ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ

Սուրբ Գիր­քի գլխա­ւոր յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին է ա­նոր «միու­թիւ­նը»ը։ Ուս­տի «միու­թիւն» ը­սե­լով կը հասկ­նանք այն՝ թէ ու­նի մէ՛կ գլխա­ւոր նպա­տակ՝ որ ա­նոր գրե­թէ իւ­րա­քան­չիւր է­ջին վրայ կը տես­նուի սկիզ­բէն մին­չեւ վեր­ջը։

Ար­դա­րեւ, Սուրբ Գիր­քի միու­թիւ­նը կը տես­նուի նախ ա­նոր «միօ­րի­նակ բա­րո­յա­կան նպա­տակ ու­նե­նալ»ու մէջ։ Սուրբ Գիր­քը պատ­մու­թի՛ւնն է այն բա­րո­յա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ զորս մարդ­կա­յին ազ­գը ու­նի Աս­տու­ծոյ հետ ։

Բո­լոր ու­րիշ «կեղծ» յայտ­նու­թիւն­նե­րու մէջ մա­տե­նա­գիր­ներ եր­կար կը պատ­մեն, թէ ի՛նչ էր տիե­զեր­քի սկիզ­բը, կամ թէ ու­րիշ կեան­քի մը մէջ ի՛նչ­պէս պի­տի ըլ­լան մար­դոց բնա­կա­րա­նը, կե­րա­կուրն ու ըմ­պե­լի­քը, եւ այլն. բա­ներ՝ որ եր­բեք վե­րա­բե­րու­թիւն չու­նի՛ն «փրկու­թեան» ճշմար­տու­թեան։

Իսկ Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նի բո­լոր խօս­քե­րը կը վե­րա­բե­րին բա­րո­յա­կան եւ գործ­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու՝ որ մար­դիկ, այ­սինքն՝ ան­հատ­ներ, ըն­տա­նիք եւ ժո­ղո­վուրդ ու ազգ ու­նին Աս­տու­ծոյ հետ։ Հոն կա­րե­լի է տես­նել ո՛չ «աշ­խար­հած­նու­թիւն», այ­սինքն՝ տիե­զեր­քի բնա­կան կեր­պով կազ­մուե­լու պատ­մու­թիւ­նը, ո՛չ դի­ցա­բա­նու­թիւն, եւ ոչ իսկ բնա­զան­ցու­թիւն՝  այն է՛ վե­րա­ցեալ, եւ կամ մտքով միայն ըմբռ­նե­լի ի­րե­րու եւ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու ու­սու­մը։ Հոն պատ­մուած կամ նկա­րագ­րուած չէ «սքան­չե­լիք» մը՝ որ բա­րո­յա­կան չէ, եւ ոչ ալ յա­ռաջ բե­րուած է ե­րե­ւա­կա­յու­թեան մէջ յղա­ցուած գա­ղա­փար մը՝ որ ի­րա­կան չէ եւ կամ չի կրնար ի­րա­կան ըլ­լալ։ Սուրբ Գիր­քի պատ­մու­թիւն­նե­րուն, վար­քե­րու նկա­րա­գիր­նե­րուն, մար­գա­րէու­թիւն­նե­րուն եւ եր­գե­րուն, այ­սինքն՝ սաղ­մոս­նե­րուն մէջ կայ մի միայն նպա­տա՛կ. այն է՝ մարդ­կա­յին ազ­գը իր ան­կեալ վի­ճա­կէն վեր վերց­նել, եւ սրբաց­նել, դար­ձեալ կցե­լով Աս­տու­ծոյ եւ   մար­դոց մի­ջեւ, եւ մար­դոց  ի­րա­րու մի­ջեւ ե­ղած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ որ խզուած են դժբախ­տա­բար։

Զար­մա­նա­լի՜ «միու­թիւն» մը եւս կա­րե­լի է նկա­տել ե­թէ ու­շադ­րու­թիւն դար­ձուի այն վար­դա­պե­տու­թիւն­նե­րուն՝ զորս Սուրբ Գիր­քի մի­ջո­ցաւ կը սոր­վին եւ կ՚ըն­դու­նին մար­դիկ։ Ա­մէն կար­գա­ւո­րու­թեան եւ տնտե­սու­թեան ներ­քեւ Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­ներ ճանչ­ցած են նոյն մե­ծա­մեծ սկզբունք­նե­րը, այ­սինքն թէ Աս­տուած կը պա­հան­ջէ մի՛շտ հա­ւատք, հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ հնա­զան­դու­թիւն։ Բան մը, որ ընդ­հան­րա­պէս կը պակ­սի մար­դոց­մէ՝ թէ՛ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ, թէ՛ ի­րա­րու հան­դէպ։ Մինչ­դեռ հա­ւատք, հա­ւա­տար­մու­թիւն եւ հնա­զան­դու­թիւն՝ կ՚են­թադ­րեն ա­պա­հո­վու­թիւն եւ վստա­հու­թիւն՝ ո­րոնց պա­հանջ­քը կը զգայ մարդ, մի՛շտ...։

Իսկ հա­ւատ­քի եւ հա­ւա­տար­մու­թեան ա­ռար­կա­նե­րը սկիզ­բէն ի վեր մին­չեւ այ­սօր ե­ղած են հե­տե­ւեալ­նե­րը, այ­սինքն թէ Աս­տուած մէ՛կ է, եւ ա­մէն բան ստեղ­ծուած է եւ կը պահ­պա­նուի ու կը խնա­մուի Ա­նոր զօ­րու­թեամբ, թէ կայ ընդ­հա­նուր եւ մաս­նա­ւոր նա­խախ­նա­մու­թեան, եւ հո­գա­ծու­թեան ի­րո­ղու­թիւն մը, եւ աս­տուա­ծա­յին օ­րէ՛նք մը, որ կը զա­նա­զա­նէ ար­դա­րը եւ ա­նի­րա­ւը. թէ մարդս ան­կեալ եւ ա­պա­կա­նեալ է, եւ թէ ա­նոր հար­կա­ւոր է վար­քի սրբու­թիւն։ Թէ մէ­կը փո­խա­նոր­դա­բար չար­չա­րուե­լով պար­տի քա­ւու­թիւն ը­նել մար­դոց մեղ­քե­րուն հա­մար. թէ պա՛րտք է ա­ղօ­թել, եւ ա­ղօթ­քը ու­նի ազ­դուու­թիւն։ Եւ դար­ձեալ, այս նա­խախ­նա­մու­թիւ­նը կ՚ի­րա­կա­նա­նայ մար­դուս կեան­քին մէջ այն­պէս, թէ՝ Աս­տուած ուղ­ղա­կի՛ կեր­պով կը գոր­ծէ մար­դոց սիր­տե­րուն եւ գոր­ծե­րուն մէջ, բայց եւ այն­պէս մարդս կա­տա­րե­լա­պէս պա­տաս­խա­նա­տո՛ւ է այս բո­լո­րին նկատ­մամբ։

Մով­սէ­սի ձեռ­քով տրուած Օ­րէն­քը շատ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ ու­նէր, եւ յայտ­նի է, թէ ա­մէն ժո­ղո­վուր­դի վի­ճա­կին եւ կա­ցու­թեան չէր կրնար յար­մա­րիլ։

Իսկ Ա­ւե­տա­րա­նը ու­նի շատ քիչ ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ, եւ սքան­չե­լի՜ են ի­րենց պար­զու­թեամբ, այն­պէս որ ա­մէն ժո­ղո­վուրդ եւ ա­մէն ազգ կրնայ միշտ գոր­ծա­ծել զա­նոնք։ Մինչ­դեռ Մով­սէ­սի Օ­րէն­քը կը յար­մա­րէր միա՛յն հրեա­նե­րու յա­տուկ պա­րա­գա­նե­րուն։

Բայց թէ­պէտ ա­ռա­ջին նա­յուած­քով այս եր­կու դրու­թիւն­նե­րը՝ Հրէա­կանն ու Ա­ւե­տա­րա­նա­կա­նը, ի­րա­րու անն­ման կ՚ե­րե­ւին այս­պէս, էա­պէս մէ՛կ են, կու տան Աս­տու­ծոյ եւ մար­դոց վրայ նոյն տե­սու­թիւ­նը, եւ կու տան մե­զի նշմա­րել կամ յայտ­նի կը վար­դա­պե­տեն նո՛յն ճշմար­տու­թիւն­նե­րը եւ յար­մա­րու­թիւն ու­նին յա­ռաջ բե­րել նո՛յն զգա­ցում­նե­րը։

Ցոյց տա­լու հա­մար թէ նո՛յն են այս եր­կու դրու­թիւն­նե­րը, օ­րի­նակ մը յա­ռաջ բե­րենք։

Սուրբ Գիր­քի, այ­սինքն՝ Հին եւ Նոր կտա­կա­րան­նե­րու մէջ կան մարդ­կա­յին բնու­թեան քա­նի մը նկա­րագ­րու­թիւն­ներ ի­րա­րու ե­տե­ւէ. այ­սինքն՝ նկա­րագ­րուած է, թէ ի՛նչ­պէս էր մարդ­կա­յին բնու­թիւ­նը նախ՝ ջրհե­ղե­ղէն ա­ռաջ, երկ­րորդ՝ ջրհե­ղե­ղէն ան­մի­ջա­պէս ետ­քը, եր­րորդ՝ ջրհե­ղե­ղէն հա­ւա­նա­բար 800 տա­րի ետ­քը, եւ այս նկա­րագ­րու­թիւ­նը պա­հուած է Յո­բի գիր­քին մէջ, չոր­րորդ՝ յի­շեալ թուա­կա­նէն 500 տա­րի  ետ­քը, այն է՝ Դա­ւի­թի ժա­մա­նակ, հին­գե­րորդ՝ ու­րիշ 500 տա­րի եւս ետ­քը,   այ­սինքն Ե­րե­միա­յի ժա­մա­նակ, վե­ցե­րորդ եւ վեր­ջա­պէս՝ 600 տա­րի եւս ետ­քը՝ որ է ա­ռա­քեալ­նե­րու ժա­մա­նակ։ Երբ բաղ­դա­տուին այս նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րը ի­րա­րու հետ, եւ նաեւ անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թեան հետ, պի­տի զգա­ցուի, թէ մի եւ նոյն, միան­գա­մայն ճշմա­րիտ են բո­լոր այս նկա­րագ­րու­թիւն­նե­րը, եւ պի­տի տես­նուի, որ «ներշն­չեալ մա­տե­նա­գիր»ներ ու­նէին միայն մէ՛կ նպա­տակ, որ է՝ ճշմար­տու­թեամբ նկա­րագ­րել մար­դուս ա­պա­կա­նեալ եւ ան­կեալ բնու­թիւ­նը, եւ ցոյց տալ, թէ այն կը նո­րո­գուի ու կը սրբագ­րուի՝ զղջու­մով եւ ճշմա­րիտ հա­ւատ­քով։

Վե­րո­յի­շեալ աս­տուա­ծաշն­չա­կան հա­տուած­նե­րը՝ (ԾՆՆԴ. Զ 5, Ը 21), (ՅՈԲ. ԺԵ 16), (ՍԱՂՄ. ԺԴ 2-3), (ՀՌՈՎՄ. Ա 21-32, Գ 1-20)։ Այս հա­մար­նե­րու բաղ­դա­տու­թեամբ կա­րե­լի է տես­նել Սուրբ Գիր­քի «միու­թիւն»ը։

Ուս­տի, մարդ­կա­յին գի­տու­թե­նէ բո­լո­րո­վին դուրս վար­դա­պե­տու­թիւն­ներ են Սուրբ Գիր­քի մէջ տես­նուած «միու­թեան» այս ա­ռար­կա­նե­րը։

Աս­տուա­ծա­շունչ մա­տեա­նը, ա­մէն տեղ, յայտ­նե­լով մի եւ նոյն սուրբ, ի­մաս­տուն եւ բա­րի Աս­տուա­ծը՝ կը սոր­վեց­նէ թէ Ան ի՛նչ նպա­տակ­ներ եւ ծրա­գիր­ներ ու­նի աշ­խարհ վա­րե­լու եւ տնտե­սե­լու մէջ, եւ թէ ի՛նչ պի­տի ըլ­լայ վեր­ջին ար­դիւն­քը՝ այն կռի­ւին, որ աշ­խար­հիս վրայ կը մղուի բա­րիի եւ չա­րի մի­ջեւ՝ լոյ­սի եւ խա­ւա­րի մի­ջեւ, ինչ­պէս ճեր­մա­կի եւ սե­ւի մի­ջեւ. (ԾՆՆԴ. Գ 15), (ԴԱՆ. Է 13-14),  (Ա ՅՈՎՆ. Գ 8)։

­Սուրբ Գիր­քը կը խօ­սի մարդ­կա­յին բնու­թեան եւ ճշմա­րիտ եր­ջան­կու­թեան վրայ. (ԾՆՆԴ. Ա 26), (ԺՈՂ. ԺԲ 13), (ՄԱՏԹ. Ե 3-12), ան­հա­մե­մատ ճշմար­տու­թեամբ մի առ մի ցոյց կու տայ մարդ­կա­յին գոր­ծո­ղու­թեան գաղտ­նի եւ ծա­ծուկ շար­ժա­ռիթ­նե­րը, կը նշա­նա­կէ նաեւ մարդ­կա­յին թշուա­ռու­թեան գլխա­ւոր աղ­բիւր­նե­րը։

Երբ ու­շադ­րու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րուի՝ պի­տի տես­նուի Սուրբ Գիր­քի միու­թի՛ւ­նը...։­

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 31, 2016, Իս­թան­պուլ 

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2016