ՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՊԱՏՃԱՌԸ

Մեր թուականէն 29 տարիներ առաջ՝ Արցախի առաջին պատերազմին ժամանակ, երբ յաղթանակողը հայերն էին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մարդկային իրաւանց յանձնախումբը կը դատապարտէր Հայաստանը: Աւելի քան երկու ամիս տեւող հանդիպումներուն ներկայ էին մօտաւորապէս 53 տարբեր պետութիւններ, որոնք յանձնախումբին հետ միաձայն կը դատապարտէին Հայաստանը:

Աւելի քան 600 ներկայացուցիչներ Հայաստանը որակեցին մարդկային իրաւունքները բռնաբարող պետութիւն. օրուան մամուլը հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէ այդ դատապարտումը. «Յանձնախումբը վեց շաբթուան նստաշրջանին, ոչ միայն պետական մակարդակով եւ ազդու կերպով չարծարծուեցան հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուող Մարդկային իրաւանց բռնաբարումները, այլեւ Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութեան անփոյթ եւ անլուրջ մօտեցման հետեւանքով հայ ժողովուրդի թշնամիները յաջողեցան Հայաստանը դնել անուանացանկին վրայ այն երկիրներուն, որոնք կը բռնաբարեն Մարդկային իրաւունքները»:

Մամուլը այս դատապարտումին համար կը մեղադրէ Հայաստանի պաշտօնական դիւանագիտութիւնը։ Այսօր, աւելի քան 29 տարի ետք նոյն պաշտօնական դիւանագիտութիւնն է, որ կը քննադատենք, որովհետեւ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ ներկայիս Հայաստանի պետութիւնը չյաջողեցաւ իր դիւանագիտական կապերու ճամբով Արցախի հարցը բարձրացնել պետական մակարդակով, ինչ որ ՄԱԿ-ի կապիկներուն համար ցանկալի երեւոյթ մըն էր:

Այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հայոց յաղթանակած ժամանակ իրար անցած ՄԱԿ-ը թէ՛ Արցախի քառասնօրեայ պատերազմներուն, թէ՛ շրջափակման եւ թէ վերջին մի քանի օրերու ընթացքին կատարուածներուն մասին յաջողեցաւ լուռ մնալ. տարիներ առաջ Հայաստանը դատապարտող այդ մարդկային իրաւունքներու «պաշտպանները» ինչպէ՞ս եղաւ որ նոյն նախանձախնդրութեամբ չդատապարտեցին թշնամին նոյն մեղադրանքներով, որով կը դատապարտէին Հայաստանը:

Աշխարհի մեծագոյն սուտերէն մէկն է մարդկային իրաւանց հարցերը պաշտպանելու հարցը, որովհետեւ իրենք ոտնակոխուած իրաւունքները չե՛ն որ կը պաշտպանեն, այլ կը պաշտպանեն միայն այն երեւոյթները՝ ինչ որ դիւանագիտական ու քաղաքականօրէն իրենց շահերը կը հետապնդէ։ Ուսումնասիրեցէք աշխարհի վրայ գտնուող բոլոր մարդկային իրաւունքներով հետաքրքրուող կազմակերպութիւններու հրապարակումներն ու գրառումները. նայեցէք անոնցմէ քանի՞ն իրապէս որպէս մարդկային իրաւունքներու խախտում դատապարտած է Արցախի շրջափակումը, անոնցմէ քանի՞ն դատապարտած է մարդոց տեղահանումն ու դժուարութիւնները. իբրեւ թէ մանուկները կարեւորող այդ կազմակերպութիւններէն քանի՞ն մտահոգուած էր Արցախի մանուկներով, անոնց հոգեկան վիճակով եւ սովամահութեան դատապարտուելու դժբախտ երեւոյթով:

