ՄԵՐ ԳՐՈՂՆԵՐՆ ՈՒ ՕՏԱՐ ԲԱՌԵՐԸ (Ը.)
«Թրքախօսութեան շարունակումը պէտք է նկատուի ոճիր՝ ցեղին դէմ»
Մատթէոս Զարիֆեան
Յաճախ ներկան քննադատելով անցեալը կը մեծարենք, սակայն ընդունինք, որ լեզուի գիտութեան կողմէ ներկայիս շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուինք՝ քան դարեր առաջ, սակայն լաւ ըլլալով հանդերձ կամաց կամաց կը վերադառնանք անցեալի եւ բռնած ենք ուղի մը՝ որ կրնայ մինչեւ իսկ անցեալի վիճակէն շատ աւելի վատ վիճակ մը ստանալ: Անցեալին գոյութիւն ունէին բազմաթիւ թիւով հայեր, որոնք լոկ անունով հայեր էին (թէեւ ներկայիս ալ ունինք նման մեծ բազմութիւն մը). անունով հայ ըսելով կը հասկնանք այն, որ անոնք կ՚ապրէին օտար սովորութիւններով ու աւանդութիւններով, իրենց մտածողութիւնը նոյնիսկ օտար էր. օրինակ՝ նման տեսք ունին Սուրիոյ շարք մը շրջաններու մէջ ապրող հայերը, որոնք առաջ արաբերէն կը մտածեն եւ յետոյ ձեւով մը արաբերէնը հայերէնի վերածել կը փորձեն, որովհետեւ օտարինը աւելի հարազատ է իրենց՝ քան իրենց մայրենին:
Հայ գրող Մատթէոս Զարիֆեան 1919 թուականին Պալըքէսիր կ՚այցելէ եւ իր օրագրութեան մէջ իր տպաւորութիւններուն մասին հետեւեալ ձեւով կը գրէ.-
«Հոս Հայերը ընդհանրապէս հայերէն չեն գիտեր եւ կամ՝ շատ կոտրած թափած բան մը։ Իսկ գիտցողները իբրեւ պահեստ պահած են իրենց մայրենի լեզուն եւ շատ բացառիկ պայմաններու տակ միայն կը յօժարին այդ աւելորդ բանէն օգտուիլ։ Պանտրմայէն հոս՝ հինգ ժամ է միայն. հոն գրեթէ մաքուր հայերէն կը խօսին. իսկ հոս թրքախօսութիւնը հայ ժողովուրդին նկարագրին մաս կը կազմէ գրեթէ։ Տարօրինակ է որ լեզուի կորուստը կ՚ենթադրէ նաեւ, որոշ չափով, ազգային բարքերու եւ ազգային կենցաղի կորուստ։ Կը թուի թէ թրքախօս հայ բնակչութեան մը համար, որ բնականաբար շրջապատուած է զանգուածային չափով թուրքերէ, շատ աւելի հեշտ է ճամբան՝ սահելու դէպի թուրք մռայլ կենցաղը»:
Այստեղ յստակ տարբերութիւն մը կայ լեզուի եւ հոգիի օտարացման միջեւ, որովհետեւ լեզուի թրքացումը ձեւով մը կարելի էր բուժել, սակայն լեզուի կողքին երբ կենցաղն ու հոգին ամբողջութեամբ օտարութեամբ կը լեցուի, անոր վերադարձը շատ աւելի դժուար է: Թրքախօսութենէն հոգիի թրքացում անցնիլը արդէն իսկ ձուլումի մէկ նշանն էր եւ այդ մէկը մտահոգութիւն էր այն ժամանակուան մտաւորականութեան համար, որ նախ թրքերէնով հայասիրութիւն, եւ ապա հայերէնով լեզուագիտութիւն կը փորձէին սերմանել անոնց միջեւ:
Մատթէոս Զարիֆեան հետեւեալ ձեւով կը ներկայացնէ թրքախօսութիւնը.- «Թրքախօսութեան շարունակումը պէտք է նկատուի ոճիր՝ ցեղին դէմ»:
Անցնինք մեր բառերուն.-
ԻԷ.- ԼԱՄՊԱ
Այս բառը մինչեւ օրս գործածուող բառերուն մաս կը կազմէ. շատ մը պոլսահայերէն իրենց առօրեայ խօսակցութեան մէջ լոյսի տեղ կը գործածեն լամպա բառը:
Այս բառը կը գտնենք Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուց» աշխատութեան մէջ. անոր տողերով «Ոստիկան մը լամպա մը առած ներս մտաւ»:
