«ԱՐԴԵՕՔ», «ԵԹԷ» ՈՒ «ԲԱՅՑ»
Մեծ հաւանականութեամբ միւս շաբթուան եւ կամ յաջորդող տարուան համար ունենաք ծրագիրներ, որոնց իրագործման համար գուցէ ու ձեր ուժերը կը սպառէք. այդ բոլոր ջանքերը իրապէս իրենց արժանի հատուցումը պիտի ստանան թէ ոչ՝ յստակ չէ, սակայն աւելի քան երբեք յստակ է, որ առեղծուած մըն է ապագան. անկանխատեսելի է ապագան եւ ո՛չ թէ միւս տարի, այլ վաղն իսկ ինչ կրնայ պատահիլ չենք կրնար գիտնալ:
Այդ անկանխատեսելիութիւնը ցոյց տալու համար, որպէս օրինակ կը բերենք 1914 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Երկունք» ամսաթերթի (Բ. տարի, թիւ 7, 1/14 յունուար) առաջին էջին մէջ լոյս տեսած «Երիտասարդ սերունդին» խորագրեալ յօդուածի հետեւեալ տողերը. «Այնպիսի ատեն մը երբ միջազգային աշխարհը զբաղած է հայկական հարցով, երբ հայ ժողովուրդը, Երկրին մէջ եւ Երկրէն դուրս, շնչասպառ պայծառ օրուան մը կը սպասէ՝ ազատ շունչ առնելու համար, յոյսերով յղի տարին կը վերջանայ առանց սփոփարար հետեւանքի մը: Յաջորդող տարին իր անորոշ հեռանկարով ժողովուրդի չափազանց յոյսերը պսակելու հաւանականութիւն կը ներկայացնէ՞ արդեօք»:
Եթէ նկատի ունենաք, որ այս մէկը գրուած է 1914 թուականին... եւ այդ տարիին յաջորդող տարին 1915 թուականն է... ապա արդեօքին պատասխանը բոլորիս համար աւելի քան պարզ է: Այսօր մենք եւս, մեր կեանքին մէջ կ՚ապրինք «արդեօք»ներով, առանց յստակ գիտնալու, թէ ի՛նչ է այն ապագան, որուն համար ամէն ջանք ի գործ կը դնենք. գուցէ մարդկային կեանքն ալ գեղեցկացնողն ու անոր ընթացքին նպատակ ու պայքար ներշնչողը նոյնինքն այդ անորոշութիւնն է. պայքար մը մտածումներու, ընտրութիւններու եւ որոշումներու, որոնք միշտ ալ շրջապատուած են «բայց»երով, որոնք շատ անգամ իրենց ետին կը ձգեն անվերադարձ հնարաւորութիւններ ու կատարուած ու անկատար երազներ. կեանք մը, որ պարզապէս լեցուն է «եթէ»ներով:
«Արդեօք», «եթէ» եւ «բայց». ահաւասիկ բառեր, որոնք կրնան այդ առեղծուածային ապագային անորոշութիւնը քանդել։ Մարդկային միտքը թէ՛ իր անցեալին, իր ներկային եւ թէ ապագային համար զանազան այլընտրանքներու դիմաց կը գտնուի, որովհետեւ մարդկային կեանքի մէջ ամէ՛ն որոշում ինքնաբերաբար ենթակայ է «արդեօք»ի, «եթէ»ի ու «բայց»ի: Իրականութեան մէջ այդ երեք բառերը միայն բացասական երեւոյթներու պարագային չէ՛, որ կը գործէ. նոյնիսկ ամենէն լաւ որոշումները ենթակայ են անոնց. անոնք կ՚առաջնորդեն մարդ արարածը խորհելու իրենց սեփական որոշումներուն եւ ընտրութիւններուն շուրջ, որպէսզի մարդը յաջողի դասեր քաղել այդ բոլորէն՝ նոյնիսկ դրական «յաղթանակ»ներու պարագային:
