ԽՕՍԻԼԸ ԱՐՈՒԵ՛ՍՏ ՄԸՆ Է
Խօսիլը՝ խօսքը գործածել իրապէ՛ս արուեստ մըն է։
Ուրիշ առիթներով ալ ըսած ենք. կան մարդիկ՝ որ շա՜տ կը խօսին եւ ո՛չինչ կ՚ըսեն, կան մարդիկ՝ որ սակաւախօս են, քիչ կը խօսին եւ շա՜տ բան կ՚ըսեն։
Ահաւասիկ այս իսկ պատճառով է, որ կ՚ըսենք. խօսիլը արուեստ մըն է։ Խօսքը գիտնալ, խօսքով ազդել եւ տպաւորել, օգտակարը խօսիլ, այս բոլորը կը նշանակէ խօսքը լաւ գործածել։ Այն ի՛նչ որ օգտակար է, այն ի՛նչ որ արդիւնաբեր է՝ հաճելի է, ախորժելի է։
Խօսքը՝ մարդոց իրարու հետ հաղորդակցելու, յարաբերուելու, զիրար հասկնալու միջոց մըն է՝ առարկայ մը՝ որ եթէ յարմար եւ պատեհ կերպով գործածուի, կը հասնի իր նպատակին։ Ան գործիք մըն է՝ երբ լաւ գործածուի, բազմաթիւ օգուտներ կարելի է ստանալ անկէ, բայց անպատեհ եւ սխալ գործածութիւնն ալ կրնայ բարոյական վնասներու պատճառ դառնալ։ «Խօսքը գիտնալ»՝ ահաւասիկ առաքինութիւն մը, ազնուութիւն մըն է այս պատճառով։ Ուրիշ խօսքով՝ կարեւորը գործիքին լաւ կամ գէշ ըլլալը չէ՝, այլ՝ զայն գործածողին գործածելու կերպն է եւ այդ գործելակերպն է՝ որ գործիքը արժէքաւոր կամ անարժէք կ՚ընէ։ Այս իմաստով, լաւ խօսքը՝ օգտակար խօսքն է, ինչ որ կ՚որոշէ զայն գործածողը՝ խօսողը…։
Խօսած ատեն, մարդ երկու կէտերու պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ։ Նախ պէտք է լա՛ւ որոշէ, թէ «ի՛նչ պէտք է որ չըսէ», քանի որ խօսք մը ըսելէ աւելի՝ չըսելը կարեւոր է։ Յետոյ խօսած ատեն, մարդ բանականութեան սահմաններուն մէջ խօսի, այլապէս կը կորսնցնէ իր վստահելիութիւնը եւ համոզիչ չ՚ըլլար իր խօսքը։ Այդ պարագային խօսքը կը դառնայ՝ ունայնախօսութիւն, սնամէջ ու անիմաստ աղմո՛ւկ, պարապ խօսք, որ կը ձանձրացնէ մտիկ ընողները։
Բնականաբար ամէն մարդու խօսածը՝ ամէն մարդ չի հասկնար, ըմբռնումի տարողութիւն մը ունի իւրաքանչիւր անձ եւ այս կը տարբերի ամէն մէկուն համար։ Ամէն խօսք ամէնքին կողմէ հասկնալի չի կրնար ըլլալ, այդ սպասել անիմաստ է։
Ուրեմն խօսողը պէտք է լաւ գիտնայ իր խօսակիցներուն, ունկնդիրներուն մտային տարողութիւնը եւ ըստ այնմ խօսի, այլապէս դարձեալ պարապ տեղ խօսած պիտի ըլլայ։ «Խօսած ըլլալու համար խօսիլ»՝ նոյնքան անիմաստ ու անպատեհ է, քանի որ այդ նպատակով խօսիլ կը նշանակէ՝ միայն «ձայն բարձրացնել» բայց ո՛չ խօսիլ։
«Ձայնաւոր տակառ»ներ են միայն անոնք՝ որ միայն ձայն կը հանեն, բայց չեն խօսիր՝ իր իսկական իմաստով։ Մինչդեռ խօսքը պէ՛տք է իմաստ ունենայ, նպատակ ունենայ, ծառայէ մարդուն մտաւոր զարգացման։ Եւ ունայնախօսութիւնը երբեք «խօսիլ» պէտք չէ համարել, քանի որ ան բոլորովին ներհակ է, հակառակ է «խօսք»ի նպատակին։ Խօսքը, արդարեւ, մարդկային բանականութեան արտացոլումն է, հոն ուր բանականութիւն՝ «պատճառ», «նպատակ» եւ «իմաստ» չկայ, հոն չկա՛յ նաեւ «խօսք»։ Եւ ահաւասիկ այս պատճառով է որ կ՚ըսենք՝ խօսիլը արուե՛ստ մըն է։ Արուեստ մը՝ որ հոգիին եւ մտքին միանգամայն աշխատութեամբ արտադրած գեղեցիկ ու օգտակար «պտուղ»ն է։
Իսկական իմաստով «խօսք»ին մէջ կայ հոգի եւ միտք, եւ ուրեմն խօսքը հոգեմտաւոր աշխատանքով գոյացած արժէք մըն է։ «Խօսք…», ըսելով կ՚անցնին շատեր, բայց այդ անտեսուած խօ՛սքն է որ կը կանոնաւորէ, կը կազմաւորէ եւ ընթացքը կ՚որոշէ կեանքին։ Զոր օրինակ, մանուկներու կը յանձնարարուի «խօսք մտիկ ընել», բայց ընդհանրապէս ցոյց չի տրուիր, թէ ի՛նչ է «խօսք»ը, եւ թէ ո՛րն է օգտակար խօսքը եւ վնասակարը։ «Խօսք մտիկ ընել» ո՜րքան լայնածիր ու ընդարձակ ըմբռնում մըն է՝ եւ եթէ մանուկը ամէն խօսք մտիկ ընէ՝ կրնա՞յ սպասուած օգուտը քաղել, թէ կը վնասուի։
Սապէս ըսենք, ուրեմն. «ամէն խօսք մտիկ մի՛ ըներ» կամ աւելի ժողովրդական ոճով. «ամէն խօսքի ականջ մի՛ կախեր»։
Կ՚ըսուի, թէ մարդ երկու ականջ ունի՝ որպէսզի մէկ ականջէն մտած աւելորդ ու վնասակար «ձայն»երը՝ որոնք «խօսք»ի արժէք չեն ստացած՝ միւս ականջէն դուրս ելլեն…։
Ի՞նչ կը մտածէք, իմ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամ, այս ըսուածին մէջ ճշդութեան մեծ բաժին մը չկա՞յ։ Այսինքն՝ ամէն խօսք կարծուած ձայն իսկական իմաստով «խօսք» կարելի չէ համարել, թերեւս «աղմուկ» միայն, որ կը նեղէ, կ՚անհանգստացնէ մարդս…։
Ըսինք, որ խօսած ատեն, աւելի ճիշդ է ըսել՝ մարդ խօսիլ փորձելու ժամանակ պէտք է ուշադրութիւն ընէ՝ թէ ի՛նչ բան պէտք չէ ըսէ։ Կարեւոր է այս, քանի որ առածը կ՚ըսէ. «Խօսքը եւ նետը ետ չե՛ն վերադառնար»։ Անգամ մը որ ըսուած է խօսք մը՝ վերադառնալ, սրբագրել կարելի չէ՝ ըսուածը ըսուա՛ծ է այլեւս։ Ուրեմն կարեւոր է՝ չըսել այն, ի՛նչ որ աւելի վերջ պիտի զղջայ եւ ետ առնել սրբագրել պիտի ուզէ զայն մարդ։
Խօսքը կը նմանի հոսող ջուրի՝ որ կարելի չէ ետ դարձնել անոր կաթիլները եւ նոյն տեղէն հոսեցնել դարձեալ զայն։ Արդարեւ կեանքի մէջ անսրբագրելի իրողութիւններ կան, զոր օրինակ, «խօսք»ը՝ անգամ մը որ խօսուած է, ետ դարձնել կարելի չ՚ըլլար։ Թէեւ «այդպէս ըսել չէի ուզած» եւ ասոր նման շինծու եւ հնարովի պատրուակներով եւ պատճառաբանութիւններով, մարդ փրկել կ՚ուզէ կացութիւնը, բայց ի զուր, քանի որ «խօսք»ը երբեք ետ չի դառնար։
Կրնայ ըլլալ որ մարդ անդրադառնայ իր սխալին, ներողութիւն խնդրէ, սրբագրել ջանայ սխալը, բայց ի՛նչ որ ալ ըլլայ, այդ սխալը անպայմա՛ն հետք մը կը թողու…։