Գրող Փայլակ եւս իր «Առաջին սէրը» աշխատութեան Զ. գլուխին մէջ կը յիշէ լամպա բառը «երկայն թիկնաթոռի մը քով իր իշխանութեան սեղանը եւ անոր քովն ալ ոտքով գեղեցիկ լամպա մը վրան դեղնօրակ լուսարգելով (abat-jour)»:
ԻԸ.- ԼԱՅԸԽ
Թէեւ գրականութեան մէջ շատ գործածուած բառ մը չէ, սակայն կարելի է հանդիպիլ մի քանի գրողներու մօտ:
Անոնցմէ մէկն է դարձեալ Արփիար Արփիարեանը իր «Հոգու զաւակը» աշխատութեան ԺԱ. գլուխին մէջ: Ան իր տիպարներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Ասծու կամքն է, Ասուած հիմա անանկ տուաւ քի լայըխ չէի…»:
Երուխան եւս այդ բառը կը գործածէ իր «Ամիրային աղջիկը» աշխատութեանը մէջ. ան դարձեալ իր տիպարներէն մէկուն բերնով կ՚ըսէ. «Հապա՜, ախճիկս ասոր լայըխ էր»:
Տիպարներու կողմէ այս բառին գործածութիւնը այդ ժամանակուայ լեզուապաշարը ցոյց կու տայ, այլ խօսքով հեղինակէն աւելի ժողովուրդին գործածած բառերն են:
Այդ բառը հին բանաստեղծութիւններու եւ տաղերգութիւններու մէջ կարելի է տեսնել. օրինակ՝ աւանդութեան մը մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ տողին.- «Եարս ալ շար ծոցու լայըխ»:
Յովսէփ Մալէզեան այդ բառին փոխարէն կ՚առաջարկէ գործածել արժանի հայերէն տարբերակը:
ԻԹ.- ԼԷՇ
Լէշ բառը պոլսահայ գրողներէն բացի կարելի է տեսնել նաեւ մատենագրութեան մէջ. գրաբար գրութիւններու մէջ եւս կը հանդիպինք լէշ բառին. օրինակի համար, Սիմէոն Լեհացի իր ուղեգրութեան «Դժուարին պայմանք քրիստոնէից» բաժինին մէջ կը գրէ. «այլ եւ զմեռեալս չթողուն տանիլ պատուով եւ կարդալով, այլ իբրեւ լէշ եդեալ ի տախտակն անմռունչ տանին»:
Եղիա Տէմիրճիպաշեան իր 5 սեպտեմբեր 1899 թուակիր նամակին մէջ կը գործածէ այդ բառը եւս, սակայն չակերտներու մէջ դնելով՝ գուցէ անոր օտար բառ ըլլալը եւ կամ այս պարագային փոխաբերական ըլլալը մատնանիշ ընելու համար. ան կը գրէ. «Այո՛, յօրինած եմ Անգեղ երգս. «լէշ» չի՞ հոտիր այն միթէ»:
Նոյն չակերտի ձեւով այս բառը գործած է Զապէլ Եսայեան, իր «Սիլիհտարի պարտէզները» աշխատութեան մէջ. «Դրացիները, ամբողջ թաղը կը յարձակին մեռելի տէրերուն վրայ եւ կը ստիպեն որ «լէշ»ը վերցնեն»:
Յովսէփ Մալէզեան լէշ բառի փոխարէն կ՚առաջարկէ դիակ բառը:
•շարունակելի…
ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -322-
Տարիներ առաջ՝ թերեւս 2009 թուականին այցելեցի Սուրիոյ «Եագուպիէ» գիւղը, ուր բոլորը հայ են՝ սակայն հայերէն խօսիլ չեն գիտեր: Տարօրինակ ձեւով բոլորին անունը գրեթէ հայերէն է՝ Յովսէփ, Ասատուր, Տիգրան, սակայն առօրեայ խօսակցական լեզուն ու մտածելակերպը արաբերէն է: Շատեր կ՚ըսէին, թէ խօսուած հայերէնը կրնան հասկնալ, սակայն հայերէն չեն կրնար պատասխանել, այդ իսկ պատճառով մենք իրենց հետ հայերէն կը խօսէինք, սակայն պատասխանը կը ստանայինք արաբերէնով:
Տարօրինակ կէտ մըն ալ այն էր, որ նոյնիսկ շատ քիչ հայերէն գիտցողները հայերէն չէին խօսիր՝ որովհետեւ կ՚ամչնային սխալելէ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան