքին կողմէ։ Եւ ասոր հետեւանքը եղաւ, ինչպէս պատմութիւնը կը վկայէ, հայոց արքայի գահընկէցութիւնը, այսինքն Արշակունի թագաւորութեան անկումը 428 թուականին եւ հայոց հայրապետի աքսորը Տիզբոն՝ որ տեւեց շուրջ չորս տարի։

Այս ընթացքին մին միւսին կը յաջորդեն եկեղեցին թալանելով զբաղուած եւ ժողովուրդին դժգոհութիւնը յարուցանող ասորի հաճոյակատար ծառայողներ։

Սակայն հայ ժողովուրդը իբրեւ իր օրինական հայրապետը միշտ ալ կ՚ընդունի Սուրբ Սահակ Պարթեւը։ Այս ընթացքին կաթողիկոսական գործերը իրապէս կը կառավարէ հայրապետական տեղապահը, որ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցն էր։

Ի վերջոյ, հայոց ծերունի հայրապետը կը վերադառնայ աքսորէն եւ կը հաստատուի Բագրեւանդ, իսկ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, Սուրբ Սահակ Հայրապետի ցուցմունքներով եւ անոր հաւատարիմ, կը շարունակէ իր գործը, մնալով Վաղարշապատ, երբ այդ ժամանակ կաթողիկոսական գահին ձեւականօրէն բազմած էր ասորի Շմուէլը։

Հայոց սուրբ հայրապետը, ստանալով 431 թուականին գումարուած Եփեսոսի Տիեզերաժողովի որոշումները՝ նոյնութեամբ կ՚ընդունի Հայ Եկեղեցւոյ անունով։

Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ իր կեանքի վերջին տարիները կ՚անցընէ աղօթքով եւ հոգեւոր ուսուցանութեամբ։

Հայրապետը, ճիշդ իր ծննդեան օրը՝ 9 Սեպտեմբեր 444 թուականին կը վախճանի Բլուր գիւղի մէջ։ Ան կը թաղուի Տարօնի Աշտիշատ գիւղը՝ իր սեփական կալուածքին մէջ։

Սուրբ Սահակի անունով մեզի հասած են եկեղեցական կանոններու հաւաքածոյ կանոնախումբ մը, որ մաս կը կազմէ «Հայոց Կանոնագիրք»ի, նաեւ նամակներ եւ շարականներ։

Հայ եկեղեցին իր յիշատակը կը նշէ երկու անգամ՝ առանձին եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի հետ…։

- Մասամբ օգտուեցանք՝ Կարինէ Սուգիկեանի «Սուրբ Թարգմանիչներ. հայոց բովանդակ աշխարհը լեցուեցաւ Տիրոջ գիտութեամբ» ուսումնասիրութենէն։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 7, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունիս 22, 2018