ԳԻՏՑԱԾՈՎԸ ՉԱՓԵԼՈՒ ՍԽԱԼԸ

Գիտութիւնը սահման չունի. այն որ կը կարծէ, թէ ամէն ինչ գիտէ, չարաչար կը սխալի, քանի որ ան «չգիտցածները» չի գիտեր, «չգիտցածներուն» չ՚անդրադառնար։ Այս իմաստով գիտունը այն է՝ որ իմաստութիւնը ունի չգիտցածներուն անդրադառնալու, չգիտցածները «գիտնա՛լու»։ Պզտիկ տարիքէն յաճախ լսուած պարզ բայց իմաստալից խօսք մըն է՝ թէ չգիտնալը ամօթ չէ, այլ՝ չսորվիլը։ Այս պարզ խօսքն ալ ցոյց կու տայ, թէ մարդս շա՜տ բան ունի որ չի գիտեր, բայց պէ՛տք է ջանայ սորվիլ հետզհետէ, որքան որ կարելի է…։

Արդարեւ, գիտութիւնը կը նմանի հորիզոնին՝ մարդ որքան ալ կարծէ մօտենալ անոր, ան հետզհետէ կը հեռանայ եւ կը մնայ միշտ «հորիզոն»՝ անհասանելի, անմատչելի՛, անմերձենալի։ Ուստի բնութիւնը ամբողջովին լեցուն է գաղտնիքներով, որոնց ծանօթանալու համար սերունդներ չի բաւեր, եւ ուրեմն մարդ չի կրնար ինք լուծել այդ բոլոր գաղտնիքները, եւ կը մնայ միշտ «պակաս» մը։ Մարդ, նախապէս գիտցուածներուն վրայ միայն կրնայ աւելցնել գիտութենէ մաս մը եւ մնացեալը կը թողու յաջորդ սերունդներու։

Կ՚ապրինք շրջանի մը մէջ՝ ուր մարդկային իմաստութիւնը ինքնիրեն կու տայ անսահման ազատութիւն մը ու կը խորշի ամէն կապանքէ։ Մարդիկ, այդ անհո՜ւն կարծուած ազատութեան մէջ կը կարծեն անհո՜ւն կարողութիւններու տէր ըլլալ, ամէն ինչ գիտնալ, ամէն ինչ կատարել եւ հասնիլ կատարելութեան։ Բայց ասիկա ֆիզիքապէս կարելի չէ, քանի որ մարդ էակին կարողութիւնները, կարելիութիւնները եւ տարողութիւնը սահմանափակ են։ Թերեւս երեւակայութիւնը սահման չունենայ, բայց սա յստակ է, որ ամէն երեւակայութիւն չ՚իրականանար։ Մարդ շատ բան կը խորհի, բայց անոնցմէ շատ քիչը կրնայ գործի վերածել եւ իրականացնել։ Նիւթական աշխարհը արգելք է մտայինը իրագործելու եւ ահաւասիկ, մարդուս կարողութեան եւ ազատութեան սահմանը՝ նիւթականի՝ ֆիզիքականի եւ հոգեւոր կամ մտային աշխարհի միջեւ այդ գի՛ծն է։ Ո՜վ կրնայ ամէն ուզածը, այսինքն մտածածը կամ մտադրածը ամբողջութեամբ կատարել կամ իրականացնել. քիչեր, բայց անոնք ալ անպայման պակաս մը պիտի ունենան իրենց խորհածին եւ գործադրածին միջեւ, եթէ նոյնիսկ աննշան ըլլայ, աննկատելի ըլլայ այդ անկատար մասը։

Կան մարդիկ որոնք այս մասին շատ քաջ են. կը կարծեն ամէն ինչ կատարեալ ընել, ինքնավստահ են։ Անշուշտ քաջութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը ազնիւ, ընտիր եւ մարդուս համար շատ օգտակար յատկութիւններ եւ առաքինութիւններ են։ Բայց մարդուս այդ մասին ամենամեծ ուժը, զօրութիւնը գիտութիւնն է, եւ քանի որ գիտութիւնը միշտ պակաս մը ունի, քանի որ ան չափաւոր է, ապա ուրեմն թէ՛ քաջութիւնը եւ թէ ինքնավստահութիւնը պէտք է չափաւոր, սահմանաւոր ըլլայ, կշիռ ունենայ եւ մանաւանդ համապատասխանէ գիտութեան։