Ուրեմն զգուշաւորութիւն կը պահանջէ խօսիլը, մտածել, դատել, կշռել եւ յետոյ խօսիլ։
Մարդ պէտք է նախքան իր միտքը արտայայտելէ՝ պահիկ մը խորհի, թէ ի՜նչ հետեւանք կրնայ ունենալ իր արտասանած խօսքը։ Ուստի խօսք կայ՝ որ կը վիրաւորէ արժանապատուութիւններ, կը քանդէ բարեկամութիւններ, կը կործանէ սիրտեր, կայ նաեւ խօսք՝ որ կը շինէ, կը կանգնէ կեանքեր, կը նորոգէ, կը վերակենդանացնէ քանդուած յոյսեր, բարեկամութիւններ, ընկերութիւններ։ Ուրեմն «խօսք»ը պէտք է ըլլայ շինիչ, ուղղութիւն տուող եւ ո՛չ թէ մոլորեցնող։
Խօսելու համար, խօսած ըլլալու՝ ձայն հանելու համար խօսիլ, ինքզինք ցոյց տալու, իր գոյութիւնը փաստելու համար խօսիլ… եւ ահաւասիկ խօսելու ամենէն վտանգաւոր եւ վնասակար կերպը։ Մարդ ընդհանրապէս փափաք մը ունի ինքզինք յայտնելու. «Ես եմ, ես գոյութիւն ունիմ…», ըսելու, եւ այս մարմաջը կ՚իրագործէ խօսքով՝ խօսելով։ Մինչդեռ խօսքով ինքզինք յայտնել՝ ձայնով իր գոյութիւնը իմացնել, քիչ մը տկար նկարագրի տէր մարդու գործ է։
Մարդուս իսկական նկարագիրը խօսքէ աւելի՝ կեցուածքով եւ մանաւանդ գո՛րծով յայտնի կ՚ըլլայ։ Խօսքով իրենք զիրենք ներկայացնող մարդիկ, ընդհանրապէս չեն համապատասխաներ իրենց գործի արտադրութիւններուն։
Կատարեալ է, անթերի է եւ զօրաւոր նկարագրի տէր այն մարդը՝ որուն միտքը, խօսքը եւ գործը համապատասխան են, համընթաց եւ ո՛չ հակասական իրարու։
Խորհեցէ՛ք պահ մը, սիրելի՜ներ, մէկը որ կը խօսի, բայց խօսածին համաձայն չի գործեր, իր խօսքը եւ գործը կը հակադրեն, տարբեր ուղղութիւններ ցոյց կու տան. ո՞րքան վստահութիւն կրնայ ներշնչել այդպիսի մէկը։ Միտքը, խօսքը եւ գործը անհամաձայն մարդիկ ո՛չ մէկ օգուտ կրնան ապահովել մարդոց, բայց միայն վնա՛ս։
Ոմանք ընդհանրապէս մեծամտութեամբ եւ ինքնիրմով հպարտանալով կը խօսին, կը խօսին… բայց իրականին կ՚աղմկեն միայն, ձայն կը բարձրացնեն, բայց ո՛չինչ կը խօսին։
Ուրեմն «խօսիլ չգիտցող»ներ խօսելու նուրբ եւ խորաթափանց արուեստին անտեղեակ, անծանօթ մարդիկ, աւելի լա՛ւ է որ լռեն, քան խօսին եւ վիրաւորեն ու վնասեն մարդկային սիրտեր ու խիղճեր։ Արդարեւ «լռել գիտնալ» եւս առաքինութիւն է, ազնուութիւն, որ կը բարձրացնէ մարդը, կ՚ազնուացնէ՛։ Ճի՛շդ ատենին խօսիլ եւ ճի՛շդ պահուն լռել. ո՜րքան մեծ առաքինութիւն է, բայց նոյնքան դժուա՛ր։ Բայց չմոռնանք սիրելիներ, դժուարը միշտ ընտի՛ր է, դժուարութիւնը յաղթահարելով, դժուարութիւններուն հետ գլուխ ելլելով է, որ մարդիկ մեծ գործեր կատարած, յաջողութեան պսակով փառաւորուած են…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 19, 2015, Իսթանպուլ