ՀԱՒԱՏՔԸ Կ՚ԱՌԱՋՆՈՐԴԷ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱ՛Ն
Հաւատքը ճշմարտութեան կ՚առաջնորդէ մարդը։ «Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ, ան որ կը հաւատայ Անոր, չդատապարտուի, եւ ան որ չհաւատայ՝ անիկա արդէն դատապարտուած է, վասնզի Աստուած Միածին Որդւոյն անուանը չհաւատաց». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։
Մարդ, հաւատքով յաղթակա՛ն կ՚ելլէ կեանք պայքարէն, հաւատքով կը բժշկուի հիւանդութիւններէն։ «Մանանեխի հատիկի չափ հաւատք ունենայ եթէ մարդ կրնայ լերան տեղը փոխել» եւ կրնայ ժայռերու, ապառաժներու ծանրութիւնները մէկդի գլորել։ Հաւատքը մարդուս ապրելու ուժ կու տայ. աչքերը այս աշխարհէն կը հեռացնէ եւ յաւիտենականութեան՝ անմահութեան ցանկալ կու տայ։
Հաւատքը մարդուս յոյսը կ՚ամրացնէ, իսկ յոյսը կեանքը տանելի կ՚ընէ։ Հաւատքը մարդուս լեզուին ու շրթունքներուն վկայութեան խօսք կը դնէ, ծունկերը կը զօրացնէ՝ աղօթքի կը մղէ եւ սպասելու, տոկալու կարողութիւն, այսինքն համբերութիւն կու տայ՝ սպասելու եւ ստանալու աղօթքին պատասխանը։ Այս իմաստով, հաւատքը կեանքի աղբիւր է. անոր պաշտպանը եւ խնամակա՛լը։
Հաւատքի պտուղը խաղաղութի՛ւն է։
Հաւատքը թէ՛ պատճառ, թէ՛ արդիւնք, նպատա՛կ է։
Մարդ արարածէն կ՚ակնկալուի, որ հաւատքի քայլը առնէ եւ առանց երկմտելու, առանց վարանելու եւ տարակուսելու հաւատայ, քանի որ հաւատքին ամենամեծ թշնամին՝ թերահաւատութի՛ւնն է։ Ուստի տարակուսելի հաւատքը «հաւատք» չէ՛։ Հաւատքը՝ կայ կամ չկա՛յ։ Կամ սեւ է, կամ ճերմակ, ասոր միջակը չկա՛յ՝ մոխրագոյն հաւատքը «հաւատք» չէ՛։ Հաստատ, ամուր հաւատքին պատասխանը՝ խաղաղութիւն է։ Իսկ խաղաղութիւնը՝ ապահովութիւն եւ վստահութիւն կ՚ենթադրէ։ Փոթորիկներու մէջ՝ խաղաղութիւն. դժբախտութեան, հիւանդութեան եւ փորձանքներու ատեն՝ խաղաղութեան գոյութիւն։
Խաղաղութիւն՝ երբ մարդ փափաքներ, նպատակներ ունի եւ անոնք արդար են, սուրբ են եւ «Չար»ը՝ Սատանան ամէն ջանք կը թափէ, որ անոնք չիրականանան. խաղաղութիւն՝ երբ կ՚անարգուին կամ ոտքի կոխան կ՚ըլլան մարդիկ. խաղաղութիւն՝ երբ մարդուս չորս դին մշուշ կայ եւ խաւար…
Երբ հորիզոնը մթագնած է՝ ահա մարդուս առջեւ իր լուսաւոր եւ պայծառ դէմքով կը կանգնի Խաղաղութեան Իշխանը։ «Անոր խաղաղութիւնը սահման չունի», կ՚ըսէ Եսայի մարգարէ. (ԵՍ. Թ 7), այսինքն՝ Անոր խաղաղութեանը սահման չկայ։ Իսկ Յովհաննէս Աւետարանիչ «Խաղաղութեան Իշխան»ը հանգամանօրէն սապէս կ՚արտայայտէ. «Ի՛մ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի. ո՛չ թէ ինչպէս աշխարհս կու տայ. Ե՛ս ձեզի կու տամ, սրտերնիդ չխռովի ու չվախնայ». (ՅՈՎՀ. ԺԳ 27)։ Եւ կը շարունակէ. «Այս բաները ձեզի խօսեցայ, որպէսզի Ինձմով խաղաղութիւն ունենաք աշխարհի մէջ նեղութիւններ պիտի ունենաք, բայց քաջասիրտ եղէք, Ես աշխարհին յաղթեցի». (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։
Այստեղ պէտք է նկատի ունենաք, որ խաղաղութիւն միայն չի նշանակեր կռիւէ, վէճէ զերծ մնալ, այլ՝ ներքին խաղաղութիւն, այսինքն ինքն իր հետ հաշտ ըլլալը, ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած հոգի մը ունենալը եւ մտապէս առողջ ըլլալը…
Մարդուս հոգիին խաղաղութիւնը, այսինքն ներքին խաղաղութիւնը կարելի է ապահովել միա՛յն հաւատքով։
Ուստի երբ մարդ եթէ կը հաւատայ, այս կը նշանակէ, որ կը վստահի «Անձ»ի մը, եւ ինքզինք ապահով կը զգայ, եւ ասիկա ինքնավստահութիւն կը ներշնչէ։ Հաւատքը բոլորովին կ՚ոչնչացնէ վախը, հոն ուր հաւատք կայ, հոն վախը տեղ չունի, քանի որ վախը յառաջ կու գայ անորոշութենէ, անիմաստ կասկածէ եւ մտային խաւարէ, հոգիի մթութենէ։ Հաւատքը լո՛յս է, եւ հոն՝ ուր լոյս կայ, հոն վախ չկայ։ Իսկ հոն՝ ուր հաւատքը կը պակսի, հոն՝ ուր մութ եւ խաւար կայ, ե՛ւ վախ, որ կը տիրէ մարդուս կեանքին։
Պօղոս առաքեալ կը գրէ. «Անիկա՛ է մեր խաղաղութիւնը». (ԵՓԵՍ. Բ 14)։ Եւ դարձեալ. «Աստուծոյ խաղաղութիւնը որ ամէն մտքէ վեր է, մեր սրտերուն մէջ թագաւորէ». (ՓԻԼ. Դ 7)։
«Մի՛ վախնաք վասնզի ահա ես ձեզի մեծ ուրախութեան աւետիսը կու տամ, որ բոլո՛ր ժողովուրդին պիտի ըլլայ». (ՂՈՒԿ. Բ 10)։
Հաւատա՛նք, հաւատքը մեզ պիտի առաջնորդէ ճշմարտութեան, ճշմարտութիւնը «յստակութի՛ւն» կը նշանակէ, եւ յստակ է այն՝ որ լոյսի մէջ է, լոյսի մէջ է խաղաղութիւնը եւ երջանկութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 21, 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024