Այս բոլորը անոնց խիղճէն անդին դիւանագիտութեան հարց է։ Արժանթինի մէջ հրատարակուած «Արմենիա» մամուլին մէջ Մինէ անունով գրող մը այդ դիւանագիտութեան պակասը հետեւեալ բառերով կը ներկայացնէ. «Ամէն ինչ պատահականութեան ձգելով, այսօր՝ այս քամիով, վաղը՝ միւս քամիով օրօրուելով, Հայաստանի իշխանութեանց դիւանագիտութիւնը ո՛չ հաստատ ուժ կը ներկայացնէ ներկայ շահագրգիռ պետութեանց, անոնց մղելով հայանպաստ դիրքորոշման, ո՛չ ալ հաշուի առնուելիք ուժ կը դառնայ յաչս թշնամիին՝ անոր մղելով նահանջի կամ ձախողութեան»:

Մեր ներկայ դիւանագիտական վիճակը տարբեր չէ անցեալի դիւանագիտական վիճակէն, մեր մօտ ո՛չ թէ արժանաւորները՝ այլ «խնամի-ծանօթ-բարեկամ»ները կը կոչուին պաշտօնի: Դիւանագիտական պայքարը նոյնքան կարեւոր է՝ ինչքան զէնքի պայքարը եւ նոյնինքն այդ դիւանագիտութիւնն է, որ կը կոչուի «ոսկի շերեփ». աւելի քան դար մը, հայկական դիւանագիտութիւնը շարունակած է մնալ թուղթ: Շատ անգամ պետութիւններ ռազմականօրէն տկար կ՚ըլլան, սակայն անոնց դիւանագիտութիւնը կը յաջողի զիրենք հզօր պահել. կան նաեւ պետութիւններ, որոնք դիւանագիտական լաւ յարաբերութիւններ չունենալով հանդերձ ռազմականօրէն զօրաւոր կ՚ըլլան: Կայ նաեւ երրորդ խումբ մը՝ որուն մաս կը կազմենք հայերս, որ ո՛չ ուժ եւ ո՛չ ալ դիւանագիտական հմտութիւններ ունինք:

Մեր թուականէն 29 տարիներ առաջ հակառակորդ պետութիւնը իր դիւանագիտական յարաբերութիւններուն ճամբով յաջողեցաւ հայ ժողովուրդը ներկայացնել որպէս ոճրագործ ու ցեղասպան. թշնամին այդ օրերուն գերիներու վերադարձի համար նոյնիսկ դիմեց ՄԱԿ կոչուածներուն. մենք մեր գերիներու հարցը նոյնիսկ չկրցանք բարձրացնել:

Այսօր յաղթանակած հակառակորդին 29 տարիներ առաջ աւելի քան 53 պետութիւններու դիմաց կը յաջողէր ինքզինք խեղճ ներկայացնել:

Հետեւաբար մեր պարտութեան մեծագոյն մեղաւորը մեր դիւանագիտական տկարութիւնն է, որովհետեւ ընդունինք կամ ոչ, դիւանագիտութիւնը այսօր աշխարհի բոլոր զէնքերէն շատ աւելի զօրաւոր է. մաղթեմ որ ցմահ մարդկային իրաւունք բառը չեմ կարդար եւ կամ չեմ լսեր, որովհետեւ մարդկային իրաւունքները պաշտպանող կազմակերպութիւններ գոյութիւն չունին. գոյութիւն ունին իրենց սեփական շահերը պաշտպանողներ, որոնք ի վիճակի են քննադատել ու դատապարտել այն՝ ինչ իրենց շահերը չի վնասեր:

Հետեւաբար մենք ալ Սիամանթոյի օրինակով սրտանց կը թքենք բոլոր ա՛յն անձերուն երեսին՝ որոնք իրենց զիրենք մարդկային իրաւունքներու պաշտպան նկատելով՝ իրենք զիրենք մարդ կը նկատեն:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -349-

Պատմութեան այս մասով մինչեւ օրս փորձեցինք իրական կեանքէ առնուած դրուագներ ներկայացնել: Այսօրուան պատմութիւնը երկար պիտի չըլլայ. պիտի ըլլայ կա՛րճ ու իրապաշտ:

Պատմութիւնը սկիզբ պիտի առնէ հետեւեալ տողերով.

- Կար ու չկար, Արցախ մը կար...:

Եւ նոյն կախման կէտերով վերջ պիտի գտնէ պատմութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 22, 2023