Մարդ, իր ընդհանուր բնաւորութեամբ շուտով կը վարժուի մտածելու բացարձակ անկախութեամբ՝ տարուելով իր կիրքերուն։ Ան յաճախ կը պաշարուի զանազան իրարու ներհակ, իրարու հակասական գաղափարներով եւ կը տարուի անոնց ազդեցութենէն տպաւորուած. անոնցմէ, որոնք համոզուած են, թէ աւելի «իմաստուն» եւ աւելի «ճշմարիտ» են հոգեւոր իրականութիւններէ, եւ ուրիշներ՝ իրենց գիտցածներով կը չափեն ամէն գիտութիւն, ամէն իրականութիւն։

Եւ ո՜րքան սխալ է սահմանափակ գիտութեամբ չափել ճշմարտութիւնը։ Ի՞նչպէս կարելի է «պակաս» եւ «անկատար» չափանիշներով չափել, կշռել, սահմանել ճշմարտութիւնը, որ ամենամեծ արժէքն է կեանքին։ Սահմանափակ չափով կարելի՞ է չափել անսահմանը՝ անհո՛ւնը։ Եւ դարձեալ ո՜րքան սխալ է սահմանափակ գիտութեամբ յամառիլ, պնդել՝ թէ ճիշդ է բան մը, որ բացայայտ կերպով ճիշդ է։

Ողջամիտ, իմաստուն եւ գիտակից միտքը պիտի չուզէ անշուշտ յամառիլ իր գիտցածին եւ պնդել, թէ իր գիտցածն է ամբողջ գիտութիւնը, քանի որ ան գիտէ, թէ իր գիտցածը միշտ «պակա՛ս» է եւ թերեւս «սխալ» իր գիտցած կարծածը։

Մանաւանդ իմաստասիրական՝ փիլիսոփայական հարցեր, որոնք յաճախ կը յուզուին մարդոց շուրջ, առիթ կ՚ընծայեն որ մտքի դռները խոշոր բացուին բնազանցական եւ երբեմն ալ «մոլորութիւն»ներ պատճառող նիւթերու դիմաց։ Սակայն թերի, կիսակատար գիտութիւնը աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար է քան՝ տգիտութիւնը։ Ուրեմն այն որ իր կիսակատար, մակերեսային գիտութեամբ հանդէս կու գայ որպէս «գիտուն», վնաս կը պատճառէ թէ՛ իր շուրջիններուն եւ թէ ապագայ սերունդներու, քանի որ անոնք սխալ եւ թերի գիտութիւնով կ՚առաջնորդուին։ Եւ շատ աւելի վտանգաւոր է ան, որ իր կիսակատար գիտութեան վրայ կը յամառի եւ չ՚ընդունիր այն՝ ինչ որ ճշմարիտ է։ Սխալ փիլիսոփայութիւն մը հիմերը կը փորէ հաւատքին վրայ եւ փիլիսոփայական սխալ մը կրնայ հիմէն կործանել ճշմարտութեան ամբողջ կառոյց մը, ինչպէս սիւնի մը խորտակումը կրնայ ամբողջ շէնք մը քարուքանդ ընել։

Արդարեւ, վտանգաւոր է տարածել եւ տարածման պատճառ ըլլալ սխալ կամ կիսակատար գիտութիւն մը, եթէ նոյնիսկ թեթեւ կամ անկարեւոր ըլլան անոնք։ Եւ ուրեմն մարդ որքան ալ վստահ ըլլայ իր գիտցածին մասին, միշտ պէ՛տք է խորհի անոր հակառակը եւ կամ պէտք է մտածէ անոր անկատարութեան մասին եւ ըստ այնմ առաջնորդէ ուրիշները։

Ամէն բանի մէջ եւ գիտութեան մէջ մանաւանդ մարդ պէտք է չափաւոր ըլլայ, խոհեմ վարուի։

Գիտութեան ճշմարիտ պարգեւը եւ գիտակցութիւնը մեզի ցոյց կու տան Աստուած ամէն բանի մէջ եւ ամէն բան Աստուծոյ մէջ։ Եւ այս իսկ պատճառով, գիտութիւն եւ հաւատք համընթաց արժէքներ են մարդուն կատարելութեան ճամբուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 17, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 22, 2019