ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ
Պայծառակերպութիւնը, որ կը տօնուի նաեւ «Վարդավառ» անուան տակ, իբրեւ նպատակ ունի զօրացնել առաքեալներուն հաւատքը՝ Յիսուսի չարչարանքին հեռանկարով, քանի որ լեռ բարձրանալը կը նախապատրաստէ Անոր Գողգոթա բարձրանալը։
Քրիստոս, որ Գլուխն է Եկեղեցւոյ, կը բացայայտէ ի՛նչ որ իր Մարմինը կը բովանդակէ եւ կը ճառագայթէ սուրբ խորհուրդներուն մէջ, այսինքն՝ «Փառքին յոյսը», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը, կողոսացիներու գրած իր նամակին մէջ. «Աստուած ուզեց անոնց ցոյց տալ՝ թէ ի՜նչ հարուստ ու փառաւոր է իր ծրագիրը, որ կը վերաբերի բոլոր ազգերուն, եւ այդ ծրագիրն է՝ Քրիստոսը ճանչցնել ձեզի, գալիք փառքին յոյսով» (ԿՈՂՈՍ. Ա 27):
Արդարեւ Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը կամ Այլակերպութիւնը՝ նախաճաշա՛կն է Արքայութեան։ Այն օրէն սկսեալ երբ Պետրոս դաւանեցաւ, թէ Յիսուս Քրիստոս Որդին է կենդանի Աստուծոյ, Քրիստոս սկսաւ յայտնել Իր աշակերտներուն, թէ Ի՛նք պէտք է Երուսաղէմ երթար, հոն չարչարուէր, խաչուէր եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէր։
«Յիսուս հարցուց անոնց.- Իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք զիս։ Սիմոն Պետրոս պատասխանեց.- Դուն Քրիստոսն ես, կենդանի Աստուծոյ Որդին» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 15-16): «Այդ դէպքէն ետք, Յիսուս սկսաւ յայտնել իր աշակերտներուն, թէ պէտք է որ ինք Երուսաղէմ երթայ, ուր շատ պիտի չարչարուի աւագ քահանաներէն, Օրէնքի ուսուցիչներէն եւ երէցներէն, թէ պէտք է որ սպաննուի, եւ երրորդ օրը յարութիւն առնէ» (ՄԱՏԹ. ԺԶ 21)։
Ուստի, Աւետարանը կը վկայէ, թէ Պետրոս կը հակառակի այդ տրուած լուրին, եւ միւսներն ալ զայն աւելի լաւ եւ յստակ չեն հասկնար։
Այստեղ, միջանկեալ յիշենք Սուրբ Խաչին Երեւման դէպքը՝ որ յիշեցում մըն է Քրիստոսի խաչափայտին, եւ անդրադարձման առիթ մը՝ որ յիշատակեներու մէջ միշտ վառ մնայ ան, եւ երբեք չմոռցուի, լաւ մը տպաւորուի, դրոշմուի թէ՛ միտքերու, եւ թէ՛ սիրտերու մէջ անջնջելի կ՚երպով։
Ուրեմն կան դէպքեր, որոնք ցոյց կու տան ապագայի պատահելիքները, եւ կան նաեւ դէպքեր, որ անցեալի պատահարները կը յիշեցնեն եւ առիթ կ՚ընծայեն՝ յիշել եւ չմոռնալ զանոնք։
Ահաւասիկ, այս իմաստով Յիուսի Պայծառակերպութիւնն ալ Անոր «փառքի յոյս»ին մէկ նախաճաշակն էր, եւ յստակ ապացոյցը։
Եւ այս «նախապատրաստութեան» շրջագիծին մէջ է որ կը տեղաւորուի խորհրդաւոր դէպքը Յիսուսի Պայծառակերպութեան կամ Այլակերպութեան՝ կատարուած բարձր լերան մը վրայ, Իր ընտրած երեք վկաներուն՝ Պետրոս, Յակոբոս եւ Յովհաննէսի ներկայութեան։
Յիսուսի դէմքը եւ զգեստները պայծառակերպուեցան, Մովսէս եւ Եղիա յայտնուեցան, որոնք «կը խօսէին Յիսուսի հետ Անոր մեկնումին մասին՝ որ պիտի կատարուէր Երուսաղէմ», կը վկայէ Ղուկաս Աւետարանիչ. (ՂՈՒԿ. Թ 31): Եւ այդ պահուն «Ամպ» մը ծածկեց զանոնք եւ երկինքէն «Ձայն» մը ըսաւ. «Ասիկա Իմ Որդիս է, Իմ ընտրեալս, Անոր մտիկ ըրէք» (ՂՈՒԿ. Թ 35):
Արդարեւ, «ամպ»ը եւ «լոյս»ը ե՛ւ «ձայն»ը խորհրդանշաններն են Սուրբ Հոգիին յայտնութեան։
Ահաւասիկ, Պայծառակերպութեան լերան վրայ, Ի՛նքն է որ «կու գայ ամպին մէջ եւ Իր հովանիին տակ կ՚առնէ, եւ այդ լուսաւոր ամպին մէջէն կը լսուի ձայն մը՝ որ կը վկայէ Յիսուսի աստուածութեան՝ Աստուածորդի ըլլալո՛ւն։
Պահ մը միայն՝ Յիսուս կը յայտնէ Իր աստուածային փառքը, եւ այս կերպով կը հաստատէ Պետրոսի դաւանութիւնը, թէ Ինք Քրիստոսն է, կենդանի Աստուծոյ Որդին. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 16)։
Ան ցոյց կու տայ նաեւ, թէ Ինք «Իր փառքին մէջ» մտնելու համար պարտի անցնիլ Խաչի ճամբէն՝ Երուսաղէմի մէջ։ «Պէտք չէ՞ր որ Քրիստոսը չարչարուէր՝ փառաւորուելու համար» (ՂՈՒԿ. ԻԴ 26)։
Եւ Մովսէս ու Եղիա տեսած էին Աստուծոյ փառքը Լերան վրայ. Օրէնքը եւ մարգարէները աւետած էին Մեսիային չարչարանքները, խաչելութիւնը։ Սա յստակ է, թէ Յիսուսի խաչելութեան եւ մահուան չարչարանքը իրապէ՛ս Հօր Աստուծոյ կա՛մքն էր, քանի որ Որդին կը գործէ իբրեւ «Աստուծոյ Ծառայ»ն։ «Ահա իմ ծառաս, որուն ձեռնտու պիտի ըլլամ ու Իմ ընտրածս, որուն իմ սիրտս հաւնեցաւ։ Իմ Հոգիս Անոր վրայ դրի. Անիկա ազգերուն իրաւունք պիտի ընէ» (ԵՍ. ԽԲ 1)։
Եւ ահաւասիկ, այս պատճառով, «Ամպ»ը ցոյց կու տայ Սուրբ Հոգիին ներկայութիւնը, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի. «Ամբողջ Երրորդութիւնը երեւցաւ. Հայրը՝ ձայնով, Որդին՝ մարդուն մէջ, Հոգին՝ լուսաւոր ամպին մէջ»։
Դարձեալ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի կ՚ըսէ.
«Դուն պայծառակերպուեցար Լերան վրայ եւ աշակերտներդ իրենց կարողութեան չափով հիացան ու դիտեցին Քու փառքդ. Քրիստո՛ս Աստուած, որպէսզի երբ օր մը Քեզ խաչուած տեսնեն, հասկնան, թէ Քու չարչարանքդ կամովին էր եւ աշխարհի աւետեն, որ Դուն ճշմարտապէ՛ս ճառագայթն ես Հօր»։
Ուստի, Յիսուսի հրապարակային կեանքին սեմին ի՛նչ որ է Մկրտութիւնը, նո՛յնն է Պայծառակերպութիւնը՝ Զատկին սեմին։ Եւ այս իսկ պատճառով «Արքայութեան նախաճաշակ»ն է Պայծառակերպութիւնը։ Արդարեւ, Յիսուսի Մկրտութեամբ կը յայտնուի մարդուն առաջին վերածնունդին խորհուրդը՝ Մկրտութի՛ւնը։ Իսկ Պայծառակերպութիւնը «երկրորդ վերածննդեան սուրբ խորհուրդն» է՝ մարդուն սեփական յարութեա՛ն։ Այժմէն իսկ մարդ կը մասնակցի Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան՝ Սուրբ Հոգիով, որ կը ներգործէ Քրիստոսի Մարմինին սուրբ խորհուրդներուն մէջ։
Պայծառակերպութիւնը, ուրեմն մեզի կու տայ նախաճաշակը Քրիստոսի փառաւոր գալստեան, որ պիտի վերանորոգէ մեր նուաստ մարմինը, որպէսզի ան կերպարանակից ըլլայ Անոր փառքի մարմինին. (ՓԻԼ. Գ 21)։ Պայծառակերպութիւնը կը յիշեցնէ մեզի նաեւ, թէ՝ հա՛րկ է անցնինք բազմաթիւ նեղութիւններէ, որպէսզի մտնենք Աստուծոյ Արքայութեան մէջ. (ԳՈՐԾ. ԺԴ 22)։
Ուրեմն երբ կը տօնենք Քրիստոսի Պայծառակերպութիւնը, անդրադառնանք անոր իմաստին եւ խորհուրդին եւ յիշե՛նք Անոր փառքը՝ որ հետեւանքը եղաւ չարչարանքներուն…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յուլիս 18, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024