Սակայն միշտ ապագան չ՚արդարանար մեր որոշումներով. կ՚ընդունինք, որ որոշումները կը հիմնեն մարդուն անորոշ ապագան, սակայն շատ անգամ կեանքի անսպասելի անակնկալները կրնան ի դերեւ հանել բոլոր այն ջանքն ու գործը, որով կը փորձենք յաջողութեան հասցնել անորոշ ապագան: Բոլորիս դիմաց կայ դրուած անյայտ ապագայ մը, լեցուն դրական հնարաւորութիւններով, սակայն նոյնքան բացասական դժբախտութիւններով: Պէտք է ընդունիլ, որ կեանքին գոյն ու իմաստ տուողը այդ անորոշութիւնն է. եթէ բոլորիս համար ապագան յստակ ըլլար, գիտնայինք, թէ ինչ ապագայ կը սպասէ իւրաքանչիւրիս, կեանքի պայքարը պիտի դառնար անիմաստ, որովհետեւ ապագային անկանխատեսիլութիւնն է, որ մարդս կ՚առաջնորդէ ապրելու, պայքարելու, մտածելու եւ որոշելու, որուն որպէս արդիւնք կը ծնի ուրախութիւնն ու տխրութիւնը:
Շատերու պարագային «արդեօք»ը, «եթէ»ն ու «բայց»ը կրնան վախի աղբիւր ըլլալ, սակայն անոնց գոյութիւն է, որ մարդուն կու տայ ամենէն բարձր արժանիքը. ազատութիւնը՝ ազատօրէն ընտրելու եւ որոշում կայացնելու եւ այդ է, որ մարդը կը զանազանէ միւս բոլոր ստեղծագործութիւններէն: Իւրաքանչիւր «եթէ» նո՛ր էջ ու նոր հնարաւորութիւն մըն է՝ ամբողջութեամբ տարբեր աւարտով ու արդիւնքով եւ այդ «եթէ»ներու ձեւաւորումն է, որ մեզ կու տայ հնարաւորութիւն ընտրելու սեփական ուղին: Անոնց գոյութիւնն է, որ մարդուն կու տայ գիտակցութիւնը, որ թէեւ ապագան անորոշ, հայելին է մեր որոշումներուն եւ մեր այսօրը ինքնաբերաբար հիմքն է մեր վաղուան. տրուած է անձին. այդ «եթէ»ները տեսնել որպէս անցեալի ափսոսա՞նք, թէ ապագայի հնարաւորութիւն: Իւրաքանչիւր «եթէ» առեղծուածային պատմութիւն մը կրնայ հիւսել եւ հոնկէ ծնունդ կ՚առնէ հայկական յայտնի «Եթէ երիտասարդները գիտնային, եթէ ծերերը կարենային» խօսքը...
Այսօր կը տեսնենք շատե՜ր, նոյնիսկ երիտասարդներ, որոնք թակարդուած ու բանտուած կը մնան իրենց «արդեօք»ներուն եւ «եթէ»ներուն մէջ. իւրաքանչիւր վիճակ, առիթ մըն է նոր «եթէ»ներու եւ տրուած է մարդուն այդ բացասականը նոր «եթէ»ով մը դրականի վերածելու. երանելի է ան, որ իր անցեալի «եթէ»ներուն փոխարէն կը յաջողի իր ապագայի «եթէ»ներուն վրայ կեդրոնանալ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչ կ՚ըլլար եթէ մարդ գիտնար իր ապագան:
Պատասխան. Եթէ մարդ գիտնայ իր ապագան, կրնայ անհանգիստ վիճակ մը ունենալ, մանաւանդ եթէ ապագան կը պարունակէ բացասական երեւոյթներ, որոնք անխուսափելի են: Ապագայի կանխագիտութիւնը մարդը կը զրկէ ազատ կամքի զգացումէն եւ իւրաքանչիւր որոշում կ՚ըլլայ նախապէս կանխորոշուած եւ նման կեանք մը զուրկ կը մնայ ներկան փոխելու եւ կամ ապագան բարելաւելու կարողութենէն: Ապագան գիտնալով, մարդուն մէջէն կ՚անհետանայ բացայայտուող ուրախութիւններու արժէքը: Մարդուն մէջ կը մեռնի յուզումի զգացումը եւ մարդ ինքզինք կը զգայ ընթացքի մը մէջ, որ չի կրնար փոխել, ինչ որ կը սպաննէ կեանքի հանդէպ հետաքրքրութիւնը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան